Մ­տո­րում­ներ

0
15

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ես ին­ծի խոս­տա­ցած էի  խելք չյոգ­նեց­նել ներ­հա­յաս­տա­նեան քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թեանց վե­րա­բե­րեալ` նկա­տած ըլ­լա­լով, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետքն ալ կը կրկնո­ւի, նոյ­նիսկ ա­ւե­լի կը սաստ­կա­նայ միեւ­նոյ­նը` անց­նող տա­րի­նե­րու քա­ղա­քա­կան մթնո­լոր­տը բե­ւե­ռաց­նող հայ­հո­յա­խառն բա­ռա­պա­շա­րը`  կար­ծես կը գտնո­ւին քո­ւէար­կու­թիւն­նե­րու սե­մին, երբ հա­զիւ եր­կու ա­միս ան­ցած է ընտ­րու­թիւն­նե­րէն:  ­Քո­ւէար­կու­թեանց ար­դիւն­քը ա­ւե­լի ան­զուսպ դար­ձու­ցած է իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, յատ­կա­պէս վար­չա­պե­տը, հա­կազ­դե­ցու­թեան բնա­կան ու­ղիով ալ, ընդ­դի­մու­թիւ­նը կը պա­տաս­խա­նէ հա­մա­պա­տաս­խան ո­ճով:  Ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խոր­դող օ­րե­րուն է ընդ­հան­րա­պէս, որ հա­կա­ռա­կորդ կող­մե­րը քա­ղա­քա­կան կլի­ման  կը շի­կաց­նեն` ընտ­րող­նե­րու կիր­քե­րը կը բոր­բո­քեն քո­ւէ որ­սա­լու կամ կողմ­նա­կից­նե­րէն քո­ւէի կո­րուստ չու­նե­նա­լու հա­մար: ­Քո­ւէար­կու­թիւն­նե­րէն ետք կը զբա­ղին  աշ­խա­տան­քա­յին ծրա­գիր պատ­րաս­տե­լով եւ օ­րէնսդ­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով: ­Բայց կը թո­ւի, թէ մենք տար­բեր ենք,  չէ՞ որ` «­Մեզ հայ են ա­սում…»:
­Հի­մա սա­կայն «Ազ­դակ»-ի մէջ կար­դա­լէ ետք ­Վազ­գէն ­Գավ­լա­գեա­նի «­Փա­կու­ղիէն դուրս գա­լու հա­մար» յօ­դո­ւա­ծը եւ ա­նոր վրայ խմբագ­րու­թեան կող­մէ դրո­ւած «գլխար­կը», ինք­զին­քիս տո­ւած խոս­տումս կ­՛առ­կա­խեմ: ­Պի­տի չանդ­րա­դառ­նամ յօ­դո­ւա­ծին բո­վան­դա­կու­թեան ու խմբագ­րա­կան նշում­նե­րուն, այլ պար­զա­պէս ըն­թերց­մանս ա­ռի­թով եւ հե­ռո­ւէն դի­տո­ւած` կարգ մը հպան­ցիկ մտա­ծում­ներ պի­տի ար­ձա­նագ­րեմ:
1.- ­Ժո­ղովր­դա­վար եր­կիր­նե­րու կու­սակ­ցու­թեանց փոր­ձը ցոյց կու տայ, որ տես­լա­պաշտ ու հե­ռա­հար ի­տէալ­նե­րու հե­տա­մուտ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն վի­ճա­կո­ւած ըլ­լայ բո­ղո­քո­ղի դե­րին մէջ գտնո­ւե­լու, ո­րով եւ երկ­րի քա­ղա­քա­կան լու­սանց­քին մղո­ւե­լու ճա­կա­տա­գիր . հա­կա­ռակ ա­նոր որ ա­նոնք յա­ճախ կը վա­յե­լեն բնակ­չու­թեան հա­մակ­րան­քը, բայց եւ այն­պէս, երբ կար­գը կու գայ վստա­հու­թեան քո­ւէին` ընտ­րա­զան­գո­ւա­ծը չի վստա­հիր ա­նոնց:  ­Քո­ւէար­կող­նե­րու հա­մե­մա­տու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին հա­զիւ թէ հաս­նի-չհաս­նի 10 առ հա­րիւ­րի…
Անբ­նա­կան չէ, որ ա­ռօ­րեայ բազ­մա­տե­սակ կա­րիք ու հոգ ու­նե­ցող քա­ղա­քա­ցի­ներ մնա­յուն զօ­րա­շար­ժի չտրա­մադ­րո­ւին` յա­նուն ի­տէա­լի ու հե­ռա­հար նպա­տակ­նե­րու: ­Նոյն­պէս, բար­գա­ւաճ եր­կիր­նե­րու բար­գա­ւաճ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ի­րենց հան­գիս­տը չվտան­գեն ի խնդիր ի­տէա­լի: ­Կայ նաեւ այն պա­րա­գան, որ ի­տէա­լա­կա­նու­թիւ­նը գրա­ւիչ ըլ­լա­լով հան­դերձ , սա­կա­ւա­թիւ մար­դիկ կը կա­պէ ի­րեն, քա­նի որ ա­նոր պա­հան­ջած յանձ­նա­ռու­թեան չա­փը ծանր է: Ար­դիւն­քը  կ­՛ըլ­լայ այն, որ ի­տէա­լա­կա­նու­թեամբ  ա­ռաջ­նոր­դո­ւող կու­սակ­ցու­թեանց ա­ռա­ջադ­րած թեկ­նա­ծու­նե­րը  սահ­մա­նա­փակ ըլ­լան` սահ­մա­նա­փա­կե­լով քո­ւէար­կող­նե­րու ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը:
Բ­նա­կա­նա­բար նաեւ այդ թեկ­նա­ծու­նե­րը ի­րենց խառ­նո­ւած­քով ու հե­տապն­դում­նե­րով չեն կրեր ընտ­րող լայն խա­ւե­րը ներ­կա­յաց­նող հան­գա­մանք:
Այս տի­պի կու­սակ­ցու­թիւն­ներ գի­տակ­ցա­բար կը վճա­րեն քա­ղա­քա­կան գի­նը ի վնաս ի­րենց, բայց չեն շե­ղիր ի­րենց ու­ղիէն  ու կո­չու­մէն: Այս ա­ռու­մով, Հ.Յ.Դ.-ն ­կը գրա­ւէ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ նմա­նա­տիպ կու­սակ­ցու­թեանց շար­քին սա տար­բե­րու­թեամբ, որ ան ու­նի վստա­հու­թիւն ներշն­չող հա­րուստ ան­ցեալ ու փոր­ձա­ռու­թիւն: Ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի սա­կայն, քա­ղա­քա­կան ուժ դառ­նա­լու եւ ըն­կե­րա­յին բա­րե­փո­խում­նե­րու ձեռ­նար­կե­լու նա­խա­պայ­մա­նը կը կա­յա­նայ ընտ­րող­նե­րու նե­ցու­կը եւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու մէջ: Այ­սինքն` ՔՈՒԷ ա­պա­հո­վե­լու մէջ:
2.- Ո­րե­ւէ երկ­րի քա­ղա­քակր­թա­կան զար­գա­ցու­մը կ­՚ա­ռաջ­նոր­դո­ւի աս­տի­ճա­նա­կան փու­լե­րով: ­Նախ կը ձգտի ա­պա­հո­վել բնակ­չու­թեան վե­րապ­րու­մի անհ­րա­ժեշտ կա­րիք­նե­րը ու այ­սօ­րո­ւան եւ վա­ղո­ւան աշ­խա­տան­քը, ապ­րուս­տը: Այս փու­լին, ու­րիշ խնդիր­նե­րով հե­տաքրք­րո­ւած չէ քա­ղա­քա­ցին: Իր գերխն­դի­րը ապ­րուստն է եւ ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով` ա­պա­հո­վու­թիւ­նը:  Ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ձեռք ձգե­լէ ետք կ­՚անց­նի ինք­նա­ճա­նաչ­ման` քա­ղա­քա­կան ու ըն­կե­րա­յին իր ուղ­ղո­ւա­ծու­թիւ­նը գտնե­լու փու­լին` ըն­կե­րու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու եւ կա­տա­րա­գոր­ծե­լու ձգտու­մով: Այս տե­սա­կէ­տէն, կ­՛են­թադ­րեմ, թէ ­Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան լայն շերտ մը, յատ­կա­պէս գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րու բնակ­չու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը գտնո­ւի ա­ռա­ջին  փու­լին, ո­րով եւ Հ.Յ.Դ.-ն­ այս ի­րո­ղու­թեան դէմ յան­դի­ման` լաւ է, որ յստա­կաց­նէ իր ը­նե­լի­քը:
­Դիւ­րին չէ կու­սակ­ցա­կան տես­լա­պաշ­տու­թիւ­նը ներ­դաշ­նա­կել ի­րա­տե­սու­թեան ու գործ­նա­կա­նու­թեան հետ, բայց նա­խա­պայ­ման է ան հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դին հետ գոր­ծե­լու եւ իշ­խա­նու­թեան մրցա­վազ­քին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար:
Հ.Յ.Դ.-ն  աշ­խար­հա­տա­րած իր ցան­ցով ու կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թեամբ ի վի­ճա­կի է հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած ներ­դաշ­նա­կու­թիւն մը բե­րե­լու իր աշ­խա­տան­քին մէջ` զու­գա­հեռ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեամբ գոր­ծե­լու: Ս­փիւռ­քի մէջ, ուր ազ­գա­յին­նե­րը ի­րենց ա­ռօ­րեայ հար­ցե­րուն լու­ծու­մը կու­սակ­ցու­թե­նէն չէ, որ կը սպա­սեն, հե­տա­մուտ ըլ­լայ մեր հե­ռա­հար նպա­տակ­նե­րուն, իսկ հայ­րե­նի­քի մէջ լծո­ւի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու կա­րիք­նե­րուն հաս­նե­լու եւ դժո­ւա­րու­թեանց լու­ծում գտնե­լու ճի­գին:
3.- Երկ­րի մը քա­ղա­քա­կան կա­յու­նու­թեան ե­րաշ­խի­քը ո՛չ կեդ­րո­նա­ցեալ ուժն է, ո՛չ բռնա­մի­ջո­ցը եւ ոչ ալ ազ­նո­ւա­բար ու մեծ­հո­գու­թեամբ գո­յա­ցած հա­մա­խո­հու­թիւնն է: Ե­րաշ­խիք­նե­րուն գլխա­ւո­րը կա­յա­ցումն է սա­կաւ ու բազ­մա­տարր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք պի­տի ու­նե­նան քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժու­մի հան­գա­մանք եւ ի­րենց դրօ­շին տակ պի­տի փոր­ձեն հա­մախմ­բել մէկ կող­մէ յա­ռաջ­դի­մա­կան ու յա­ռաջ­դի­մա­կան հա­կում­նե­րով պահ­պա­նո­ղա­կան տար­րե­րը եւ միւս կող­մէ` ա­զա­տա­կան-դրա­մա­տի­րա­կան ու նոյն հա­կում­նե­րով պահ­պա­նո­ղա­կան տար­րե­րը: ­Սո­վո­րու­թիւն է ը­սել «կեդ­րոն ձախ եւ կեդ­րոն աջ»: ­Բազ­մա­տարր կու­սակ­ցու­թեան մէջ իր հու­նը կը գտնէ նաեւ բազ­մա­կար­ծու­թիւ­նը: ­Հոն, բազ­մա­տարր, այ­լեւ  հա­կա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու փա­թեթ-ծրա­գի­րը բնա­կա­նա­բար պի­տի նե­րառ­նէ բնակ­չու­թեան ջախ­ջա­խիչ  մե­ծա­մաս­նու­թեան սպա­սում­նե­րուն լու­ծում գտնե­լու յայ­տա­գիր, ո­րով եւ ա­ռաջ­քը  պի­տի առ­նէ վտան­գա­ւոր ցնցում­նե­րու: ­Մինչ վե­րան­կա­խաց­ման  ա­ռա­ջին օ­րէն ­Հա­յաս­տան կը ներ­կա­յաց­նէ բազ­մա­թիւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րով խճճո­ւած ճիշդ հա­կա­ռակ պատ­կե­րը, որ միշտ կը քա­ջա­լե­րո­ւի իշ­խող տար­րին կող­մէ, եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ շատ հեշտ է մթնո­լոր­տը շի­կաց­նել, նոյ­նիսկ անձ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րով, ինչ որ տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ ար­դէն… ­Չե­ղաւ իշ­խա­նու­թիւն մը, ո­րուն ժա­մա­նակ խօ­սո­ւած չըլ­լայ «ճգնա­ժա­մի» մա­սին…
Ինչ որ տե­սա­նե­լի է, բնակ­չու­թեան մէջ յա­ռաջ­դի­մա­կան հա­կում ու­նե­ցող տար­րե­րը  մէկ դրօ­շի տակ հա­մախմ­բե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը կրնայ առ­նել միայն Հ.Յ.Դ.-ը, որ իր հիմ­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին` Ք­րիս­տա­փո­րի օ­րե­րէն ու այ­նու­հե­տեւ ա­ւան­դա­բար միշտ ե­ղած է հա­մախմ­բող ներ­կա­յու­թիւն հայ կեան­քին մէջ:

Ա­թէնք, 20 Օ­գոս­տոս 2026