­ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
­Հա­մազ­գա­յի­նի թղթա­կից

Շա­բաթ, 4 Ապ­րիլ 26-ի ե­րե­կո­յեան, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բի «­Գի­նիի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ թատ­րոն»-ի ե­լոյ­թը։ ­Միա­րա­րո­ւած եր­գի­ծա­խա­ղի խո­րա­գի­րը` «Diamond իջ­լի. կո­ղո­պուտ «Michelin» աստ­ղով», ներ­կա­յա­ցո­ւած նո­րաս­տեղծ «­Թատ­րոն» խմբա­կին կող­մէ, ո­րուն հիմ­նա­կան կազ­մը բաղ­կա­ցած է ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ։ ­Թա­տե­րա­սէր­նե­րով լե­ցո­ւած «­Թագ­ւոր եւ ­Ռո­զա Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հը ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար դար­ձաւ «Աղ­թա­մար» ճա­շա­րան։ ­Վայր մը` ուր կը ծրագ­րո­ւին ու կ­՚ըն­թա­նան ա­թե­նաբ­նակ հայ­կա­կան ըն­տա­նի­քի մը ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րը։
­Բե­մա­յար­դա­րու­մը` Ա­նա­յիս ­Գա­զան­ճեա­նի։ ­Թա­տե­րա­խա­ղի գրու­թիւնն ու բե­մադ­րու­թիւ­նը` ­Վա­կե­լիս ­Կե­քա­սի։
Ա­միս­նե­րէ ի վեր` «Ազ­նիւ եւ ­Ժի­րայր ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գի սի­րո­ւած ու­սու­ցի­չի գլխա­ւո­րու­թեամբ կը գոր­ծէ դաս­տիա­րակ­չա­կան «­Թա­տե­րա­կան խա­ղեր»-ու աշ­խա­տա­նո­ցը։ ­Մեծ թի­ւով պա­տա­նի հա­յոր­դի­ներ, հա­մախմ­բո­ւած քա­նի մը փոր­ձա­ռու դե­րա­սան­նե­րու շուրջ, կը ստա­նան հնչում­նե­րու եւ շար­ժում­նե­րու դա­սեր, ու­րախ վար­ժու­թիւն­նե­րու եւ ինք­նա­բուխ պատ­կեր­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ Ն­կա­տե­լով ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը եւ ու­նա­կու­թիւ­նը, յա­ռա­ջա­ցաւ գա­ղա­փա­րը` կա­տա­րել ար­դիա­կան երկ­լե­զու ներ­կա­յա­ցում մը։ ­Հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թիւն եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­ներ` ­Ժագ ­Տա­մա­տեա­նի։ ­Բե­մադ­րի­չին կող­քին` Սա­ռա ­Մի­սա­քեան։ ­Բազ­մա­զան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն թէ՛ բե­մին վրայ, թէ՛ ստանձ­նե­լով հա­մադ­րու­մի գոր­ծը։
­Մա­րօ ­Մա­թեան եւ Ն­շան ­Սա­վու­լեան դար­ձեալ ու­նե­ցան միաս­նա­կան ե­լոյթ։ Այս ան­գամ, զա­ւեշ­տա­լի պա­հեր շնոր­հե­ցին հան­դի­սա­տե­սին։
Իսկ` անց­նե­լով մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան. տա­ղանդ ու ե­ռանդ։ ­Կա­րէն ­Խա­չե­րեան, ­Լու­սի­նէ ­Մար­տու­մեան, ­Վա­նա ­Պար­ղու­թեան, ­Յա­րու­թիւն ­Փաւ­լու, Ք­րիս­տիան ­Փի­լա­ֆեան, ­Հեն­րիկ ­Փաւ­լու եւ Ա­լեքս Է­կեան, ի­րենց յա­տուկ դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, դրսե­ւո­րե­ցին յոյ­սի զգա­ցում­նե­ր­ ա­պա­գա­յին հա­մար։
Ե­րե­կոյ­թի ա­նակն­կա­լը` ­Հա­մազ­գա­յի­նի ե­րաժշ­տա­կան հա­մոյ­թի ե­լոյ­թը. երգ-դաշ­նա­մուր` ղե­կա­վար Ս­տե­փան ­Թէ­քի­րեան ու ­Լիա­նա ­Սա­րեան, ինչ­պէս նաեւ դաշ­նա­մուր-սաք­սո­ֆոն` ­Գէորգ ­Թո­րո­սեան։ ­Փա­կու­մը`գե­ղե­ցիկ մե­ղե­դի­նե­րով։
­Հան­դի­սա­տե­սի ծա­փող­ջոյն­նե­րուն մէ­ջէն ար­դէն սկսած է ծրա­գի­րը յա­ջորդ ե­լոյ­թին հա­մար։ ­Շու­տով կը նա­խա­տե­սո­ւի կեդ­րո­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը…։