­Լիզ­պո­նի հինգ հե­րոս­նե­րու ող­ջա­կիզ­ման յու­շը ան­ցած է ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին մէջ։ Ա­ւե­լի քան չորս տաս­նա­մեակ յե­տոյ, մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան հո­լո­վոյ­թը փո­խած է ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ստեղ­ծած է աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր ի­րադ­րու­թիւն­ներ, սե­րունդ­նե­րը եւս փո­խո­ւած ու ի­րար յա­ջոր­դած են, սա­կայն չէ նուա­զած ­Լիզ­պո­նի զո­հա­բե­րու­թեան քա­ղա­քա­կան ու բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քը։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, հայ ժո­ղո­վուր­դին դի­մաց ծա­ռա­ցած նո­րա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ­Լիզ­պո­նի պատ­գա­մը կը դարձնեն ա­ւե­լի այժ­մէա­կան ու ա­ռա­ւել հրա­մա­յա­կան։
­Փոր­թու­կա­լի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ ծայր ա­ռած ան­նա­խա­դէպ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ծնունդ էր հայ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան ու պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման կամ­քին։ Ան ինք­նան­պա­տակ քայլ մը չե­ղաւ, այլ քա­ղա­քա­կան ու­ղերձ՝ ուղ­ղուած աշ­խար­հին, բայց նախ եւ ա­ռաջ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին։ Ու­ղերձ մը, որ կը յի­շեց­նէր, թէ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը կը պահ­պա­նո­ւին միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ գո­յու­թիւն ու­նի գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն զի­նո­ւած, ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դուող եւ անձ­նա­զո­հու­թեան պատ­րաստ սե­րունդ։
Այ­սօր, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կը գտնուի պե­տա­կա­նու­թեան, անվ­տան­գու­թեան եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հետ առն­չո­ւող ծանր փոր­ձու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ։ ­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Ս­փիւռ­քը կը դի­մագ­րա­ւէ ոչ նո­ւազ վտան­գա­ւոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ՝ ձու­լում, ազ­գա­յին կեան­քի թու­լա­ցում, հայ­րե­նի հո­ղէն օ­տա­րա­ցում, քա­ղա­քա­կան ան­տար­բե­րու­թիւն եւ կազ­մա­կեր­պա­կան նա­հանջ։ Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, ազ­գա­յին գո­յա­տեւ­ման պայ­քա­րը այ­լեւս չի կրնար հիմ­նո­ւիլ յու­շե­րու կամ խորհր­դա­նի­շե­րու վրայ միայն։ Ան պէտք է վե­րա­ծուի գի­տա­կից ազ­գա­յին կե­ցո­ւած­քի, գա­ղա­փա­րա­կան պատ­րաս­տութեան եւ հա­մա­կար­գո­ւած զօ­րա­շար­ժի։
­Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու գլխա­ւոր պա­հանջ­նե­րէն մէ­կը գա­ղա­փա­րա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թեան կազ­մա­ւո­րումն է։ ­Սե­րունդ մը, որ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը պի­տի չըն­կա­լէ որ­պէս ազ­գի սոսկ ժա­ռան­գա­կան ինք­նու­թիւն, այլ որ­պէս պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան, կա­մա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան եւ պայ­քա­րի մշտա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն։
Ե­րի­տա­սար­դու­թիւն մը, որ միա­ժա­մա­նակ տէր պի­տի կանգ­նի հե­րոս­նե­րու պայ­քա­րով կեր­տուած ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան, այլ նաեւ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման վե­րա­կեն­սա­ւոր­ման, ­Հայ դա­տի ու հա­մազ­գա­յին ան­վի­ճե­լի իղ­ձե­րուն։
­Լիզ­պո­նի հե­րոս­նե­րուն յի­շա­տա­կը ար­ժե­ւո­րե­լը կը նշա­նա­կէ վե­րա­նո­րո­գել ազ­գա­յին կամ­քը։
­Հինգ անձ­նա­զոհ տղոց կտա­կը պէտք չէ սահ­մա­նա­փա­կո­ւի պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, այլ պէտք է վե­րա­ծո­ւի քա­ղա­քա­կան ու բա­րո­յա­կան յանձ­նա­ռու­թեան։
­Լիզ­պո­նի տղոց զո­հա­բե­րու­թիւ­նը կը պար­տա­ւո­րեց­նէ բո­վան­դակ հա­յու­թիւ­նը, որ­պէս­զի հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն մէջ մշտա­վառ պա­հո­ւի ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի ան­սա­կար­կե­լի ու ան­վի­ճե­լի խոր­հուր­դը՝ որ­պէս գո­յա­տեւ­ման, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման, պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ ան­խախտ հա­ւատ­քի կե­նա­րար աղ­բիւր։
Այդ գա­ղա­փա­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնն է, որ պի­տի ա­պա­հո­վէ հայ ժո­ղո­վուր­դի տո­կու­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր յաղ­թա­կան եր­թը՝ պատ­մու­թեան բո­լոր փոր­ձու­թիւն­նե­րուն դիմաց։