­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Հինգ­շաբ­թի, 30 Ապ­րի­լէն մին­չեւ ­Կի­րա­կի, 3 ­Մա­յիս 2026-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ չոր­սօ­րեայ գե­ղե­ցիկ ու հա­ճե­լի շրջապտոյտ մը դէ­պի ­Կիպ­րոս։
Ք­սան հո­գիէ բաղ­կա­ցած խում­բը, յա­տուկ ծրագ­րի մը հի­ման վրա,յ­ այ­ցե­լեց ­Լի­մա­սոլ, ­Լար­նա­քա եւ ­Նի­կո­սիա քա­ղաք­նե­րու տե­սար­ժան ու պատ­մա­կան վայ­րե­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Լի­մա­սո­լի Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի։
­Շա­բաթ 2 ­Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տեան, խում­բը այ­ցե­լեց ­Կիպ­րո­սի հա­յոց թե­մի Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րան։ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան փո­խա­նորդ Տ. ­Կո­մի­տաս արք. Օ­հա­նեան, ջեր­մօ­րէն դի­մա­ւո­րեց այ­ցե­լու­նե­րը եւ ա­նոնց հա­կիրճ կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց կիպ­րա­հայ գա­ղու­թը, իր հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րով եւ գոր­ծու­նէու­թեամբ։ Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին, Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Սեր­գօ Ա­րա­պեան, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սր­բա­զան հօր մտեր­միկ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար եւ ա­նոր յանձ­նեց նո­ւէր մը։
Ա­պա խում­բը այ­ցե­լեց ­Մել­քո­նեան կրթա­կան պատ­մա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը։ Այն­տեղ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցաւ հաս­տա­տու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան եւ հա­յա­շունչ սե­րունդ­ներ պատ­րաս­տե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան մա­սին։
­Կի­րա­կի, 3 ­Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տուն, խում­բը այ­ցե­լեց ­Լի­մա­սո­լի Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցի եւ ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ Ս. պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան։ Ա­ւար­տին, տեղ­ւոյն ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Լի­մա­սո­լի «­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան» վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Լոյս եւ Ա­ղօթք» խո­րագ­րով ե­րաժշ­տա­կան հա­մերգ մը։ ­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ նաեւ ­Կիպ­րա­հայ հա­մայն­քի պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պրն. ­Վարդ­գէս ­Մահ­տե­սեան։
­Հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, ձեռ­նար­կի բաց­ման իր խօս­քին մէջ, բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց յատ­կա­պէս յու­նա­հայ գա­ղու­թէն այ­ցե­լու հիւ­րե­րուն։ Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, ա­տե­նա­պետ պրն. ­Սեր­գօ Ա­րա­պեան, յա­նուն ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, յու­շա­նո­ւէր մը յանձ­նեց ­Հայր սուր­բին, շրջապ­տոյ­տի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն իր ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։ Ա­պա, ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ կէ­սօ­րո­ւան ճաշ­կե­րոյթ՝ ի պա­տիւ հա­մոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րուն եւ այ­ցե­լու խում­բին։

ԹՂԹԱԿԻՑ