Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան ամբողջ Յունաստանի տարածքին կատարուած համահելլենական երկու՝ Բնագիտութեան (12 Մարտ 2026) եւ Թուաբանութեան (27 Մարտ 2026) մրցումներուն։
Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յայտարարենք, թէ բոլոր մասնակցողները պատուաբեր արդիւնքներ բերին եւ գնահատանքի արժանացան։ Յատկապէս, բնագիտութեան մրցոյթին գերազանց (Βραβείο Αριστείας) արդիւնքին արժանացան 11 աշակերտ եւ թուաբանութեան մրցոյթին՝ 8 աշակերտ։ Գերազանց արդիւնք բերող աշակերտներն են (այբենական կարգով).-
Բնագիտութիւն
Կազմապերպողներ՝ «ԷՔՓԱ» Բնագիտութեան բաժին եւ Գիտութեան ու Կրթութեան Յունաստանի բանգիտական ընկերութիւնը (Τμήμα Φυσικής του ΕΚΠΑ και η Ελληνική Εταιρεία Φυσικής για την Επιστήμη και την Εκπαίδευση (ΕΕΦΕΕ)):
Ե. դասարան՝ Զոլամեան Զուլալ, Լաւրաքի Ալեքսանտրա, Ճինեճեան Ճեսիքա, Մալթոզեան Էվա եւ Մալթոզեան Մոնիքա։
Զ. դասարան՝ Աւագեան Մայք, Էկեան Մարղարիթա, Ղազարեան Դաւիթ, Մարինոս Եորղոս, Մինասեան Սեւակ եւ Ցաքիրողլու Փանայոթիս։
Թուաբանութիւն
Կազմապերպող` յունական թուաբանական ընկերութեան (Ελληνική Μαθηματική Εταιρεία) «Փոքրիկ Էվքլիտիս» (Ο Μικρός Ευκλείδης) ամսագիր։
Ե. դասարան՝ Ճինեճեան Ճեսիքա
Զ. դասարան՝ Աւագեան Մայք, Ղազարեան Դաւիթ, Էկեան Մարղարիթա, Եորղոս Մարինոս, Մինասեան Սեւակ, Սարգսեան Արթուր, Ցաքիրողլու Փանայոթիս։
Կը շնորհաւորենք մեր բոլոր աշակերտները ու կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։
ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ «ԶԱՒԱՐԵԱՆ»
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ










