­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տե­ցան, սա­կայն ա­նոնք չփա­կե­ցին քա­ղա­քա­կան լա­րո­ւած ի­րա­վի­ճա­կի է­ջը։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, քո­ւէար­կու­թեան ար­դիւնք­նե­րը ստեղ­ծե­ցին նոր կա­ցու­թիւն մը, ուր իշ­խա­նու­թիւ­նը թէեւ կը պա­հէ կա­ռա­վա­րե­լու իր դիր­քը, բայց միա­ժա­մա­նակ կը կորսնց­նէ այն քա­ղա­քա­կան գե­րա­կա­յու­թիւ­նը, որ անհ­րա­ժեշտ էր իր ծրա­գիր­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար, յատ­կա­պէս ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ո­լոր­տին մէջ։ Այս ի­մաս­տով, ընտ­րու­թիւն­նե­րու մե­ծա­գոյն հե­տե­ւան­քը միայն նոր խորհր­դա­րա­նի ա­թոռ­նե­րու բաշ­խու­մը չէ, այլ այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ իշ­խա­նու­թիւ­նը այ­լեւս չի տի­րա­պե­տեր այն­պի­սի քա­ղա­քա­կան ու­ժի, ո­րով պի­տի կա­րո­ղա­նայ միա­կող­մա­նի ի­րա­կա­նաց­նել սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը հե­տապն­դէ ժա­մա­նա­կէ ի վեր։
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, գոր­ծող վար­չա­խում­բը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն փոր­ձած էր ներ­կա­յաց­նել սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը որ­պէս պե­տա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու անհ­րա­ժեշտ քայլ։ ­Սա­կայն ընտ­րա­կան ար­դիւնք­նե­րը փաս­տե­ցին, որ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­կան վստա­հու­թիւն չէ վե­րա­պա­հած իշ­խա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան ուղ­ղու­թեան, մեր­ժե­լով իշ­խա­նա­ւոր կար­գի քա­ղա­քա­կան ու­ղե­գի­ծը։ ­Նոյ­նիսկ ե­թէ իշ­խող խում­բը կը շա­րու­նա­կէ մնալ խորհր­դա­րա­նի ա­ռա­ջին ու­ժը, այ­լեւս չի վա­յե­լեր այն­պի­սի գե­րիշ­խա­նու­թիւն ան­ցեա­լի նման, որ­պէս­զի հնա­րա­ւոր դարձ­նէ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ա­ռանց լայն քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան։ Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը կը սահ­մա­նա­փա­կէ իշ­խա­նու­թեան շար­ժում­նե­րուն դաշ­տը եւ կը ստի­պէ զայն հա­շո­ւի նստիլ խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մու­թեան, բայց նաեւ հա­սա­րա­կա­կան դի­մադ­րու­թեան հետ։
Ա­ւե­լի մտա­հո­գիչ կը դառ­նան թիւ մէկ իշ­խա­նա­ւո­րի սպառ­նա­լիք­նե­րը եւ ա­ռա­ջին քայ­լե­րը ընդ­դի­մու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն դէմ, զա­նոնք ոչն­չաց­նե­լու եւ քա­ղա­քա­կան կեան­քէն դուրս քշե­լու մտադ­րու­թեամբ, որ քա­ղա­քա­կան սուր լա­րո­ւա­ծու­թեան եւ ան­կա­յու­նու­թեան նոր շրջա­նի մը կրնան ա­ռաջ­նոր­դել եր­կի­րը։
­Միւս կող­մէՆ, ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք յայ­տա­րա­րե­ցին, որ ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ վար­չա­կան լծակ­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով, ան­հա­ւա­սար պայ­ման­նե­րով եւ բազ­մա­թիւ խախ­տում­նե­րով։ Ա­նոնք նաեւ ազ­դա­րա­րե­ցին քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի նոր փուլ մը, ո­րուն նպա­տակն է վի­ճար­կել ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քը։ ­Թէեւ դժո­ւար է կան­խա­տե­սել, թէ այս պայ­քա­րը ինչ­պի­սի ծա­ւալ պի­տի ստա­նայ, սա­կայն ակն­յայտ կը դառ­նայ, որ ընդ­դի­մու­թիւ­նը մտա­դիր չէ սահ­մա­նա­փա­կո­ւիլ միայն խորհր­դա­րա­նա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ։
Ս­տեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը ցոյց կու տայ, որ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քը պի­տի թե­ւա­կո­խէ յե­տընտ­րա­կան շի­կա­ցած շրջան մը։ Իշ­խա­նու­թիւ­նը պի­տի փոր­ձէ ընտ­րա­կան ար­դիւնք­նե­րը ներ­կա­յաց­նել որ­պէս հան­րա­յին վստա­հու­թեան վե­րա­հաս­տա­տում, մինչ ընդ­դի­մու­թիւ­նը զա­նոնք կը մեկ­նա­բա­նէ որ­պէս վար­չա­կան մե­քե­նա­յի ու պե­տա­կան մի­ջոց­նե­րու կի­րարկ­ման եւ լայ­նա­տա­րած խախ­տում­նե­րու հե­տե­ւանք։
­Տա­կա­ւին, չեն պակ­սիր այն ձայ­նե­րը, ո­րոնք կ­՚ա­ռա­ջար­կեն ընդ­դի­մու­թեան վար դնել «ման­տադ­նե­րը» ու չըն­դու­նիլ խորհր­դա­րա­նա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Այս հանգ­րո­ւա­նին, հարկ է սպա­սել վե­րա­հա­շո­ւար­կի ար­դիւնք­նե­րուն եւ խորհր­դա­րա­նա­կան ա­թոռ­նե­րու վերջ­նա­կան պատ­կե­րին։
Ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է այն հան­գա­ման­քը, որ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան եւ անվ­տան­գա­յին հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րը կա­խո­ւած կը մնան փխրուն թե­լի մը վրայ։ ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, սահ­մա­նա­զատ­ման գոր­ծըն­թա­ցը, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցը, երկ­րի անվ­տան­գա­յին հա­մա­կար­գի վե­րա­ձե­ւա­ւո­րու­մը կը շա­րու­նա­կեն հանդիսանալ ա­ռանց­քա­յին խնդիր­ներ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ։ ­Միա­ժա­մա­նակ, Ա­րե­ւելք-Ա­րեւ­մուտք մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու բա­խու­մը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս պի­տի յատ­կան­շէ հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րը, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ազ­դե­ցիկ գօ­տին­նե­րը հաս­տա­տե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ։ Ար­դէն, յատ­կա­պէս Ա­րեւ­մուտ­քէն ե­կող ա­ռա­ջին շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ­նե­րը ցոյց կու տան զօ­րա­ցած ներ­կա­յու­թեան մը նա­խադ­րեալ­նե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ։ Այս ի­րո­ղու­թեան լոյ­սին տակ պէտք է սպա­սել նաեւ ­Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան զի­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ւել աժ­խու­ժա­ցու­մը, սկսե­լով սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն մա­սին ճնշում­նե­րը ա­ւե­լի ու­ժեղ դարձ­նե­լէ, մին­չեւ այս­պէս կո­չո­ւած «խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նի­գի­րի» կնքու­մին վրայ պար­տադ­րե­լով միա­կող­մա­նի յա­ւե­լեալ զի­ջում­ներ եւ երկ­րի ինք­նիշ­խա­նու­թեան նա­հանջ։
Ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քը հաս­տա­տեց, որ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քը դէմ յան­դի­ման պի­տի գայ ստեղ­ծո­ւած նոր պայ­ման­նե­րուն հետ։ Իշ­խա­նու­թիւ­նը ստա­ցաւ կա­ռա­վա­րե­լու ի­րա­ւա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն, սա­կայն կորսն­ցուց քա­ղա­քա­կան բա­ցար­ձակ ու­ժը։ Ընդ­դի­մու­թիւ­նը չկրցաւ իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նել, սա­կայն ա­պա­հո­վեց հան­րա­յին զգա­լի ա­ջակ­ցու­թիւն եւ պահ­պա­նեց քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու կա­րո­ղու­թիւն։ Ընտ­րա­կան ար­դիւն­քը վի­ճար­կե­լէ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր հարց մը գո­յու­թիւն ու­նի. ար­դեօք ընդ­դի­մու­թիւ­նը պի­տի կա­րե­նա՞յ վե­րա­ծո­ւիլ հա­մա­հունչ քա­ղա­քա­կան բե­ւե­ռի։