Հայ երիտասարդութիւնը ազգի մշակոյթին կապելու լաւագոյն առիթներէն մէկը կը հանդիսանայ Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական հաւաքը (YouthLinks), որ 7-րդ անգամ ըլլալով իր դռները բացաւ՝ այս տարի հիւրընկալելով 28 երիտասարդներ Աթէնքի մէջ։
Երկար ամիսներու նախապատրաստական աշխատանքները կատարուեցան համագործակցութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան, լուսարձակի տակ առնելով կազմակերպչական, քարոզչական, դաստիարակչական եւ ընկերային բոլոր մանրամասնութիւնները, որպէսզի երիտասարդներու տարեկան համախմբումը պսակուի յաջողութեամբ ու ծառայէ իր նպատակին։
30 Ապրիլէն մինչեւ 3 Մայիս 2026, Աթէնքի մէջ միաւորուեցան աշխարհի զանազան կողմերէն (Գանատա, Վրաստան, Լիբանան, Հայաստան, Արցախ, Ռուսիա, Սպանիա, Իտալիա, Աւստրիա, Կիպրոս եւ Յունաստան) բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք քառօրեայ գործունէութեան ընդմէջէն ծանօթացան իրար, մասնակցեցան հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններու եւ աշխատանոցներու, ինչպէս նաեւ այցելեցին Աթէնքի հայ գաղութի զանազան կեդրոնները եւ շրջակայ տեսարժան վայրերը։
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ներկայ եղաւ եւ ծրագիրի հսկումը կատարեց ընկ. Յասմիկ Շահինեան, իր կողքին ունենալով հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեանը, յանձնախումբի անդամներ Արին Գալուստեանը եւ Յակոբ Սահակեանը, ինչպէս նաեւ Յունաստանի Շրջ. վարչութեան անդամները։ Քառօրեայ տեւողութեան, պատասխանատու ընկերները համադրեցին բոլոր տեսակի աշխատանքները եւ հետամուտ եղան ծրագրուած մանրամասնութիւններու լիակատար գործադրումին։
Մասնակցող երիտասարդները նախ ծանօթացան Համազգայինի պատմութեան եւ գործունէութեան, ստանալով տեղեկութիւններ զանազան ծրագիրներու՝ յատկապէս երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական բաժիններու ու նախաձեռնութիւններու մասին։
Դաստիարակչական շարքը ընդգրկեց վեց գլխաւոր նիւթերու ներկայացում, որոնք շօշափեցին մշակութային եւ ազգային բնագաւառները։
Առաջին օրուան երեկոյեան, «Զաւարեան« կեդրոնէն ներս մասնակիցները առիթ ունեցան հետեւելու պարող Անահիտ Սարիբէկեանի ներկայացումին, որ ցոյց տուաւ հայկական ժողովրդային պարերու աշխարհը, միաժամանակ հրաւիրեց մասնակից երիտասարդներուն ընտելանալ մեր աւանդական պարարուեստի շարժուձեւերուն ու կշռութաւոր քայլերուն։ Նոյն պահուն ներկայ եղան նաեւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի անդամներ, որոնք միացան դասախօսական նիւթին եւ ցոյց տուին զանազան պարերու ամբողջութիւնը։ Առաջին գիշերուան ջերմ մթնոլորտը աւելի ծաղկեցաւ ընկերային ընթրիքի սարքումով։
Դասախօսական շարքի երկրորդ մասը կ՚ընդգրկէր յունական պատմական տեղերու եւ հնամեայ յուշակոթողներու ներկայացումը, որ կատարուեցաւ դէպի Նաւփլիօ պտոյտին ընթացքին։ Հ.Կ.Խաչի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարանի ուսուցիչ Վակելիս Կեքաս մանրամասն ներկայացուց Նաւփլիօ քաղաքի պատմութիւնը եւ անոր նշանակութիւնը արդի Յունաստանին համար, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Էփիտաւրոսի հնամեայ թատրոնին եւ Ասքլիփիիօ կոթողին մասին։
Նմանօրինակ ներկայացումներ կատարուեցան դէպի Աքրոփոլիս, Սունիոյի հնամեայ տաճարը եւ Լաւրիոյի պատմական վայրը այցելելու ժամանակ։ Նշենք նաեւ, թէ Համազգայինի Շրջ. վարչութիւնը մասնակիցներուն նախօրօք տուած էր գրաւոր տեղեկութիւններ իւրաքանչիւր պատմական վայրի կապակցութեամբ, այսպէս՝ անոնք պատրաստուած եւ նախապէս սերտած ըլլալով տեղեկութիւնները, կարողացան հեշտութեամբ ընտելանալ իւրաքանչիւր վայրի պատմութեան ու միջավայրին։
Երրորդ օրուան ընթացքին, երիտասարդներու խումբը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հօր ու Աթէնքի հոգեւոր հովիւին կողմէ: Ուսանողները նախ ծանօթացան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ պատմութեան, ապա Սրբազան հայրը ողջունելով հայ ուսանողներու հաւաքը խօսեցաւ յունահայ համայնքին մասին, ներկայացնելով ազգային կեանքը, համայնքային կառոյցը, հայակրթութեան միջավայրը եւ հոգեւոր գործունէութիւնը։
Առաջնորդարանի սրահին մէջ իրագործուեցան դասախօսական եւ զրուցական երկու նիւթեր։ Առաջին հերթին՝ ընկ. Քերոբ Էքիզեան ներկայացուց յունահայ մամուլի ու մասնաւորապէս «Ազատ Օր» օրաթերթի պատմականը, ապա մասնակցողները ծաւալեցին հետաքրքական զրոյց մը հարցումներով եւ տեսակէտներով՝ հայ մամուլի դերակատարութեան մասին սփիւռքահայ կեանքէն ներս։
Յաջորդ նիւթը ներկայացուց ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, զարկ տալով Հայ դատի հետապնդման քաղաքական եւ իրաւական աշխատանքներուն Յունաստանի մէջ, ներկայացնելով տարբեր հանգրուանները եւ նուաճումները տասնամեակներուն ընթացքին։ Հոն եւս, ուսանողական հաւաքի մասնակիցները լայն հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ներկայացումին եւ առիթ ունեցան տեսակէտներ փոխանակելու։
Վերջին օրուան դասախօսական ելոյթը, որ կատարուեցաւ Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբին մէջ, ծանրացաւ հայ եւ յոյն երաժշտութեան նմանութիւններուն վրայ։ Ներկացումը կատարեց երաժիշտ Ստեփան Թէքիրեան, որ հարուստ օրինակներով եւ երաժշտական լսումներով երիտասարդներուն առջեւ բերաւ երկու ժողովուրդներու երաժշտական հարստութեան հասարակաց ու զուգահեռ ձեւաւորումները։
Դասախօսական նիւթը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի երիտասարդները նուագեն դաշնամուրին վրայ եւ տաքուկ մթնոլորտ մը ստեղծեն հայ երգի հնչիւններուն տակ։ Աւելի ուշ, ուսանողներու խումբը առաջնորդուեցաւ դէպի «Զաւարեան» կեդրոն, ներկայ ըլլալու եւ մասնակցելու համար «Նայիրի» պարախումբի հերթական փորձին։ Պարուսոյց էտկար Էկեանի ցուցմունքներուն հետեւելով, երիտասարդները միախառնուեցան պարախումբի անդամներուն հետ եւ հետեւեցան փորձերուն, անոնք եւս ընտելանալով հայկական պարի շարժուձեւերուն։ Տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ ինքնափուխ եւ ջերմ յայտագիր՝ տուտուքի նուագակցութեամբ, երգով ու պարով, որ տեւեց մինչեւ ուշ ժամերը, խրախճանքի ոգեւորիչ մթնոլորտին մէջ։ Գիշերուան հաւաքը եզրափակումն էր նաեւ քառօրեայ ծրագիրին։
Չորս օրերու երկայնքին, անպակաս էին ընկերային պահերը, գիշերուան կեանքի վայելումը, ճաշասեղաններն ու ընթրիքները, իսկ երիտասարդներուն միջեւ կապերու ամրապնդումը դարձաւ նաեւ հաւաքի յաջողութեան գրաւականը։
Պէտք է նշել, թէ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը ամէն կարելիութիւն ի գործ դնելով, կատարեց լաւագոյն հիւրասիրութիւնը մեր հայորդիներուն համար։ Հաւաքի դաստիարակչական եւ ընկերային բաժինները իրագործուեցան յաջողութեամբ, սփիւռքի զանազան անկիւններէն ժամանած հայ երիտասարդներուն պարգեւելով անմոռանալի պահեր եւ հայաբոյր միջավայր մը, համեմուած ազգային կեանքի մթնոլորտով ու ընկերային կապերու սերտացումով։










