Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով, Հայաստան ժամանեց Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քոնստանթինոս Թասուլաս եւ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի կողմէ։
Ժամանումէն ետք, յոյն նախագահը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանայ արտաքին գործոց փոխնախարար Խարիս Թէոխարիսէն եւ Ե.Մ.-ի մէջ մնայուն դեսպան Իոանիս Վրայիլասէն, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Խրիսթոս Սոֆիանոփուլոսի: Նախագահը դափնեպսակ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ, ապա ծաղիկներ խոնարհեց անմառ կրակին առաջ։
Յունաստանի նախագահը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին ծիրին մէջ, որ կը կայանայ այսօր եւ վաղը Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, առիթ ունեցայ այցելելու Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը, ուր յարգանքի տուրք մատուցի՝ յունական պատուիրակութեան հետ միասին, Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերուն։
Անցած է հարիւր տասնմէկ տարի Հայոց ցեղասպանութենէն, որ գործադրուեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ, սակայն այս ողբերգական դէպքին յիշատակը տակաւին կը շարունակէ ցաւագին հոսիլ։ Դառնութիւնն ու տառապանքը չեն դադրած, պարզ այն պատճառով, որ այս ոճրագործութեան պատասխանատու կողմը տակաւին չէ բաւարարած պատմական ճշմարտութեան ընդունումը։
Յայտնի է, թէ Յունաստան ունի նմանատիպ ողբերգական փորձառութիւններ Հայաստանին հետ, եւ մեր երկիրը անշէջ կը պահէ այս ահաւոր ոճրագործութեան յիշատակը։ Մենք կը հաւատանք, որ միայն անմառ յիշողութեան միջոցաւ կարելի է կանխել նման ցեղասպանական ոճիրներու կրկնութիւնը ապագային։
Յունաստանը եւ Հայաստանը կը կապուին խոր պատմական կապերով եւ շարունակաբար կը զարգացնեն բարեկամութեան, համերաշխութեան եւ սերտ գործակցութեան յարաբերութիւններ։ Երկու երկիրներն ալ խորապէս նուիրուած են ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի արժէքներուն եւ սկզբունքներուն։ Այս ընդհանուր նուիրուածութիւնն է մեր կողմնացոյցը՝ աշխարհի մը մէջ, որ կը դիմագրաւէ բազմաթիւ եւ բազմազան մարտահրաւէրներ ու անորոշութիւններ»։
Յոյն պաշտօնական հիւրերուն դիմաւորեց Հ.Ց.Թ.-ի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշճեան: Ան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը, խորհուրդն ու նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց Յուշասիւնին մասին՝ նշելով, թէ ան կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի վերածնունդը:
Նաեւ, նախագահը այցելեց Մատենադարան եւ մօտէն ծանօթացաւ անոր մէջ պահուող թանկարժէք ձեռագրերուն։










