Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-Ամեայ Յոբելեանը`

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2017-ի Յիշարժան Տարեթիւերուն Շարքին

0
1357

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նշանաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի 2017-ի յիշարժան տարեթիւերու շարքինմէջ: Այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեան: Անոր համաձայն, այդ առիթով տարբեր երկիրներ եւս (Այվազովսքին իրկենսագրութեամբ տարբեր երկիրներու հետ կապուած է, ինչպէս` Ռուսիոյ եւ Լեհաստանի) ձեռնարկներ եւ ցուցահանդէսներ կազմակերպելու նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած են:

pinakas1

«Հայաստանը` իբրեւ նախաձեռնող կողմ, ունի իր ծրագիրները. կը նախատեսուի մեծ ցուցահանդէս կազմակերպել: Միացեալ ծրագիրներ ունինք Ռուսիոյ հետ, եւ ներկայիս քննարկումներ տեղի կ՛ունենան Լեհաստանի հետ»,յայտնած է փոխնախարարը: Ներսէս Տէր Վարդանեան, խօսելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատմամշակութային ժառանգութեան ցանկերուն մէջ հայկական յուշարձաններու ներկայացման մասին, նկատած է, որ ներկայիս աշխատանքներըկը տարուին այլ երկիրներու հետ միացեալ դիմումներ կազմելու կարելիութիւնները օգտագործելու ուղղութեամբ: «Միացեալ դիմումներ ներկայացնելու ուղղութիւնը յատկապէս վերջին շրջանին մեծ թափ կը ստանայ,ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ալ մեծ հետաքրքրութիւն կայ այդ առնչութեամբ: Միացեալ դիմումներու տարբերակներ կը քննարկուին նաեւ դրացի երկիրներուն` Իրանի ու Վրաստանի հետ, եւ Յունաստանի ու Կիպրոսի», աւելցուցած էՏէր Վարդանեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան իր կարգին նշած է, որ Քոչարի աւանդական խմբապարը` լրամշակուած տարբերակով, պիտի քննարկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչնիւթական ժառանգութեան պաշտպանութեան կոմիտէի 2017-ի շրջափուլին: Փոխնախարարին համաձայն, ներկայիս հայկական կողմին հիմնական ուշադրութիւնը այդ դիմումին շուրջ է:

unnamed-2

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնախումբի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեան, անդրադառնալով նշեալ կառոյցի մշակութային ժառանգութիւնը արձանագրելու դիմումներուներկայացման ընթացակարգին, նշած է, որ ատիկա կրնայ ընել միայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային յանձնախումբը: «Ոչ մէկ կազմակերպութիւն, գերատեսչութիւն, թանգարան կրնայ դիմումներկայացնել: Անոնք կրնան առաջարկ եւ գաղափար ներկայացնել նախարարութեան եւ յանձնախումբին, բայց դիմում ներկայացնել չեն կրնար», ըսած է Վահան Կաժոյեան` անդրադառնալով Որդան կարմիրը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-իցանկին մէջ ներառելու մասին մամուլի հրապարակումներուն:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Կաժոյեանի համաձայն, երեք յանձնախումբ ունի` համաշխարհային ժառանգութեան, ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան եւ մարդկութեան յիշողութեան ցանկերը: Կաժոյեան տեղեկացուցած է, որառաջինին մէջ Հայաստանէն 3 արձանագրուած դիմում կայ, երկրորդին` 4 եւ մարդկութեան յիշողութեան ցանկին մէջ` 3: «Ներկայիս գաղափար կայ կեդրոնանալու համաշխարհային ժառանգութեան ցանկի համալրմանուղղութեամբ, որովհետեւ ասիկա նիւթական եւ շօշափելի է եւ միանշանակ կը նպաստէ զբօսաշրջութեան աճին: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն մարդկութեան յիշողութեան ցանկը իրականացնելու եւ ուխտի տրամադրութիւններուն ենթարկելուաշխատանքներուն սկսած է: Ասիկա ցանկ մըն է, որուն մէջ կը ներգրաւուին արխիւներ եւ պատմական փաստաթուղթեր: Մատենադարանի ամբողջ հաւաքածոն, Արամ Խաչատուրեանի շարժապատկերներու համար գրուածերաժշտութիւնը եւ Բենիամին Մարգարեանի աստղագիտական ուսումնասիրութիւններու Բիւրականի հաւաքածոն եւս այս ցանկին մաս կը կազմեն», յայտնած է ազգային յանձնախումբի գլխաւոր քարտուղարը: