Ինչ­պէս ար­դէն յայտ­նած էինք մեր ե­րե­կո­ւան թի­ւով, Ե­րե­ւան կը գտնո­ւի ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Քոս­թան­թի­նոս ­Թա­սու­լաս, որ այ­ցե­լեց եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին առ­ջեւ։
Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­ցող Եւ­րո­պա­կան գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի մեկ­նար­կին, յոյն նա­խա­գա­հը կա­տա­րեց հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։
«Եւ­րո­պա­կան ­Քա­ղա­քա­կան ­Հա­մայն­քի այ­սօ­րո­ւան 8-րդ ­գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վը տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ ­Հա­յաս­տա­նի Ե­րե­ւան քա­ղա­քին մէջ՝ Եւ­րո­պա­յի եւ աշ­խար­հի հա­մար վճռո­րոշ պա­հու մը։
Ուք­րա­նիոյ եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ շա­րու­նա­կո­ւող հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն վտան­գել մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թիւ­նը, տնտե­սա­կան զար­գա­ցումն ու հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով ու­ժա­նիւ­թա­յին անվ­տան­գու­թիւ­նը։
Այս մռայլ պայ­ման­նե­րուն մէջ, Եւ­րո­պան ամ­բող­ջու­թեամբ կո­չո­ւած է ո­րո­նե­լու լու­ծում­ներ, ո­րոնք պի­տի նպաս­տեն միաս­նու­թեան եւ իր ռազ­մա­վա­րա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, ի­րա­ւա­կան պե­տու­թեան, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի նկատ­մամբ յար­գան­քի սկզբունք­նե­րուն։
Այս ծի­րին մէջ, այ­սօ­րո­ւան գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վին պի­տի ու­նե­նանք կա­րե­լիու­թիւ­նը քննար­կե­լու մեր ընդ­հա­նուր եւ­րո­պա­կան տու­նը, մեր ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներն ու կեն­սա­կան են­թա­կա­ռոյց­նե­րը ամ­րապն­դե­լու ու­ղի­նե­րը՝ բազ­մա­տե­սակ խառ­նա­ծին սպառ­նա­լիք­նե­րէն, ո­րոնք կրնան վտան­գել մեր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թիւ­նը։
­Միա­ժա­մա­նակ, պի­տի փո­խա­նա­կենք տե­սա­կէտ­ներ եւ­րո­պա­կան տնտե­սու­թիւ­նը հզօ­րաց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան շուրջ, յատ­կա­պէս ու­ժա­նիւ­թա­յին եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան ծրա­գիր­նե­րու մի­ջո­ցով։ ­Յու­նաս­տա­նը կը ձգտի այս բնա­գա­ւա­ռին մէջ ա­ռանց­քա­յին դեր ու­նե­նալ՝ զար­գաց­նե­լով այն­պի­սի են­թա­կա­ռոյց­ներ, ինչ­պի­սին է Ուղ­ղա­հա­յեաց ­Մի­ջանց­քը, որ զայն պի­տի դարձ­նէ ու­ժա­նիւ­թի եւ այլ ապ­րանք­նե­րու ներ­մուծ­ման ու փո­խադր­ման հան­գոյց դէ­պի ­Պալ­քան­ներ, ­Կեդ­րո­նա­կան եւ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա։
­Հե­տե­ւա­բար, կը յու­սամ կա­ռու­ցո­ղա­կան քննար­կում­նե­րու, ո­րոնք պի­տի նպաս­տեն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րու խո­րաց­ման եւ խա­ղա­ղու­թեան յա­ռաջմղ­ման՝ ի շահ Եւ­րո­պա­յի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն եւ ա­նոնց քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն»։