ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
«Ցեղասպանութիւնները Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին. Հայեր, Ասորիներ եւ Յոյներ, 1913-1922», Ճորճ Շիրինեան,
Թեսաղոնիկէ՝ 2026
660 էջերէ բաղկացած ընդարձակ հրատարակութիւնը անգլերէնէ թարգմանուած աշխատութիւն մըն է, որ լոյս տեսած է Թեսաղոնիկէի համալսարանի պոնտական ուսմանց բաժինին կողմէ։ Գիրքը տարբեր հեղինակներու հաւաքական աշխատանքի արդիւնքն է, իւրաքանչիւրը վերլուծելով Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու կրած ցեղասպանութիւնը նոյն դահիճին կողմէ։ Ամէն վերլուծութիւն յենած է հարուստ մատենագրութեան վրայ, որ առնչուած է ցեղասպանութիւններու քննական մօտեցումին հետ, մատնանշելով տարբերութիւնները ցեղասպանութեանց կիրարկման ու գործադրութեան ձեւերուն։ Յատուկ անդրադարձ կ՚ըլլայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ընկերա-հոգեբանական տարողութեան մասին, նշելով Թուրքիոյ նորօրեայ հակահայ քաղաքականութիւնը՝ Ցեղասպանութեան արարքը նսեմացնելու փորձերուն կապակցութեամբ։ Գիրքը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Ցեղասպանութիւններու գիտական եւ ակադեմական հետազօտական շրջանակներուն համար, որպէս կարեւոր աղբիւր քրիստոնեայ ժողովուդներու կրած ողբերգութիւններու վերլուծական ուսումնասիրութեանց։
***
«Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն», Ա. եւ Բ. հատոր,
Համազգայինի հրատարակութիւն, Երեւան՝ 2023-2025
Երկհատոր պատկերազարդ ալպոմը, որ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի եւ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի համատեղ կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկն է, կոչուած է արձանագրելու մեր արծուաբոյն Արցախի վտանգուած հայկական յուշարձանները, որոնք անցած են Ատրպէյճանի գրաւումին տակ։ Բոլոր բազմադարեայ կոթողները, որ կը վկայեն Արցախի հայկականութիւնը, այսօր վտանգուած են, անոնցմէ մաս մը արդէն փճացած է ազերիի ձեռքով, ցոյց տալով թշնամի երկրի հետեւողական քաղաքականութիւնը, իսկ այլ գանձեր կը ներկայացուին իբրեւ աղուանական մշակոյթի նմուշներ, նպատակ ունենալով բնաջնջել ու անհետացնել հայկական հազարամեայ ներկայութիւնը իր բնիկ օրրանէն։ Վանքեր, եկեղեցիներ, անթիւ խաչքարեր, հնամեայ ծորակներ եւ այլ շինութիւններ մէկ առ մէկ նկարուած են ու կը ներկայացուին իրենց պատմական տուեալներով ու արձանագրութիւններով։ Երկու հատորներու բովանդակութիւնը կը փաստէ, թէ որքան հարուստ եղած է Արցախի ժողովուրդի քաղաքակրթական գանձարանը, նոյնիսկ 10-րդ եւ 11-րդ դարերէն եկող խաչքարերու տարածումով Արցախի հողերուն վրայ, որոնք այսօր հիմնովին կորուստի վտանգին տակ են, միաժամանակ դուրս մնալով միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութենէն։
***
«Մեզ տարբեր կը կանչեն ճամբուն մէջ», Լաուրա Չըվիէրթնիա, Աթէնք՝ 2025
Հայ ժողովուրդի ջարդերը, Փոքր Ասիոյ աղէտը եւ 1955-ին Պոլսոյ եղելութիւնները կը շարունակեն բաց վէրքի նման անչափելի ցաւ պատճառել քրիստոնեայ ժողովուրդներուն։ Հայ-գերմանացի հեղինակ Լաուրա Չըվերթնիա կը հիւսէ ընտանեկան պատմութիւն մը, մեկնակէտ ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան տարիները եւ լռութեան համատարած զգացումը, որ յատկանշեց այն բոլոր ընտանիքները, որոնք վերապրեցան Օսմանեան վայրագութիւններԷն, բայց մնացին ահի ու սարսափի մթնոլորտին տակ՝ Թուրքիոյ ընկերային եւ քաղաքական իրականութեան մէջ։ Վէպի հերոսուհին կը ճամբորդէ իր ծնողներու ծննդավայրը, ուր իր առջեւ կը բացուի հին աշխարհ մը, որ հայկական էր, սակայն անյայտ մնացած էր վախի ազդեցութեան տակ։ Պոլիսէն Գերմանիա, անկէ Հայաստան ճամբորդութիւնը իրական արմատները որոնելու եւ զանոնք գուրգուրանքով պահելու ուղեւորութիւն մըն է, որ ընթերցողին ուշադրութիւնը պիտի պահէ գիրքի ամբողջ տեւողութեան։ Հատորը լոյս տեսած է Յունական Հրատարակչական ընկերութեան կողմէ, թարգմանական շարքէն։
***
«Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120-ամեակ»,
հրատարակութիւն Հ.Յ.Դ. Պուլկարիոյ առանձնակի կոմիտէի, Սոֆիա՝ 2025
Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն եւ հայ ժողովուրդի պայքարի անզուգական դրօշակիր Քրիստափոր Միքայէլեանի մահուան 120-ամեակին առիթով լոյս տեսած գեղատիպ գրքոյկը, կու գայ հանրութեան ծանօթացնելու մեծ յեղափոխականին կեանքն ու նուիրական գործունէութիւնը, որ կանգ առաւ Պուլկարիոյ Վիտոշ շրջանի բլուրներուն վրայ, երբ Քրիստափոր նահատակուեցաւ Սուլթան Ապտուլ Համիտի մահափորձի ռումբը պատրաստելու ժամանակ։
Առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի այլեւս ուխտատեղիի վերածուած Քրիստափորի դամբանը Սոֆիայի մէջ, որուն յիշատակը յաւերժացնելու փորձ մըն է նաեւ Պուլկարիոյ դաշնակցական մարմինին կողմէ ներկայ հրատարակութեան պատրաստութիւնը։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի խօսքով եւ տեղական կոմիտէի գրութեամբ շրջագիծի մէջ կ՚առնուի Ք. Միքայէլեանի յեղափոխական աւանդը, որուն պատգամները այսօր եւս «յարատեւ կռիւ»-ի ու միասնականութեան կոչեր կը հանդիսանան նորանոր մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Դաշնակցական եւ օտար անուանի ժամանակակիցներու գրութիւնները, Հ.Յ.Դ. մամուլի արձանագրութիւններն ու վերլուծումները լոյս կը սփռեն պատմական այն ժամանակաշրջանին վրայ, ուր Քրիստափոր ապրեցաւ եւ իր անջնջելի հետքը թողեց հայ ազատագրական պայքարի գաղափարական ու յեղափոխական դիմագիծին վրայ։
***
«Ուրուագիծ՝ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կառոյցի պատմութեան»,
խմբագիր՝ Ժագ Յակոբեան, հրատարակութիւն Հ.Յ.Դ.
Լիբանանի Կեդր. կոմիտէի, Պէյրութ՝ 2025
Անգնահատելի եւ եզակի է Հ.Յ.Դաշնակցութեան դերը սփիւռքեան կեանքին մէջ։ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ու գաղթականութեան տարիներէն ետք (1915-1923) հայագաղութներու մէջ հիմնուած դաշնակցական կառոյցները ղեկը առին տարագրուած ժողովուրդի բախտին, առաջնորդելով հայութեան բեկորները դէպի վերապրում ու նորանոր պայքարի շղթայազերծում։
Առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կառոյցի մասին պատմական անդրադարձը, որուն արձանագրութիւնը հաւասարապէս լոյս կը սփռէ նաեւ սփիւռքահայութեան պատմութեան հետ առնչուող ուղիին վրայ։ Կատարուած աշխատանքը ուրուագիծ մըն է, որ նպատակ ունի համառօտ տուեալներով կատարել պատմական երկար շրջանի մը արժեւորումը՝ գաղութի նախնական տարիներէն մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, հակադաշնակցական պայքարի մռայլ օրերը եւ դաշնակցական անուանի գործիչներու տմարդի ահաբեկումը, հասնելով մերօրեայ տարիներուն։ Կարեւորութեամբ կը նշուի Դաշնակցութեան ներդրումը ներլիբանանեան քաղաքական կեանքին, ինչպէս նաեւ կառոյցի անգնահատելի դերակատարութիւնը որպէս ազգային արժէքներու պահապան՝ հայութեան ծոցին մէջ։
***
«Բառերու եւ նկարներու մեծ գիրքը», հեղինակ Օլը Քէօննըքը,
Քոթոթ հրատարակչատուն, Փարիզ՝ 2025
Հայկական մանկական թարգմանական գրականութեան մէջ վայելուչ եւ հետաքրքական հատոր մը եւս աւելցաւ, այս անգամ շնորհիւ Յասմիկ եւ Շաղիկ Շահինեաններու թարգմանական փորձին։
Մեծադիր եւ գոյնզգոյն պատկերներով ճոխացած գիրքը լաւագոյն ձեռնարկներէն մէկն է, որպէսզի սփիւռքահայ մանուկը սորվի իր շուրջը հանդիպած առարկաներու հայերէն բառերն ու իմաստը, առանց դժուարութեան, միայն խաղի ու զբաղումի արդիւնաւէտ ձեւերով։ Հատորը պատրաստուած է մանուկի մը ներաշխարհին յարմար տպագրութեամբ, ուր խօսքն ու գոյնը կը գրաւեն մատղաշ տարիքներու ուշադրութիւնը եւ հեշտութեամբ փոքրիկի մը առաջին ապրումներուն մէջ կը դրոշմեն հայկական բառերու հարստութիւնն ու լեզուի ճոխութիւնը։
Գիրքը նմանապէս օգտակար կը դառնայ նաեւ ծնողքին եւ ուսուցիչին համար, անոնց առջեւ եւս բանալով բառերու գանձարանը, մանկական առաջին ծլարձակումներուն մէջ լեզուական պաշար մը ստեղծելով՝ խաղի դիւրահաղորդ միջոցներով։










