Դպ­րո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին ա­ռի­թով, ներ­կայ թի­ւով կը հրա­տա­րա­կենք Հ.Կ.­Խա­չի «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» ազ­գա­յին միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նի «­Մենք» թեր­թի­կի 4-րդ ­յաւելուածը, որ կը պա­րու­նա­կէ ա­շա­կեր­տու­թեան գրու­թիւն­նե­ր:

***

Կծ­ծի մարդ մը

­­Յու­նիս ա­միս էր: Ա­րե­ւը կը շո­ղար եւ ջեր­մաս­տի­ճա­նը ար­դէն հա­սած էր 20-ա­կան­նե­րը: Ա­րա­մը ո­րո­շեց մի­նա­կը լո­ղա­լու եր­թալ մօ­տա­կայ ծո­վե­զեր­քը:
Ա­րա­մը, ամ­րան ըն­թաց­քին եր­բեք չի բա­նար օ­դա­փո­խի­չը, նոյ­նիսկ ե­թէ տա­քէն կը ճա­թի: ­­Միշտ կ­‘ը­սէ, որ մեր բնու­թեան հա­մար վնաս է եւ ա­տոր հա­մար զայն չի գոր­ծա­ծեր: ­­Միայն պզտիկ փչան մը կը բա­նայ, որ­պէս­զի շատ ալ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն չգոր­ծա­ծէ: ­­Բայց երբ տա­քը այդ­քան ու­ժեղ է, միակ լու­ծու­մը ծով եր­թալն է:
Ա­րամ.-­­ Վեր­ջա­պէ՛ս, — ը­սաւ ծո­վուն մէջ մտնե­լով,- այ­լեւս մէ­կը չի կրնար դի­մա­նալ այս տա­քին:
­­Դուրս ել­լե­լով, Ա­րա­մին աչ­քե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի գէ­ղե­ցիկ լո­ղազ­գեստ հագ­նող աղ­ջիկ մը, որ ա­ռա­ջին վայր­կեա­նէն ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւեց:
­­Քաջ ըլ­լա­լով եւ տես­նե­լով, որ ան ու­րիշ այր ըն­կեր­ներ չու­նէր, Ա­րա­մը ո­րո­շեց եր­թալ խօ­սիլ ա­նոր:
Ա­րամ.- ­­Շատ տաք է օ­դը, չէ՞:
­­Նա­յի­րի.- Ա­յո, ի հարկ է: ­­Յար­մար է լո­ղա­լու:
Ար.- Ա­նունս Ա­րամ է: ­­Քու ա­նունդ ի՞նչ է, սի­րունս:
­­Նայ.- ­­Նա­յի­րի: Ու­րախ եմ քե­զի ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար:
Ար.- Ես ալ: ­­Կը մտա­ծէի քե­զի հարց­նել, ե­թէ ժա­մա­նակ ու­նիս, միա­սին պտո­յի­տի եր­թանք:
­­Նայ.- Ան­շուշտ, ու­րախ պի­տի ըլ­լա­յի: ­­Վա­ղը կրնանք տես­նո­ւիլ կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կը, ժա­մը 8-ին, եւ կը տես­նենք ուր կ­‘եր­թանք:
Ար.- ­­Լաւ է գա­ղա­փարդ: ­­Վա­ղը կը տես­նո­ւինք ու­րեմն:
­­Միւս օ­րո­ւան ի­րի­կու­նը, Ա­րա­մը սկսաւ կա­նու­խէն պատ­րաս­տո­ւիլ: ­­Լոգ­ցաւ, սուղ ե­րեւ­ցող հա­գուստ­ներ հա­գաւ, մա­զե­րը շտկեց եւ իր ա­մե­նա­սուղ ա­նու­շա­հո­տը դրաւ:
­­Ճամ­բայ ե­լաւ եւ ո­րո­շեց աղջ­կան հա­մար վարդ մը գնել, որ­պէս­զի ե­րե­ւի թէ հոգ կը տա­նէր ի­րեն:
­­Ծաղ­կա­վա­ճա­ռի խնաու­թի մը մէջ մտաւ ու­րեմն եւ սկսաւ ա­նու­շիկ վար­դի մը փնտոռ­տու­քը:
Ա­րամ.- Այս շող­շո­ղուն վար­դին գի­նը ի՞նչ է, հար­ցուց վա­ճա­ռա­կա­նին:
­­Վա­ճա­ռա­կան.- 10€ ­պա­րոն:
Ար.- ­­Տա­սը եւ­րօ՞: Ի­րա­կան ոս­կիէ՞ շի­նո­ւած է: Ձ­գե­ցէք, պէտք չկայ բան մը գնել ի վեր­ջոյ,- ը­սաւ յու­սա­հատ ու մեկ­նե­ցաւ:
Ա­ռանց վար­դի, ո­րո­շո­ւած ժա­մուն հա­սաւ հրա­պա­րակ: ­­Նա­յի­րին հոն էր՝ եր­կար կռնա­կը բաց հա­գուստ մը կը հագ­նէր:
­­Նա­յի­րի.- ­­Լաւ է, որ ճիշդ ժա­մուն ե­կար եւ չէի սպա­սեր քե­զի:
Ա­րամ.- ­­Տէ­սա՞ր: ­­Միշտ պար­տա­ճա­նաչ եմ, գիտ­նաս:
­­Նայ.- Ու­րեմն, գտայ շատ ա­ղո­ւոր ճա­շա­րան մը, բայց քիչ մը հե­ռու է: ­­Պէտք է հան­րա­կառ­քը առ­նենք:
Ար.- Ո՜ր հան­րա­կառ­քը հի­մա, վստահ եմ որ քա­լե­լով կրնանք եր­թալ:
­­Նայ.- Ք­սան վայր­կեան պէտք է քա­լենք, եւ կօ­շիկ­ներս ալ յար­մար չեն քա­լե­լու:
Ար.- ­­Լաւ պի­տի ըլ­լաս, այդ­քան ալ հե­ռու չէ ճա­շա­րա­նը: ­­Տոմ­սակ վճա­րե­լու պէտք չկայ…
­­Նայ.- ­­Լաւ, քա­լենք…
Այդ­պի­սով, Ա­րամն ու ­­Նա­յի­րին ճա­շա­րան հա­սան:
Ա­րամ.- ­­Տե­սա՞ր: ­­Կար­ծես թէ վայր­կեան մըն ալ չքա­լե­ցինք:
­­Նա­յի­րի.- Ա­յո, ճիշդ ես- ը­սաւ ան շնչաս­պառ:
Ս­պա­սա­ւոր.- ­­Բա­րեւ ձեզ: ­­Քա­նի՞ հո­գիի հա­մար սե­ղան կը պա­հան­ջէք:
Ար.- Եր­կու, խնդրեմ:
Ս­պաս.- Ին­ծի հե­տե­ւե­ցէք:
Ա­րա­մը ներս կը մտնէ եւ տես­նե­լով ոս­կիէ զար­դա­րու­մը, անդ­րա­դար­ձաւ որ գի­նե­րը սուղ պի­տի ըլ­լա­յին:
Ա­րամ.- ­­Շատ ա­ղո­ւոր ճա­շա­րան կ­‘ե­րե­ւի: ­­Լաւ ընտ­րու­թիւն ը­րիր:
­­Նա­յի­րի.- Ան­շուշտ: Վս­տահ եմ որ կե­րա­կուրն ալ հա­ճե­լի պի­տի ըլ­լայ:
Ս­պա­սա­ւոր.- ­­Պատ­րա՞ստ էք:
Ար.- Ա­յո: Ես ա­սի­կա պի­տի առ­նեմ- ը­սաւ ցոյց տա­լով ա­մե­նաա­ժան կե­րա­կու­րը:
Ս­պաս.- ­­Ձե­զի՞ հա­մար:
­­Նայ.- Ես պի­տի առ­նեմ ռա­վիո­լի խմո­րե­ղէն­նե­րը (ա­մե­նա­սուղ կե­րա­կու­րը):
Ար.- Վս­տա՞հ ես: ­­Կար­ծեմ ա­ւե­լի հա­մեղ կե­րա­կուր­ներ կան:
­­Նայ.- ­­Կար­ծեմ ա­սի­կա ա­ւե­լի պի­տի սի­րեմ:
Ս­պաս.- ­­Պատ­րաստ պի­տի ըլ­լան քա­նի մը վայր­կեա­նէն:
Ս­պա­սա­ւո­րը կը վե­րա­դառ­նայ, կե­րա­կուր­նե­րը բե­րե­լով:
Ս­պա­սա­ւոր.- ­­Բա­րի՜ ա­խոր­ժակ:
Ա­րամ.- Շ­նոր­հա­կալ ենք:
­­Կե­րա­կու­րը կը վեր­ջա­նայ եւ ժա­մա­նա­կը կու գայ վճա­րե­լու:
Ս­պա­սա­ւոր.- ­­Միա­սին կա՞մ ա­ռան­ձին:
Ա­րամ.- Ա­ռան­ձին:
­­Նա­յի­րին ա­նոր շփո­թո­ւած կը նա­յի, ո­րով­հե­տեւ ա­ռա­ջին ռան­տէ-վո­ւին, տղա­մար­դը միշտ ամ­բողջ կե­րա­կու­րը կը վճա­րէ:
­­Նա­յի­րի.- Ձ­գե­ցէք, ես պի­տի վճա­րեմ ամ­բող­ջը- ը­սաւ բար­կա­ցած:
­­Ճա­շա­րա­նէն դուրս կ­’ել­լեն, եւ ­­Նա­յի­րին զայ­րա­ցած կ’ը­սէ:
­­Նա­յի­րի.- ­­Հի­մա հասկ­ցայ ին­չու ը­սիր որ ու­րիշ կե­րա­կուր ընտ­րեմ: ­­Չէիր ու­զեր սուղ բան մը վճա­րել: Ա­սոր հա­մար ա­մե­նաա­ժան կե­րա­կու­րը ա­ռիր:
Այ, կծծի՛ մարդ: Առ­ջեւս նո­րէն չտես­նեմ քեզ:
Ա­րամ.- Ո՛չ, ­­Նա­յի­րի, չհասկ­ցա՜ր- ը­սաւ բայց ար­դէն աղ­ջի­կը մեկ­նած էր, այս ան­գամ հան­րա­կառ­քով:
Այդ­պէս Ա­րա­մը նո­րէն չտես­նո­ւե­ցաւ ա­նոր հետ, եւ ա­մա­ռը շա­րու­նա­կեց մի­նակ, տա­քին դի­մա­նա­լով, ա­ռանց օ­դա­փո­խիչ վա­ռե­լու, ան­շուշտ…

Ա­նա­յիս ­­Լու­լու­մա­րի
Գ. ­­Կարգ

***

­Նու­ռին ար­մատ­նե­րը

­Շատ տա­րի­ներ ա­ռաջ կար պզտիկ, շատ պզտիկ կղզի մը, ուր կը գտնո­ւէր միա­յին մէկ ծառ։ Կ­ղզին այն­քան պզտիկ էր, որ ծա­ռէն զատ հա­զիւ մարդ մը կը սղմէր ու ոչ մէկ քար­տէ­սի վրայ կար։ ­Թէեւ կղզին շատ գե­ղե­ցիկ չէր, ծա­ռը հիա­նա­լի կեր­պա­րանք մը ու­նէր։ Նռ­նե­նի մըն էր, սու­տա­կի պէս փայ­լուն կար­միր նու­ռե­րով։
Օր մը մարդ մը ու­զեց ծա­ռը քա­ղել ո­րով­հե­տեւ զգաց, որ վտան­գա­ւոր էր։ ­Նաւ մը ա­ռաւ, ճամ­բոր­դեց ու մի քա­նի օր ետք կղզի հա­սաւ։ ­Մեծ բար­կու­թեամբ սկսաւ նու­ռե­րը քա­ղել եւ ծով նե­տել։ Երբ ալ նուռ չմնաց ու­րախ գնաց։
­Տա­րի մը ան­ցաւ։ ­Մար­դը նո­րէն այ­ցե­լեց կղզին ստու­գե­լու հա­մար նռնե­նին։ ­Բայց երբ ծա­ռը տե­սաւ ապ­շած մնաց։ ­Նո­րէն նու­ռեր ա­ճած էին ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ ու փայ­լուն։ Ա­ւե­լի մեծ բար­կու­թեամբ նո­րէն քա­ղեց ու ծով նե­տեց։
­Տա­ռի մը ան­ցաւ։ ­Նո­րէն գնաց ստու­գե­լու։ ­Բայց նո­րէն նու­ռե­րը ա­ճած էին։ Այս ան­գամ պէտք էր ա­ւե­լի խե­լա­ցի բան մը մտա­ծէր։ Իր ամ­բողջ ու­ժը հա­ւա­քեց, ծա­ռը բռնեց ու քա­ղեց։ Այ­լեւս ձեւ չկար որ նու­ռեր ա­ճին։ ­Ծա­ռին ար­մատ­նե­րը հա­նած էր։
Ու­րախ՝ վե­րա­դար­ձաւ իր տու­նը, որ կը գտնո­ւէր ծո­վուն գով։ ­Հա­սաւ եւ ի՜նչ տես­նէ։ Իր պար­տէ­զին հո­ղէն նռնե­նի­ներ ե­լած էին։ ­Բայց ոչ պարզ նռնե­նի­ներ, վստահ էր որ ե­լած էին այդ նու­ռե­րէն, որ ին­քը նե­տած էր ծո­վուն մէջ։
Այս­պէս այ­լեւս մար­դը չփոր­ձեց նռնե­նի­նե­րը քա­ղել։ Ո­րով­հե­տեւ թէեւ ծա­ռը քա­ղեց, նու­ռե­րը փա­խան եւ նոր ծառ մը տնկե­ցին։

­Մա­րալ Ե­զե­կիէ­լեան

***

­Քա­րը որ ու­զում էր վա­զել

­Մի փոքր քար էր նստած ճա­նա­պար­հի մօտ։ ­Մար­դիկ ու կեն­դա­նի­ներ անց­նում էին նրա մօ­տով, իսկ քա­րը տխրում էր եւ նա­խան­ձում էր։
«­Բո­լո­րը շարժ­վում են, աշ­խարհն են տես­նում… իսկ ես միշտ նոյն տե­ղում եմ»,- ա­սում էր քա­րը։
­Մի գի­շեր մօ­տիկ ե­կաւ մի ջայ­լա­մուկ ու ա­սաց. «Ին­չու ես ու­զում վա­զել։ ­Դու քար ես, քո տե­ղը կանգ­նած ես»։
«Բայց ես էլ եմ ու­զում աշ­խար­հը տես­նել», պա­տաս­խա­նեց քա­րը։
Ա­սաց ջայ­լա­մու­կը. «Ու­զիր դա սրտով, կեան­քը կը լսի»։
­Քա­րը չգի­տէր, թէ ինչ­պէս «խնդրի», բայց ներ­սում այն­քան շատ ու­զեց, որ նրան լսեց այն մեծ լե­ռը, որ­տե­ղից նա մի ժա­մա­նակ ըն­կել էր։ ­Մէկ օր ու­ժեղ անձ­րեւ ե­կաւ եւ գե­տի ջու­րը քա­րը բարձ­րաց­րեց ու տա­րաւ։
Սկզ­բում քա­րը վա­խե­ցաւ, բայց յե­տոյ հաս­կա­ցաւ, որ նա իս­կա­պէս շարժ­ւում է։ ­Նա անց­նում էր ծա­ղիկ­նե­րի, ան­տառ­նե­րի եւ դաշ­տե­րի մի­ջով եւ դառ­նում էր ա­ւե­լի հարթ եւ փայ­լուն։
Երբ վեր­ջում կանգ ա­ռաւ, ար­դէն մի փոք­րիկ, հարթ քա­րիկ էր լճի մօտ։ ­Նա այ­լեւս նման չէր այն հին քա­րին, որ միայն նոյն տե­ղում էր։

­Նել­լի ­Ղա­զա­րեան

***

Ան­տա­ռա­յին հրդեհ­նե­րը

Օր մը գա­ցի իմ ըն­տա­նի­քիս հետ փոք­րիկ լեռ­նա­յին զբօ­սան­քի մը: Ս­կիզ­բը ա­մէն ինչ հիա­նա­լի էր, թարմ օ­դը, կա­նաչ ծա­ռե­րը եւ գե­ղե­ցիկ բնու­թիւ­նը: ­­­Բայց յան­կարծ քիչ մը ա­ւե­լի հե­ռու ե­րեւ­ցաւ կրակ մը, որ կը տա­րա­ծո­ւէր շատ ա­րագ ու կ’այ­րէր ծա­ռե­րը ա­ռանց կե­նա­լու: Երբ այս տե­սայ, իմ մէջս շատ զգա­ցում­ներ ե­կան, տխրու­թիւն, վախ եւ ան­շուշտ ան­հանգս­տու­թիւն ո­րով­հե­տեւ շատ վտանգ­ներ կրնար բե­րել կրա­կը:
Ան­տառ­նե­րը, շատ կա­րե­ւոր մաս մը կը կազ­մեն մեր բնու­թեան մէջ, որ կրակ­նե­րով կը կոր­սո­ւի: Սկ­սե­լով, այ­րե­լով ծա­ռե­րը թթո­ւա­ծի­նը ու մա­քուր օ­դը կը պա­կ­­սին ու ջեր­մու­թիւ­նը կը բարձ­րա­նայ: Այս կ’ըլ­լայ, ո­րով­հե­տեւ ծա­ռե­րը կ’օգ­նէին զո­վաց­նել օ­դը ու պաշտ­պա­նել հո­ղը: ­­­Ծա­ռե­րու բա­ցա­կա­յու­թեամբ հո­ղը ու օ­դը կը տաք­նան, ու բնա­կան կլի­մա­յի վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը կը կորսնց­նենք: ­­­Շատ կա­րե­ւոր վտանգ մըն է, որ կեն­դա­նի­նե­րու բնա­կա­վայ­րը կը կորս­նո­ւի ու ի վեր­ջոյ գրե­թէ բո­լոր կեն­դա­նի­նե­րը չեն կրնար ապ­րիլ ա­ռանց ի­րենց բնու­թեան եւ կը մեր­նին: Ու վեր­ջին բայց նա­յեւ շատ կա­րե­ւոր, որ երբ ծառ մը կ­’այ­րի իր ներ­քին ջու­րը կը կորս­նո­ւի:
­­­Բայց որ­պէս­զի հրդեհ չսկսի ան­տառ­նե­րուն մէջ, պէտք է հա­շո­ւի առ­նենք ո­րոշ բա­ներ: Այ­նինքն, չ­­ի նե­տենք աղ­բեր կամ ա­պա­կի­ներ, ո­րոնք կրնան ա­րագ կրակ առ­նել: ­­­Շատ կա­րե­ւոր է կրակ չի ­վա­ռենք խո­տե­րու վրայ կամ խա­րոյ­կի հա­մար: ­­­Նա­եւ պէտք չէ նե­տենք վա­ռած ծխա­խոտ, ո­րով­հե­տեւ կրնայ շատ դիւ­րիւն կրակ առ­նել ու այ­րի ամ­բողջ ան­տա­ռը: Ե­թէ կրակ առ­նէ ան­տառ մը եւ կոր­ծա­նո­ւի պէտք է ա­մէն մարդ օգ­նէ, որ ա­ռող­ջաց­նէ զայն: Կր­նանք մեծ ու պզտիկ ծա­ռատն­կու­մի եր­թալ եւ տնկենք յար­մար բոյ­սե­րը ան­տա­ռին մէջ, որ չեն վնա­սեր բնու­թիւ­նը:
Ամ­փո­փե­լով, ան­տա­ռա­յին հրդեհ­նե­րը ոչ միայն կ’ըլ­լան ա­ղէտ բնու­թեան հա­մար, այ­լեւ վտան­գա­ւոր է մար­դե­րու ու կեն­դա­նի­նե­րու հա­մար: Այս պատ­ճա­րով մեր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւնն է պաշտ­պա­նել զայն:

­­­Սո­նիա ­­­Ֆա­րա­ճեան

***

­­Խիո­սի մէջ ա­հա­ւոր հրդե­հը

Եր­կու ա­միս ա­ռաջ, ա­կա­նա­տես ե­ղայ հրդե­հի մը որ ­­Խիոս կղզիին մէջ ե­ղաւ: Այս դա­րի, ա­մա­ռո­ւան ար­ձա­կուր­դի հա­մար, այ­ցե­լե­ցի ­­Խիոս եւ Փ­սա­րա կղզի­նե­րը: ­­Նախ օ­դա­նա­ւով ­­Խիոս հա­սանք ու քա­նի մը ժամ ետք, ­­Խիո­սէն նա­ւով մը Փ­սա­րա գա­ցինք:
­­Քա­նի մը օր ետք, Փ­սա­րա կղզիին մէջ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը կտրո­ւե­ցաւ եւ բնա­կիչ­նե­րէն ի­մա­ցանք, որ ա­սի­կա ­­Խիո­սին մէջ հրդե­հի մը ար­դիւնքն էր:­ ­Նա­ւա­հան­գիս­տը ուր­տե­ղէն նա­ւը ա­ռինք Փ­սա­րա եր­թա­լու քա­նի մը օր ա­ռաջ, հի­մա փո­շիի վե­րա­ծո­ւած էր, ա­նոր հետ նաեւ, իր մօտ գտնո­ւող ան­տա­ռը: ­­Լե­րան մը վրայ բարձ­րա­ցանք եւ հոն­կէ կրցանք տես­նել կրա­կը, որ ժա­մէ ժամ կ­’ըն­դար­ձա­կէր:
Այն օ­րը, Փ­սա­րա կղզիին մէջ փա­ռա­տօն կար, սա­կայն մենք չգա­ցինք, ո­րով­հե­տեւ շատ տխրած էինք, որ ճիշդ մեր դի­մա­ցը մար­դիկ ի­րենց տու­նե­րը կը կորսնց­նէին, եւ պէտք էր ի­րենց հարս­տու­թիւն­նե­րը ձգեն եւ ի­րենց ծննդա­վայ­րէն մեկ­նին:
­­Բո­լորս ու­րեմն կը հասկ­նանք, թէ ինչ­քան մեծ ու կա­րե­ւոր են հրդե­հի մը ար­դիւնք­նե­րը: Երբ ան­տառ մը կ­’այ­րի, ոչ միա­յն ­ծա­ռե­րը կը փճա­նան, իսկ կեն­դա­նի­նե­րու կեան­քը կը վնա­սո­ւի, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց ա­պաս­տա­նը եւ ու­տե­լի­քը կը կորսնց­նեն: ­­Նաեւ գի­տենք, որ ծա­ռե­րը եւ կա­նա­չու­թիւ­նը ըն­հան­րա­պէս մե­զի կ­’ա­պա­հո­վէ թթո­ւա­ծին, որ կեն­սա­կան է մար­դու մը ա­ռող­ջու­թեան հա­մար: Ու­րեմն, ա­ռանց ան­տառ­նե­րու, ոչ միա­յն բ­նու­թիւ­նը այ­լեւ մենք ալ կը վնա­սո­ւինք: ­­Վեր­ջա­պէս, ո­րով­հե­տեւ ծա­ռե­րու ար­մատ­նե­րը ջուր կը կլա­նեն, ջրհե­ղեղ­նե­րը կը կեց­նեն, այ­սինքն ե­թէ ծա­ռեր չըլ­լա­յին, ջրհե­ղեղ­նե­րը ա­ւե­լի գէշ ար­դիւնք­ներ պի­տի ու­նե­նա­յին:
Հր­դեհ­նե­րը կան­խե­լու եւ մեր ան­տառ­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար մի­ջոց­ներ պէտք է գտնենք: Ա­ռա­ջին մի­ջոց մը կրնայ ըլ­լալ, որ կա­րա­վա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի խիստ օ­րէնք­նե­րու դի­մէ, տու­ներ կա­ռու­ցե­լու խնդի­րին շուրջ, ո­րով­հե­տեւ շատ պա­րա­գա­ներ կան, երբ մար­դիկ դիտ­մամբ ան­տառ մը կ’այ­րեն, որ­պէս­զի հիւ­րա­նոց­ներ, տու­ներ եւ ճա­շա­րան­ներ կա­ռու­ցեն: ­­Նաեւ, պէտք է մար­դոց սոր­վեց­նել բնու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ինչ­պէս կրնայ ա­մէն մէ­կը, պզտիկ բա­ներ ը­նե­լով, պաշտ­պա­նել զայն: ­­Վեր­ջա­պէս, հրշէջ­նե­րու կազ­մը պէտք է ա­ւե­լի լաւ ձե­ւով կազ­մա­կեր­պուի, որ­պէս­զի հրդեհ­նե­րը շու­տով կե­նան եւ վնաս­նե­րը չըն­դար­ձա­կո­ւին:
­­Վեր­ջա­պէս կը հասկ­նանք, թէ ինչ­քան կա­րե­ւոր է մեր բնու­թիւ­նը պաշտ­պա­նենք, որ­պէս­զի մեր կեան­քը բա­րե­լա­ւո­ւի:

Ա­նա­յիս ­­Լու­լու­մա­րի

***

Ի՞նչ է իմ հայ­րե­նիքս

Եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ, խնճոյ­քի մը գտնո­ւե­ցայ: ­Հոն կա­յին ա­մէն ազ­գէ մար­դիկ՝ յոյն, հայ, գեր­մա­նա­ցի… Ա­սոնց­մէ քա­նիի մը հետ խօ­սակ­ցե­ցայ իմ ազ­գիս մա­սին, հայ­րե­նի­քիս մա­սին:
-Իմ ծնող­ներս յոյն են. ա­նոնք հոս ծնած են, նոյն­պէս ե՛ս ալ,- ը­սաւ յոյն մը: ­Միշտ հայ­րե­նի­քը ին­ծի հա­մար ­Յու­նաս­տա­նը ե­ղած է՝ հոս ծնած եմ, լե­զուն գի­տեմ, միշտ հոս ապ­րած եմ, ա­նոր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն կը հե­տե­ւիմ… իսկ դո՞ւք,- հար­ցուց ուղ­ղե­լով խօս­քը միւս­նե­րուն,- ո՞րն է ձեր հայ­րե­նի­քը, ի՞նչ կը նշա­նա­կէ ձե­զի հա­մար, ինչ­պէ՞ս են ձեր ազ­գի մար­դի­կը, մշա­կոյ­թը:
— ­Հայ­րե­նիքս ­Գեր­մա­նիան է,- պա­տաս­խա­նեց գեր­մա­նա­ցի աղ­ջիկ մը: ­Հոն են իմ ար­մատ­ներս, ըն­տա­նիքս: Ես ալ հոն ծնած եմ ու ապ­րած: ­Հոս ե­կայ միայն աշ­խա­տան­քի պատ­ճա­ռաւ: ­Գեր­մա­նա­ցի­ներս պատ­մու­թեան մէջ միշտ յան­ձա­ւոր ե­ղած ենք պա­տե­րազմ­նե­րու, բայց միշտ մեր պա­տի­ւով նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրենք եւ ա­ւե­լի լաւ մար­դիկ կը դառ­նանք: ­Հա­րուստ մշա­կոյթ ալ ու­նինք: Իսկ դո՞ւն,- ը­սաւ ուղ­ղե­լով հար­ցու­մը ին­ծի,- ի՞նչ է քու պատ­մու­թիւնդ, ուր­կէ՞ կու գաս:
Այն ժա­մուն սա­ռե­ցայ: Լ­սե­լով ի­րենց յստակ պա­տաս­խան­նե­րը, չէի կրնար պա­տաս­խա­նել այս պարզ, ինչ­պէս կը կար­ծէի մին­չեւ այն պա­հուն, հար­ցու­մին: Ի՞նչ պէտք էր ը­սէի, ի՞նչ պի­տի հասկ­նա­յին: Ե­թէ ը­սեմ, որ ­Հա­յաս­տանն է հայ­րե­նիքս, բայց տա­րի­նե­րէ ի վեր հոս ապ­րած է ըն­տա­նիքս, խենթ պի­տի սե­պեն զիս: «Ինչ­պէ՞ս հայ է ա­սի­կա, քա­նի որ հոն չէ ծնած», պի­տի մտա­ծեն: Ե­թէ ա­ւելց­նեմ, որ հայրս յոյն է եւ ­Յու­նաս­տան ծնած եմ բայց միայն յոյն չեմ, պի­տի շո­ւա­րին: Իսկ երբ ը­սեմ, որ եր­բեք ալ ­Հա­յաս­տան չեմ գա­ցած, ոչ ալ հոն ազ­գա­կան ու­նիմ, «ինչ­պէ՞ս հայ ես, ու­րեմն» պի­տի հարց­նեն: Ո­րո­շե­ցի ու­րեմն, այս մտա­ծում­նե­րէն ետք, հե­տե­ւեա­լը պա­տաս­խա­նել.
-Ես մէկ հայ­րե­նիք չու­նիմ: ­Մէկ կող­մէն, հայրս յոյն է, հոս ծնած, ըն­տա­նի­քը դա­րե­րէ ի վեր հոս ապ­րած է: ­Միւս կող­մէն, մայրս հայ է, բայց հայ՝ որ ­Հա­յաս­տան չէ ծնած: Իմ ար­մատ­ներս ­Փոքր Ա­սիա­յէն են. ­Փոքր Ա­սիոյ հա­յե­րէն: ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած են հայրս ալ, եղ­բայրս ալ: ­Սա­կայն, ես դեռ հայ­րե­նիքս չեմ այ­ցե­լած: ­Հա­յաս­տա­նը ին­ծի հա­մար սրտիս մէջ ե­ղած է հայ­րե­նիք: ­Ճա­շե­րը, որ մայրս կը պատ­րաս­տէ, ա­ւան­դա­կան պա­րե­րը, զորս կը սոր­վիմ, ցոյ­ցե­րը, ո­րոնց կը մաս­նակ­ցիմ, հայ­կա­կան դպրո­ցը, ուր կ­’ու­սա­նիմ, յու­շա­կո­թող­նե­րու նկար­նե­րը, գրա­կան հա­տո­ւած­նե­րը, զորս կը կար­դամ, հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, ուր կ­’եր­թամ… այս բո­լո­րը ցոյց կու տան, որ հայ եմ: ­Հա­յաս­տան չեմ ծնած, չեմ այ­ցե­լած, բայց միշտ հայ պի­տի ըլ­լամ:

Ա­նա­յիս

***

­­Հայ­րե­նիքս

­­Հայ­րե­նիքս ա­նու­շիկ եր­կիր մըն է, ուր ա­մէն ծա­ղիկ ու տե­րեւ իր գե­ղեց­կու­թիւ­նը ու­նի։ ­­Հայ­րե­նիքս խա­ղաղ եր­կիր մըն է, ուր ամ­բողջ ժո­ղովր­դը քեզ կ­’ըն­դու­նի ժպի­տով։
­­Հայ­րե­նիքս հին եր­կիր մըն է, ո­րու պատ­մու­թիւ­նը դա­րեր ա­ռաջ սկսած է։
­­Հայ­րե­նիքս հա­մով եր­կիր մըն է, ուր ա­մէն ճաշ հա­մով հո­տով ու սի­րով պատ­րաս­տո­ւած է։
­­Հայ­րե­նիքս ճեր­մակ եր­կիր մըն է, ուր ամ­բողջ ձմե­ռը ձիւն կը տե­ղայ։
­­Հայ­րե­նիքս կա­նաչ եր­կիր մըն է, ուր ամ­բողջ գա­րու­նը ծա­ղիկ­նե­րը կը բուս­նին գոյն տա­լով բո­լոր դաշ­տե­րուն։
­­Հայ­րե­նիքս սրճա­գոյն եր­կիր մըն է, ուր ա­մէն ա­շուն տե­րեւ­նե­րը կը թա­փին։
­­Հայ­րե­նիքս տխուր եր­կիր մըն է, ուր շատ պա­տե­րազմ­ներ կ’ըլ­լան։
­­Հայ­րե­նիքս սեւ եր­կիր մըն է, ուր­կէ օ­րա­կան ժո­ղո­վուր­դը կը հե­ռա­նայ, որ ա­ւե­լի լաւ կեանք գտնէ։
­­Հայ­րե­նիքս ­­Հա­յաս­տանն է…

­Սե­ւակ

***

Իմ ա­նուշ ­­­Հա­յաս­տանս,
իր հա­մով ճա­շե­րով եւ պա­րե­րով

Ես կը սի­րեմ իմ հայ­րե­նիքս եւ իր ա­ղո­ւոր հո­տե­րը։
­­­Շատ կը սի­րեմ մեր հին լե­զուն։
Երբ ­­­Հա­յաս­տա­նին հան­դի­պե­ցայ ա­ռա­ջին ան­գամ, հիա­ցած էի։ ­­­Սիրտս ու­ժով կը տրո­փէր. ա՛յն­քան ա­նու­շիկ էր։ Այն օ­րը հասկ­ցայ, ո՛ր­քան կա­պո­ւած էի այդ երկ­րին հետ. ա՛յն­քան, որ չէի ու­զեր ­­­Յու­նաս­տան վե­րա­դառ­նալ։
Ին­ծի հա­մար «հայ­րե­նիք» կը նշա­նա­կէ՝ ու­րա­խու­թիւն եւ ուժ։ ­­­Մենք` հա­յերս, դա­րէ դար ա­ւե­լի կը միա­նանք, եւ մեր եր­կի­րը ա­ւե­լի կը շէն­նայ։
­­­Հա­յաս­տա­նի յու­շար­ձա­նե­րը եւ իր տե­սա­րան­նե­րը, իր ա­նուշ հո­տե­րը եւ բա­րե­սիրտ ժո­ղո­վուր­դը… Ան­հա­ւա­տա­լի է` որ­քան բա­րի մար­դիկ կան ­­­Հա­յաս­տան։ ­­­Միշտ դուռ­նե­րը բաց՝ կը սպա­սեն։
­­­Յու­սամ բո­լոր մար­դիկ հասկ­նան որ­քան գե­ղե­ցիկ եր­կիր է եւ այ­ցե­լեն ­­­Հա­յաս­տա­նը գո­նէ մէկ ան­գամ։
Հ­պարտ եմ որ հայ եմ, եւ իմ հայ­րե­նիքս միշտ կ­’ու­րա­խաց­նէ զիս։ Ւմ կար­ծիքս է, որ ­­­Հա­յաս­տա­նը ա­մէ­նէն ա­նու­շիկ եր­կիր­նե­րէն մէկն է: ­­­Թէեւ պզտիկ է, իր ա­նուշ գե­տե­րը եւ հիա­նա­լի վայ­րե­րը ե­զա­կի են։

Ք­րիս­տին

***

Ա՜հ ըլ­լա­յի…

Ա՜հ տե­րեւ ըլ­լա­յի,
Որ աշ­նան ըն­թաց­քին,
­Սուր­ճի գոյն ա­ռած՝
­Հո­վուն հետ ա­մէն տեղ տա­րո­ւէի:
­Գար­նան ըն­թաց­քին,
Կր­կին կեանք ա­ռած՝
­Մար­դե­րուն ու­րա­խու­թիւ­նը տես­նէի:
Ու նո­րէն ձմե­ռո­ւան ըն­թաց­քին,
Ան­հե­տա­ցած ու մոռ­ցո­ւած՝
­Հան­գիստ կեանք մը ապ­րէի:

Ա­նա­յիս ­Լու­լու­մա­րի
Գ. ­Կարգ

***

Ա ՜հ ըլ­լա­յի ա­ղաւ­նի մը…

­­Կա­րե­նա­յի ա­մէն տեղ եր­թալ հեշ­տու­թեամբ:
Ա­մէն բան տես­նէի վե­րե­ւէն եւ վա­յե­լէի…
Ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ ա­զատ ըլ­լա­յի:
Թռ­չէի, ո՛ր եր­կի­րը ու­զէի եւ սի­րուն տե­ղեր եր­թա­յի:

Ա­նա­հիտ ­­Խա­չատ­րեան
Գ. ­­Կարգ

***

Ահ ըլ­լա­յի ծառ մը

­­Լե­ցուն պտուղ­նե­րով ու ծա­ղիկ­նե­րով:
­­Տա­յի պտուղ­ներ փոք­րիկ­նե­րուն ու մե­ծե­րուն, հա­րուստ­նե­րուն ու աղ­քատ­նե­րուն։
­­Մար­դիկ գա­յին ու ին­ծի խօ­սէին ի­րենց խնդիր­նե­րուն ու սէ­րե­րուն մա­սին,
ու ձե­ւով մը ես ի­րենց օգ­նէի։
­­Տե­րեւ­ներս զօ­րա­ւոր մնա­յին ու չիյ­նա­յին
Եւ ե­թէ իյ­նա­յին թող նոր մը ել­լէր միւ­սէն ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր։
­­Բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ գտնո­ւէի ու խա­ղա­ղու­թիւն տա­յի։
Ահ ըլ­լա­յի ծառ մը…

­­Սե­ւակ ­­Խա­չե­րեան
Գ. ­­Կարգ