ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
1982-էն ետք, երբ հրապարակ ելաւ Յակոբ Ճէլալեանի «Հայկական ծաղկաքաղ» խորագիրով հայ բանաստեղծութիւններու թարգմանուած հատորը, մօտ 45 տարիներու հեռաւորութեան վրայ՝ ահա՛ նոր հրատարակութիւն մը կու գայ իր արժանի տեղը գտնելու, որպէս հայ բանաստեղծութեան խնամքով յունարէնի թարգմանուած ամբողջութիւն մը, այս անգամ՝ շնորհիւ Արա Մանկոյեանի թարգմանական ջանքերուն։
Հայ բանաստեղծական գոհարներու նոր ծաղկաքաղը լոյս տեսաւ վերջերս եւ խորագրուած է «Հայկական քնար. ձայն եւ արձագանգ»։ Ան տպագրուած է «Արմենիքա» պարբերաթերթի հրատարակութիւններու շարքէն, կը կազմէ 20-րդ հատորը հրատարակուած գիրքերու ամբողջական ցուցակին, առանձնայատուկ բաժին գրաւելով հայկական բանաստեղծութիւնը հելլէն հասարակութեան ու մտաւորական աշխարհին ծանօթացնելու աշխատանքին մէջ։
Սոյն աշխատութիւնը երկրորդն է թարգմանիչի գրիչէն։ Ծանօթ է, թէ Ա. Մանկոյեան տարիներ առաջ ձեռնարկեց Գրիգոր Նարեկացիի գլուխ գործոց երկին՝ «Մատեան Ողբերգութեան» յունարէն թարգմանութեան — երկարաշունչ եւ ծայրօրէն բծախնդիր աշխատանքի մը արդիւնքը – որ ամբողջացած գործ մըն է եւ մօտ ապագային եւս պիտի արժանանայ յատուկ հրատարակութեան։
Թարգմանուած հայ բանաստեղծութեան նորահաս հատորը կը բաղկանայ 274 էջերէ, խնամուած եւ տպագրութեան արդի ձեւաչափին պատշաճած հրատարակութիւն մըն է, որ աչքի կը զարնէ գեղատիպ հաստ կողքով, էջադրումի արհեստավարժ ձեւաւորումով, բայց մանաւանդ անոր մէջ տեղ գտած բանաստեղծութիւններու ընտրանիի հիւսուածքով։
Հոն իրենց ներկայութիւնը ունին արեւելահայ ու արեւմտահայ քնարի յատկանշական ներկայացուցիչներ, որոնք փառաւոր տեղ կը գրաւեն հայոց բանաստեղծութեան Պանթէոնին մէջ, եւ որոնց գործերը դարձան սերունդներու ներշնչումի աղբիւր՝ քնարական, սիրային, յուզական ցնցումներու, հայրենասիրական զգացումներու եւ հայու պայքարի ոգին առթող ալիքներով։ Նոյնպէս, թարգմանիչը ներառած է օտար բանաստեղծներու նմուշներ, որոնք կը գովերգեն հայ ժողովուրդի կերպարը։
Ա. Մանկոյեան՝ նախաբանին մէջ յատկանշականօրէն կ՚արտայայտէ իր սեփական մղումին շարժառիթը, յայտնելով, թէ ներկայ աշխատութեան պատրաստութիւնը գագաթնակէտը հանդիսացաւ ներքին երկար ուղեւորութեան մը։ «Որպէս յունահայ, մշտապէս ապրեցայ երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ, երկու լեզու եւ երկու պատմական ուղիներ, որոնք իրարմէ զանազանուած ըլլալով հանդերձ, իրար կը հանդիպին ստեղծագործութեան ու վերապրումի խաչմերուկին վրայ։ Փորձ կատարեցի ներարկել իմ առաջին հայրենիքին զգացումները միւսին լեզուին մէջ։ Զգացի, որ «Քնար»-ը ներաշխարհիս մէջ կը հնչէ տեւաբար, իր հետ բերելով նախնիներուս յիշողութիւնները եւ ժողովուրդի մը ժառանգը, որ գիտցաւ երգել նոյնիսկ իր մոխիրներուն մէջէն»։
Արա Մանկոյեան լաւապէս իւրացուցած ըլլալով հայերէն եւ յունարէն լեզուի առանձնայատկութիւնները, երկու լեզուներու արտայայտչական տարբեր երանգաւորումներն ու կառուցուածքը, թարգմանական հմտութեամբ եւ բնագիրի ոգիէն չշեղելու վարպետութեամբ, կարողացած է թարգմանութեան աշխատանքին տալ գոյն եւ շարժում, իւրաքանչիւր կտորի ընթերցումը վերածելով մաքրամաքուր ջուրին զուլալ հոսքի մը, որուն մէջէն ընթերցողը կը հիանայ հայ քնարական մեծութեան վրայ։
Չարենցի նայիրեան աղջիկներու պարը, արեւահաւամ Հայաստանի անունը, Սեւակի Անլռելի Զանգակատան հնչիւններով միախառնուած, գովքը կը հիւսեն հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգիին, որ կռանուած կը մնայ Ծառուկեանի արարատեան ամրակուռ ուխտին վրայ, որպէս կտակ հայութեան ու անոր ազատատենչ սեւեռումին։
Արցախի հողին հարազատ ծնունդ, հաւանաբար նուազ ծանօթ, բայց բանաստեղծութեան պատուանդանին վրայ արժանաւորապէս կանգնած Վազգէն Օվեանի «Այս է Ղարաբաղը» զգայացունց բանաստեղծութիւնը մեր արծուաբոյնի դարաւոր հայկականութեան անվերջ հոսող երգն է, որ օտար ընթերցողին կը քնարէ դրախտանման հողի մեղեդին, մամիկին ու պապիկին խորհուրդը, ժայռափոր մեր երկրի վիմական արձանը։
Իւրաքանչիւր բառ, ամէն տող ու դարձուածք, զգայնութեամբ ընտրուած է թարգմանիչի գրիչով, որուն հոգեկան եւ յուզական աշխարհը զարդարուն մանեակ մը կ՚աւելցնէ հայ բանաստեղծութեան գանձարանին վրայ։
Հատորի ընթերցումը ովասիս մըն է, ոչ միայն բանաստեղծութեամբ յուզուող մարդուն համար, այլեւ առօրեայ մտատանջումներուն մէջէն հոգիի ու կեանքի վերելքը փնտռող անձին համար, հոն ուր խօսքը կը դառնայ հուր, բայց նաեւ բուժիչ բալասան՝ խռոված հոգիներուն համար։
Թարգմանուած բանաստեղծութիւններու իւրայատուկ այս ծաղկաքաղը նմանապէս իր արժանի տեղը ունի յոյն մտաւորական եւ ընթերցասէր շրջանակին մէջ, բայց նաեւ այն բոլոր հայրենակիցներուն համար, որոնք յունարէն լեզուի երանգապնակին վրայ պիտի վայելեն հայ խօսքին ու քնարին ստեղծագործական հարստութիւնը։
Ինչպէս ինք՝ թարգմանիչը կը վկայէ, կամուրջ մըն է՝ տողերով սարքուած, որուն վրայ ընթերցողը իր քայլերը պիտի շտապեցնէ ճանչնալու համար Հայաստանի սիրտը – այն՝ որ կը տրոփէ նոյն կիրքով, նոյնիսկ եթէ կ՚ողբայ Արարատի շուքին տակ, կամ կ՚երազէ Յունաստանի կապուտան երկնակամարին ներքեւ։
Վարձքը կատար երախտաւորին։
-Գիրքը ստանալ փափաքողները կրնան դիմել «Ազատ Օր»-ի խմբագրատունը կամ «Արմենիքա»:










