Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 2026-ի առաւօտուն, տեղի ունեցաւ գեղեցիկ բանաստեղծական ելոյթ մը, հիւրընկալելով սպանահայ բանաստեղծ Արարատ Ղուկասեանը, որ վերջին տասնամեակներուն կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքին մէջ։
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Համազգայինի վարչութեան անդամ ընկ. Տիգրան Սարգսեան, որ յուներէնով նախ բարի գալուստ մաղթեց բազմաթիւ ունկընդիրներուն, ապա ներկայացուց օրուան հիւրը։
Յաջորդաբար, ընկ. Յովիկ Գասապեան հայերէնով ընթերցեց Ղուկասեանի ընդարձակ եւ հարուստ կենսագրականը։ Ապա, խօսքը տրուեցաւ բանաստեղծին, որ առաջին հերթին ներկայացուց իր ստեղծագործական երեք հրատարակութիւնները՝ «Փնտռտուքների ճանապարհին», «Ժամանակի հետքերով» եւ «Երեք հետաքրքրութիւն» գիրքերը։
Ղուկասեան շեշտեց թէ, «ես բանաստեղծ չեմ, դժբախտաբար պատմաբան եմ…» պարզաբանելով իր ներշնչումի աղբիւրները, որոնք եղան հայութիւնը, Հայաստանը, կարօտը եւ իր շեշտած՝ «ապա ի՜նչ բանաստեղծ՝ առանց սիրոյ մասի բանաստեղծութեամբ»։ Արուեստագէտը կարդաց իր ստեղծագործութիւններէն որոշ ընտրանիներ, բացատրելով ամէն անգամ, թէ ինչպէս ծնան համապատասխան քերթուածները։
Արարատ Ղուկասեան, գրող ըլլալէ անդին, ազգային գործիչ մըն է եւ Վալենսիա քաղաքի «Արարատ» միութեան հիմնադիր։ Ունի հարուստ եւ աշխուժ գործունէութիւն Սպանիոյ մէջ, որու շնորհիւ երկրի բազմաթիւ քաղաքներ ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Օրուան հիւրը անդրադարձաւ նաեւ այդ գործունէութեան եւ այլ հայկական հիմնախնդիրներուն մասին, ինչպէս հայախօսութեան պահպանումը եւ Վալենսիայի կիրակնօրեայ դպրոցի առաքելութիւնը։ Ան յատուկ շեշտաւորեց հայապահպանման հարցը, հայ մշակոյթի ծանօթացումը սպանական հասարակութեան մէջ եւ այլ հիմնական հարցերու մասին կատարուած աշխատանքը։ Մասնաւոր անդրադարձ եղաւ նաեւ հայոց լեզուի եւ Պասկերէնի մասին, որ ըստ որոշ գիտնականներու տեսակէտով, անմիջական առնչութիւն ունեցած են դարերէ ի վեր։ Խօսք եղաւ նաեւ պասքերու ծագման մասին, որ ամենայն հաւանականութեամբ հայկական լեռնաշխարհէն գաղթած են դէպի Իպերիական դերակղզին։
Ներկայ ժողոուրդին մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծած ելոյթի աւարտին, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Եղիա վրդ. Մալխասեան Թաղային խորհուրդին անունով Արարատ Ղուկասեանին նուիրեց թեսաղոնիկահայ համայնքի հարիւրամեակին առիթով լոյս տեսած պատմավաւերագրական հատորը։
ԹՂԹԱԿԻՑ










