2026-ի Մայիս ամիսը յատկանշուեցաւ աշխուժ գործունէութեամբ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին համար։ Մարզիկներն ու սկաուտները շարունակեցին իրենց ծրագիրները նախորդ ամիսներու թափով ու աժխուժութեամբ։
ԱԹԷՆՔԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Լող — Թենիս
Լուղորդական խումբը կազմակերպեց իր տարեկան մրցաշարքը։ 100-է աւելի փոքրիկներ, որոնք կը մարզուին Հ.Մ.Ը.Մ-ի խումբին մէջ, Կիրակի, 24 Մայիսին, մասնակցեցան մրցանակին եւ ցոյց տուին իրենց յառաջդիմութիւնը լողի մէջ։ Նաեւ 30 եւ 31 Մայիսին, Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի լուղորդական խումբը մասնակցեցաւ «Τζελάτεια» մրցումներուն, ուր մեր փոքրիկ լուղորդները յաջողեցան 9 մետալ նուաճել, բարձր պահելով մեր միութեան անունը։
***
Թենիսի փոքրերու եւ մեծերու մարզումները կը շարունակուին Աթէնքի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Կիւտէնեան» մարզադաշտին մէջ։
Կողովագնդակ
Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի այրերու խումբը ամբոջացուց մրցումները Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ։ Փոքրերու «մինի» եւ «ճունիըր» խումբերը կը շարունակեն կատարել իրենց փորձերը ու մասնակցիլ բարեկամական մրցումներու, ցոյց տալով մեծ խանդավառութիւն։
Ճատրակ
Չափահասներու եւ փոքրիկներըու խումբերը կը շարունակեն փորձերը կանոնաւոր հերթականութեամբ։
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հեծելարշաւը
Ուրբաթ, 29-էն մինչեւ Կիրակի, 30 Մայիս 2026-ին, տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղը կազմակերպեց «Αρμενική με 1000» հեծելարշաւը։
Մօտ 25 մարզիկներ, ճամբայ ելլելով Թեսաղոնիկէի Մեծն Աղեքսանդրի արձանին առջեւէն, կտրեցին 1000 քիլոմեթր հեռաւորութիւն մը՝ հասնելով մինչեւ Գոմոթինի, ուր տեղոյն հայկական համայնքը հիւրընկալեց անոնց։ Շատ դժուար հեծելարշաւ մը էր, որ կը պատկանի «brevet» մրցումներու շարքին, զոր Թէսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ-ը կազմակերպեց մեծ յաջողութեամբ։
Մասնաճիւղի կողովագնդակի խումբը ամբողջացուց իր մասնակցութիւնը 3-րդ դասակարգի մրցաշարքին։
ԳՈՔԻՆԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Վոլէյպոլ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ պատանիներու K17 խումբը գրաւեց յունական ΕΣΠΕΔΑ մրցաշարքի 4-րդ դիրքը «Final Four» (վերջնական չորս) փուլէն ներս։
Փոքրերու աղջկանց K16 եւ տղոց խումբերը յաջողութեամբ ամբողջացուցին իրենց մասնակցութիւնը մրցաշարքերուն։
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ
Շաբաթ, 16 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, Գարէայի ազգապատկան ակումբին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց «Մէկ խարոյկ՝ մէկ շղթայ. հազարաւոր յիշատակներ» խարոյկահանդէսը, ուր հին եւ նոր սկաուտները մօտ մօտի եկան կատարեցին իրենց «ժողովը»։
Իւրայատուկ հաւաք մըն էր, ուր մասնակիցները դարձեալ վերապրեցան իրենց պատանեկութեան անգին օրերը, խարոյկի ջերմութեան տակ, դրօշի արարողութեամբ, երգով ու խօսքով, սկաուտական անհամար դրուագներու վերյիշումով, սկաուտական բարեւի պատիւով, ու տակաւին այնքա՜ն մեծ ու փոքր յիշատակներով, որոնք տարածուեցան տաքուկ մթնոլորտին մէջ։
***
Մայրերու օրուան առիթով, Շրջանային խորհուրդը երեք տեղական սկաուտական խորհուրդներուն հետ կազմակերպեցին բացառիկ միօրեայ արշաւ մը՝ Այիա Մարինայի բանակավայրէն ներս:
Մոկլիները, գայլիկները, սկաուտները, երեցները, խմբապետական կազմը, Խորհուրդի անդամները եւ յատկապէս փոքրիկներու հրաւիրուած ծնողները միասնաբար հաճելի օր մը անցուցին: Ծնողները առիթը ունեցան մասնակցելու սկաուտական յայտագիրին, խաղալու իրենց երեխաներուն հետ եւ մօտէն ծանօթանալու սկաուտական կեանքին:
Կէսօրէն ետք, մինչ սկաուտները շարունակեցին իրենց խաղերը, ծնողները հետեւեցան յատուկ պատրաստուած դասախօսութիւններու:
***
Մայիս ամսուն մէջ, Գոքինիոյ եւ Աթէնքի Սկաուտական խորհուրդները կազմակերպեցին գործացուած գիրքերու պազար Բիրէայի եւ Նէա Զմիռնիի մէջ։ Խորհուրդներու քոյրերը մեր աստիճանաւորներուն, սկաուտներուն եւ գայլիկներուն հետ գեղեցիկ ներկայութիւն մը ունեցան, իսկ պազարներու եկամուտը պիտի յատկացուի ամառուան սկաուտական գործունէութեան համար։
***
Միաժամանակ շարունակուեցան Աթէնքի, Գոքինիոյ, Գարէայի եւ Թեսաղոնիկէի շաբաթական հաւաքները, իսկ մեր աստիճանաւորները մասնակցեցան ու աւարտեցին սկաուտական դպրոց-սեմինարները։
***
Շնորհաւորութիւննե՛ր բոլորին’ սկաուտական կազմերուն եւ խորհուրդներուն, մարզիկներուն, մարզիչներուն, վարչական անդամներուն եւ կազմակերպիչ յանձնախումբերու անդամներուն, որոնք բոլորը միասին կ՚աշխատին մեր հայակերտ միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ- ը բարձր պահելու գործով։
«Բարձրացիր – Բարձրացուր»










