Առանձնայատուկ համերգ մը աւելցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչումներու շարքին, Թեսաղոնիկէի մէջ լսուած հայկական հնչիւններուն տակ, Հինգշաբթի, 30 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան։ Քաղաքի համերգասրահին մէջ ներկայ եղող յոյն եւ հայ հանդիսատեսները առիթը ունեցան վայելելու բարձրորակ ներկայացում մը, ուր մէկ կողմէն հայրենի տաղանդաւոր դաշնակահար Հայկ Մելիքեան ծաւալեց իր բարձր տաղանդը, իսկ միւս կողմէն յունահայ արժէքաւոր մեներգչուհի Սիրան Չալըքեան իր ձայնի հարստութիւնը տարածեց սրահին մէջ, երկուքն ալ հրամցնելով հայ դասական ու հոգեւոր գանձարանի յատկանշական ստեղծագործութիւններ։
Հայկ Մելիքեան ծանօթ արուեստագէտ մըն է յունահայութեան համար իր անցեալի կատարումներով։ Այս անգամ, ան իր տաղանդը բացայայտեց մեկնաբանելով Արամ Խաչատուրեանի դաշնամուրի եւ նուագախումբի համար գրուած բաժինը, որ հմայեց հանդիսատեսը եւ ցոյց տուաւ հայ ազգի ստեղծագործական ուժը։ Թեսաղոնիկէի պետական նուագախումբը ղեկավարեց հանրայայտ խմբավար Ֆիլիփ Ֆորժէ, որուն ճպոտին տակ, դասական հնչիւնները ստացան տարբեր երանգ մը եւ հանդիսացան հայկական աշխարհի մեղեդիներու տարափ մը, լիացնելով նրբագեղ ճաշակները եւ արժանաւորապէս ներկայացնելով հայ մեծ երաժիշտին ներաշխարհը, որուն ամէն մէկ ձայնանիշին վրայ դրոշմուած է հայ հողին հզօր ձայնը։
Հայկ Մելիքեանի թիւթիչ կատարումը ցոյց տուաւ, թէ որքան հարազատ է հայկական մեղեդիի մեկնաբանումը, իսկ անոր կախարդական մատները լաւապէս տիրացած են դաշնամուրի ստեղնաշարի ամբողջական ուժին։ Մելիքեան իր ինքնավստահ ներկայութեամբ, նրբազգաց զարկերով եւ մեղմանուշ արտայայտչականութեամբ տուաւ Խաչատուրեանի հոգիին ծալքերէն բխող հայկական պատկերները, որոնց վրայ ինք եւս աւելցուց իր տաղանդաշատ արուեստը։ Հոգեհարազատ հոսք մըն էր, որուն խորապատկերը կը յիշեցնէր հայրենի քամիին ու արեւին պայծառ դպչումը մարդոց հոգիներուն վրայ։
Երկար եղաւ ներկայ բազմութեան գնահատանքը, անվերջ ծափողջոյններով Մելիքեան զգաց նաեւ յոյն հանրութեան ջերմ ընկալումը հայ արուեստին հանդէպ։
Երկրորդ մասը հայկական հոգեւոր մթնոլորտի մը վերացական արտայայտութիւնն էր ընդարձակ սրահին մէջ։
Սիրան Չալըքեան, իր երկար տարիներու տաղանդաւոր փորձառութեամբ, գիտէ հայկական շարականին տալ գոյն եւ զգացում, իր մեղմանուշ ձայնին բոլոր երանգները իր գործ դնելով բեմին վրայ։ Մեր սիրելի արուեստագիտուհին մեկնաբանեց Խրիսթոս Խածիսի «Լոյս խաչէն» ամբողջութիւնը, որ յատկապէս Աւագ Շաբթուան մեղեդիներու ու շարականներու ձեւաւորումն է ձայնի ու նուագախումբի համար, նախապէս պատրաստուած համբաւաւոր երգչուհի Իզապէլ Պայրագտարեանին համար։
Սիրան Չալըքեանի մեկնաբանութիւնը, իր ուրոյն գոյներու ելեւէջներով, անզուգական մեկնաբանութիւն մըն էր հայ ժողովուրդի կրած անթիւ չարչարանքներուն մասին, միաժամանակ՝ անոնց մէջէն դէպի յարութիւն եւ նոր վերապրում տանող ճանապարհի մը յայտնութիւնն էր բեմին վրայ։ Մերթ մեղմ, մերթ հզօր ձայնեղանակներու հոսքը համակեց հանդիսատեսը, ցոյց տալով նաեւ բարձր տաղանդը երգչուհիին ու անոր ընկերակցող նուագախումբին։
Ժողովուրդի հիացումը իր գագաթնակէտին հասաւ, խանդավառ ու յուզումնալից արտայայտութիւններով, գնահատանքի խօսքերով ու յուզախառն վերաբերումով, որ աւարտին յատկանշեց սրահին մէջ սաւառնող ոգեւորութիւնը։
Հայոց ցեղասպանութեան յարգանքի նշումներուն կարգին, բացառիկ ելոյթի կազմակերպումը առիթ եղաւ, որպէսզի յոյն հանդիսատեսը իւրովին գնահատէ հայ ժողովուրդի ստեղծագործական ուժը, որուն արձագանքը երկար պիտի մնայ բոլոր անոնց հոգեղէն էութեան մէջ, որոնք վայելքը ունեցան խորասուզուելու հայ մշակոյթի անզուգական աշխարհէն ներս։










