Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնը, թէ նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցին մէջ ընդդիմութեան անհամաձայնութեան պարագային իշխանութիւնը պէտք է հանրային ճնշում բանեցնէ անոր վրայ, կը բացայայտէ իշխանաւոր խումբի վտանգաւոր մօտեցումը՝ քաղաքական տարակարծութիւնը դիտելով իբրեւ խոչընդոտ, զոր պէտք է չէզոքացնել ճնշումի միջոցներով։
Իշխանաւորները սպառնալով ընդդիմութեան դէմ հանրային ճնշում կազմակերպել, կը խախտեն ժողովրդավարական այն սկզբունքը, որուն համաձայն քաղաքական բոլոր ուժերը իրաւունք ունին ազատօրէն արտայայտելու իրենց դիրքորոշումը։ Կը ստեղծուի նաեւ այնպիսի տպաւորութիւն, թէ ազգային շահը սահմանելու իրաւունքը կը պատկանի միայն կառավարող խումբին։
Հայաստանի իշխանութիւնները նոր Սահմանադրութեան հարցը կը կապեն Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարին, մինչ փոփոխութեան առանցքային նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ Անկախութեան հռչակագիրին յղումին վերացումը։ Համազգայնօրէն ընդունուած փաստաթուղթը Հայաստանի անկախ պետականութեան պատմական հիմքերէն մէկն է ու իր մէջ կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի համընդհանուր առաջադրանքներն ու ազգային ինքնորոշման ձգտումները, որուն նշանակութիւնը ներկայիս իշխող խումբը կը գնահատէ միայն Պաքուի պահանջներուն լոյսին տակ։
Մինչ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն վերատեսութեան ենթարկելու ազգային ու պետական հիմնարար սկզբունքները, Ալիեւ կը շարունակէ յառաջ մղել այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի օրակարգը՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ պահանջներու քաղաքական ենթահող ստեղծելով։ Հետեւաբար, որեւէ երաշխիք չկայ, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք Պաքու պիտի հրաժարի իր մնացեալ պահանջներէն։ Ոչ մէկ հիմք կայ ենթադրելու, թէ մէկ պահանջի կատարումը վերջ պիտի դնէ Ատրպէյճանի յաւակնութիւններուն։ Ընդհակառակը, անոնք կրնան շարունակուիլ նոր ձեւակերպումներով եւ նոր նախապայմաններով։
Աւելի խոր մտահոգութիւնն այն է, թէ Ալիեւի քաղաքականութեան վերջնական ուղղութիւնը դարձած է Հայաստանի ինքնիշխան եւ կենսունակ անկախ պետականութեան գոյութեան պայմանները սահմանափակելու ձգտումը։ Նոր Սահմանադրութեան հարցը, իր բնոյթով, Հայաստանի պետականութեան, ազգային ինքնիշխանութեան եւ սահմանադրական շարունակականութեան վերաբերող հիմնարար խնդիր մըն է։ Իսկ անոր քննարկումը այսօր սահմանափակուած է իշխանութեան կողմէ ներկայացուած քաղաքական հիմնաւորումներով։ Յատկապէս երբ հանրութեան ծանօթ չէ նոր բնագիրին ամբողջական բովանդակութիւնը, միայժամանակ Անկախութեան հռչակագիրին վերաբերող հարցը կը շարունակէ մնալ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու առանցքային վէճերէն մէկը։
Այս պայմաններուն մէջ քաղաքացիներուն եւ քաղաքական ուժերուն իրաւունքն է պահանջել յստակութիւն եւ երաշխիքներ։
Խաղաղութեան հաստատումը Հայաստանի համար կարեւորագոյն նպատակ մըն է, սակայն խաղաղութեան անունով ներքին քաղաքական համաձայնութեան պարտադրանքն ու ճնշումը վտանգաւոր ուղիներ բանալու քաղաքական տհաճ մօտեցում մըն է։ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն վերաբերող հարցերը պէտք է ստանան համոզիչ պատասխաններ, իսկ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները՝ արժանահաւատ երաշխիքներ։
Ներկայիս, այդ պատասխաններուն բացակայութիւնը փոխարինուած է ընդդիմութեան վրայ ճնշում գործադրելու կոչերով։
Հայաստանի քաղաքական կեանքին այսօր հարկաւոր են իշխանական պատասխանատուութիւն, ընդդիմութեան հանդէպ յարգանք եւ ազգային կարեւոր հարցերու շուրջ լայն համաձայնութեան ձգտում։
Ընդդիմութիւնը լռեցնելու կամ անոր դիրքորոշումը հանրային ճնշումով փոխելու փորձերը չեն նպաստեր ժողովրդավարութեան ու Հայաստանի անկախ պետականութեան ամրապնդման։ Ընդհակառակը՝ անոնք կը խորացնեն քաղաքական բեւեռացումը եւ կը թուլացնեն պետական հիմնաշէնքին նկատմամբ վստահութիւնը։
Իսկ խորհրդարանը կրկէսի վերածելու վերջին անախորժ պատկերները, իշխանաւորներու վարքագիծի վտանգաւոր ուղղութեան դրսեւորումը կարելի է նկատել։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՒՆ ՀԵՏ — Սահմանադրական վերանայում. արտաքին պահանջներու եւ ներքին ճնշումներու միջեւ










