Պաքուի կողմէ ապօրինի պահուող հայ քաղաքական բանտարկելաներու ազատ արձակումը պահանջեց կիպրացի եւրոերեսփոխան Քոստաս Մաւրիտիս, իր հիմնական ուղերձին մէջ։ Ան ելոյթ ունեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին Ստրասպուրկի մէջ, ուր քննարկուեցաւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերու ամրապնդման հարցը։
Շարունակելով, կիպրացի երեսփոխանը շեշտեց. «Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին, ան պարտաւոր է ապացուցել իր յանձնառութիւնը՝ վստահութեան կառուցման յստակ միջոցներով, ներառեալ՝ մնացեալ հայ քաղաքական բանտարկեալներու առանց նախապայմանի ազատ արձակումը։ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է յստակ ներառնէ բանտարկեալներու հարցը իր օրակարգին մէջ՝ Ատրպէյճանի վարչակարգին հետ ունեցած շփումներուն ընթացքին։ Հայաստան–Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը ծանրակշիռ նշանակութիւն ունի հայ հասարակութեան համար եւ խոր ազդեցութիւն կը գործէ երկրի ժողովրդավարական ու հաստատութենական իրավիճակին վրայ»։
Եզրափակելով, ան ընդգծեց. «Մենք չենք մոռնար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հաստատ կը մնանք մեր հիմնական դիրքորոշումին վրայ՝ պաշտպանելու Ատրպէյճանի կողմէ բռնի տեղահանուած Արցախի հայերու իրաւունքները, ներառեալ՝ անոնց սեփականութիւնը, մշակութային ժառանգութիւնը եւ ինքնութիւնը»։
Հայաստանի ներքին իրավիճակին ակնարկելով ան յայտնեց. «Եւրոպական Միութեան արժէքը՝ աջակցելու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական տոկունութեան առնչութեամբ վճռորոշ է։ Սակայն այս դերակատարութիւնը պէտք է իրականացուի խիստ հաւատարիմ մնալով քաղաքական չեզոքութեան սկզբունքին վրայ։ Արտաքին որեւէ միջամտութիւն կը վնասէ ընտրական գործընթացի վստահելիութիւնը»։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Մաւրիտիս. «Եւրոպական Միութիւնը պէտք է յստակօրէն բարձրացնէ Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու հարցը»










