Եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կան հա­մայն­քի 8-րդ ­գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով, ­Հա­յաս­տան ժա­մա­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Քոնս­տան­թի­նոս ­Թա­սու­լաս եւ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի փոխ­վար­չա­պետ ­Տիգ­րան ­Խա­չատ­րեա­նի կող­մէ։

­Ժա­մա­նու­մէն ետք, յոյն նա­խա­գա­հը եւ իր գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, որ կը բաղ­կա­նայ ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խա­րար ­Խա­րիս ­Թէո­խա­րի­սէն եւ Ե.Մ.-ի մէջ մնա­յուն դես­պան Իոա­նիս Վ­րա­յի­լա­սէն, այ­ցե­լե­ցին ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լի­րը՝ ու­ղեկ­ցու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Խ­րիս­թոս ­Սո­ֆիա­նո­փու­լո­սի: ­Նա­խա­գա­հը դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ, ա­պա ծա­ղիկ­ներ խո­նար­հեց ան­մառ կրա­կին ա­ռաջ։
­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը կա­տա­րեց հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «Եւ­րո­պա­կան ­Քա­ղա­քա­կան ­Հա­մայն­քի 8-րդ ­գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ծի­րին մէջ, որ կը կա­յա­նայ այ­սօր եւ վա­ղը ­Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի մէջ, ա­ռիթ ու­նե­ցայ այ­ցե­լե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լի­րը, ուր յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցի՝ յու­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ միա­սին, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 1,5 մի­լիոն զո­հե­րուն։
Ան­ցած է հա­րիւր տասն­մէկ տա­րի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն, որ գոր­ծադրուե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կող­մէ, սա­կայն այս ող­բեր­գա­կան դէպ­քին յի­շա­տա­կը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ ցա­ւա­գին հո­սիլ։ ­Դառ­նու­թիւնն ու տա­ռա­պան­քը չեն դադ­րած, պարզ այն պատ­ճա­ռով, որ այս ոճ­րա­գոր­ծու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու կող­մը տա­կա­ւին չէ բա­ւա­րա­րած պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ըն­դու­նու­մը։

­Յայտ­նի է, թէ ­Յու­նաս­տան ու­նի նմա­նա­տիպ ող­բեր­գա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ ­Հա­յաս­տա­նին հետ, եւ մեր եր­կի­րը ան­շէջ կը պա­հէ այս ա­հա­ւոր ոճ­րա­գոր­ծու­թեան յի­շա­տա­կը։ ­Մենք կը հա­ւա­տանք, որ միայն ան­մառ յի­շո­ղու­թեան մի­ջո­ցաւ կա­րե­լի է կան­խել նման ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճիր­նե­րու կրկնու­թիւ­նը ա­պա­գա­յին։
­Յու­նաս­տա­նը եւ ­Հա­յաս­տա­նը կը կա­պո­ւին խոր պատ­մա­կան կա­պե­րով եւ շա­րու­նա­կա­բար կը զար­գաց­նեն բա­րե­կա­մու­թեան, հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ Եր­կու եր­կիր­ներն ալ խո­րա­պէս նո­ւի­րո­ւած են ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի ար­ժէք­նե­րուն եւ սկզբունք­նե­րուն։ Այս ընդ­հա­նուր նուի­րո­ւա­ծու­թիւնն է մեր կողմ­նա­ցոյ­ցը՝ աշ­խար­հի մը մէջ, որ կը դի­մագ­րա­ւէ բազ­մա­թիւ եւ բազ­մա­զան մար­տահ­րա­ւէր­ներ ու ա­նո­րո­շու­թիւն­ներ»։
­Յոյն պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րուն դի­մա­ւո­րեց Հ.Ց.Թ.-ի տնօ­րէ­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տար Հ­րա­չեայ ­Թաշ­ճեան: Ան ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լի­րի ստեղծ­ման պատ­մու­թիւ­նը, խոր­հուրդն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ­Յու­շա­սիւ­նին մա­սին՝ նշե­լով, թէ ան կը խորհր­դան­շէ հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րածնուն­դը:
­Նաեւ, նա­խա­գա­հը այ­ցե­լեց ­Մա­տե­նա­դա­րան եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ ա­նոր մէջ պա­հո­ւող թան­կար­ժէք ձե­ռագ­րե­րուն։