Զմիւռնիոյ պատմութիւնը կը շարունակէ բացառիկ հետաքրքրութիւն ներկայացնել թէ՛ պատմաբաններուն եւ հետազօտողներուն, թէ՛ լայն հանրութեան համար։ Արեւելքի երբեմնի նշանաւոր քաղաքին անցեալը, որուն բազմադարեան պատմութիւնը ընդհատուեցաւ Փոքր Ասիոյ աղէտով, կը պահպանէ բազմաթիւ ուշագրաւ մանրամասնութիւններ եւ պատմական իրողութիւններ, որոնք մինչեւ այսօր ուսումնասիրութեան նոր հորիզոններ կը բանան գիտական շրջանակներուն առջեւ։ Նման գիտական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքն էր նաեւ այն դասախօսական երեկոն, որ կազմակերպուած էր «Արմենիքա» յունալեզու պարբերաթերթին եւ Վիրոնայի Համայոնիական Տան միացեալ նախաձեռնութեամբ։ Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Գարէայի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ համախմբուած էին բազմաթիւ հետաքրքրուողներ, որոնք շուրջ երկու ժամ հետեւեցան բովանդակալից եւ պատկերազարդ ներկայացումի մը։ Ներկայ էին նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Վիրոնայի քաղաքապետ Ալեքսիս Սոթիրոփուլոս, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան եւ տեղական մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ։
Երեկոյին բացումը «Արմենիքա» պարբերաթերթին անունով կատարեց Յովհաննէս Ղազարեան, որ ողջունեց ներկաները եւ հակիրճ ներկայացուց օրուան դասախօսին կենսագրականն ու գիտական գործունէութիւնը։ Այնուհետեւ խօսք առաւ նաեւ համակազմակերպող միութեան ներկայացուցիչը։
Բեմ հրաւիրուեցաւ պատմաբան, երկրաբան եւ գրող Ախիլէաս Խածիքոնսթանտինու, որ հանգամանալից եւ շահեկան դասախօսութեամբ մը ներկայացուց Զմիւռնիոյ պատմական ուղին, մասնաւորաբար լուսարձակի տակ առնելով քաղաքի դերը՝ իբրեւ Արեւելքի կարեւորագոյն առեւտրական կեդրոններէն մէկը։
Սահիկներու եւ պատմական բազմաթիւ լուսանկարներու միջոցով դասախօսը ներկաներուն առջեւ բացաւ հին Զմիւռնիոյ պատմական պատկերը՝ ներկայացնելով քաղաքի աստիճանական վերափոխումն ու զարգացումը, յատկապէս 17-րդ դարէն սկսեալ։ Ան անդրադարձաւ քաղաքի սկզբնական սահմաններուն, յատակագիծին եւ հետագայ ընդարձակման՝ զայն պայմանաւորող պատմաքաղաքական իրադարձութիւններուն եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած բնակչութեան տեղաշարժերուն լոյսին տակ։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուց քաղաքի ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած յոյն, հայ, հրեայ եւ եւրոպական համայնքներուն՝ ներկայացնելով նաեւ անոնց ժողովրդագրական ներկայութիւնը եւ բազմամշակութային ազդեցութիւնը։ Դասախօսութեան կարեւոր բաժիններէն մէկը նուիրուած էր Զմիւռնիոյ նշանաւոր քարափին։ Պատմական լուսանկարներու եւ փաստական տուեալներու հիման վրայ ներկայացուեցաւ անոր ձեւաւորման ու զարգացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ քաղաքին առեւտրական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին մէջ ունեցած վճռորոշ նշանակութիւնը։
Խօսողը նաեւ ցուցադրեց ծովեզերեայ շրջանի ճարտարապետական ժառանգութեան ուշագրաւ նմուշներ՝ ներկայացնելով շէնքերու, բնակելի տուներու եւ առեւտրական կեդրոններու պատմութիւնը։ Յատկանշական էր, որ ան կրցած էր ճշդել բազմաթիւ շէնքերու սեփականատէրերուն ինքնութիւնը, որոնց շարքին կային նաեւ ծանօթ հայ գործիչներ եւ առեւտրականներ, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած էին քաղաքի տնտեսական ու ընկերային զարգացման մէջ։
Ներկայացուեցան նաեւ քաղաքի տարբեր կրօնական համայնքներուն պատկանող եկեղեցիները, որոնցմէ շատեր աւերուեցան Զմիւռնիոյ Աղէտին ընթացքին կամ անկէ ետք յաջորդած տարիներուն։ Այս պատկերներուն ընդմէջէն անգամ մը եւս վերակենդանացաւ քաղաքի երբեմնի բազմակրօն ու բազմամշակութային դիմագիծը։
Դասախօսութեան ընթացքին ներկաները մտովի շրջեցան հին Զմիւռնիոյ փողոցներուն եւ թաղերուն մէջ՝ ծանօթանալով անոր ճարտարապետական հարստութեան, ժողովուրդներու համակեցութեան, առեւտրական աշխուժութեան եւ ստեղծագործ աշխատանքին։ Պատմական փաստերու եւ պատկերներու այս համադրումը հնարաւորութիւն տուաւ վերապրելու երբեմնի ծաղկուն քաղաքի մը կեանքը, որ Փոքր Ասիոյ աղէտով ու հրդեհով ընդմիշտ կորսուեցաւ։
Դասախօսութիւնը պատեհ առիթ մը հանդիսացաւ հին Զմիւռնիոյ պատմութեան, անոր բազմամշակութային դիմագիծին եւ հայ համայնքի ունեցած նշանակալի ներկայութեան վերաբերեալ գիտելիքները խորացնելու համար։
ԹՂԹԱԿԻՑ










