
Հ. Կ. Խ.-ի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» ազգային միջնակարգ վարժարանի 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի ամփոփ տեղեկագիր
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2025-2026 տարեշրջանի պաշտօնական բացումն ու ջրօրհնէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 11 Սեպտեմբեր 2025-ին, հանդիսապետութեամբ թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի: Ներկայ էին՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան, Ազգային վարչութեան, Հ.Կ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներ ու ծնողներ:
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒ
Ա. դասարան 15, Բ.՝ 11, Գ.՝ 17: Ընդհանուր թիւ՝ 43 աշակերտ:
ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
Տարեշրջանի առաջին օրէն ուսուցչական կազմը ներկայացաւ ծառայելու մեր դպրոցէն ներս ու բաղկացաւ հետեւեալներէն (այբբենական կարգով). Եալեռնիու Էքաթերինի՝ տեղեկագիտութեան ուսուցչուհի, Կեքաս Էւանկելոս՝ անգլերէն լեզուի ուսուցիչ, Սափրիչեան Արշալոյս ՝ տնօրէնուհի եւ ուսուցչուհի հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան, Վլախոփուլու Անտրոնիքի՝ յունաց լեզուի ու գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցչուհի: Փափաիլիա Նաւսիքա՝ Ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչուհի, Փափատաքու Վասիլիքի՝ մարմնամարզութեան ուսուցչուհի, Փիփերիտու Էլենի՝ իրագիտութեան, տարրալուծութեան, կենսաբանութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցչուհի, Քիւֆթի Ռոտուլա՝ ուսողութեան ուսուցչուհի, Քոլցիտա Ալեքսանտրա՝ յունաց լեզուի ու գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցչուհի:
Հոկտեմբերի սկիզբը, կազմը համալրուեցաւ Կրթութեան նախարարութեան Աթէնքի Ա. տնօրէնութեան կողմէ տրամադրուած հետեւեալ ուսուցիչներով՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Պուֆիտու Ֆոթինի, գեղարուեստի ուսուցիչ՝ Վլախոս Նիքոլաոս, ճարտարարուեստի ուսուցչուհի՝ Քասսու Տեսփինա։
Վարժարանի տնօրէնութեան կարգադրութեամբ, ուսուցչական կազմը հետեւեցաւ տասնհինգ ժամուան տեւողութեամբ ներդպրոցական վերապատրաստման դասընթացքի:
Մասնակցեցանք բազմաթիւ դասընթացներու, թէ՛ խմբովին, թէ՛ անհատապէս:
Այս տարի եւս ուրախութիւնը ունեցանք գործակցելու Ուսումնական խորհուրդին կողմէ հրաւիրուած պատմաբան եւ կրթական մշակ տիկին Գոհար Գանտահարեանին հետ: Միասնաբար քննարկեցինք հայոց պատմութեան դասաւանդման կերպն ու ծրագիրներ մշակելու ընթացքը:
Ուսուցչական կազմի գործակցութիւնը տնօրէնութեան հետ ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին եղաւ ջերմ ու արդիւնաւէտ:
2025-2026 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ
Կրթութեան Նախարարութեան կողմէ թելադրուած ներքին արժեւորման ուղղութիւններուն համաձայն, տարեշրջանի սկիզբը ուսուցչական կազմ եւ տնօրէնութիւն միասնաբար ճշդեցինք մեր կրթական թիրախները: Այս տարի կեդրոնացանք մասնաւորաբար հայկական պարի ուժին եւ մշակութային ու ազգային արժէքին, արհեստական բանականութեան, բնապահպանութեան (Իլիսոս գետի մասին), թաղային պատմութեան (Տուրղութիի թաղամասի մասին), Մարդկային իրաւունքներուն, յանձնառու քաղաքացիի տիպարին եւ մեր պատանի աշակերտներու հոգեկան ամրապնդման: Ուսուցչական կազմը կազմեց խմբակներ, որոնք ստանձնեցին իրագործել մշակուած ծրագիրները: Յատուկ զարկ տուինք դպրոցական եւ արհեստագիտական կողմնորոշման ծրագիրներուն, այցելեցով Ընդհանուր եւ Մասնագիտական երկրորդական վարժարաններ ու Արեւմտեան Ատտիկէի համալսարանը, եւ հրաւիրելով այլազան բնագաւառներէ հայ մասնագէտներ, որոնք թէ՛ իրենց մասնագիտութիւնը ծանօթացուցին եւ թէ՛ ազգային ներդրումին մասին խօսեցան մեր աշակերտներուն: Մեզի համար առաջնահերթութիւն է մեր պատանիներուն տալ նորագոյն մեթոտներով, բազմակողմանի, բարձրորակ կրթութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն եւ ներշնչել մարդկային բարձր արժէքներ. հայրենասիրութիւն, նուիրուածութիւն, վեհ գաղափարներու համար յարատեւ պայքար, բարձունքներու նուաճում: Ուստի նորագոյն դաստիարակչական միջոցներ ի գործ դրինք, որպէսզի բարձր որակի, անկախ ուսուցման պայմաններ ստեղծենք դպրոցէն ներս եւ դուրս:
Տարեշրջանի աւարտին մեր աշակերտութեան ուսումնական վիճակը կ’ամփոփուի հետեւեալ կերպով.
Անբաւարար՝ 1, Վերաքննելի՝ 3, Միջակ՝ 3, Լաւ՝ 17, Շատ Լաւ՝ 15, Գերազանց՝ 4 աշակերտ:
Ուրախութեամբ կը հրաւիրենք հետեւեալ գերազանց աշակերտները յաջորդ տարեշրջանի յունաց Ազգային տօնի՝ Հոկտեմբեր 28-ի տօնակատարութեան, որպէսզի ստանան Կրթութեան Նախարարութեան կողմէ պարգեւուող վկայագիրներն ու մրցանակները.
Ա. Կարգէն՝ Եզեկիէլեան Մարալ եւ Գաէ Անաստասիա, Բ. Կարգէն՝ Պարղուտեան Մարիքրիստին, Գ. Կարգէն՝ Լուլումարի Անայիս
ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ
Գրեթէ տասնամեակ մըն է, որ մեր վարժարանը Ուսողութեան ընկերութեան «Թալիս» եւ «Պիւթակորաս» մրցոյթներուն քննչական կեդրոն է, ինչ որ մեր վարժարանը ծանօթ դարձուցած է շրջանին մէջ: Այս մրցոյթներուն, այս տարի եւս մեր աշակերտները բարձր գնահատանքի ու մրցանակներու արժանացան:
Հ. Կ. Խ.-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ աւանդութիւն դարձած է Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան բանակումի մասնակցութեան մրցանակը, որ կը շնորհուի շրջանաւարտներէն հայագիտական առարկաներուն ամենաեռանդուն ճիգը թափող եւ լաւագոյն արդիւնքը ներկայացնող աշակերտին: Այս տարի մրցանակին կ’արժանանայ Անայիս Լուլումարի:
Նոր մրցանակ մը՝ երկու հարիւր եւրոյի գումարը, հաստատուեցաւ այս տարիէն՝ Արսէն, Վերոնիքա եւ Ռուբէն Գալֆայեաններուն կողմէ, այն աշակերտին համար, որ ամբողջ միջնակարգի ընթացքին Հայագիտական նիւթերուն մէջ ամենամեծ յառաջդիմութիւնը ունեցած է: Այս մրցանակաին կ՚արժանանայ՝ Անդրէաս Պասմաճեան:
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ, ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Աշակերտութիւնը, ամէն տարուան պէս, տարեշրջանի սկիզբը ընտրեց իր դասարանային եւ դպրոցական վարչութիւնները, որոնց միջոցաւ անոնք լաւապէս կ՚ընկալեն ժողովրդավարութեան կանոնները: Այս տարի եւս դպրոցական աշակերտական վարչութիւնը կազմակերպեց պարահաւաքոյթներ եւ ամանորեայ հանդէս ու տօնավաճառ, գործակցելով դպրոցի տնօրէնութեան եւ Ծնողական Միութեան հետ: Այսպիսով, կարեւոր ներդրում ունեցան Հայաստան մեր այցելութեան նախահաշիւին:
Տարեշրջանի ընթացքին կատարեցինք բազմաթիւ կրթա-դաստիարակչական այցելութիւններ եւ իրագործեցինք ապրումային ծրագիրներ, ինչպէս հետազօտողի երեկոն Աստղադիտարանին մէջ, գոմպոստ պատրաստելու եղանակը եւ անոր կենսոլորտային կարեւորութիւնը, հին Ուսողութեան պատմութիւնը, համակարգիչներու եւ արհեստական բանականութեան ակունքները, Յունաց լեզուի Օրը, Էրատոսթենէսի փորձը, եւ այլ:
Ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ յարաբերութիւնները առաւել բարելաւելու նպատակով բազմաթիւ միջոցառումներ կազմակերպեցինք, ինչպէս կողովագնդակի եւ վոլէյպոլի մրցաշարքեր եւ ստեղծարար աշխատանոցներ:
Ինչպէս ամէն տարի, մեր փոքրիկ պարտէզը խնամեցինք եւ բոյսերուն հայերէն եւ յունարէն անուններն ու առանձնայատկութիւնները սորվեցանք:
Նոր եւ շահաբեր համագործակցութիւն մը ունեցանք Արեւմտեան Ատտիկէի Համալսարանի Ընկերային ծառայութեան բաժնին եւ գանատահայ դասախօս Տոքթ. Ալին Պօղոսեանին հետ: Մասնակցելով դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետազօտութեան, որ միջազգային մրցանակի արժանացաւ, մեր աշակերտութիւնը առաւել եւս գիտակցեցաւ մեր արմատներուն ու գաղութային ընկերային իրականութեան:
Հայկական մշակոյթը մեր վարժարանի հիմնաքարն է: Յաճախակի աշակերտական տօնախմբութիւններ եւ հայկական խոհանոցի, աւանդական երգի ու պարի աշխատանոցներ, մասնակցութեամբ աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին:
Այս տարի բացառիկ առիթը ունեցանք մասնակցելու Աթէնքի Ա. Շրջանի տնօրէնութեան կազմակերպած մշակութային փառատօնի կազմակերպման եւ իրագործման: Մեր աշակերտները, իբրեւ հայ ազգի դեսպաններ, ներկայացուցին եւ իրենց բազմաթիւ ազգերէ ծագում ունեցող տարեկիցներուն սորվեցուցին հայկական երգ, պար եւ մեր ազգային խոհանոցէն՝ անուշապուրը: Այս աշխատանքը բարձր գնահատուեցաւ Տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն կողմէ:
«Ազատ Օր» օրաթերթի «Մենք» թերթիկին մէջ լոյս տեսան մեր աշակերտներու յօդուածներ եւ գրական հատուածներ:
Մեր վարժարանին առաւելութիւնները ծանուցանելու նպատակով, հիւրընկալեցինք, ինչպէս ամէն տարի, Հ.Կ.Խ.-ի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» եւ «Զաւարեան» Նախակրթարաններու Զ. դասարաններու աշակերտները եւ ծանօթացման զրոյցներ ունեցանք անոնց ծնողներուն հետ:
Կարողացանք Փիրէոս դրամատունէն իբրեւ նուէր ստանալ գրասեղաններ եւ աթոռներ, որոնց շնորհիւ մեր ուսուցչարանը, գրադարանն ու դասարանները նոր կահոյքով օժտուեցան:
Ազգային եւ կրօնական տօները նշեցինք պատշաճ ու ստեղծագործ կերպով: Տօնակատարութիւնները ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին, ազգային եւ աւանդական երգերով ու պարերով, թատերական ներկայացումներով, գիտելիքներու խաղերով եւ պատմական աշխատութիւններու ներկայացումներով:
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով, այցելեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, ուր աշակերտութիւնը ելոյթ ունեցաւ ազգային աւետիսներով ու պարերով:
Բարեկենդանին հայկական աւանդական սուտլիկ հարսանիք, կատակերգութիւններ եւ խաղեր կազմակերպեցինք ու խաղացինք մեր աշակերտներուն հետ: Ըստ աւանդութեան, աշակերտները այդ օր «դատեցին» իրենց ուսուցիչները:
Մասնակցեցանք Սրբոց Թարգմանչաց եւ Վարդանանց տօնակատարութեանց, եւ մեր երգչախումբը մասնակցեցաւ երգեցողութեան:
Այս տարի «Մազի եա թօ փետի» (Միասին երեխային համար) կազմակերպութեան հետ համագործակցելով, իրականացուցինք յատուկ կրթական ծրագիր, որու նպատակն էր մեր աշակերտներու հոգեկան ամրապնդումն եւ բարկութիւնն ու անցկութիւնը դիմագրաւելու լաւագոյն ձեւերը գտնելը: Նաեւ Հ.Կ.Խ.-ի «Լ. եւ Ս. Յակոբեա» ազգային վարժարանին եւ «Տիրի Գոլէճ»-ի դասախօսուհի տոքթ. Մարի Ճանիկեանին հետ գործակցելով, մասնակցեցանք բռնածաղրի (bullying) կանխարգիլման աշխատանոցի մը: Նոյն նպատակով, կազմակերպեցինք Յունաստանի բոլոր դպրոցներուն հետ միաժամանակ, յատուկ միջոցառում եւ ապրումային աշխատանոց, կրկին «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի մասնակցութեամբ: Սոյն միջոցառումը վարեց մեր վարժարանի ֆրանսերէնի ուսուցչուհի եւ դպրոցական կեանքի խորհրդատու տիկին Նաւսիքա Փափաիլիա
Մեր ընկերային զգայնութիւնը արտայայտեցինք «Խամողելօ թու փետիու» (Մանկան Ժպիտը) կազմակերպութեան համար անհրաժեշտ իրեր հաւաքելով ու նուիրելով:
Կազմակերպեցինք եւ իրագործեցինք դաստիարակչական միօրեայ պտոյտ մը դէպի Մարաթոնա: Նախ այցելեցինք ձիերու ապաքինման կեդրոն մը, Մարաթոնայի հնագիտական թանգարանը եւ դամբարանը, նաեւ Ռամնուս հնագիտական վայրն ու Նեմեսիսի հեթանոսական տաճարը: Ապա, խմբային ճաշէն ետք, հաճելի պտոյտ մը կատարեցինք Նեա Մաքրիի ծովեզերքը:
Մեր աշակերտներուն հետ ջերմ մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով, կազմակերպեցինք հաճելի պտոյտներ դէպի մեզի մօտիկ Նէա Զմիռնիի հրապարակը եւ Տուրղութիի մարզադաշտերը:
Մեր նախորդ տարուան շրջանաւարտներուն համար յատուկ երեկոյ մը կազմակերպեցինք:
Այցելեցինք եւ գեղեցիկ գործակցութեան մը մեկնարկը եղաւ Փեֆքիի 2-րդ միջնակարգ վարժարանին հետ: Մեր աշակերտները ուրախութեամբ ներկայացուցին իրենց աշխատութիւնները մեր պատմութեան ու հարուստ մշակոյթի մասին եւ իրենց յոյն տարեկիցներուն հայկական աւանդական երգեր ու պարեր սորվեցուցին:
Քննութիւններու վերջին օրը, ինչպէս ամէն տարի, բոլորս միասին զուարճացանք Վարդավառի ջրախաղով:
Ձգտելով մի՛շտ լաւագոյնին ու համակերպելով Կրթութեան Նախարարութեան թելադրանքներուն եւ դպրոցի տնօրէնութեան դիմումով, Ազգային իշխանութիւնը յանձն առած է եւ այս ամրան ընթացքին արդէն կ՚իրագործէ մեր տարրալուծարանի ընդարձակումն ու նորոգութիւնը:
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ
Մեր աշակերտներու ծնողներուն հետ անմիջական եւ սիրալիր կապը եղաւ թէ՛ մօտէն, թէ՛ էլ. նամակագրութեան եւ թէ՛ հեռաձայնի միջոցաւ: Միշտ փորձեցինք գործել համախորհուրդ, ի խնդիր մեր պատանիներու լաւագոյն աճման:
Սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան հետ մեր կապերը եղան յարգալից, իսկ Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդներուն հետ՝ անմիջական ու գործնական:
Սիրալիր յարաբերութիւններ ունեցանք Հ.Կ.Խ.-ի Շրջանային եւ տեղւոյն վարչութիւններուն հետ:
Սիրալիր եւ համագործակցութեան ոգիով սահմանուած յարաբերութիւններ ունեցանք մեր Վարժարանի Ծնողական միութեան վարչութեան հետ:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Շրջանային եւ տեղւոյն վարչութիւններուն հետ մեր կապերը եղած են սիրալիր եւ շինիչ:
Կանոնաւոր կապ հաստատած ենք շրջանի Կրթութեան տնօրէնութեան հետ, համադրելով մեր կրթական աշխատանքը, ըստ անոնց թելադրանքներուն: Հանդիպումներ ունեցած ենք մեր վարժարանը հսկող բոլոր պատասխանատուներուն հետ, ամրապնդելով արդէն իսկ գոյացած փոխադարձ յարգանքն ու համագործակցութիւնը:
Ստացուած ու առաքուած նամակներ, հրաւէրներ, հաստատագրեր եւ այլ բնոյթի փաստաթուղթեր պահած ենք էլեկտրոնային արխիւով, ինչպէս թելադրուած է:
ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Ծնողական Միութեան Վարչութիւնը բաղկացած է հետեւեալ անդամներէն. Անեթա Նշանեան, Աղաւնի Խանիկեան, Միրիամ Շիրակեան, Մարի Աճէմեան, Աստղիկ Սարգսեան:
Վարչութիւնը ամէն ջանք թափեց, որպէսզի գոհացնէ վարժարանի կարիքները: Տարեշրջանի սկիզբը աշակերտութեան համար խմբային ապահովագրութիւն կատարեց: Նոր Տարուան արձակուրդէն ետք աւանդական գաթաներ ու նուէրներ տրամադրեց աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին: Կազմակերպեց աշակերտական բարեկենդանեան պարահաւաքոյթ եւ թատրոնի այցելութիւն: Մեր շրջանաւարտներուն յուշանուէրներ պարգեւեց: Կարեւոր ներդրում ունեցաւ գործակցելով տնօրէնութեան եւ աշակերտութեան հետ, ամանորեայ տօնավաճառը կազմակերպելուն:
Վարչութիւնը ամէն կերպով սատար կանգնեցաւ մեզի: Առաւե՛լ, երբ ակումբը խնամատար չունէր, Ուրբաթ օրերը պատասխանատուութիւնը ստանձնեց հսկելու բոլոր յաճախող երեխաներուն եւ աղանդեր ու զովացուցիչ տրամադրել անոնց:
Մեր եւ «Լ. եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի տնօրէնութեան եւ զոյգ Ծնողական միութեանց համագործակցութեամբ, մեր գրադարանը ընդարձակեցաւ եւ վերանորոգուեցաւ: «Բաբգէն Գասապեան գրադարան»-ի անուանակոչումն ու բացումը կատարուեցաւ 2025-ի Նոյեմբերին՝ հանդիսաւոր կերպով:
ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ
Մեր վարժարանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 9.00-ին, մեր բակին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմիս բարեջան Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի:
Ներկայացուեցան յունական եւ հայկական թատերախաղեր, երգեր, պարեր ու տարեշրջանի գործունէութիւնը՝ տեսերիզներով:
ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Այս տարի եւս մեր վարժարանը սերտօրէն գործակցելով մեր ծնողներուն, Հ.Կ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան, Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդներուն հետ կարողացանք կազմակերպել եւ իրականացնել եօթնօրեայ ուխտագնացութիւն դէպի մայր հայրենիք՝ Հայաստան 30 Յունիսէն մինչեւ 8 Յուլիս 2026: Այս մէկը կարելի եղաւ իրագործել շնորհիւ Տնտեսական խորհուրդի եւ Հ.Կ.Խ.-ի յատկացումներուն, անհատներու նուիրատուութիւններու, ծնողներու ներդրումին եւ մեր աշակերտներու աշխուժ գործունէութեան:
Ուխտագնացութեան մանրամասն ծրագիրը հետեւեալն էր.
Օր առաջին. մեր օրը սկսաւ աւանդական թոնրատան մէջ համեղ նախաճաշով։ Ապա այցելեցինք Գեղարդի վանքը, Գառնիի հեթանոսական տաճարը, քարերի սիմֆոնիան եւ Չարենցի կամարը։
Օր երկրորդ. Ծիծեռնակաբերդի անմար բոցին առջեւ խոնարհելով, ուխտեցինք մի՛շտ յիշել մեր պատմութիւնն ու պահպանել մեր ինքնութիւնը: Ապա այցելեցինք Ցեղասպանութեան թանգարանը: Շարունակեցինք մեր ընթացքը դէպի Օշականի Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցին, ուր խոնարհեցանք մեր այբուբենը ստեղծող հանճարի դամբանին առջեւ, ուխտելով վառ պահել մեր լեզուն: Այցելեցինք նաեւ այբուբենի այգին: Յաջորդաբար ուղղուեցանք դէպի Գիւմրի քաղաքը: Պտտեցանք քաղաքին մէջ եւ այցելեցինք Գիւմրիի մայր Հայաստանը եւ Սեւ ամրոցը: Իշխանաձուկ համտեսեցինք հրաշալի ձորի մը մէջ: Գիշերային պտոյտ մը կատարեցինք Երեւանի մէջ եւ այցելեցինք ու մեր յարգանքի տուրքը մատուցեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրին՝ Արամ Մանուկեանին:
Օր երրորդ. այցելեցինք Սեւանայ լիճն ու Սեւանավանքը, Դիլիջանը, Հաղարծին վանքը եւ Պարզ լիճը:
Օր չորրորդ. այցելութիւն Սարդարապատ, Պատմութեան եւ ազգագրութեան թանգարան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, գիշերային պտոյտ Երեւանի մէջ:
Օր հինգերորդ. պտոյտ Երեւանի մէջ, այցելութիւն Երեւանի գնացքի կայարան եւ Սասունցի Դաւիթի արձան: Իրիկունը՝ Երեւանի օփերային մէջ դիտեցինք Արամ Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս» պալէն: Յետոյ, բարձրացանք Գասգատ տեսնելով Ա. Խաչատուրեանի, Ու. Սարոյեանի, Մ. Սարեանի եւ մեծն Կոմիտաս վարդապետի արձանները:
Օր վեցերորդ. այցելութիւն Խոր Վիրապ, Գէորգ Չաւուշի արձան, Նորավանք, Արենիի քարանձաւ եւ գինիի գործարան , խաչքարաշինութեան արհեստանոց, գիշերային պտոյտ Երեւանի մէջ:
Օր եօթներորդ. այցելեցինք Երեւանի Շուկան (Գում), Վերնիսաժ եւ Վարդան Մամիկոնեանի արձանը: Ապա այցելեցինք Մատենադարանը, Ս. Փարաջանովի թանգարանը, Մայր Հայաստանն ու Արցախեան գոյամարտի թանգարանը: Վերջին պտոյտ մը ըրինք վարդագոյն Երեւանի փողոցներուն մէջ:
Մեր աննման Հայրենիքի հրաշալիքներով լիցքաւորուած, գրեթէ ակամայ, վերադարձանք Յունաստան:
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Պարտք կը զգանք անգամ մը եւս հրապարակաւ մեր շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքը ուղղել Սրբազան հօր, Հ.Կ.Խ.՝ մօր, ազգային Ուսումնական, Տնտեսական եւ Կալուածային խորհուրդներուն, մեր կողքին կանգնած սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, Համազգայինին եւ «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագրութեան: Շնորհակալութիւն մեր սիրելի ծնողներուն, անոնց ցուցաբերած վստահութեան համար: Շնորհակալութիւն՝ մեր Ծնողական միութեան: Շնորհակալութիւն «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» եւ «Զաւարեան» նախակրթարաններու տնօրէնուհիներուն գործակցութեան համար: Շնորհակալութիւն՝ դասախօսներ Վասիլիս Իոաքիմիտիսին, Էլենի Փափուլիին եւ Ալին Պօղոսեանին: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք կամաւոր աշխատանքով եւ նուիրատուութիւններով մեծապէս սատարեցին մեր վարժարանի հեզասահ գործունէութեան՝ Յովհաննէս Թերզեան, Նշանուհի Մասոյեան, Միհրան Պարղուտեան ընտանիք, Վիգէն Մինասեան, Վիքի եւ Խաչիկ Խաչատուրեան, Էւանկելոս Կեքաս, Ստեփան Դեգիրեան ընտանիք, Կարօ Ներսէսեան, Յովակիմեան ըՅունինկերութիւն, Փիրէոս դրամատուն, Իոաննիս Քամպերոս, Եղիս Թերզեան, Մարի Ճանիկեան, Սերգօ Մովսէսեան, Էլենա Քելեջեան, Գէորգ Աւագեան, Մարի Եղիշէեան: Շնորհակալութիւն մեր դպրոցի մայրիկին՝ տիկին Անի Քէօշկէրեանին: Շնորհակալութիւն մեր վարորդներուն եւ ուղեկցող տիկիններուն՝ Վերժին Տէտէյեան, Եաննա Մէնէշեան, Լուսի Սուաքճեան, Մէրի Գրիգորեան, Յովիկ Ապրոյեան եւ Եորղոս Պուրթուվալոս:
Յատուկ շնորհակալական խօսք կ՚ուղղենք մեր ուսուցիչներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով կը ծառայեն այս դպրոցէն ներս: Շնորհակալութիւն բոլո՛ր անոնց, որոնք հաւատքով սատարեցին մեր վարժարանի յաջող գործունէութեան:
ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ
Սիրելի՛ աղջիկներ եւ տղաք,
Ահաւասիկ յատուկ յուզումով, մենք (ես ալ)՝ կեանքի դասերով, փորձառութիւններով, սիրով ու երախտագիտութեան անհուն զգացումներով հրաժեշտ կ՚առնենք մեր սիրելի Հայ դպրոցէն: Այս յարկէն, որ սոսկ կրթական Հաստատութիւն չէ. եղած է եւ պիտի մնայ մեր երկրորդ տունը, հայկական ջերմ բոյնը, ուր բոլորս կը մտնենք միշտ իբրեւ հարազատ տանտէր:
Սիրուններ, դո՛ւք էք մեր ազգի դեսպանները օտարութեան մէջ: Վստահ ենք, որ պիտի շարունակէք ձեր ուղին նոյն եռանդով ու ստեղծագործ ոգիով:
Այսքան տարի միասին խնդացինք, ոգեւորուեցանք, զուարճացանք: Այո՛, կային ոչ շատ հաճելի պահեր, սակայն մենք լաւ գիտենք, որ մեր միասնութեան մէջէն կրնանք ամէն տեսակի խոչընդոտներ յաղթահարել եւ հրաշքներ գործել:
Փորձութիւնները բազմաթիւ եւ բազմապիսի պիտի ըլլան մեր առջեւ: Բա՛րձր պահենք ու պաշտպանե՛նք մեր ազնիւ հոգին:
Մեր կեանքին մէջ ամէն րոպէ կոչուած ենք մարտահրաւէրներու դիմաց քաջաբար պայքարելու եւ գագաթներ նուաճելու: Եւ մենք համոզուած ենք, որ ձեր անձնական նուաճումներուն զուգահեռ դուք՝ իւրաքանչիւրդ, իբրեւ կայծեր, միշտ միաբանութեամբ, վառ պիտի պահէք բոցը մեր ազգային կեանքին եւ ա՛լ աւելի պիտի պայծառացնէք զայն:
Բարի՛ երթ, սիրուններ:
Տնօրէնութիւն









