Եւ այնպէս, ծնունդ կ’առնէ «Նոր Օր»ը, որու առաջին հրատարակութիւնը տեղի կ’ունենայ 1923 Մարտ 25-ին, Աթէնքի կեդրոնին մէջ, Փերիքլէուս փողոցին վրայ, Փարասքեւա Լէոնիսի տպարանին մէջ: Թերթը կը հիմնեն Գաբրիէլ Լազեան, Անտոն Կազէլ, Արամ Շիրինեան եւ Պօղոս Սվաճեան: Հազիւ քանի մը թիւ հրատարակուած՝ Սվաճեան կը մեկնի Գանատա: Աւելի վերջ Շիրինեան եւս կը մեկնի Աղեքսանդրիա: «Նոր Օր»ը կը վերածուի եռօրեայի, ապա երկօրեայի, ի վերջոյ շուտով օրաթերթի:
Մինչեւ 1940, առանց ընդհատումի, 17 տարի լոյս կը տեսնէ պատասխանատու տնօրէնութեամբ Գաբրիէլ Լազեանի եւ խմբագրութեամբ Անտոն Կազէլի եւ Գաբրիէլ Լազեանի, իբրեւ օրգան Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի:
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին, մենատէր Իոաննիս Մեթաքսասի կառավարութեան օրով՝ կը դադրեցուին բոլոր օտար թերթերը, որոնց կարգին անխուսափելիօրէն նաեւ «Նոր Օր»ը:
Գերմանական ծանր գրաւման շրջանին, Անտոն Կազէլ իր անձնական պատասխանատուութեամբ եւ իբրեւ լրաթերթ կը վերահրատարակէ «Նոր Օր»ը, երկու փոքրաթիւ էջերով:
1945-ին, Յունաստանի վերագրաւումէն ու նացիական լուծէն ազատագրուելէ ետք, Փետրուար 25-ին կը սկսի հրատարակուիլ «Ազատ Օր»ը, նախ երկօրեայ, ապա օրաթերթ եւ իբրեւ սեփականութիւն Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Առաջին խմբագիրներ՝ Սեդրակ Գոհարունի, Անտոն Կազէլ եւ Վազգէն Եսայեան: Գոհարունիի եւ Կազէլի մահէն ետք, Վազգէն Եսայեան եւ Ահարոն Ստեփանեան կը սկսին թերթը խմբագրել, կեանքի անբարենպաստ ու յուսաբեկ տարիներու մէջ, ուր սակայն հայ կեանքը կ’եռար տարբեր մարզերու բեղուն մտաւորականներով ու ազգային կեանքին կոչուած յանձնապաստան հաւաքականութիւններով:
Տասնամեակէ տասնամեակ, եւ ժամանակակից պայմաններու հոլովոյթին հետ քայլ պահելու առաջադրանքով, «Ազատ Օր» հանգրուանաբար փոխեց իր տեսքը, արտաքին դիմագիծը, հրատարակութեան ձեւն ու ոճը, ծաւալը, անձնակազմը, ձեռքով շարուող եւ գետնայարկ տպարաններու մէջ լոյս տեսնող թերթը, 1969-ին օժտուեցաւ Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Հայրենիք» օրաթերթի 1956-ին գնուած ու գործածուող լինոթիփ տողաշար մեքենայով, ինչ որ անձնակազմի լուրջ խնայողութեան մը առաջնորդեց, թերթի վարչական եւ միաժամանակ արդիականազուրկ տեսքը, ճզմուած գիրերը փոխարինելով օրը-օրին կապարէ տողաշերտերով տպուող թարմ տառերով:
1973-ին դարձեալ «Հայրենիք»էն հասաւ երկրորդ տողաշար մեքենայ մը, առաջինէն համեմատաբար աւելի նոր ու արդիական յարմարութիւններով օժտուած:
Այդ շրջանին թերթը կը տպուէր Փլաքայի Նավարինու Նիքոտիմու 39 ճամբուն վրայ, Խրիսթօ Սիրասիսի տպարանը:
Երբ 1973-ին Աթէնքէն դուրս գալով փոխադրուեցանք վարձու տպարանի մը մէջ, Սարքուտինու 116, Նէոս Գոզմոս, շարունակեցինք պահել տպագրական սեփական մամուլ:
1980-էն ետք, թերթը սկսաւ հրատարակուիլ համակարգչային այդ օրերու դրութեամբ, որ տասնամեակներու ընթացքին ալ վերանորոգեց իր հրատարակութեան ու տպագրական ոճը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Ինչպէս «Նոր Օր»ի, այնպէս ալ «Ազատ Օր»ի պարագային, թերթի սեփականութիւնը, հովանաւորութիւնը եւ մատակարարումը կը պատկանի Յունաստանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան:
Թերթը կուսակցական պատկանելիութիւն ունենալով հանդերձ, երբեք չդադրեցաւ իր մէջ խտացնելու ուշագրաւօրէն ձեւաւորուած զոյգ հանգամանքներ՝ օրգանի եւ գաղութի օրաթերթի, ջանալով պահպանել իրար հաստատող այս երկուքի մեկնակէտը եւփոխանակ այս պարագան զատորոշիչ ազդակ դարձնելու, իրար ամբողջացնող, իրար միաւորող ու միաձուլով ենթահող մը ստեղծեց, «Ազատ Օր»ը դարձնելով յունահայ գաղութի հրատարակուող միակ օրաթերթի ու հայանպաստ իրողութեան, իրար զօդող արժէքներով, սկզբունքներով ու յարգալիր կապերով:
Մեր ժամանակը յատկանշող երեւոյթներուն մէջ, առանցքային նշանակութիւն պիտի ունենայ հայ մամուլը, Հայաստանի թէ Արտերկրի մէջ, հայ մարդու ազգային ու հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման առաքելութեան մէջ, հեռու գձուձ ու մաշեցնող երեւոյթներէ, յերիւրածոյ ցեխարձակումներէ եւ ամէն տեսակի ու ոճի անազնուութիւններէ:
Գաղութային զսպանակը ըլլալու հնչեղ հաստատակամութեամբ, յուշերով բեռնաւոր եւ նոր յուշեր ամբարելու պատրաստակամութեամբ՝ հայ մամուլը պիտի շարունակէ իր երթը, այն միակ ճանապարհէն որ մինչեւ հիմա ծանօթ է իրեն եւ ուրկէ շեղում չկայ՝
Ծառայել հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին: