
Հ․Կ․Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի նախակրթարանի աւարտականներուն հրաժեշտի հանդիսութեան ներկայացուած տեղեկագիրը
Նորարար ստեղծագործական ծրագիրներով, հետաքրքրական կրթական զանազան գործունէութիւններով, արդիւնաշատ եւ յաջողութիւններով լեցուն տարեշրջան մը եւս բոլորեցինք։ Եւ այսօր, մենք հրաժեշտ կու տանք մեր սիրելի շրջանաւարտներուն՝ իրենց կեանքի ամենագեղեցիկ ու կարեւոր փուլերէն մէկուն աւարտին։
2025-2026 տարեշրջանին ընթացքին մեր դպրոցին մէջ կազմակերպեցինք ելոյթներ, ընդունեցինք հիւրեր, ինչպէս նաեւ մասնակցեցանք դպրոցէն դուրս կատարուած տարբեր եղելութիւններու։ Եւ, հաւատարիմ մեր ընտրած ուղիին՝ իրականացուցինք հետաքրքրական, աշակերտակեդրոն նորարար ու գործնական ծրագիրներ։
ԻԱ․րդ դարուն մէջ հայեցի կրթութեան գլխաւոր ազդակն է հայերէնը գործածել որպէս ապրող լեզու՝ յարատեւ եւ ծրագրուած աշխատանքով։ Մայրենի լեզուն է, որ կը բնորոշէ հայ դպրոցին դիմագիծը։ Սփիւռքի մէջ, հայկական ինքնութեան գիտակցութեան եւ այդ ժառանգելու ու սփռելու միակ միջոցը՝ հայ վարժարանն է։
Այս ուղղութեամբ, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի Արեւմտահայերէնի զարգացման բաժանմունքին հետ տասնամեակ մը բոլորող մեր գործակցութեան շնորհիւ, այս տարի ալ իրագործեցինք հետեւեալ ծրագիրները․-
Զարդիս մատենաշար․ Հինգերորդ տարին է, որ հայերէն լեզուի դասագիրքերուն զուգահեռ, Զարդիս մատենաշարէն ստացած հետաքրքրական մանկավարժական ոճով, աշակերտներուն երեւակայութիւնը զարգացնող գիրքերը կը գործածենք։ Երեխաները հայերէնով կ՚ապրին, կը ստեղծեն, կ՚երազեն եւ կը հարստացնեն իրենց բառապաշարը։ 2-րդ դասարանէն մինչեւ 6-րդ, իւրաքանչիւր դասարան մշակած է իր յատուկ ծրագիրը եւ աշակերտները կը գործածեն այդ գիրքերը։ Ծրագիրին վերջաւորութեան, գիրքերը աշակերտներուն նուէր կը տրուին։
Ֆիլմի ծրագիր․ Այս տարի ալ, սինեմայի եւ ֆիլմի մասնագէտ պր․ Հրայր Քալեմքերեան, 15 օրուան համար, Մարտ ամսուան մէջ, 6-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ ֆիլմի աշխատանոցը վարեց եւ մեր աշակերտները իրենց առաջին փորձերը կատարեցին։ Արդիւնքն էր համապատասխան տեսերիզը։
«Լեզուն Սփիւռքով մէկ. հայերէնի ապագայ ուղղութիւնները»
27 Փետրուարէն մինչեւ 1 Մարտ, 2026, Լոս Անճըլեսի Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ տեղի ունեցաւ «Լեզուն Սփիւռքով մէկ. հայերէնի ապագայ ուղղութիւնները» խորագիրով մասնագիտական գիտաժողովը։ Անձնապէս պատիւ էր ինծի համար ներկայացնել մեր դպրոցը՝ «Զաւարեան»ը, որպէս Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Արեւմտահայերէնի զարգացման բաժնին հետ գործակցող ա՛յդ դպրոցը, ուր մանկապարտէզէն մինչեւ 6-րդ դասարան, կը կիրառենք հայերէն լեզուի նորարար, երեխաներու հետաքրքրաշարժ դաստիարակչական մեթոտաբանութիւնը։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր USC-ի Հայագիտական ամպիոնին ու Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան գործակցութեամբ եւ երեք օրուան ընթացքին համախմբեց տարբեր երկիրներէ շուրջ քառասունհինգ հետազօտողներ, լեզուաբաններ, համալսարանականներ եւ մանկավարժներ։ Գիտաժողովը նպատակ ունէր քննարկել հայերէնի ներկայ վիճակը սփիւռքի մէջ, ուսումնասիրել լեզուին ուսուցման արդիական մեթոտները եւ մտածել այդպիսի նախաձեռնութիւններու մասին, որոնք կրնան նպաստել լեզուին փոխանցման եւ զարգացման նոր ուղիներու ձեւաւորման։
Ուիքիփետիա
6-րդ դասարանի աշակերտները, Արեւմտահայերէնի Ուիքիփետիային մասին հետաքրքրուեցան եւ մշտական բնտռելու ու իմանալու իրենց ցանկութիւնը մեզ մղեցին իրենց ներկայացնել Ուիքիփետիան եւ անոր ընծայած ապահով գործիքները։ Յաջորդին, աշակերտները քայլ առ քայլ սկսան հայերէնով յօդուածներ շարադրել ու հրապարակել Արեւմտահայերէնի Ուիքիփետիայի հարթակին մէջ։ Փորձառկեցին ու խմբագրեցին։ Այս ուղղութեամբ, մեզի օգնեց Արեւմտահայերէնի Ուիքիփետիային երիտասարդ խմբագիրներէն եւ մեր դպրոցի շրջանաւարտներէն՝ Նաթալի Էքիզեան, որ սիրայօժար ընդառաջեց մեր դիմումին եւ աշակերտներուն կողքին էր, օգնելով անոնց որպէսզի ապահով եւ վստահելի աղբիւրներ որոնեն ու հարթակին վրայ բեռնեն իրենց խմբագրումները։
E-twinning
E-twinning-ի ընծայած գործակցութեան հնարաւորութիւններուն ծիրէն ներս, մեր դպրոցի 4-րդ եւ 5-րդ դասարաններուն աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն՝ Թէոտորա Մացակուրայի եւ Խրիսա Փարիանույի քաջալերանքով, մասնակցեցան «The Rhythm of Christmas» եռամսեայ ծրագրին։ Նամակագրութեան եւ հեռավար կապերու միջոցով ծանօթացան Փորթուկալի, Իտալիոյ եւ Միթիլինիի գործակցող դպրոցներու իրենց դասընկերներուն հետ։ Այս ուղղութեամբ, Հինգշաբթի, 29 Յունուարին մեր դպրոցը այցելեցին Փորթուկալի «Frei Bartolomeu dos Mártires School» դպրոցին տնօրէնուհին եւ երկու ուսուցչուհիներ։
Լող
Այս տարին ալ, 3-րդ եւ 4-րդ դասարաններուն աշակերտները չորս ամսուան համար շաբաթական հերթականութեամբ եւ երկու դասապահի տեւողութեամբ Փիրէայի «ՓաՓասթրաթիօ» լողաւազանին մէջ իրենց լողի պահերը վայելեցին։
Վոլէյ, ճատրակ, երաժշտութեան աշխատանոց
Վոլէյ․ Գոքինիոյ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի առաջարկին ընդառաջելով, մեր դպրոցի 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններուն աշակերտներ, տարեշրջանին ընթացքին ամէն Երկուշաբթի եւ Չորեքշաբթի, դպրոցէն արձակումէն ետք հետեւեցան «μετά το σχόλασμα» վոլէյի մարզական ծրագրին։ Արդիւնքն է երկու տարի առաջ սկսած Գոգինիոյ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի «վոլէյ աշակերտներուն համար» յատուկ ծրագիրին։
Ճատրակ․ Վերջին տասնըութ տարիներուն, Ծնողական միութեան նախաձեռնութեամբ, ամէն Ուրբաթ ճատրակի դասեր կը տրուին Զաւարեան կեդրոնի 2-րդ յարկին մէջ։
Երաժշտութեան աշխատանոց․ Երրորդ տարին է արդէն շաբաթական հերթականութեամբ կը գործէ դպրոցին «Երաժշտութեան աշխատանոց» (Μουσική Ακαδημία), որուն պատասխանատուն է երաժշտագէտ եւ յօրինող Միհրան Չալըքեան։ Այս տարի ալ մեր աշակերտները մասնակցեցան Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կեդրոնական ելոյթին։
Ընթերցասիրութեան ծրագիր
Ընթերցասիրութեան զարկ կու տանք։ Դպրոցին առօրեային ընթացքին, մեր հրապուրիչ, ճոխ եւ գրաւիչ «Սթաւրոս Համբարեան» գրադարանին եռուզեռը դադար չունեցաւ։ Այս տարի 6-րդ դասարանին աշակերտները յանձն առած էին անոր պատասխանատուութիւնը։ Հասուն, համբերատար եւ ազնիւ՝ կը գոհացնէին իրենցմէ փոքր դասընկերներուն հետաքրքրութեան։ Ծրագրուած ձեւով, շաբաթական եւ կամ ամսական հերթականութեամբ՝ ըստ աշակերտին կամքին, գրադարանէն հայալեզու, յունալեզու եւ անգլերէն լեզուով մանկական եւ պատանեկան տարիքի գիրքեր փոխ կ՛առնուին։ Շնորհիւ ուսուցիչներուն քաջալերանքին, աշակերտները ընթերցելէ ետք իրենց նախընտրած գիրքը, բերանացի եւ կամ գրաւոր, ամփոփ՝ դասարանի իրենց դասընկերներուն կը ներկայացնեն։
Պարգեւներ մեր դպրոցի աշակերտներուն համար
Մեր դպրոցի աշակերտները այս տարի ալ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ոգեւորութեամբ մասնակցեցան համահելլենական աշակերտական մրցոյթներուն՝ արձանագրելով նշանակալի յաջողութիւններ, որոնք մեզ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն պարգեւեցին։
Աթէնքի համալսարանի Բնագիտութեան բաժնին եւ Յունական Բնագիտութեան ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ՝ «Արիստոթելիս» Բնագիտութեան աշակերտական մրցոյթին, մասնակցեցան 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններուն աշակերտները։ Անոնք բոլորը գովեստով գնահատուեցան եւ արդարացուցին իրենց մասնակցութիւնը։ Իսկ իւրաքանչիւր դասարանէն հինգական աշակերտներ գերազանց արդիւնքին արժանացան եւ պարգեւատրուեցան․ անոնք են՝
6-րդ․ Աւագեան Մայք, Էկեան Մարղարիթա, Ղազարեան Դաւիթ, Մինասեան Սեւակ եւ Ցաքիրողլու Բանայոթիս։
5-րդ․ Զուլամեան Զուլալ, Լաւրաքի Ալեքսանտրա, Ճինեճեան Ճեսիքա, Մալթոզեան Էվա եւ Մալթոզեան Մոնիքա։
Նոյնքան կարեւոր էին մեր աշակերտներուն յաջողութիւնները Համահելլենական Թուաբանական ընկերութեան կողմէն կազմակերպուած «Փոքրիկ Եվքլիտիս» համայունական թուաբանութեան մրցոյթին: 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններուն աշակերտները մասնակցեցան թուաբանութեան նկատմամբ եռանդով եւ սիրով՝ հասնելով գերազանց արդիւնքներու:
Մեր դպրոցէն մրցոյթին գերազանց արդիւնքով հանդէս եկան ութ աշակերտներ եւ պարգեւատրուեցան յատուկ ելոյթի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի,14 Յունիս Փերիսթերիի «Κέντρο Υποδοχής και Βιομηχανικής Επανένταξης (Κ.Υ.Β.Ε.)» սրահին մէջ։
6-րդ դասարանէն՝ Աւագեան Մայք, Ղազարեան Դաւիթ, Էկեան Մարղարիթա, Մարինոս Եորղոս, ՄԻնասեան Սեւակ, Սարգսեան Արթուր եւ Ցաքիրողլու Փանայոթիս։
5-րդ դասարանէն՝ Ճինեճեան Ճեսիքա։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր բոլոր աշակերտները իրենց գերազանցութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր երեխաները, որոնք մասնակցեցան մրցոյթներուն, ներկայացնելով մեր դպրոցը եւ պատուաբեր ներկայութիւն ունեցան։ Անոնց յաջողութիւնները իրենց համակարգուած ջանքերուն, գիտելիքի հանդէպ սիրոյ եւ յամառութեան արդիւնք են եւ մեզ կը հպարտացնեն։
Ներքին ու արտաքին Հոգեւոր, ազգային, աւանդական տօներ, ելոյթներ
Հոգեւոր, ինչպէս նաեւ յունական եւ հայկական ազգային տօներուն ու յիշատակումի օրերուն առթիւ բոլոր դասարաններուն աշակերտները անխտիր, պատշաճօրէն հանդէս եկան իրենց նախաձեռնած աշխատանքներով, այցելութիւններով եւ ներկայացումներով։
Մասնաւորաբար՝
Սուրբ Թարգմանչաց. Սուրբ Թարգամանչաց տօնին առիթով, Ուրբաթ, 10 Հոկտմեբեր, 2025, առտուն, նախակրթարանի եւ մանկապարտէզին աշակերտները առաջնորդուեցան Ս․Յակոբ եկեղեցին ու հետեւեցան Ս․ Պատարագի արարողութեան։ Պատարագին ու հանդիսութեան ներկայ եղաւ Յունահայոց թեմի Առաջնորդ Սրբազան հայրը Տ. Սահակ եպս․ Եմիշեան։ 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններուն աշակերտները մասնակացեցան շարականներու երգեցողութեան։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, իւրաքանչիւր դասարան՝ մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի, «Թարգմանիչներու Տօն»-ին յարմար ներկայացումով հանդէս եկաւ։
Նոր Տարուան հանդէս․Նոր Տարուան արձակուրդի նախօրէին, բոլոր դասարանները պատրաստութիւններ տեսան։ Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբերին, դպրոցի աշակերտութիւնը Ս. Յակոբ եկեղեցի առաջնորդուեցաւ ուր եւ հաղորդուեցաւ։ Ապա, դպրոց՝ «Զ» կեդրոնի «Սարաճեան» եւ «Զաքարեան» սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Նոր Տարուան հանդէսը, որ բոլոր ներկաներուն խանդավառեց։ Հանդէսին ընթացքին Կաղանդ Պապան նուէրներով եկաւ եւ ներկաներուն՝ աշակերտ, ուսուցիչ, ծնող, փոխանցեց իր բարի մաղթանքները։ Այս առիթով, Նոր Տարուան արձակուրդէն դպրոց վերադարձին, մեր սիրելի ծնողական միութեան անդամուհիները աշակերտութեան կարկանդակ մեծարեցին ու իւրաքանչիւր դասարանի «բախտաւորը» գեղեցիկ նուէր մը ստացաւ։
Տեառնընդառաջ․ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը։ Ներկայ էին մեր վարժարանի աշակերտներ, ծնողներ եւ ուսուցչուհիներ, ու հայրենակիցներ։ Օդի աննպաստութեան պատճառով եկեղեցւոյ բակին մէջ չկրցանք ինչպէս ամէն տարի երգով, պարով մասնակցիլ աւանդական խարոյկահանդէսին։ Ատոր փոխարէն, յաջորդ օրը դպրոցին բակին մէջ, «խառոյկին» շուրջ, մեծով ու պզտիկով եւ աւանդական վերամշակուած տաղերով, վառ պահեցինք «Տեառընդառաջ»-ի աւանդութիւնը։
Վարդանանց․ Սրբոց Վարդանանց հոգեւոր եւ ազգային տօնին առթիւ, բոլոր աշակերտները ուղղուեցան Ս․Յակոբ եկեղեցի, ուր հետեւեցան եկեղեցական արարողութեան։ 4րդ, 5րդ եւ 6րդ դասարաններուն աշակերտները մասնակցեցան պատարագի երգեցողութեան։ Աւարտին, դպրոց վերադարձանք եւ տօնեցինք Վարդանանցը՝ երգերով, ասմունքներով եւ ներկայացումներով։
Զատիկ․ Սուրբ Զատկուան նախօրեակին, ամբողջ աշակերտութիւնը եկեղեցի առաջնորդուեցաւ եւ սուրբ հաղորդութիւն ստացաւ։ «Զղջումը»-ի արարողութիւնը 6-րդ դասարանին աշակերտները կատարեցին։ Եկեղեցուոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, աշակերտներուն փոխանցեց Ս․Յարութեան եւ Ս․ Զատկուան պատգամը, անոնց հետ կարճ սակայն իմաստալի ու հետաքրքրական զրոյց մը ունենալով։ Աւագ շաբթուան ընթացքին, աշակերտները մասնակցեցան նաեւ «Տասը Կուսանաց» ու «Ոտնլուայի» արարողութիւններուն, իսկ Սուրբ Յարութեան պատարագի սկիզբին Ս. Գրային ընթերցումներ կատարեցին։
Բարեկենդան․ Դպրոցը տօնեց Բարեկենդանը պատշաճօրէն․․․ինչպէս նաեւ Ակլատիզը։
Համբարձում․ Համբարձման տօնը իւրայատուկ է հայուն համար․ ամէն տարի բոլորս խանդավառութեամբ կը տօնենք՝ դասարաններուն եւ դպրոցին շրջափակին մէջ։ Ուրախ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ, այս տարի եւս Համբարձումը տօնեցինք երգելով, վիճակ քաշելով եւ գեղեցիկ մաղթանքներ ընելով։
Ապրիլ 24․ Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակուեցաւ իւրաքանչիւր դասարանի մէջ։ Ա., Բ., Գ. եւ Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ստեղծագործական աշխատանքներու միջոցով յիշատակեցին եւ պատուեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։ 5-րդ եւ 6-րդի աշակերտները իրենց տնօրէնուհիին եւ ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ, այցելեցին Նէա Զմիռնիի հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը։ Աշակերտները տեղեկացան յուշարձանի պատմութեան եւ պատշաճ ներկայացումէ ետք , յարգելով զոհերուն յիշատակը, մէկական ծաղիկ զետեղեցին։
28 Մայիս 1918․ Ծնողներու ներկայութեամբ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ ամբողջ աշակերտութիւնը տօնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ա․ անկախութեան տարեդարձը։ Մանկապարտէզէն մինչեւ 6-րդ, բոլոր աշակերտները հանդէս եկան երգերով, պարերով, ասմունքներով ու ներկայացումներով։
Մայրերու Օր․ Մայրերու Օրուան առթիւ աշակերտները ձեռային աշխատանքներ պատրաստեցին որպէսզի իւրաքանչիւրը իր սիրելի մօր նուիրէ։
Դեսպանութիւն․Ընդառաջեցինք Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հրաւէրին եւ մեր աշակերտները դասարան առ դասարան այցելեցին եւ հանդէս եկան երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով։
Հայ մշակը
Գարուն հասաւ եւ աշակերտները իրենց դասանիւթերուն ընդմէջէն որոշեցին փոքրիկ պարտիզպաններ ըլլան եւ տնկեն իրենց համեմունքները։ Դպրոցին պատշգամը օգտագործեցին եւ բոյսեր տնկեցին՝ համեմներ, ծաղիկներ, ըստ ընտրութեան, որպէսզի կարենան հետեւիլ անոր աճումին ընթացքը։ Վերջաւորութեան, աշխատանքային թերթիկ մը պատրաստեցին իւրաքանչիւրը իր բոյսին մասին՝ քաղելով նոր տեղեկութիւններ եւ արտայայտեցին իրենց զգացմունքները տարուած գործունէութեան մասին։
Պատահական չէ թէ մեր լեզուին մէջ մշակը ուսուցիչն է, կրթողը, հողագործն է, բոյս աճեցնողը։
Հայկական աւանդական խոհանոց
Սովորութիւն է մեր դպրոցին մէջ ամէն տարի աւանդական շարիկը պատրաստուի, ինչպէս նաեւ՝ Զատկուան ածիկը ու կարմիր հաւկիթներ։
Մարզանք եւ մանկավարժութիւն
Համայունական դպրոցական մարմնամարզական օրուան առթիւ, բոլոր աշակերտները այցելեցին ΣΕΦ-ի մարզական վայրը։ Ծանօթացան եւ մասնակցեցան հետեւեալ մարզախաղերուն՝ նետաձգութեան, սրավարժութեան, վազքի մրցումի, Τae Κwo Do եւ ձեռնագնդակի։ Երեխաները ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ մասնակցեցան մրցումներուն եւ խաղերուն, եւ վայելելով այս յատուկ օրը իւրացուցին «արդար խաղի եւ մրցակցութեան» (ευ αγωνίζεσθαι) իմաստը։
Ծրագիրներ ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով
Ֆրանսերէն լեզուով ծրագիրներ․ Աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին՝ Վասօ Ֆլութայի ուղեկցութեամբ իրագործեցին նաեւ հետեւեալ ծրագիրները․-
«TOP 5 de la chanson francophone d’aujourd’hui» մրցոյթ․2025-ի Նոյեմբերին, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանները մասնակցեցան միջազգային՝ Ֆրանսերէնի ուսուցիչներու համաշխարհային ընկերակցութեան կողմէն կազմակերպուած, «TOP 5 de la chanson francophone d’aujourd’hui» 2025, ֆրանսերէն երգի միջազգային մրցոյթին եւ գովեստի արժանացան։ Մրցոյթին փորձը եզակի էր եւ ամրապնդեց աշակերտներու շփումը ֆրանսախօս մշակոյթին հետ։ Աշակերտները լսեցին տարբեր երկիրներէ 20 ժամանակակից ֆրանսերէն երգեր, քուէարկեցին իրենց նախընտրածները եւ կազմեցին իրենց լաւագոյն հնգեակը: Այս գործընթացի միջոցով անոնք շփուեցան ժամանակակից հնչիւններու հետ, ծանօթացան ֆրանսախօս երկրներու արուեստագետներու եւ պատկերներու եւ երաժշտութեան միջոցով մտային ճամբորդեցին ՝ զուարճանալով եւ երգելով։ Այս տարի մասնակցեցան 13 երկիր, 15629 աշակերտ եւ 888 դասարան։
La Chandeleur․ 2 Փետրուար 2026-ին, 6-րդ դասարանի աշակերտնութիւնը պատրաստական աշխատանքները տեսաւ օգտագործելով «Զ» կեդրոնի խոհանոցին ընծայած յարմարութիւնները եւ պատշաճօրէն տօնեց «Քրեփ»ի Օրը՝ La Chandeleur։ Դպրոցին ամբողջ աշակերտութիւնը ախորժակով համտեսեց ուտեստը։
Թատերական ներկայացում․ 6-րդի աշակերտները իրենց անգլերէնի ուսուցչուհիին՝ տիկին Էլսա Փեզեքծիտուի ուղեկցութեամբ, թատերականի վերածեցին Շէյքսփիրի «Ամառնային գիշերուան երազ»ը եւ դպրոցի աշակերտներուն ներկայացուցին։
Փիրէայի Երաժշտական վարժարանը մեր դպրոցին մէջ
Ուրբաթ, 27 Մարտ, 2026, ուրախութեամբ ընդունեցանք Փիրէայի Երաժշտական վարժարանը մեր վարժարանի մէջ, e-Twinning «Յունաստան-Հայաստան մշակութային կամուրջներ» ծրագրէն ներս։
Աշակերտները այցելեցին Ս. Յակոբ եկեղեցին, ուր մեր վարժարանին բոլոր աշակերտներուն ներկայացուցին հայկական աւանդական երգեր՝ Թամզարա, Մոկաց Շուկէն եւ Մայրօ, ստեղծելով ջերմ եւ հոգեպարար մթնոլորտ մը։
Այցելութիւնը շարունակուեցաւ շրջագայութեամբ դէպի Նիքէայի հայկական թաղը եւ աւարտեցաւ մեր դպրոցը։ Հիւրերը ընդունուեցան ժպիտներով, խանդավառութեամբ եւ հիւրասիրութեամբ, զօրացնելով բարեկամութեան, գործակցութեան եւ մշակութային փոխանակման կապերը աշակերտներուն միջեւ։
Տարբեր բնոյթով այլ ծրագիրներ
Տարեշրջանի ընթացքին իրագործուեցան տարբեր բնոյթով աշխատանոցներ, որոնք կը խթանեն յարգանքը, գործակցութիւնը, ընթերցանութեան հանդէպ սէրը եւ աշակերտներուն աշխուժ մասնակցութիւնը դպրոցական ու հասարակական կեանքին մէջ: Ինչպէս օրինակ՝ երեխայի իրաւունքներուն, բնտանջութեան (bullying) դէմ պայքարի համաշխարհային օրուան, գիրքի համաշխարհային օրուան, երկիր մոլորակին պաշտպանութեան, եւ այլն՝ ցանկը երկար է․․․։
Իէթիոնիա դարպաս եւ Լիբազմաթայի համալիր
Վերջին տարիներուն, սովորութիւն եղած է մեր նախակրթարանին 6-րդ դասարանի այցելութիւնը Իէթիոնիա դարպասը եւ ապա Լիբազմաթայի համալիրը։ Իէթիոնիա թերակղզին իր հին ամրոցով կը գտնուի Փիրէայի կեդրոնական նաւահանգիստի հիւսիս-արեւմտեան կողմը։ Աշակերտները, ճանչցան կարեւոր հնաբանական վայր մը՝ յայտնաբերուած 1997-ին, ինչպէս նաեւ տեղեկացան թէ հոն, Փոքր Ասիոյ Աղէտէն փրկուած յոյն եւ հայ գաղթականներուն համար, աւերակներուն մէջ գաղթավայր մը ստեղծուեցաւ։ Ապա՝ պտտեցան Լիբազմաթա եւ համանուն համալիրը եւ տեղեկացան ճարտարարուեստի հին շէնքերուն մասին (որոնց կմախքը դեռ կանգուն է), ուր աշխատած են առաջին գաղթականներուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս օրինակ՝ ապակեղէնի եւ կաշեգործութեան գործարաններուն մէջ։
Դաստիարակչական այցելութիւններու համառοտ ներկայացում
Ուսումնական տարուան ընթացքին աշակերտները մասնակցեցան շարք մը կրթական եւ փորձառական ծրագիրներու, որոնց ընթացքին հարստացուցին եւ զարգացուցին իրենց գիտելիքները․ իւրաքանչիւր դասարան կը հետեւի արտադպրոցական 2 կամ 3 ծրագիրներու, որ սակայն կապ ունին իր դասարանին մէջ տարած զանազան գործունէութիւններուն հետ։
Կազմակերպեցինք կրթական — դաստիարակչական այցելութիւններ դէպի բուսաբանական պուրակներ, թատրոններ, թանգարաններ եւ կրթական հետաքրքրութիւն ներկայացնող վայրեր, ինչպէս նաեւ հմտութիւններու աշխատանոցներու եւ քաղաքացիական-հանրային միջոցառումներու միջոցով մեր աշակերտները զարգացուցին կարեւոր գիտելիքներ, վերաբերմունք եւ արժեքներ:
Հաւատարիմ նպատակին՝ մօտիկ բերել եւ ծանօթացնել իրարու Հ.Կ.Խ.-ի երկու նախակրթարաններուն եւ միջնակարգին աշակերտները, աւարտական դասարանը այցելեց «Լ․ եւ Ս․ Յակոբեան» նախակրթարանը, ուր մօտէն ծանօթացաւ այդ դպրոցին իր դասընկերներուն, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ «Ճենազեան» միջնակարգին միջավայրին, դասարաններուն եւ աշակերտներուն։
6րդ դասարանին թաղային պտոյտները
Կարեւոր կը նկատենք մեր աւարտական դասարանի աշակերտները տեղեկանան, ծանօթանան Գոքինիոյ շրջանի մասին։ Հոն ուր, 1927-ի Սեպտեմբերին հիմնուեցաւ ու սկսաւ գործել իրենց սիրելի դպրոցը՝ «Զաւարեան»ը, Նիքէայի առաջին դպրոցներէն։ Այս տարի, մեր աւարտական դասարանը երեք դասապահ տրամադրելով, շրջեցաւ դպրոցի շրջանը ու ճանչցաւ Գոքինիոյ թաղերը եւ տեղեկացաւ տեղւոյ հայ համայնքի պատմութեան մասին մինչեւ այսօր։
Մեր դպրոցը այցելեցին
Մեր դպրոցը այցելեցին կենդանասէրներու, մթնոլորտի պահպանման, միութիւններէ ներկայացուցիչներ եւ մեր աշակերտներուն պարզեցին իրենց գործունէութիւնը։
Եւրոպայի հայկական վարժարաններու աշակերտներու հետ ծանօթացում եւ այցելութիւններ
6-րդ եւ 5-րդ դասարաններուն աշակերները Նոր Տարուան գրաւոր մաղթանքներ փոխանակեցին Պոլսոյ «Պեզճեան» դպրոցին իրենց դասընկերներուն հետ։ Բացիկներ նուիրեցին ու ստացան, եւ հեռավար՝ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին։
Մարսէյի «Համազգային»ի 4-րդ դասարանին աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ուղեկցութեամբ, հետեւելով Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութեան ծրագիրին, մէկ շաբթուան տեւողութեամբ դաստիարակչական այցելութիւն կատարեցին Յունաստանի հնաբանական վայրերը։ Առիթը օգտագործեցին եւ այցելեցին մեր դպրոցը։
Յարաբերական
Փիրէա-Նիքէա տասներորդ շրջանի խորհրդատուն, տիկին Խրիսանթի Իքու, տարուան ընթացքին քանիցս դպրոց այցելեց ու մօտէն խորհրդակցեցանք զանազան նիւթերու շուրջ։ Ան, ընդառաջեց ուսուցչական կազմիս եւ Ծնողական միութեան միասնական հրաւէրին եւ Ուրբաթ 23 Յունուարին, «Զաւարեան» կեդրոնի 2-րդ յարկին, Սարաճեան-Զաքարեան սրահներուն մէջ եւ ծնողներու հոծ ներկայութեան ներկայացուց «Σχολείο–οικογένεια: οικοδομώντας αμοιβαία εμπιστοσύνη» նիւթը, որմէ ետք յաջորդեց շինիչ զրոյց։
Ուսումնական Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, տարեշրջանի սկիզբին, ինչպէս նաեւ Փետրուարի վերջաւորութեան, մեր դպրոցը այցելեց պատմաբան տիկին Գոհար Գանտահարեան։ Ան հետեւեցաւ դասարաններուն մէջ հայերէն լեզուի եւ Հայոց Պատմութեան դասանիւթերուն դասաւանդման։
Ամանորի, Ս. Ծննդեան տօներուն, ինչպէս նաեւ տարեվերջին առթիւ, Ծնողական միութեան անդամուհիները կարկանդակներով, նուէրներով եւ պաղպաղակով այցելեցին մեր դպրոցը, ու աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն փոխանցեցին իրենց բարեմաղթանքերը։
Մեր շնորհակալական խօսքը կ՚ուղղենք
Թեմիս առաջնորդ Սրբազան հօր՝ Սահակ եպս․ Եմիշեանին, շրջանիս Ս․Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանին ու Թաղային եւ Տիկնաց մարմիններուն։ Վարժարանին բարօրութեան հոգատար Ազգային վարչութեան, Ուսումնական, Տնտեսական եւ Կալուածային խորհուրդներուն, Հայ Կապոյտ Խաչին Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն։
Յատուկ շնորհակալան խօսք՝
- Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հայկական բաժնին՝ կրթական, բարոյական, նիւթական զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ ցոյց տուած վստահութեան համար։
- Ամերիկայի Յունահայերու Միութեան՝ բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան համար․
- Համազգայինի Պարի միաւորի վարչութեան, որ սիրայօժար տրամադրեց տարազները մեր աւարտականներուն իրենց այսօրուան գեղեցիկ պարի ելոյթին համար։
- Վարժարանիս Ծնողական միութեան վարչութեան ատենապետուհիին, անդամներուն ու ծնողներուն։ Ծնողական Միութիւնը այս տարի ալ շարունակեց ճատրակի դասերը շաբաթական հերթականութեամբ։ Հոգաց Նոր Տարուան նուէրները, ինչպէս նաեւ մեր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աւարտականներուն յիշատակի նուէրները․ մանկապարտէզին՝ մէկական հայկական հէքիաթ, իսկ նախակրթարանին՝ Զաւարեանի մէջ անոնց ութ տարուան ուղեւորութեան յուշամատեանը։
- Պարոն Սարգիս Զուլամեանին, որուն միջնորդութեան շնորհիւ, ուսուցիչներուն եւ արխիւի գրասենեակները օժտուեցան նոր եւ գործնական պահարաններով։
- Տիկին Վարդ Կենտիկեանին, որ Փետրուար ամիսէն, սիրայօժար, յանձն առաւ մեր աշակերտներուն մարզումը։
- Պարոն Միհրան Չալըքեանին։
- Օրիորդ Նաթալի Էքիզեանին։
Շնորհակալութիւն՝
- «Ազատ Օր» օրաթերթի ու «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրութեանց, «Զաւարեան» կեդրոնի խորհուրդին:
- Սան պահող բարերար տիկին Պերճուհի Ունճեանին։
- Նուիրատուներուն՝
- Արամ եւ Իոաննա Գասարճեան զոյգին
- «Անեմոնի» անուշավաճառատան, Սարեան-Ցաքիրողլու զոյգին։
- Պր․ Արթօ Շեմմասին, որ դպրոցը օժտեց լուսարձակով մը (projector)։
Եւ մեր բոլոր անկեղծ բարեկամներուն՝ որոնք թիկունք կանգնեցան մեր վարժարանին ու հոգացին բազմատեսակ կարիքներուն։
Վարձքը կատար՝
Մեր Սիրելի աշակերտներուն, որոնք տարեշրջանի ընթացքին բացի իրենց ամենօրեայ պարտականութիւններէն, գուրգուրացին իրենց վարժարանին վրայ:
Մանկապարտէզի ու նախակրթարանի բոլոր ուսուցիչներուն՝ Էֆի Քիրիաքիտու, Տիմիթրա Ուկրինի, Մարինա Փարասքեվա, Խրիսուլա Ֆիլիփուսի, Թէոտորա Մացակուրա, Խրիսա Փարիանու, Տեսփինա Մաքետոնոփուլու, Էլսա Փեսեքծիտու, Էմիլիա Ֆոլիա, Եանիս Քուրլոս, Վասօ Ֆլութա։ Բոլորիս հասկացողութեան եւ անկեղծ գործակցութեան շնորհիւ, մեր վարժարանը կը զարգանայ, կը բարգաւաճի կիրթ մթնոլորտի, անկեղծ, ջերմ ու հաղորդական միջավայրի մէջ։
Մասնաւորաբար, կորովի հայ ուսուցչական կազմին՝ Անի, Թամար եւ Անուշ։ Ամէն ջանք կը թափէ, որպէսզի մեր աշակերտները ապրումով ճանչնան մեր հեքեաթները, աւանդութիւնները, հայոց պատմութիւնը, մեր հարուստ մշակոյթն ու գրականութիւնը։ Այսպէս՝ կը կազմեն հա՛յօրէն ապրող, ստեղծող ինքնավստահ հայ անհատներ։ Մեր աշակերնտերը հպարտօրէն կը տողանցեն Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտական դրօշին տակ, կը խանդավառեն մեզ իրենց աշխուժ թէ նազ պարերով Համազգայինի պարախումբերու ելոյթներուն։
Շնորհակալութիւն՝
Դպրոցի «մայրիկին», տիկին Կարինէ Միքայէլեանին։ Ինքնաշարժներու վարորդներուն՝ Նորա Յակոբեան եւ Յակոբ Էվհան, ուղեկցող տիկիններուն՝ Լուիզա Աւագեան եւ Սուզաննա Պօղոսեան։
Ձեզի, շատ սիրելի ծնողներ, որ մեզի վստահեցաք ու կը վստահիք ձեր զաւակները, ձեր աչքի լոյսերը։ Շնորհաւորութիւններ մեր շատ սիրելի աւարտականներուն։ «Սիրեցիք դպրոցը, գուրգուրացիք անոր վրայ, եւ հոգ տարիք ձեզմէ փոքր դասընկերներուն։ Անշուշտ ունեցաք «չարաճճիութեան» պահեր, սակայն անոնք անմեղ էին, այնպէս ,որ պէտք է ըլլան․․․։ Աշխատեցաք, մէկը միւսին կռնակ կեցաք, օգնութեան ձեռք երկարեցիք հոն ուր հարկ եղաւ։ Գրադարանի եւ աստիճաններուն վրայ աշակերտներուն վերելքի պահերուն ձեր ճշդապահութիւնն ու հսկողութիւնը վստահ եղէք, թէ մեր միտքերուն մէջ դրոշմուած պիտի մնան։ Ապրի՛ք, հազար ապրիք եւ բարի երթ ունենաք, նորանոր նուաճումներով»։
Կրթաթօշակ
Տիկին Պերճուհի Ունճեան, իր ամուսնոյն Բիւզանդ Ունճեանի յիշատակին, ամէն տարի 500 եւրոյի կրթաթօշակով կը պարգեւատրէ հայկական դասանիւթերուն մէջ բացառիկ ճիգ թափող եւ գերազանց արդիւնքներ ձեռքբերող աշակերտ մը։
Հ․Կ․Խաչի մրցանակ
Ամէն տարի Հ․Կ․Խաչի Շրջ․ Վարչութիւնը աւարտական դասարանէն, տարեշրջանի ընթացքին հայերէն լեզուի մէջ գերազանց արդիւնք բերող աշակերտին կը պարգեւատրէ Պատանեկան Միութեան ամառուան բանակումի մասնակցութեան մրցանակով։ Դիւրին չէ զանազանել, մանաւանդ երբ իւրաքանչիւր պատանի ունի եզակի կարողութիւններ, իսկ դասարանը իր ամբողջութեամբ գերազանգ արդիւնք բերաւ․ ծափով շնորհաւորենք՝ Արթուրին, Մարղարիթային, Մայքին, Եորղոյին, Բանայոթիին, Մարիաննային, Մարիամին, Սեւակին, Դաւիթին, Լիդիային, Յարութին։ Հայ ուսուցչական կազմը որոշեց այս տարի մրցանակը արժանանայ այն աշակերտը, որ ամբողջ տարեշրջանին ընթացքին, պարտաճանաչ ըլլալէ զատ, նաեւ զգալիօրէն բարելաւեց ամիսէ ամիս իր արդիւնքները՝ Լիտիա Հալաթեան։
Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի տնօրէնուհի՝
ՀԱՅԿԱՆՈՒՇ ՄԻՆԱՍԵԱՆ









