Ինչպէս արդէն յայտնած էինք մեր երեկուան թիւով, Երեւան կը գտնուի Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քոսթանթինոս Թասուլաս, որ այցելեց եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին առջեւ։
Երէկ, Երեւանի մէջ կայացող Եւրոպական գագաթնաժողովի մեկնարկին, յոյն նախագահը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը։
«Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի այսօրուան 8-րդ գագաթնաժողովը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Երեւան քաղաքին մէջ՝ Եւրոպայի եւ աշխարհի համար վճռորոշ պահու մը։
Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ շարունակուող հակամարտութիւնները կը շարունակեն վտանգել միջազգային խաղաղութիւնը, տնտեսական զարգացումն ու համաշխարհային մակարդակով ուժանիւթային անվտանգութիւնը։
Այս մռայլ պայմաններուն մէջ, Եւրոպան ամբողջութեամբ կոչուած է որոնելու լուծումներ, որոնք պիտի նպաստեն միասնութեան եւ իր ռազմավարական ինքնավարութեան, հաւատարիմ մնալով ժողովրդավարութեան, իրաւական պետութեան, մարդու իրաւունքներուն եւ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի սկզբունքներուն։
Այս ծիրին մէջ, այսօրուան գագաթնաժողովին պիտի ունենանք կարելիութիւնը քննարկելու մեր ընդհանուր եւրոպական տունը, մեր ժողովրդավարական հաստատութիւններն ու կենսական ենթակառոյցները ամրապնդելու ուղիները՝ բազմատեսակ խառնածին սպառնալիքներէն, որոնք կրնան վտանգել մեր ընկերութիւններու համախմբուածութիւնը։
Միաժամանակ, պիտի փոխանակենք տեսակէտներ եւրոպական տնտեսութիւնը հզօրացնելու անհրաժեշտութեան շուրջ, յատկապէս ուժանիւթային եւ արհեստագիտական ծրագիրներու միջոցով։ Յունաստանը կը ձգտի այս բնագաւառին մէջ առանցքային դեր ունենալ՝ զարգացնելով այնպիսի ենթակառոյցներ, ինչպիսին է Ուղղահայեաց Միջանցքը, որ զայն պիտի դարձնէ ուժանիւթի եւ այլ ապրանքներու ներմուծման ու փոխադրման հանգոյց դէպի Պալքաններ, Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպա։
Հետեւաբար, կը յուսամ կառուցողական քննարկումներու, որոնք պիտի նպաստեն համագործակցութիւններու խորացման եւ խաղաղութեան յառաջմղման՝ ի շահ Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն եւ անոնց քաղաքացիներուն»։










