«­Հայկական քնար. ձայն եւ արձագանգ» Արա Մանկոյեան, Ա­թէնք՝ 2026

0
44

ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

1982-էն ետք, երբ հրա­պա­րակ ե­լաւ ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի «­Հայ­կա­կան ծաղ­կա­քաղ» խո­րա­գի­րով հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու թարգ­մա­նո­ւած հա­տո­րը, մօտ 45 տա­րի­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ՝ ա­հա՛ նոր հրա­տա­րա­կու­թիւն մը կու գայ իր ար­ժա­նի տե­ղը գտնե­լու, որ­պէս հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան խնամ­քով յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած ամ­բող­ջու­թիւն մը, այս ան­գամ՝ շնոր­հիւ Ա­րա ­Ման­կո­յեա­նի թարգ­մա­նա­կան ջան­քե­րուն։
­Հայ բա­նաս­տեղ­ծա­կան գո­հար­նե­րու նոր ծաղ­կա­քա­ղը լոյս տե­սաւ վեր­ջերս եւ խո­րագրո­ւած է «­Հայ­կա­կան քնար. ձայն եւ ար­ձա­գանգ»։ Ան տպագ­րո­ւած է «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու շար­քէն, կը կազ­մէ 20-րդ ­հա­տո­րը հրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քե­րու ամ­բող­ջա­կան ցու­ցա­կին, ա­ռանձ­նա­յա­տուկ բա­ժին գրա­ւե­լով հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը հել­լէն հա­սա­րա­կու­թեան ու մտա­ւո­րա­կան աշ­խար­հին ծա­նօ­թաց­նե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ։
­Սոյն աշ­խա­տու­թիւ­նը երկ­րորդն է թարգ­մա­նի­չի գրի­չէն։ ­Ծա­նօթ է, թէ Ա. ­Ման­կո­յեան տա­րի­ներ ա­ռաջ ձեռ­նար­կեց Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի գլուխ գոր­ծոց եր­կին՝ «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թեան — եր­կա­րա­շունչ եւ ծայ­րօ­րէն բծախն­դիր աշ­խա­տան­քի մը ար­դիւն­քը –­ որ ամ­բող­ջա­ցած գործ մըն է եւ մօտ ա­պա­գա­յին եւս պի­տի ար­ժա­նա­նայ յա­տուկ հրա­տա­րա­կու­թեան։
­Թարգ­մա­նո­ւած հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան նո­րա­հաս հա­տո­րը կը բաղ­կա­նայ 274 է­ջե­րէ, խնա­մո­ւած եւ տպագ­րու­թեան ար­դի ձե­ւա­չա­փին պատ­շա­ճած հրա­տա­րա­կու­թիւն մըն է, որ աչ­քի կը զար­նէ գե­ղա­տիպ հաստ կող­քով, է­ջադ­րու­մի ար­հես­տա­վարժ ձե­ւա­ւո­րու­մով, բայց մա­նա­ւանդ ա­նոր մէջ տեղ գտած բա­նաստեղ­ծու­թիւն­նե­րու ընտ­րա­նիի հիւ­սո­ւած­քով։
­Հոն ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը ու­նին ա­րե­ւե­լա­հայ ու ա­րեւմ­տա­հայ քնա­րի յատ­կան­շա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք փա­ռա­ւոր տեղ կը գրա­ւեն հա­յոց բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ­Պան­թէո­նին մէջ, եւ ո­րոնց գոր­ծե­րը դար­ձան սե­րունդ­նե­րու ներշն­չու­մի աղ­բիւր՝ քնա­րա­կան, սի­րա­յին, յու­զա­կան ցնցում­նե­րու, հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րու եւ հա­յու պայ­քա­րի ո­գին առ­թող ա­լիք­նե­րով։ ­Նոյն­պէս, թարգ­մա­նի­չը նե­րա­ռած է օ­տար բա­նաս­տեղծ­նե­րու նմուշ­ներ, ո­րոնք կը գո­վեր­գեն հայ ժո­ղո­վուր­դի կեր­պա­րը։
Ա. ­Ման­կո­յեան՝ նա­խա­բա­նին մէջ յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն կ­՚ար­տա­յայ­տէ իր սե­փա­կան մղու­մին շար­ժա­ռի­թը, յայտ­նե­լով, թէ ներ­կայ աշ­խա­տու­թեան պատ­րաս­տու­թիւ­նը գա­գաթ­նա­կէ­տը հան­դի­սա­ցաւ ներ­քին եր­կար ու­ղե­ւո­րու­թեան մը։ «Որ­պէս յու­նա­հայ, մշտա­պէս ապ­րե­ցայ եր­կու տար­բեր աշ­խարհ­նե­րու մի­ջեւ, եր­կու լե­զու եւ եր­կու պատ­մա­կան ու­ղի­ներ, ո­րոնք ի­րար­մէ զա­նա­զա­նո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ, ի­րար կը հան­դի­պին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ու վե­րապ­րու­մի խաչ­մե­րու­կին վրայ։ ­Փորձ կա­տա­րե­ցի նե­րար­կել իմ ա­ռա­ջին հայ­րե­նի­քին զգա­ցում­նե­րը միւ­սին լե­զո­ւին մէջ։ Զ­գա­ցի, որ «Ք­նար»-ը նե­րաշ­խար­հիս մէջ կը հնչէ տե­ւա­բար, իր հետ բե­րե­լով նախ­նի­նե­րուս յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դի մը ժա­ռան­գը, որ գիտ­ցաւ եր­գել նոյ­նիսկ իր մո­խիր­նե­րուն մէ­ջէն»։
Ա­րա ­Ման­կո­յեան լա­ւա­պէս իւ­րա­ցու­ցած ըլ­լա­լով հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զո­ւի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, եր­կու լե­զու­նե­րու ար­տա­յայտ­չա­կան տար­բեր ե­րան­գա­ւո­րում­ներն ու կա­ռու­ցուած­քը, թարգ­մա­նա­կան հմտու­թեամբ եւ բնա­գի­րի ո­գիէն չշե­ղե­լու վար­պե­տու­թեամբ, կա­րո­ղա­ցած է թարգ­մա­նու­թեան աշ­խա­տան­քին տալ գոյն եւ շար­ժում, իւ­րա­քան­չիւր կտո­րի ըն­թեր­ցու­մը վե­րա­ծե­լով մաք­րա­մա­քուր ջու­րին զու­լալ հոս­քի մը, ո­րուն մէ­ջէն ըն­թեր­ցո­ղը կը հիա­նայ հայ քնա­րա­կան մե­ծու­թեան վրայ։
­Չա­րեն­ցի նա­յի­րեան աղ­ջիկ­նե­րու պա­րը, ա­րեւահա­ւամ ­Հա­յաս­տա­նի ա­նու­նը, ­Սե­ւա­կի Անլ­ռե­լի ­Զան­գա­կա­տան հնչիւն­նե­րով միա­խառ­նո­ւած, գով­քը կը հիւ­սեն հայ ժո­ղո­վուր­դի ստեղ­ծա­գործ ո­գիին, որ կռա­նո­ւած կը մնայ ­Ծա­ռու­կեա­նի ա­րա­րա­տեան ամ­րա­կուռ ուխ­տին վրայ, որ­պէս կտակ հա­յու­թեան ու ա­նոր ա­զա­տա­տենչ սե­ւե­ռու­մին։
Ար­ցա­խի հո­ղին հա­րա­զատ ծնունդ, հա­ւա­նա­բար նո­ւազ ծա­նօթ, բայց բա­նաս­տեղ­ծու­թեան պա­տո­ւան­դա­նին վրայ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կանգ­նած ­Վազ­գէն Օ­վեա­նի «Այս է ­Ղա­րա­բա­ղը» զգա­յա­ցունց բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի դա­րա­ւոր հայ­կա­կա­նու­թեան ան­վերջ հո­սող երգն է, որ օ­տար ըն­թեր­ցո­ղին կը քնա­րէ դրախ­տան­ման հո­ղի մե­ղե­դին, մա­մի­կին ու պա­պի­կին խոր­հուր­դը, ժայ­ռա­փոր մեր երկ­րի վի­մա­կան ար­ձա­նը։
Իւ­րա­քան­չիւր բառ, ա­մէն տող ու դար­ձո­ւածք, զգայ­նու­թեամբ ընտ­րո­ւած է թարգ­մա­նի­չի գրի­չով, ո­րուն հո­գե­կան եւ յու­զա­կան աշ­խար­հը զար­դա­րուն մա­նեակ մը կ­՚ա­ւելց­նէ հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան գան­ձա­րա­նին վրայ։
­Հա­տո­րի ըն­թեր­ցու­մը ո­վա­սիս մըն է, ոչ միայն բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ յու­զո­ւող մար­դուն հա­մար, այ­լեւ ա­ռօ­րեայ մտա­տան­ջում­նե­րուն մէ­ջէն հո­գիի ու կեան­քի վե­րել­քը փնտռող ան­ձին հա­մար, հոն ուր խօս­քը կը դառ­նայ հուր, բայց նաեւ բու­ժիչ բա­լա­սան՝ խռո­ված հո­գի­նե­րուն հա­մար։
­Թարգ­մա­նո­ւած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու իւ­րա­յա­տուկ այս ծաղ­կա­քա­ղը նմա­նա­պէս իր ար­ժա­նի տե­ղը ու­նի յոյն մտա­ւո­րա­կան եւ ըն­թեր­ցա­սէր շրջա­նա­կին մէջ, բայց նաեւ այն բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք յու­նա­րէն լե­զո­ւի ե­րան­գապնա­կին վրայ պի­տի վա­յե­լեն հայ խօս­քին ու քնա­րին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հարս­տու­թիւ­նը։
Ինչ­պէս ինք՝ թարգ­մա­նի­չը կը վկա­յէ, կա­մուրջ մըն է՝ տո­ղե­րով սար­քո­ւած, ո­րուն վրայ ըն­թեր­ցո­ղը իր քայ­լե­րը պի­տի շտա­պեց­նէ ճանչ­նա­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի սիր­տը –­ այն՝ որ կը տրո­փէ նոյն կիր­քով, նոյ­նիսկ ե­թէ կ­՚ող­բայ Ա­րա­րա­տի շու­քին տակ, կամ կ­՚ե­րա­զէ ­Յու­նաս­տա­նի կա­պու­տան երկ­նա­կա­մա­րին ներ­քեւ։
­Վարձ­քը կա­տար ե­րախ­տա­ւո­րին։

-Գիրքը ստանալ փափաքողները կրնան դիմել «Ազատ Օր»-ի խմբագրատունը կամ «Արմենիքա»: