Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 30 Ապրիլէն մինչեւ Կիրակի, 3 Մայիս 2026-ին, տեղի ունեցաւ չորսօրեայ գեղեցիկ ու հաճելի շրջապտոյտ մը դէպի Կիպրոս։
Քսան հոգիէ բաղկացած խումբը, յատուկ ծրագրի մը հիման վրա,յ այցելեց Լիմասոլ, Լարնաքա եւ Նիկոսիա քաղաքներու տեսարժան ու պատմական վայրերը, ընկերակցութեամբ Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեանի։
Շաբաթ 2 Մայիսի առաւօտեան, խումբը այցելեց Կիպրոսի հայոց թեմի Ազգ. Առաջնորդարան։ Կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան, ջերմօրէն դիմաւորեց այցելուները եւ անոնց հակիրճ կերպով ներկայացուց կիպրահայ գաղութը, իր հոգեւոր ու ազգային կառոյցներով եւ գործունէութեամբ։ Այցելութեան աւարտին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Սերգօ Արապեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան հօր մտերմիկ ընդունելութեան համար եւ անոր յանձնեց նուէր մը։
Ապա խումբը այցելեց Մելքոնեան կրթական պատմական հաստատութիւնը։ Այնտեղ տեղեկութիւններ ստացաւ հաստատութեան գործունէութեան եւ հայաշունչ սերունդներ պատրաստելու առաքելութեան մասին։
Կիրակի, 3 Մայիսի առաւօտուն, խումբը այցելեց Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցի եւ ներկայ գտնուեցաւ Ս. պատարագի արարողութեան։ Աւարտին, տեղւոյն Թաղային խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիմասոլի «Դանիէլ Վարուժան» վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Լոյս եւ Աղօթք» խորագրով երաժշտական համերգ մը։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ պրն. Վարդգէս Մահտեսեան։
Հոգեւոր հովիւ Տ. Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեան, ձեռնարկի բացման իր խօսքին մէջ, բարի գալուստ մաղթեց յատկապէս յունահայ գաղութէն այցելու հիւրերուն։ Ելոյթի աւարտին, ատենապետ պրն. Սերգօ Արապեան, յանուն Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին, յուշանուէր մը յանձնեց Հայր սուրբին, շրջապտոյտի կազմակերպչական աշխատանքներուն իր աջակցութեան համար։ Ապա, եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ կէսօրուան ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ համոյթի մասնակիցներուն եւ այցելու խումբին։
ԹՂԹԱԿԻՑ










