(­Ծուռ նստինք, շի­տակ խօ­սինք)

Ին­չո՞ւ կը կոր­սո­ւի հայ մշա­կոյ­թը…

ՄԻՆՍԱՐ

­Յար­գե­լի ըն­թեր­ցող­ներս, սխալ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ չստեղ­ծե­լու, ինչ­պէս նաեւ ան­հիմն եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րէ ալ հե­ռու մնա­լու հա­մար ը­սեմ, որ այս յօ­դո­ւածս, ինչ­պէս նաեւ ա­սոր յա­ջոր­դե­լիք ու­րիշ մէկ քա­նին, չեմ գրած միայն մեր յու­նա­հայ գա­ղու­թի ներ­կայ վի­ճա­կէն մտա­հո­գո­ւած, այլ գրած եմ նշմա­րե­լով, թէ դէ­պի ուր կ­՚եր­թայ մեր Ս­փիւռ­քը: Ե­թէ այս ընդ­հա­նու­րէն հատ մը պի­տի բա­ցա­ռէի, այդ պի­տի ըլ­լար ­Լի­բա­նա­նի մեր գա­ղու­թը, ին­չու կ­՚ու­զեմ հա­ւա­տալ, որ ե­թէ տա­կա­ւին կայ գա­ղութ մը, որ մին­չեւ այ­սօր «ձեռ­քով-ոտ­քով» կը ջա­նայ, (կ­՚աշ­խա­տի), հայ մշա­կոյ­թը պա­հել, այդ մէ­կը ­Լի­բա­նա­նի մեր հայ գա­ղութն է:

Ու­րեմն…
Ս­փիւռ­քը միշտ ե­ղած է մեր ժո­ղո­վուր­դին շունչն ու վա­հա­նը: Ան­գամ մը եւս պի­տի կրկնեմ, որ Ս­փիւռք ը­սե­լով, ակ­նարկս միայն յու­նա­հայ գա­ղու­թին մա­սին չէ, այլ՝ մեր բո­լո՛ր հայ գա­ղութ­նե­րուն մա­սին է:
1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, երբ մենք կորսն­ցու­ցինք մեր պա­պե­նա­կան հայ­րե­նի­քին հո­ղե­րուն մե­ծա­գոյն մա­սը, Ս­փիւռքն էր, որ աշ­խա­տե­ցաւ ու պա­հեց մեր մե­ծաս­քանչ հայ լե­զուն, հայ ե­կե­ղե­ցին, հայ դպրո­ցը, հայ պա­րը եւ հայ եր­գը։
Այ­սօր սա­կայն, մօ­տա­ւո­րա­պէս հինգ սե­րունդ յե­տոյ, մենք կը կանգ­նինք այլ տե­սա­կի վտան­գի մը առ­ջեւ։
Այ­լեւս մեր թշնա­մին, ա­րիւ­նար­բու թուր­քին եա­թա­ղա­նը չէ, այլ՝ մէ՛կ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր մո­ռա­ցո՛ւմն է…:
Ին­չո՞ւ կը կոր­սո­ւի հայ մշա­կոյ­թը…:
Ե­կէք հի­մա ձե­զի, (միշտ իմ տե­սան­կիւ­նէս դի­տո­ւած), մէկ քա­նի տխուր պատ­ճառ­ներ ներ­կա­յաց­նեմ:

­ Հայ լե­զո­ւի կո­րուստ
­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զա­պուրծ ա­զա­տած ա­ռա­ջին հայ սե­րուն­դը, հա­յե­րէն կը խօ­սէր։ Երկ­րոր­դը շա­րու­նա­կեց հա­յե­րէն խօ­սիլ: Եր­րոր­դը կը խօ­սէր, սա­կայն… ո­րոշ չա­փով: ­Չոր­րոր­դը՝ թէեւ հա­յե­րէն կը հասկ­նար, սո­վո­րա­բար կը պա­տաս­խա­նէր յու­նա­րէ­նով եւ կամ թէ ու­րիշ, ո­րե­ւէ այլ օ­տար լե­զո­ւով։ ­Հին­գե­րոր­դը՝ ցաւ ի սիրտ պէտք է ըն­դու­նինք, որ բա­ցի ո­րոշ յու­սադ­րիչ բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րէ, իր ա­ռօ­րեա­յին ըն­թաց­քին, դժբախ­տա­բար միայն օ­տար լե­զու կը գոր­ծա­ծէ։
Երբ հայ­կա­կան ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ, այ­լեւս հա­յե­րէն չի խօ­սո­ւիր, մեր մշա­կոյ­թը կը վե­րա­ծո­ւի թան­գա­րա­նա­յին ցու­ցանմու­շի։

­ Խառն ա­մուս­նու­թիւն­ներ եւ ձու­լում
Ս­փիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու բա­ւա­կան նկա­տե­լի մաս մը, այ­սօր կ­՚ընտ­րէ օ­տար ա­մու­սին։ Այս ե­րե­ւոյ­թը, ան­շուշտ մարդ­կա­յին ա­ռու­մով, գէշ բան մը չէ։
­Բայց երբ տու­նին մէջ եր­կու մշա­կոյթ կը սկսին ի­րա­րու բա­խիլ, նաեւ՝ ե­թէ հայ­կա­կանն ալ կազ­մա­կեր­պո­ւած չըլ­լայ, բնա­կա­նա­բար տի­րա­պե­տո­ղը՝ այ­լազ­գի մշա­կոյ­թը կ­՚ըլ­լայ եւ ­Զա­տի­կը կը դառ­նայ «­Փաս­խա», դոլ­ման ալ՝ «ե­միս­թա»…։

­Հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ճգնա­ժամ
Ն­կա­տե­լի թի­ւով ե­կե­ղե­ցի­ներ, ա­կումբ­ներ եւ դպրոց­ներ կը գոր­ծեն նո­ւի­րեալ­նե­րու շնոր­հիւ, բայց դժբախ­տա­բար, ա­ռանց «նոր ա­րեան» ներդ­րու­մի։
­Մեր «հին» դա­ստիա­րակ­նե­րը կը մեկ­նին ան­վե­րա­դարձ եւ նոր ու­սու­ցիչ­ներն ալ, (հա­կա­ռակ ի­րենց մի­ջեւ գտնո­ւող ո­րոշ յար­գե­լի բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րուն), դժբախ­տա­բար չեն կրնար գո­հա­ցու­ցիչ ու պէտք ե­ղած ձե­ւով լրաց­նել այդ «հին» դաս­տիա­րակ­նե­րուն ձգած պա­րա­պը: ­Փա­փա­քը ու­նին թէեւ, սա­կայն պէտք է ի­րա­տես ըլ­լանք ու խոս­տո­վա­նինք, որ կա­րո­ղու­թիւ­նը չու­նին…։

­ Հե­տե­ւա՞նք…
­Մեր դպրոց­նե­րուն մա­կար­դա­կը տա­րո­ւէ-տա­րի ա­ւե­լի կը ցած­նայ, տե­ղի-ան­տե­ղի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րով ա­շա­կերտ­նե­րուն թի­ւը կը նո­ւա­զի, աս­տի­ճա­նա­բար դպրոց­նե­րը «շա­բա­թա­կան»ի կը վե­րա­ծո­ւին եւ ի վեր­ջոյ, կամ գոր­ծե­լէ բո­լո­րո­վին կը դադ­րին եւ կամ ալ (ա­մե­նա­լաւ պա­րա­գա­յին), կը շա­րու­նա­կեն կէս-կա­տար ձե­ւով գոր­ծել, պա­հան­ջե­լով սա­կայն մար­դու­ժի եւ նիւ­թա­կա­նի հսկայ զո­հո­ղու­թիւն:

Թո­ւա­յին աշ­խար­հի ճնշում
Ներ­կա­յիս մշա­կոյ­թը չի փո­խան­ցո­ւիր միայն գիր­քե­րով։
Ա­նի­կա կը փո­խան­ցո­ւի նաեւ «TikTok»-ով, «Netflix»-ով, եր­գով, եւ այլն, եւ այլն։ Ե­թէ հայ­կա­կան բո­վան­դա­կու­թիւ­նը քիչ է եւ ա­նո­րակ, հայ ե­րի­տա­սար­դը բնա­կա­նա­բար պի­տի ընտ­րէ այն, ինչ որ ի­րեն ա­ւե­լի հա­ճե­լի ու գրա­ւիչ կը թո­ւի։

Ու­րեմն ի՞նչ կը կորսնց­նենք
ի­րակա­նու­թեան մէջ
Դժ­բախ­տա­բար՝ մեր կո­րուս­տը բա­ռե­րը չեն միայն։
­Կը կորսնց­նենք նաեւ մեր մտա­ծե­լու ձե­ւը։
­Մեր ­Հա­յե­րէ­նին մէջ կան բա­ռեր, ո­րոնք ո­րե­ւէ այլ լե­զո­ւի մէջ չըլ­լա­լով, չեն կրնար ի­րենց բուն ի­մաս­տը տալ:
­Կը կորսնց­նենք մեր յի­շո­ղու­թիւ­նը։
Երբ թո­ռը չի կրնար հասկ­նալ, թէ ին­չո՞ւ իր պա­պի­կը ու մա­մի­կը լուռ կանգ­նած կը դի­տեն Ա­րա­րա­տին, ան ար­դէն ան­հասկնա­լիօ­րէն կտրո­ւած է իր ար­մատ­նե­րէն։
­Կը կորսնց­նենք մեր զօ­րու­թիւ­նը։
Ս­փիւռ­քը զօ­րա­ւոր ե­ղած է, ո­րով­հե­տեւ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան կող­քին, գիտ­ցած է նաեւ իր ով ըլ­լա­լը։
Ա­ռանց ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան, մենք կը վե­րա­ծո­ւինք մեծ քա­ղա­քի մը մէջ «ապ­րող», փոքր հա­մայն­քի մը։

Կա­րե­լի՞ է այս կա­ցու­թիւ­նը շրջել
Իմ կար­ծի­քով՝ ա­յո՛, բայց ո՛չ միայն յու­զա­կան ճա­ռեր ար­տա­սա­նե­լով, այլ ան­մի­ջա­պէս գոր­ծի՛ անց­նե­լով…։
Սկ­սած մեր տու­նե­րէն, պէտք է օ­րա­կան, գո­նէ տա­սը վայր­կեան, հա­յե­րէն խօ­սինք։ ­Հե­քիաթ­ներ, ծաղ­րան­կար­ներ, եր­գեր, մեր ե­րե­խա­նե­րուն պէտք է հա­մո­զենք, որ հա­յե­րէ­նը պէտք է լսեն որ­պէս կեն­դա­նի լե­զու եւ ո՛չ թէ միայն… որ­պէս դպրո­ցա­կան դաս։

­ Դաս­տիա­րա­կու­թեան
ձե­ւը փո­խել, նո­րո­գել
­Պէտք չէ մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն միայն քե­րա­կա­նու­թիւն սոր­վեց­նենք, այլ պէտք է սոր­վեց­նենք՝ հայ «rep», հայ «stand up», հայ «graphic design»։
­Հայ մշա­կոյ­թը պէտք է խօ­սի, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հասկ­ցած լե­զո­ւով:
­Կապ հայ­րե­նի­քին հետ։
­Մեր գա­ղութ­նե­րը, ա­ռանց ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի յի­շա­տա­կին, պի­տի ցամ­քին ու ծա­ղի­կի նման պի­տի չոր­նան։
­Պէտք է խիստ ա­րագ կազ­մա­կեր­պենք ու­սա­նո­ղա­կան փո­խա­նա­կում­ներ, սար­քենք ա­մառ­նա­յին ճամ­բար­ներ, դէ­պի ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւն­ներ, (ոչ միայն տա­րե­վեր­ջի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար, այլ՝ ա­մէն ա­ռի­թով), ձե­ւա­ւո­րենք հա­մա­տեղ նա­խա­գի­ծեր։
Երբ հայ ե­րի­տա­սար­դը տես­նէ Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րը, ըն­թա­նայ ա­նոնց վրա­յով, այ­լեւս հայ­րե­նի­քը ի­րեն հա­մար վե­րա­ցա­կան գա­ղա­փար մը պի­տի չըլ­լայ։

Ար­դի բո­վան­դա­կու­թիւն
­Պէտք է հա­յե­րէն լե­զուն ներդ­րենք «you tube»ին եւ «podcast»-ի խա­ղե­րուն մէջ։ Ե­թէ մենք չստեղ­ծենք, մեր հա­շո­ւոյն ու­րիշ մէ­կը պի­տի ստեղ­ծէ, սա­կայն… ա­ռանց մե­զի…։

­ Վեր­ջին խօսք մը եւս
Մեր մշա­կոյ­թը ա­պա­կեայ ծաղ­կա­ման մը չէ, ո­րուն մենք կրնանք պա­հել փակ դա­րա­կի մը մէջ։
Մ­շա­կոյ­թը, նա­մա­նա­ւանդ հա՛յ մշա­կոյ­թը, ծա­ռի նման է։
Ե­թէ չի ջրենք պի­տի չոր­նայ, պի­տի նե­խի, պի­տի փտի, իսկ ե­թէ ջրենք պի­տի մեծ­նայ, պի­տի ծաղ­կի եւ նոր ճիւ­ղեր, ծա­ղիկ­ներ եւ պտուղ­ներ պի­տի տայ մե­զի:
­Մեր հայ մշա­կոյ­թի կո­րուս­տի վտան­գը, թէեւ այ­սօր ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է, բայց եւ այն­պէս, բա­րե­բախ­տա­բար տա­կա­ւին դա­տավ­ճիռ մը չէ։
­Մենք ժո­ղո­վուրդ մըն ենք, որ կը գո­յա­տե­ւենք ամ­բողջ 3000 տա­րի, ո­րով­հե­տեւ գի­տենք թէ ի՛նչ պէտք է պա­հենք եւ ի՛նչ պէտք է նո­րո­գենք։
Այ­լեւս ժա­մա­նա­կը հա­սած է ո­րո­շե­լու:
­Պի­տի ձգենք, որ մեր թո­ռե­րը միայն ազ­գա­նու­նո՞վ հայ մնան եւ կամ թէ պի­տի պայ­քա­րինք, որ­պէս­զի ի­րե՛նք ալ… շա­րու­նա­կեն հա­յե­րէ­նով ե­րա­զել…:
Այժմ, ե­կէք մենք ալ մե­զի հարց մը տանք:
­Մենք այս շա­բաթ մեր տու­նե­րուն մէջ ի՞նչ պի­տի ը­նենք, որ­պէս­զի հայ մշա­կոյ­թը շա­րու­նա­կէ կեն­դա­նի մնալ…։

minsar55@gmail.com