«Βιβλίο Θρηνωδιών«, Κρικόρ Ναρεκατσί, μετάφραση Αρά Μαγκογιάν, Αθήνα 2026
Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան», յունարէնի թարգմանուած Արա Մանկոյեանի կողմէ, Աթէնք 2026
ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»
համամարդկային պատգամը յունարէնով
Վերջերս, Յունաստանի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանի ջանքերով, լոյս տեսաւ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գանձի յունարէն լեզուով հրատարակութիւնը, որ թարգմանուած է Արա Մանկոյեանին կողմէ։ Հատորի գեղատիպ հրատարակութիւնը կատարուեցաւ Երեւանի մէջ։
Հայ հոգեւոր եւ գրական ժառանգութեան մեծագոյն գանձերէն մէկուն յունարէն լեզուով հրատարակութիւնը նշանակալից իրադարձութիւն մըն է՝ գրական, թարգմանական, աստուածաբանական եւ միջեկեղեցական առումով։ Ան կը նշանաւորէ հայ հոգեւոր միտքի բացառիկ ստեղծագործութեան մը մուտքը յունալեզու ընթերցողի աշխարհ՝ նոր հնարաւորութիւն բանալով ծանօթացնելու մեր աւանդութեան հոգեմտաւոր արժէքն ու հարստութիւնը։
«Մատեան ողբերգութեան» գլուխ գործոց երկը մարդու հոգիին, անոր ներքին աշխարհին, Աստուծոյ առջեւ մարդու խոնարհումին, մեղքի գիտակցութեան, ապաշխարութեան եւ փրկութեան յոյսին համապարփակ արտայայտութիւնն է։ Նարեկացիի խօսքը կը բխի անձնական հոգեւոր ապրումէն, սակայն կը գերազանցէ անհատական կեանքի սահմանները՝ դառնալով համամարդկային աղօթք։
Նարեկացիի ստեղծագործութեան թարգմանութիւնը Արա Մանկոյեանին կողմէ պարզ լեզուական փոխադրութեան արդիւնքը չէ եղած։ Թարգմանական երկարաշունչ եւ հետեւողական աշխատանքը պահանջած է բնագիրի աստուածաբանական, փիլիսոփայական եւ գրական շերտերու խոր ըմբռնում, գրաբարի նրբութիւններուն ծանօթութիւն եւ թարգմանուող լեզուի հոգեւոր գրականութեան արտայայտչական կարելիութիւններու տիրապետում։ Նարեկացիի լեզուն հարուստ է պատկերներով, խորհրդանշական արտայայտութիւններով, աստուածաշնչական ակնարկներով եւ երբեմն բարդ շարահիւսական կառոյցներով։ Անոր խօսքին ուժը միայն բառերուն մէջ չէ ամբարուած, այլեւ անոնց նրբաճաշակ հիւսուածքին, ներքին երաժշտութեան, աղօթական շունչին եւ «սրտի խորերէն փխող» Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան առանձնայատուկ եղանակին մէջ։
Թարգմանական պահանջկոտ գործին ձեռնարկած է Արա Մանկոյեան՝ երկար տարիներու հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանքով։ Անոր թարգմանական վաստակին արժեւորումը պէտք է կատարել նկատի ունենալով այն խղճմիտ մօտեցումը, որով ան ուսումնասիրած է բնագիրը, զայն համեմատած է տարբեր լեզուներով կատարուած թարգմանութիւններու եւ մեկնաբանական փորձերու հետ՝ ձգտելով իւրաքանչիւր հատուածի իմաստային, աստուածաբանական եւ լեզուական հարազատութեան։ Այսպիսի աշխատանքի պարագային թարգմանիչը պարտաւոր է միաժամանակ հաւատարիմ մնալ հեղինակին, ինչպէս նաեւ բնական, ճշգրիտ ու գրականօրէն արժանաւոր լեզու մը ստեղծելու թիրախին մէջ։
Արա Մանկոյեանի կատարած թարգմանական գործը կը ներկայացնէ Նարեկացիի հոգեւոր աշխարհը յունարէն ընթերցողին՝ փորձելով պահպանել բնագիրի խորութիւնը, աղօթական բնոյթը եւ ոճական առանձնայատկութիւնները։ Յատկապէս հոգեւոր գրականութեան մէջ թարգմանութեան յաջողութիւնը պէտք է նախ չափել բառերու ճշգրտութեամբ, ապա անոնցմէ բխող խորհուրդով, ապրումով եւ հաւատքի լեզուն այլ մշակոյթի մը ընթերցողին փոխանցելու կարողութեամբ։ Այս առումով, թարգմանիչին աշխատանքը կը ստանայ նաեւ ստեղծագործական եւ մեկնաբանական նշանակութիւն։
Յունարէն թարգմանութեան հրատարակութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի նաեւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու ու հետեւաբար՝ ժողովուրդներու հոգեւոր, մշակութային յարաբերութիւններուն համար։ Երկու ազգերու քրիստոնէական պատմութիւնը դարաւոր ընդհանրութիւններ, հոգեւոր եւ մշակութային փոխազդեցութիւններ կը պարունակէ։
Զոյգ աշխարհներու պատմական մերձեցումը նոր իմաստ կը ստանայ, մանաւանդ երբ հայ հոգեւոր միտքի մեծագոյն ներկայացուցիչներէն մէկուն ստեղծագործութիւնը հասանելի կը դառնայ յունալեզու աշխարհին՝ իր ամբողջականութեամբ։
Արա Մանկոյեանի թարգմանութիւնը կարելի է նկատել նաեւ միջեկեղեցական երկխօսութեան արժէքաւոր ներդրում մը։
Պատմական տեղեկութիւններու կամ եկեղեցական յարաբերութիւններու փոխանցման ոլորտին մէջ, հրատարակութիւնը պիտի նպաստէ, որ յոյն ակադեմական աշխարհը հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր աւանդութիւնը ճանչնայ ուղղակի հաղորդակցութեամբ մը անոր աղօթական եւ աստուածաբանական գանձերուն հետ։ Այսպէս, «Մատեան ողբերգութեան» յունարէն հրատարակութիւնը պէտք է ընկալել իբրեւ հայ հոգեւոր մշակոյթի կարեւոր ներկայութիւն մը յունական աշխարհին մէջ եւ միաժամանակ՝ երկու հին քրիստոնեայ ժողովուրդներու հոգեւոր կապերը ամրապնդելու նշանակալից քայլ։
«Նարեկ»ը հայ հաւատացեալին համար առօրեայ աղօթքի եւ Աստուծոյ հետ ներքին հաղորդակցութեան հարազատ ուղեկից մը եղած է։ Սերունդներ շարունակ հայը դիմած է անոր էջերուն՝ իր հոգեկան տագնապներուն մէջ մխիթարութիւն, դժուարութիւններու պահուն զօրութիւն եւ աղօթքի միջոցով հոգիի խաղաղութիւն գտնելու համար։ Այժմ, յունարէն թարգմանութեամբ, մեծարժէք գանձը կը դառնայ նաեւ յունալեզու ընթերցողի առօրեայ հոգեւոր ապաստարանը՝ դուռ բանալով Աստուծոյ սփոփանքին, ներքին անդորրին եւ հաւատքի վերանորոգման։
Արա Մանկոյեանի տարիներու յոգնատանջ աշխատանքը արդէն ստացած է աւելի մեծ արժէք, քան անհատական թարգմանական իրագործումի մը գինը։
Անոր միջոցով հայ հոգեւոր գրականութեան գոհարներէն մէկը նոր լեզուով եւ նոր ընթերցողներու կը փոխանցուի՝ պահպանելու եւ տարածելու համար այն պատգամը, որ Նարեկացիի ստեղծագործութիւնը հազարամեակէ մը աւելի կը փոխանցէ մարդկութեան։
Թարգմանիչի կատարած նրբահիւս գործը ու անոր մտաւոր վաստակը արժանի են գնահատանքի՝ իր գիտական խղճմտանքին, երկու լեզուներուն հանդէպ ցուցաբերած պատասխանատուութեան եւ հայ հոգեմտային մշակոյթի ընդհանրական ճանաչման ծառայելու իր առաքելութեան համար։
* * *
Հատորի պաշտօնական ներկայացումը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2026-ին, ապա տրամադրելի պիտի ըլլայ Յունաստանի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանէն եւ շրջաններու եկեղեցիներէն։










