ՄԻՆՍԱՐ
Համազգայինի Յունաստանի «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբի պարս մը մեղուներ՝ Յակոբը, Նշանը, Ժանոն, Անայիսը, Սառան, Ժագը, Թամարը, Մարոն, Ալպերթը, Ծիլան, Նարինէն, Կարէնը, Սարգիսը, Կիւլան, Անայիսը, Ալիսը, Կարոն, Լուիզան եւ Վակելին, իրենց փեթակի այս տարուան մեղրի պաշարին պատրաստութեան աշխատանքները, անցեալ տարուան Հոկտեմբերէն սկսան: Հիմա ձեր իրաւունքով պիտի հարցնէք, թէ ես ինչո՞ւ մեր այս ընկեր-ընկերուհիները մեղուներու նմանեցուցի: Պարզ է: Եթէ ինծի նման դուք եւս առիթը ունենայիք, գոնէ մէկ անգամ հետեւելու իրենց տարած աշխատանքին, վստահ եմ, որ դուք նաեւ պիտի ստուգէիք, որ մեր այս բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուն տարած աշխատանքը, շատ ալ չի տարբերիր մեղուներուն տարած աշխատանքէն: Երեւակայեցէք հետեւեալը… Դերասանները՝ մեղուներն են… Ծաղիկները՝ ուրկէ պիտի ժողվեն բեղմնափոշին, իրենց ստանձնած դերերն են: Միթէ մեղրը պատրաստելու ամենէն հիմնական բաղադրիչը բեղմնափոշին չէ՞: Փեթակն ալ՝ փորձերու սրահներն են: Ուրեմն սկիզբը բեղմնափոշին կը հաւաքուի, յետոյ փեթակ կը փոխադրուի, ետքը նեկտարի կը վերածուի, ու ապա կը սկսի քաղցրահամ մեղրին պատրաստութիւնը: Բայց ճշմարիտ ըլլալու համար պէտք է ընդունինք, որ այս սիրող դերասան մեղուներուն եւ բնական մեղուներուն միջեւ, հսկայ տարբերութիւն մը կայ: Բնական մեղուները ընելիք մէկ գործ ունին միայն… Ամէն առտու ծաղիկէ — ծաղիկ թռչիլ, բեղմնափոշի հաւաքել եւ փեթակ փոխադրել: Սիրող դերասան մեղուներուն աշխատանքը սակայն, բոլո՛րովին տարբեր է, աւելի դժուար է… Ամէն օր պէտք է, որ տարբեր գործերով զբաղին… Օրինակ՝ Անոնցմէ որոշ թիւ մը պէտք է որ դպրոց երթայ եւ վերադարձին, իր դասերով զբաղի: Ուրիշ թիւ մը պէտք է որ աշխատի, իր ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար: Եւ ասանկով, չափազանց դժուար կ՚ըլլայ, շաբաթը երկու, երէկ, եւ կամ ալ շատ անգամ չորս «թռիչքով», հաւաքուած նեկտարը «փորձերու փեթակ» փոխադրելը: Եկուր տես, սակայն… Որ պարտաճանաչութիւնը, թատրոնի հանդէպ սէրը, բայց նամանաւանդ զոհողութեան լրիւ գիտակցութիւնը կը գերազանցեն այս բոլորին ու մեր հայորդիները իրենց ամէնօրեայ դժուարութիւնները անտեսելով, առանց երբե՛ք տրտնջելու, կը ջանան լաւագոյն կերպով կատարել իրենց ստանձնած պարտականութիւնները: Ուրեմն, 2025-ի Հոկտեմբերէն սկսեալ, բեղմնափոշին հաւաքուեցաւ, փեթակ փոխադրուեցաւ, մեղրահիւթի վերածուեցաւ, եւ վեց ամիս անց՝ արդէն պատրաստ էր անուշաբոյր ու քաղցրահամ մեղրը: Կիրակի, 17 Մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, բոլոր անոնք որոնք ներկայ եղան, Աթէնքի Քալիթէա շրջանի «ԻԶՈԼԱ» թատերասրահէն ներս, առիթը ունեցան համտեսելու, այս ո՛չ միայն մարմնի, այլ՝ հոգիի քրտինքով պատրաստուած անուշահամ մեղրը: Ամէն ինչ գեղեցիկ ու անթերի էր… Մեղրը՝ անուշաբոյր ու քաղցրահամ… Փեթակը՝ համակրելի… Ներկայացումը՝ քաջալաւ… Մէկ բան միայն գէշիս գնաց… Դժբախտաբար, ահագին մեղր աւելցաւ…
minsar55@gmail.com










