ՄԱՐԻԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
INALCO IMAS

­Լե­զու, ինք­նու­թիւն եւ ի­րա­կա­նու­թիւն՝ ա­մե­րի­կա­հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան
ու­սա­նող­նե­րու հե­տա­զօ­տու­թեան լոյ­սին ներ­քոյ

­Սոյն յօ­դո­ւա­ծը կը ներ­կա­յաց­նէ ­Նա­խագծա­հէն լե­զո­ւի ու­սուց­ման (Project-Based Language Learning — PBLL) մե­թո­տա­բա­նու­թեան հի­ման վրայ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած կի­րա­ռա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն։
Ան կ­՛ու­սում­նա­սի­րէ՝ հա­յե­րէ­նի դե­րը ա­մե­րի­կա­հայ երկ­լե­զու հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սա­նող­նե­րու լե­զո­ւա­կան եւ ինք­նու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։
Այս հար­ցե­րու շուրջ կրթա­կան նո­րա­րա­րա­կան մե­թո­տա­բա­նու­թեամբ (PBLL) կա­տա­րո­ւած է հե­տա­զօ­տա­կան նա­խա­գիծ-հար­ցա­խոյզ։ Ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը հիմ­նո­ւած է հե­ղի­նա­կի մա­գիստ­րո­սա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թեան փոր­ձա­ռա­կան եւ կի­րա­ռա­կան հե­տա­զօ­տու­թեան վրայ, երկ­լե­զու հայ­կա­կան կրթա­կան մի­ջա­վայ­րէն ներս։ Ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է ­Լոս Ան­ճե­լը­սի Գալի­ֆոռ­նիա­յի հա­մալ­սա­րա­նի (UCLA) «­Նա­րե­կա­ցի» ամ­պիո­նի հա­յե­րէ­նի 104գ ­դա­սա­րա­նի  դա­սըն­թաց­քի շրջա­նա­կին մէջ։
204 մաս­նա­կի­ցի պա­տաս­խան­նե­րու վի­ճա­կագ­րա­կան վեր­լու­ծու­թիւ­նը կը բա­ցա­յայ­տէ լե­զո­ւա­կան հա­կադ­րու­թիւն մը հա­յե­րէ­նի խորհր­դան­շա­կան ար­ժե­ւո­րու­մին եւ ա­նոր գործ­նա­կան կի­րա­ռու­թեան մի­ջեւ։ ­Մաս­նա­կից­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը լե­զուն կը կա­պէ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան հետ, սա­կայն ա­ռօ­րեայ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ հա­յե­րէ­նի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը կը սահ­մա­նա­փա­կո­ւի հիմ­նա­կա­նօ­րէն ըն­տա­նե­կան մի­ջա­վայ­րով՝ անգ­լե­րէ­նի գե­րիշ­խող դիր­քին պայ­ման­նե­րուն մէջ։ Ար­դիւնք­նե­րը կը մատ­նան­շեն ժա­ռան­գա­կան լե­զո­ւի պահ­պան­ման եւ զար­գաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ կրթա­կան մօ­տե­ցում­նե­րու վե­րա­նայ­ման եւ հա­մայն­քա­յին-կրթա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
Այս ըմբռ­նու­մը նպա­տակ ու­նի ա­ջակ­ցե­լու ա­պա­գա­յի կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ծրա­գիր­նե­րու մշակ­ման, որ­պէս­զի ա­նոնք ա­ւե­լի ճշգրիտ ար­տա­ցո­լեն ու­սա­նո­ղու­թեան կա­րիք­ներն ու փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը։

Ս­փիւռ­քեան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­յե­րէ­նի կեն­սու­նա­կու­թեան հար­ցը միշտ ե­ղած է հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կը։ ­Հայ­կա­կան դպրոց­նե­րը, մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րը եւ հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րը սե­րուն­դէ սե­րունդ կը փոր­ձեն փո­խան­ցել լե­զուն, սա­կայն ժա­մա­նա­կա­կից պայ­ման­նե­րուն մէջ այս գոր­ծըն­թա­ցը կը բա­խի տար­բեր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու։

­Ժա­ռան­գա­կան լե­զու եւ ինք­նու­թիւն

­Ժա­ռան­գա­կան լե­զու­նե­րու պահ­պա­նու­մը սփիւռ­քեան հա­մայնք­նե­րէն ներս կը հան­դի­սա­նայ բազ­մա­շերտ սո­ցիալ-լե­զուա­բա­նա­կան ե­րե­ւոյթ։ ­Հա­յե­րէ­նը յա­ճախ կը դա­սա­կար­գո­ւի որ­պէս ժա­ռան­գա­կան լե­զու սփիւռ­քի մէջ՝ ժա­մա­նա­կա­կից լե­զո­ւա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն։ Այս հաս­կա­ցու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի լե­զու­նե­րուն, ո­րոնք կը փո­խան­ցո­ւին ըն­տա­նի­քի կամ հա­մայն­քի մի­ջո­ցաւ, բայց միշտ չէ, որ կը դառ­նան ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի հիմ­նա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան լե­զուն։
Ա­մե­րի­կա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մի­ջա­վայ­րին մէջ հա­յե­րէ­նը հիմ­նա­կա­նօ­րէն կը գոր­ծա­ծեն ըն­տա­նե­կան եւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն եւ կը ծա­ռա­յէ իբ­րեւ ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան կա­րե­ւոր գոր­ծօն։ ­Լե­զուն կը դի­տո­ւի որ­պէս հայ­կա­կան ինք­նու­թեան կա­րե­ւոր ա­ռանցք, սա­կայն հա­մալ­սա­րա­նա­կան եւ մաս­նա­գի­տա­կան մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ հիմ­նա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան լե­զուն կը մնայ անգ­լե­րէ­նը։ Ն­ման պայ­ման­նե­րուն կա­րե­ւոր է հասկ­նալ, թէ ինչ­պէս ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դը կ­‘ըն­կա­լէ եւ կը գոր­ծա­ծէ ժա­ռան­գա­կան լե­զուն։
Այս եր­կա­կի ի­րա­վի­ճա­կը կը ստեղ­ծէ հե­տաքրք­րա­կան լե­զո­ւա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն, ուր հա­յե­րէ­նը կը պա­հէ իր մշա­կու­թա­յին եւ յու­զա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը,
ու­նի բարձր խորհր­դան­շա­կան ար­ժէք,  բայց սահ­մա­նա­փակ գործ­նա­կան կի­րա­ռու­թիւն ա­ռօ­րեայ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ։

PBLL մե­թո­դը լե­զո­ւի դա­սա­ւանդ­ման մէջ

Ու­սում­նա­սի­րու­թեան հիմ­քը կազ­մած է Project-Based Language Learning (PBLL) մե­թո­դա­բա­նու­թիւ­նը։ Այս մօ­տե­ցու­մը կը հիմ­նո­ւի այն գա­ղա­փա­րին վրայ, որ լե­զուն կա­րե­լի է ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ եւ գործ­նա­կա­նին կի­րա­ռել, երբ ու­սա­նող­նե­րը կը մաս­նակ­ցին ի­րա­կան նա­խա­գի­ծե­րու եւ հե­տա­զօ­տա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու։
PBLL աշ­խա­տա­նոց­նե­րով ու­սա­նող­նե­րը լե­զուն կը իւ­րաց­նեն ոչ թէ որ­պէս տե­սա­կան գի­տե­լիք, այլ կը կի­րար­կեն զայն ի­րա­կան խնդիր­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ՝ ստեղ­ծե­լով հան­րա­յին ար­ժէք ու­նե­ցող ար­դիւնք­ներ։ ­Հիմքն այն է, որ սոր­վո­ղը ա­ւե­լի խո­րա­պէս կը ներգ­րա­ւո­ւի, երբ կը փո­խա­կեր­պո­ւի ըն­կա­լող «լսող»-էն դէ­պի գոր­ծուն «ստեղ­ծող»։
Այս­պի­սով, լե­զուն կը դառ­նայ ոչ միայն դա­սա­րա­նի ա­ռար­կայ, այլ՝ հմտու­թիւն­ներ եւ կա­րո­ղու­թիւն­ներ զար­գաց­նե­լու հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ստեղ­ծա­րար մի­ջոց եւ գոր­ծիք։
­Ներ­կայ հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը դի­տար­կե­լի է որ­պէս PBLL կի­րա­ռա­կան փորձ մը, որ­տեղ ու­սա­նող­նե­րը ներգ­րա­ւո­ւած էին նա­խա­գի­ծի ի­րա­գործ­ման բո­լոր փու­լե­րուն՝ ինք­նադր­սե­ւո­րե­լով որ­պէս պա­տաս­խա­նա­տու ան­հատ նա­խա­գի­ծի ողջ ըն­թաց­քին։

Հե­տա­զօ­տու­թեան ըն­թաց­քը

­Հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծո­ւած է քա­նի մը հանգ­րո­ւան­նե­րով՝ հիմ­նո­ւած խնդրա­հէն մօ­տե­ցու­մի եւ ու­սա­նող­նե­րու հե­տաքրք­րու­թեանց շրջա­նա­կէն ներս։ ­Նա­խա­պէս ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է մտագ­րոհ եւ սկզբնա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն՝ ճշդե­լու PBLL նա­խա­գի­ծի հե­տա­զօ­տու­թեան թե­ման եւ հիմ­նա­կան հար­ցադ­րում­նե­րը։
Ընտ­րե­լով ի­րենց հե­տաքրք­րող նիւ­թը՝ ի­րա­կան աշ­խար­հէն ներս խնդիր մը լու­ծե­լու նպա­տա­կաուղ­ղո­ւա­ծու­թեամբ, յա­ջորդ քայ­լին ու­սա­նող­նե­րը կազ­մած են երկ­լե­զու հար­ցա­խոյզ։ 27 հար­ցէ բաղ­կա­ցած հար­ցա­շա­րը բաժ­նո­ւած էր վեց հիմ­նա­կան մա­սե­րու.
• ­ժո­ղովր­դագ­րա­կան տո­ւեալ­ներ
• ­լե­զո­ւի իւ­րա­ցում
• ­լե­զո­ւի գոր­ծա­ծու­թիւն
• ­լե­զո­ւի նկատ­մամբ վե­րա­բեր­մունք եւ զգա­ցա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ
• ­մե­դիա եւ մշա­կու­թա­յին մաս­նակ­ցու­թիւն
• ­վերջ­նա­կան մտո­րում­ներ
­Հար­ցա­խոյ­զը տա­րա­ծո­ւած է թէ՛ հա­մալսա­րա­նա­կան շրջա­նակ­նե­րու, թէ՛ հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ ­Մաս­նակ­ցած են 18–23 տա­րե­կան ու­սա­նող­ներ, ո­րոնք կը ներ­կա­յացնեն ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու տար­բեր բարձրա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ, նե­րա­ռեալ՝ UCLA, UCSB, Fresno State, Glendale Community College, Pierce College, LACC, LAVC եւ CSUN։ ­Հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ան­դամ ու­սա­նող­ներ (ՀՄԸՄ, հա­մազ­գա­յին, ANCA) հար­ցա­խոյ­զին նոյն­պէս մաս­նակ­ցած են։
PBLL նա­խա­գի­ծի հան­րա­յին ար­դիւն­քը ու­սա­նող­նե­րը հա­յե­րե­նով ներ­կա­յա­ցու­ցած են UCLA-ի ­Հա­յա­գի­տա­կան ու­սա­նո­ղա­կան 9-րդ ­տա­րե­կան գի­տա­ժո­ղո­վին՝ «UCLA Undergraduate Research Week»-ի ծի­րէն ներս։ ­Յա­ջոր­դա­պէս, անգ­լե­րե­նով հրա­պա­րա­կո­ւած է նաեւ UCLA ASA-ի «Ինս­թագ­րամ» հար­թա­կին։

­Հե­տա­զօ­տու­թեան հիմ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը

­Լե­զու եւ ինք­նու­թիւն

­Հա­մա­կար­գո­ւած վեր­լու­ծու­թիւ­նը հիմ­նուած է 204 մաս­նա­կից­նե­րու պա­տաս­խան­նե­րուն վրայ՝ բա­ցա­յայ­տե­լու ու­սա­նող­նե­րու լե­զո­ւի գոր­ծա­ծու­թեան ձե­ւե­րուն, ինք­նու­թեան հետ ա­նոր կա­պին եւ լե­զո­ւա­կան փոր­ձա­ռու­թեան հետ առնչուող հո­գե­բա­նա­կան գոր­ծօն­նե­րուն։
­Հա­մա­ձայն հե­տա­զօ­տու­թեան տո­ւալ­նե­րու վեր­լու­ծու­թեան, մաս­նա­կից­նե­րու զգա­լի մա­սը (85%) հա­յե­րէ­նը իւ­րա­ցու­ցած է անգ­լե­րէ­նէն ա­ռաջ, ինչ որ կը մատ­նանշէ ըն­տա­նե­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ լե­զո­ւի վաղ փո­խանց­ման շա­րու­նա­կա­կան, ­Ժա­ռան­գա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
­Լե­զո­ւա­կան ինք­նու­թեան ինք­նո­րոշ­ման հի­ման վրայ կա­րե­լի է ա­ռանձ­նաց­նել ե­րեք հիմ­նա­կան խումբ.
* Մաս­նա­կից­նե­րու 48%-ը ինք­զինք կը բնո­րո­շէ որ­պէս մայ­րե­նի լե­զո­ւով խօ­սող՝ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած ման­կու­թեան շրջա­նին հա­յե­րէ­նի իւ­րաց­մամբ, յա­ճախ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րե­լու փոր­ձա­ռու­թեան հետ։
* 41%-ը կը ներ­կա­յաց­նէ ժա­ռան­գա­կան լե­զո­ւի կրող­նե­րու խում­բը, ո­րոնց լեզուա­կան զար­գա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է սփիւռ­քեան մի­ջա­վայ­րի մէջ՝ հիմ­նա­կա­նօ­րէն ըն­տա­նե­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջո­ցով։
* ­Մօ­տա­ւո­րա­պէս 10%-ը կը դա­սո­ւի ուշ շրջա­նի սոր­վող­նե­րու շար­քին, ո­րոնք լե­զուն իւ­րաց­նե­լու գի­տակ­ցա­կան ո­րո­շում ըն­դու­նած են ա­ւե­լի ուշ տա­րի­քին։
­
Բա­նա­ւոր հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ձե­ւեր

­Վեր­լու­ծու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ հա­յե­րէ­նի բա­նա­ւոր գոր­ծա­ծու­թիւ­նը զգա­լիօ­րէն կա­խեալ է հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջա­վայ­րէն։ Ա­մե­նա­բարձր ցու­ցա­նի­շը ար­ձա­նագրո­ւած է ըն­տա­նե­կա­նը. 84,6% կը նշէ, որ մշտա­պէս կամ յա­ճախ հա­յե­րէն կը գոր­ծա­ծէ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րու հետ։ ­Սա­կայն այս հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կը սահ­մա­նա­փա­կո­ւի ա­ռօ­րեայ եւ ոչ բարդ թե­մա­նե­րով։ Ըն­կե­րա­կան շրջա­նա­կին մէջ հա­յե­րէ­նի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը կը նո­ւա­զի մին­չեւ 57,7% եւ կը դրսե­ւո­րո­ւի հիմ­նա­կա­նօ­րէն թե­թեւ զրոյց­նե­րու, կա­տակ­նե­րու եւ մշա­կու­թա­յին յղում­նե­րու մա­կար­դա­կով։ ­Հա­մալսա­րա­նա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ լե­զո­ւի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, սա­կայն, ա­ւե­լի սահ­մա­նա­փակ է։ ­Միայն 36,8% կը հա­ղոր­դակ­ցի հա­յե­րէ­նով այլ հայ ու­սա­նող­նե­րու հետ, մինչ­դեռ ըն­դա­մէ­նը 13% կը գոր­ծա­ծէ լե­զուն վե­րա­ցա­կան կամ ա­կա­դե­մա­կան բնոյ­թի քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին։
Այս տո­ւեալ­նե­րը կը մատ­նան­շեն բա­ռա­պա­շա­րա­յին սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու եւ լե­զո­ւա­կան ա­նա­պա­հո­վու­թեան առ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք կը խո­չըն­դո­տեն լե­զուի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ա­ւե­լի բարդ հա­ղոր­դակ­ցա­կան նիւ­թե­րու եւ մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ։ Ո­րոշ մաս­նա­կից­ներ նաեւ նշած են լե­զո­ւա­կան ա­նո­րո­շու­թեան՝ հա­մա­պա­տաս­խան բա­ռա­պա­շա­րի պա­կա­սի կամ ճնշու­մի (61,3%) փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ հա­յե­րէն խօ­սե­լու հար­ցով։
48%-ը կը յի­շա­տա­կէ ա­մօ­թան­քի զգա­ցում եւ վախ՝ սխալ գոր­ծե­լէ հա­յե­րէն բարդ թե­մա­ներ քննար­կե­լու ժա­մա­նակ։

Գ­րա­գի­տու­թիւն եւ գրա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թիւն

Գ­րա­ւոր լե­զո­ւի ո­լոր­տին մէջ պատ­կե­րը եւս բազ­մա­շերտ է։ 74,1% կը նշէ, որ կրնայ կար­դալ եւ գրել հա­յե­րէն, իսկ 23,4% կը խոս­տո­վա­նի, որ գրե­լու ըն­թաց­քին զգա­լի դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ու­նի։ ­Բա­ցի այդ, 2,5% կը նշէ, որ ընդ­հան­րա­պէս չի տի­րա­պե­տեր կար­դա­լու եւ գրե­լու հմտու­թիւն­նե­րուն։
­Թէեւ շատ ու­սա­նող­ներ կը ցու­ցա­բե­րեն բա­նա­ւոր լե­զո­ւի ո­րո­շա­կի սա­հու­նու­թիւն, գրա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կը մնայ խնդրա­յա­րոյց։ ­Բար­դու­թիւն­նե­րը կը վե­րա­բե­րին ոչ միայն ուղ­ղագ­րա­կան եւ քե­րա­կա­նա­կան խնդիր­նե­րուն, այլ նաեւ մտքե­րու կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին ձե­ւա­կերպ­ման։
Այս ե­րե­ւոյ­թը յատ­կա­պէս յայտ­նի է այն ու­սա­նող­նե­րու մօտ, ո­րոնք չեն ստա­ցած հա­մա­կար­գո­ւած (ինս­տի­տու­ցիո­նալ) հայ­կա­կան կրթու­թիւն եւ լե­զուն իւ­րա­ցու­ցած են հիմ­նա­կա­նօ­րէն ըն­տա­նե­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ։

­Թո­ւա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն եւ լա­տի­նա­տառ գրու­թիւն («Ար­մենկ­լիշ»)

­Ժա­մա­նա­կա­կից թո­ւա­յին մի­ջա­վայ­րին մէջ յատ­կա­պէս տե­սա­նե­լի է լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նի տա­րա­ծու­մը։ Ու­սա­նող­նե­րու մեծ մա­սը ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ կը գոր­ծա­ծեն անգ­լե­րէն, իսկ հա­յե­րէն գրե­լու պա­րա­գա­յին յա­ճախ կը դի­մեն լա­տի­նա­տառ գրու­թեան («Ար­մենկ­լիշ») եւ ոչ թէ հայ­կա­կան տա­ռե­րուն։ ­Կը նշեն, որ թէեւ կա­րող են հա­յե­րէն հա­ղոր­դակ­ցիլ՝ միայն մօտ 20% կը գրէ կա­նո­նա­ւոր կեր­պով հա­յա­տառ։ ­Միւս կող­մէ, 45% մշտա­պէս կը գոր­ծա­ծէ լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէն, իսկ 33%ը եր­կու տար­բե­րակն ալ՝ կա­խեալ ի­րա­վի­ճա­կէն։ Այս ընտ­րու­թիւ­նը հիմ­նա­կա­նօ­րէն պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է դիւ­րու­թեամբ, ա­րա­գութ­յամբ (51,3%), սո­վո­րու­թեամբ (37,2%) եւ եր­բեմն ալ տեխ­նի­կա­կան սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րով, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ հա­յե­րէն ստեղ­նա­շա­րե­րու սա­կաւ մատ­չե­լի ըլ­լա­լու հար­ցը։ ­Թէեւ այս ե­րե­ւոյ­թը ան­մի­ջա­պէս սպառ­նա­լիք չի նկա­տո­ւիր, ան կը մատ­նան­շէ գրա­ւոր լե­զո­ւի ո­լոր­տին մէջ խո­րա­ցող բա­ցեր։

Մ­շա­կու­թա­յին կապ եւ ինք­նու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւն

­Հար­ցա­խոյ­զի ար­դիւնք­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ լե­զուն կը շա­րու­նա­կէ մնալ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան ա­ռանց­քա­յին տար­րե­րէն մէ­կը։ ­Հար­ցո­ւած­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը գնա­հա­տէ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին հետ կա­պը որ­պէս շատ կա­րե­ւոր կամ պար­տա­դիր (կա­րե­ւոր է – 20,9%, շատ կա­րե­ւոր է – 44,3%, պար­տա­դիր է – 30,3%), մինչ­դեռ անն­շան տո­կոս մը միայն կը դրսե­ւո­րէ չե­զոք կամ բա­ցա­սա­կան դիր­քո­րո­շում (չե­զոք – 4%, կա­րե­ւոր չէ – 0,5%)։
­Մաս­նա­կից­նե­րու մեծ մա­սը յայտ­նած է, որ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան հետ կապուած կը զգան ա­ռա­ջին հեր­թին լե­զո­ւի (199), խո­հա­նո­ցի (197) եւ հա­մայն­քա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու (185) մի­ջո­ցաւ։ ­Բա­ցի այդ, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը (115) եւ պա­րը (99) եւս նշա­նա­կա­լի դեր ու­նին՝ ընդգ­ծե­լով, թէ որ­քան սերտ կեր­պով կա­պո­ւած են հա­յե­րը ի­րենց ինք­նու­թեան ար­մատ­նե­րուն։ Այս ար­դիւնք­նե­րը ցոյց կու տան, որ մշա­կոյ­թը եւ ինք­նու­թիւ­նը կը պահ­պա­նո­ւին ոչ միայն պաշ­տօ­նա­կան մի­ջոց­նե­րով, այ­լեւ ա­ռօ­րեայ ապ­րո­ւած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու եւ ա­ռօ­րեայ կեն­սա­կան գոր­ծե­լա­կեր­պե­րու ընդ­մէ­ջէն։

­Լե­զո­ւի նա­հան­ջի ըն­կա­լում եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն

­Թէեւ հար­ցա­խոյ­զի ծա­ւա­լը ինք­նին բա­ւա­րար չէ ամ­բող­ջա­կան եւ վերջ­նա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար, ստա­ցուած տո­ւեալ­նե­րը կը մատ­նան­շեն յստակ ընդ­հան­րա­կան մի­տում մը. հար­ցո­ւած­նե­րու 62,7%-ը կը կար­ծէ, թէ հա­յե­րէ­նի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ի­րենց սե­րուն­դին մէջ կը նուա­զի, մինչ­դեռ միայն 13,4%-ը հա­կա­ռակ կար­ծիք կը յայտ­նէ, իսկ 23,9%-ը կը մնայ ա­նո­րոշ։ Այս պատ­կե­րը կը վկա­յէ լե­զուի ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ տա­րա­ծո­ւած մտա­հո­գու­թեան մա­սին։ ­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, այս մտա­հո­գու­թիւ­նը չի վե­րա­ծո­ւիր ան­տար­բե­րու­թեան, այլ կը զու­գոր­դո­ւի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բարձր զգա­ցու­մով։ ­Հար­ցո­ւած­նե­րու 85,1%-ը կը յայտ­նէ, որ կը զգայ մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն հա­յե­րէն լե­զուն պահ­պա­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու հար­ցին շուրջ, իսկ 13,9%-ը կը նշէ մաս­նա­կի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն։ Այս տո­ւեալ­նե­րը ցոյց կու տան, որ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դը ոչ միայն կը գի­տակ­ցի լե­զո­ւա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, այլ նաեւ պատ­րաս­տա­կամ է ներգրա­ւուե­լու ա­նոնց լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։

­Ռազ­մա­վա­րա­կան հե­տե­ւու­թիւն­ներ

­Վեր­լու­ծու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման եւ կեն­սու­նա­կու­թեան հա­մար ե­րեք ա­ռանց­քա­յին գոր­ծօն­ներ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նան։ Ա­ռա­ջին՝ ըն­տա­նե­կան մի­ջա­վայ­րը կը մնայ լե­զո­ւի փո­խանց­ման հիմ­նա­կան ար­մա­տա­կան օ­ղա­կը։ 84.6% յա­ճախ կամ մշտա­պէս կը խօ­սի հա­յե­րէն ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րու հետ, ուր ա­ւագ սե­րունդ­նե­րը վճռո­րոշ դեր կը խա­ղան։
Երկ­րորդ՝ կը հաս­տա­տո­ւի, որ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ա­ւե­լի կը գնա­հա­տեն լե­զո­ւի կեն­դա­նի՝ ի­րա­կան կեան­քէն ներս գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, քան միայն դա­սա­րա­նա­յին ու­սու­ցու­մը, ինչ որ կը շեշ­տէ բնա­կան հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջա­վայ­րե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Եւ եր­րորդ՝ մշա­կու­թա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կա­նու­թիւ­նը կը նպաս­տէ լե­զո­ւի եւ ինք­նու­թեան սերտ կա­պի ամ­րապնդ­ման։ ­Հե­տե­ւա­պէս, մաս­նա­կից­նե­րու մեծ մա­սին կար­ծի­քով անհ­րա­ժեշտ է ըն­տա­նի­քի մէջ ա­ւե­լի յա­ճախ գոր­ծա­ծել հա­յե­րէ­նը, ստեղ­ծել բնա­կան եւ խա­ղա­յին լե­զո­ւա­կան մի­ջա­վայ­րեր, կազ­մա­կեր­պել մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար՝ ամ­րապն­դե­լով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ըն­տա­նի­քի եւ հա­մայն­քա­յին, կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ։

Ի՞նչ կը նշա­նա­կեն այս ար­դիւնք­նե­րը

Հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը կը բա­ցա­յայ­տէ հե­տաքրք­րա­կան հա­կադ­րու­թիւն մը։ ­Մէկ կող­մէ հա­յե­րէ­նը կը պահ­պա­նէ ու­ժեղ խորհր­դան­շա­կան եւ ինք­նու­թե­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն, միւս կող­մէ՝ գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ սահ­մա­նա­փակ է։
Այս­պի­սով, կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, որ սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու լե­զուա­կան մար­տահ­րա­ւէ­րը ան­տար­բե­րու­թեան հարց չէ։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ շա­տեր կը նշեն, որ հե­տաքրք­րո­ւած են եւ կ­՚ու­զեն ա­ւե­լի վստահ գոր­ծա­ծել հա­յե­րէ­նը, ե­թէ ստեղ­ծո­ւին հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջա­վայ­րեր։
­Հե­տե­ւա­պէս, լե­զո­ւի ու­սուց­ման ժա­մա­նակ կա­րե­ւոր է ստեղ­ծել բաց եւ ա­ջակ­ցող մթնո­լորտ, ուր սխալ­նե­րը կը դի­տուին որ­պէս ու­սուց­ման բնա­կան մաս եւ ոչ թէ քննա­դա­տու­թեան պատ­ճառ։
Այս տե­սան­կիւ­նէն, Project-Based Language Learning (PBLL) մօ­տե­ցու­մը կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս գործ­նա­կա­նօ­րէն հիմ­նա­ւո­րուած ման­կա­վար­ժա­կան ար­դիւ­նա­ւէտ ու­ղի։ Այն կը փաս­տար­կէ, որ ժա­ռան­գա­կան լե­զու­նե­րը կա­րե­լի է ա­ւե­լի կեն­սու­նակ դարձ­նել, երբ լե­զո­ւի ու­սու­ցու­մը կը կա­պո­ւի ի­րա­կան փոր­ձա­ռու­թեան, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, մշա­կու­թա­յին, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նա­խա­գի­ծե­րու եւ հա­մայն­քա­յին ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թեան հետ։

Ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­ներ եւ կրթա­կան բա­րե­փո­խում­ներ

­Հե­տա­զօ­տու­թեան ար­դիւնք­նե­րը կը փաս­տէն եր­կա­կի, սա­կայն փոխ­կա­պակ­ցո­ւած մի­տում մը. մէկ կող­մէ լե­զո­ւի նա­հան­ջի գի­տակ­ցու­թիւն եւ ճնշման փոր­ձա­ռու­թիւն, իսկ միւս կող­մէ՝ յստակ վե­րաի­մաս­տա­ւոր­ման եւ զար­գաց­ման կամք։ ­Մաս­նա­կից­նե­րու զգա­լի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը (54.4%) կը յայտ­նէ փա­փաք, որ ի­րենց յա­ջորդ սե­րուն­դը ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կով տի­րա­պե­տէ հա­յե­րէ­նին, մինչ­դեռ 84,3%-ը կը դրսե­ւո­րէ լե­զուն պահ­պա­նե­լու եւ կեն­սու­նա­կաց­նե­լու  նկատ­մամբ բարձր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգա­ցում։ Այս ցու­ցա­նիշ­նե­րը կը վկա­յեն, որ, հա­կա­ռակ առ­կայ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, լե­զուն կը շա­րու­նա­կէ ըն­կա­լո­ւիլ որ­պէս փո­խան­ցե­լի ար­ժէք եւ ինք­նու­թեան հիմ­նա­րար բա­ղադ­րիչ։ ­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, կրթա­կան հա­մա­կար­գի նկատ­մամբ ար­տա­յայ­տո­ւած անվս­տա­հու­թիւ­նը (63,7%) կը մատ­նան­շէ կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին խնդիր­ներ՝ յատ­կա­պէս այն ա­ռու­մով, թէ ար­դեօք ներ­կայ ծրագ­րե­րը եւ մօ­տե­ցում­նե­րը ի վի­ճա­կի են խթա­նե­լու լե­զո­ւի հան­դէպ ներ­քին մղում եւ եր­կա­րա­տեւ կա­պո­ւա­ծու­թիւն։ Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ ոչ միայն մե­թո­տա­բա­նա­կան, այ­լեւ գա­ղա­փա­րա­կան վե­րա­նա­յում՝ լե­զո­ւի ու­սու­ցու­մը դուրս բե­րե­լու հա­մար պար­տադ­րան­քի եւ գնա­հատ­ման նեղ շրջա­նա­կէն։
Այս­պի­սով, վեր­լու­ծու­թիւ­նը կը յստա­կեց­նէ  կրթա­կան մի­ջա­վայ­րի բա­րե­փո­խու­մի հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն՝ դէ­պի հա­ղոր­դակ­ցա­կան, գործ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած եւ խա­ղայ­նա­ցո­ւած մօ­տե­ցում­ներ, ո­րոնք կը նպաս­տեն լե­զո­ւի կեն­դա­նի գոր­ծա­ծու­թեան։ Այս ման­կա­վար­ժա­կան ե­ղա­նա­կը կը պա­հան­ջէ ան­ցում՝ «պար­տա­կա­նու­թեան» վրայ հիմ­նուած ու­սու­ցու­մէն դէ­պի «սի­րով մղուած, ա­զատ եւ ըն­կե­րա­յին» լե­զո­ւա­կան գոր­ծա­ծու­թիւն։ ­Հե­տե­ւա­պէս, սխալ գոր­ծե­լու վա­խը, ձա­խող­ման ցու­ցա­նի­շը կը նո­ւա­զի եւ վստա­հու­թիւ­նը կը խթա­նուի։
UCLA-ի «­Նա­րե­կա­ցի» ամ­պիո­նի հա­յե­րէ­նի 104գ ­դա­սըն­թաց­քի շրջա­նա­կին մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած այս PBLL կի­րա­ռա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը կը գոր­ծէ որ­պէս օ­րի­նա­կե­լի հար­թակ՝ ցոյց տա­լով, թէ ինչ­պէս ու­սա­նող­նե­րը կրնան վե­րա­ծո­ւիլ ոչ միայն լե­զու իւ­րաց­նե­լու, այ­լեւ հմտու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ հա­մա­տեղ հան­րա­յին ար­դիւնք ար­տադ­րող­նե­րու։
Ամ­փո­փե­լով կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, որ սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու լե­զուա­կան մար­տահ­րա­ւէ­րը բխած է ոչ թէ հե­տաքրք­րու­թեան պա­կա­սէն, այլ՝ լե­զուի գոր­ծա­ծու­թեան սահ­մա­նա­փակ եւ ոչ միշտ խրա­խու­սող մի­ջա­վայ­րե­րէ։ ­Հե­տե­ւա­բար, հա­յե­րէ­նի ա­պա­գայ կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն կա­պո­ւած է կրթա­կան եւ հա­մայն­քա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնք կը խթա­նեն լե­զո­ւի բնա­կան, շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծա­ծու­թիւ­նը՝ դարձ­նե­լով զայն ոչ միայն ու­սուց­ման ա­ռար­կայ, այ­լեւ ա­ռօ­րեայ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան գոր­ծուն եւ ի­մաս­տա­ւոր մի­ջոց։ Այդ պա­րա­գա­նե­րուն լե­զուն կը դառ­նայ կեն­դա­նի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան բնա­կան գոր­ծիք՝ ար­մա­տա­ւո­րո­ւե­լով ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ։