ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Համազգայինի թղթակից
Շաբաթ, 4 Ապրիլ 26-ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբի «Գինիի ընկերակցութեամբ թատրոն»-ի ելոյթը։ Միարարուած երգիծախաղի խորագիրը` «Diamond իջլի. կողոպուտ «Michelin» աստղով», ներկայացուած նորաստեղծ «Թատրոն» խմբակին կողմէ, որուն հիմնական կազմը բաղկացած է երիտասարդներէ։ Թատերասէրներով լեցուած «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահը որոշ ժամանակի մը համար դարձաւ «Աղթամար» ճաշարան։ Վայր մը` ուր կը ծրագրուին ու կ՚ընթանան աթենաբնակ հայկական ընտանիքի մը արկածախնդրութիւնները։
Բեմայարդարումը` Անայիս Գազանճեանի։ Թատերախաղի գրութիւնն ու բեմադրութիւնը` Վակելիս Կեքասի։
Ամիսներէ ի վեր` «Ազնիւ եւ Ժիրայր Ճէնազեան» միջնակարգի սիրուած ուսուցիչի գլխաւորութեամբ կը գործէ դաստիարակչական «Թատերական խաղեր»-ու աշխատանոցը։ Մեծ թիւով պատանի հայորդիներ, համախմբուած քանի մը փորձառու դերասաններու շուրջ, կը ստանան հնչումներու եւ շարժումներու դասեր, ուրախ վարժութիւններու եւ ինքնաբուխ պատկերներու միջոցաւ։ Նկատելով երիտասարդ սերունդի խանդավառութիւնը եւ ունակութիւնը, յառաջացաւ գաղափարը` կատարել արդիական երկլեզու ներկայացում մը։ Հայերէնի թարգմանութիւն եւ կազմակերպչական աշխատանքներ` Ժագ Տամատեանի։ Բեմադրիչին կողքին` Սառա Միսաքեան։ Բազմազան դերակատարութիւն թէ՛ բեմին վրայ, թէ՛ ստանձնելով համադրումի գործը։
Մարօ Մաթեան եւ Նշան Սավուլեան դարձեալ ունեցան միասնական ելոյթ։ Այս անգամ, զաւեշտալի պահեր շնորհեցին հանդիսատեսին։
Իսկ` անցնելով մեր երիտասարդութեան. տաղանդ ու եռանդ։ Կարէն Խաչերեան, Լուսինէ Մարտումեան, Վանա Պարղութեան, Յարութիւն Փաւլու, Քրիստիան Փիլաֆեան, Հենրիկ Փաւլու եւ Ալեքս Էկեան, իրենց յատուկ դերակատարութեամբ, դրսեւորեցին յոյսի զգացումներ ապագային համար։
Երեկոյթի անակնկալը` Համազգայինի երաժշտական համոյթի ելոյթը. երգ-դաշնամուր` ղեկավար Ստեփան Թէքիրեան ու Լիանա Սարեան, ինչպէս նաեւ դաշնամուր-սաքսոֆոն` Գէորգ Թորոսեան։ Փակումը`գեղեցիկ մեղեդիներով։
Հանդիսատեսի ծափողջոյններուն մէջէն արդէն սկսած է ծրագիրը յաջորդ ելոյթին համար։ Շուտով կը նախատեսուի կեդրոնական ներկայացումը…։










