Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը միա­ձայ­նու­թեամբ հաս­տա­տած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նա­լու ա­ռա­ջար­կը՝ պատ­մա­կան շրջա­դարձ մը ար­ձա­նագ­րե­լով այն տաս­նա­մեակ­նե­րէն ետք, երբ երկ­րի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մե­ծա­պէս պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած էր ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ ու­նե­ցած դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով։
Ա­ռա­ջար­կը, որ ներ­կա­յա­ցու­ցած էր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Կի­տէոն ­Սաար, Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան կող­մէ հայ ժո­ղո­վուր­դի դէմ գոր­ծադ­րո­ւած զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րը, տե­ղա­հա­նու­թիւն­ներն ու բնաջնջու­մը կը ճանչ­նայ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ ­Կա­ռա­վա­րու­թեան հաս­տա­տու­մէն ետք, բա­նա­ձե­ւը կը սպա­սո­ւի ներ­կա­յա­ցո­ւիլ Ք­նե­սե­թի լիա­գու­մար նիս­տին՝ խորհր­դա­րա­նա­կան քուէար­կու­թեան հա­մար։
­Սաար այս քայ­լը բնո­րո­շած է որ­պէս բա­րո­յա­կան եւ պատ­մա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն՝ շեշ­տե­լով, թէ Իս­րա­յէլ պար­տա­ւոր է դա­տա­պար­տել ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը ժխտե­լու, նսե­մաց­նե­լու կամ խե­ղա­թիւ­րե­լու բո­լոր փոր­ձե­րը։
­Բա­նա­ձե­ւը կը վե­րա­բե­րի Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադրուած ցե­ղասպա­նու­թեան, ո­րուն ըն­թաց­քին ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յեր սպան­նո­ւե­ցան զան­գո­ւա­ծա­յին տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րու, մա­հո­ւան եր­թե­րու, սո­վա­մա­հու­թեան, կո­տո­րած­նե­րու եւ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու հա­մա­կար­գո­ւած ոչնչաց­ման հե­տե­ւան­քով։ ­Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ, Իս­րա­յէ­լի յա­ջոր­դա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը խու­սա­փած էին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չու­մէն՝ հա­կա­ռակ որ պատ­մա­կան ա­պա­ցոյ­ցե­րը ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թեամբ կը հաս­տա­տեն այդ ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Այդ վե­րա­պահ կե­ցուած­քը հիմ­նա­կա­նին մէջ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած էր Իս­րա­յէ­լի եւ ­Թուր­քիոյ ու Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող զգա­յուն դի­ւա­նա­գի­տա­կան, ռազ­մա­կան եւ անվտան­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով, մինչ­դեռ եր­կու եր­կիր­ներն ալ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը հա­կադ­րո­ւէին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման։
­Կա­ռա­վա­րու­թեան այս ո­րո­շու­մը կը կա­յա­ցո­ւի Իս­րա­յէ­լի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ շա­րու­նակ սրա­ցող լա­րո­ւա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ։ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բա­ցա­յայտ թշնա­մա­կան կե­ցո­ւածք որ­դեգ­րած է Իս­րա­յէ­լի նկատ­մամբ, մինչ Ան­գա­րան կը շա­րու­նա­կէ ժխտել ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ պաշտ­պա­նել Օս­մա­նեան պե­տու­թեան ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ Այս ի­րադ­րու­թեան լոյ­սին տակ, Իս­րա­յէ­լի քայ­լը կը սպա­սո­ւի սուր ար­ձա­գանգ յա­ռա­ջաց­նել ­Թուր­քիոյ մէջ եւ ա­ւե­լի բար­դաց­նել ար­դէն լա­րո­ւած տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։
­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը պէտք էր ճանչ­ցո­ւած ըլ­լար շատ ա­ւե­լի ա­ռաջ՝ ան­կախ Իս­րա­յէ­լի եւ Ան­գա­րա­յի կամ ո­րե­ւէ այլ պե­տու­թեան մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն։ ­Ճա­նա­չու­մը բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թեան, պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման դէմ հա­մա­մարդ­կա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան հարց է։
Այ­դու­հան­դերձ, կա­ռա­վա­րու­թեան միա­ձայն ո­րո­շու­մը կա­րե­ւոր բե­կում մը կը ներ­կա­յաց­նէ։ Ան Իս­րա­յէ­լը կը մօ­տեց­նէ այն դիր­քո­րոշ­ման, զոր ար­դէն որ­դեգ­րած են բազ­մա­թիւ պե­տու­թիւն­ներ, ո­րոնց շար­քին՝ ­Գա­նա­տան, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը, Ֆ­րան­սան եւ ­Գեր­մա­նիան, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­ներ, նե­րա­ռեալ Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նը։
Աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան հա­մար Իս­րա­յէ­լի քայ­լը ու­նի յա­տուկ բա­րո­յա­կան նշա­նա­կու­թիւն՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով հրեայ ժո­ղո­վուր­դի սե­փա­կան ցե­ղաս­պա­նա­կան ող­բեր­գու­թիւ­նը եւ Ող­ջա­կիզ­ման յի­շո­ղու­թեան ա­ռանց­քա­յին տե­ղը իս­րա­յէ­լեան հան­րա­յին կեան­քին մէջ։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ոչ միայն պատ­մա­կան վե­րա­կանգ­ման հարց է, այ­լեւ դիր­քո­րո­շում՝ ժխտո­ղա­կա­նու­թեան, ան­պատ­ժե­լիու­թեան եւ զան­գո­ւա­ծա­յին ո­ճիր­նե­րու քա­ղա­քա­կան շա­հա­գործ­ման դէմ։
­Բա­նա­ձե­ւը այժմ պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի Ք­նե­սեթ, ուր խորհր­դա­րա­նա­կան քո­ւէար­կու­թիւ­նը պի­տի վճռէ, թէ ար­դեօք Իս­րա­յէլ պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի ամ­բող­ջաց­նէ՞ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցը։

***

Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի կեդ­րո­նա­կան խոր­հուր­դի
յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը

Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, այ­սօր, միա­ձայն հա­ւա­նու­թիւն տուած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նա­լու երկ­րի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Կի­տէօն ­Սաա­րի նա­խա­գի­ծին։
Ըստ հա­ղոր­դում­նե­րուն, ճա­նա­չու­մի բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գի­ծը այժմ կ­՚ու­ղար­կո­ւի խորհր­դա­րան, առ ի որ­դեգ­րում։ Ա.Գ. նա­խա­րա­րը իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձած է, թէ ան­ցեա­լին եւս ե­ղած են նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք, սա­կայն, ի­րենց տրա­մա­բա­նա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան չեն յան­գած։
­Նա­խա­րա­րը յայ­տա­րա­րած է նաեւ, որ այս հա­կա­դար­ձու­թիւն չէ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին գլխա­ւո­րու­թեամբ Իս­րա­յէ­լի դէմ ուղ­ղո­ւած «սար­սա­փե­լի հռե­տո­րա­բա­նու­թեան եւ թշնա­մա­կան քայ­լե­րուն», են­թադ­րա­բար՝ ակ­նար­կե­լով ոչ միայն ­Թուր­քիոյ, այ­լեւ մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քի բազ­մա­թիւ ան­դամ­նե­րու այն ի­րա­ւա­ցի հաս­տա­տում­նե­րուն, որ Իս­րա­յէլ ­Կա­զա­յի մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կը գոր­ծէ պա­ղես­տին­ցի ժո­ղո­վուր­դին դէմ։
­Հա­շո­ւի առ­նե­լով այն փաս­տը, որ բազ­մա­թիւ հրեայ ան­հատ­ներ, այդ մա­սին բարձրա­ձայ­նած են ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րե­րուն՝ որ­պէս վկայ, իսկ հե­տա­գա­յին՝ որ­պէս մտա­ւո­րա­կան­ներ, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ կու­սակ­ցու­թիւն (­Մե­րեց), պա­հան­ջե­լով Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը, նա­խա­րար ­Սաար ի­րա­ւա­ցի է երբ կը հաս­տա­տէ. «Եր­բեք ուշ չէ ճիշտ բա­նը ը­նել։ Այս թէ՛ բա­րո­յա­կան, թէ՛ պատ­մա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն է։ Իմ կար­ծի­քով, ատ­կէ խու­սա­փե­լու ո­րե­ւէ լուրջ պատ­ճառ չկայ»։
Ե­թէ եւ երբ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը հաս­նի իր տրա­մա­բա­նա­կան եզ­րա­յան­գու­մին եւ Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նը եւս հաս­տա­տէ ­Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը որ­պէս պե­տա­կան դիր­քո­րո­շում, մենք կ­՚ող­ջու­նենք այդ կե­ցո­ւած­քը, միա­ժա­մա­նակ կրկնե­լով նա­խա­րար ­Սաա­րիի ­Թուր­քիոյ ուղ­ղո­ւած այն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, որ նման ճա­նա­չու­մը «ի­րեն (այս պա­րա­գա­յին՝ Իս­րա­յէ­լին) չի տար ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւն պատ­մա­կան ճշմար­տութ­իւն­նե­րէն», նե­րա­ռեալ՝ Ար­ցա­խի մէջ հա­յու­թեան դէմ կա­տա­րո­ւած յան­ձա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն իր մեղ­սակ­ցու­թեան գծով։
­Միա­ժա­մա­նակ, կ­՚ակն­կա­լենք, որ ­Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած Իս­րա­յէ­լը պի­տի ստանձ­նէ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը՝ սա­տա­րե­լով յի­շո­ղու­թեան յա­ւեր­ժա­ցու­մին եւ պայ­քա­րե­լով ա­նոր ժխտու­մին դէմ։

Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Խոր­հուրդ