Յունահայ կազմակերպ երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց, թէ կառչած կը մնայ համահայկական արժէքներուն, իր մէջ ամրօրէն պահելով հայոց անկախութեան խորհուրդը, դառնալով արտայայտիչը ազգային այն բոլոր ձգտումներուն եւ երազներուն, որոնցմով ոգեւորուեցան ու ապրեցան սփիւռքահայ իրերայաջորդ սերունդները, որոնք իրենց հայեացքը սեւեռելով հայ ազգի ու մեր պետականութեան հիմնաշէնքի ամրակուռ խարիսխին վրայ, մշտապէս կը տոգորուին 28 Մայիս 1918-ին կերտուած անկախութեան սխրանքէն։
Շաբաթ, 30 Մայիս 2026-ի գիշերը, Ֆիքսի ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան բոլոր անդամները համախումբ՝ ոգեւորիչ եւ տեւաբար խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին մեր հայրենակիցներուն հետ, ցոյց տալով նախաձեռնութեան ոգի, արժէքներուն հանդէպ լիաբուռն յարգանք եւ կազմակերպչական հմտութիւն՝ ժողովուրդին հրամցնելով մայիսեան անկախութեան նուիրուած՝ երիտասարդական խանդավառութեան ոգին, որ համակեց բոլոր մասնակիցները՝ մեծով ու փոքրով։
Հ.Յ.Դ. Պատանեկան եւ Երիտասարդական շարքերը միատեղ, ձեռք ձեռքի տուած, իրագործեցին յաջող խրախճանք մը, շարունակաբար պահելով խանդավառութեան զգացումը ելոյթի ամբողջ տեւողութեան։ Օրուան պատշաճ խօսքերով եւ գեղարուեստական խնամուած յայտագիրով ելոյթը արձանագրեց աննախընթաց յաջողութիւն՝ մինչեւ առաւօտեան ժամերը։
Հոն էին մեր բոլոր պատանիները եւ երիտասարդները, Համազգայինի պարախումբը, որոնք խանդավառութեան յաջորդական ալիքներ ստեղծեցին, լաւապէս կազմակերպուած եւ դասաւորուած բոլոր ներկայացումներով, տեսանելի դարձնելով երիտասարդական եռանդն ու կարգապահութիւնը։
Սրահը կանուխէն լեցուեցաւ հայրենակիցներով, որոնք ընդառաջեցին երիտասարդութեան հրաւէրին եւ սեղաններուն շուրջ բաժնեկից դառձան խանդավառ մթնոլորտին։ Յատկանշական էր ներկայութիւնը Յունահայոց Ազգային վարչութեան անդամներուն, Հ.Յ.Դ. մարմիններուն եւ ուղեկից միութիւններուն։
Բացումը կատարեց ընկ. Արամ Պետրոսեան, որ հակիրճ արտայայտութիւններով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա գործադրութեան դրաւ երեկոյի յայտագիրը։
Երիտասարդական միութեան ուղերձը արտասանեց ընկ. Վահրամ Չաքալեան, որ կուռ շեշտով անդրադարձաւ հայոց անկախութեան ու պետականութեան ստեղծման խորհուրդին։ Ան մասնաւորաբար յայտնեց։
«Մեր ազգին ճակատագիրը եղած է դժուար, միշտ։ Բայց մեր ազգը կարողացած է դիմագրաւել իր առջեւ ցցուած դժուարութիւնները, երբեմն շատ յաջող, երբեմն ոչ այնքան։ Սակայն անուռանալի իրականութիւն է, թէ հայութիւնը գիտէ համախմբուիլ՝ երբ որ ճակատագրական պահի առջեւ կը գտնուի։ Միայն յիշատակ մը չեն Գարեգին Նժդեհ, Արամ Մանուկեան, Դրօ, Ղարաքիլիսէի, Բաշ-Ապարանի ու Սարտարապատի հերոս զօրավարներու, ջարդուած հայ ժողովուրդի, սոված հայ հերոս զինուորները։
Հոգիներուն եւ միտքերուն խորքին մէջ կնքուած նշաններ են, երիտասարդներու, մեր ծնողներու, պապերու ու տատերու արիւնին մէջ անցած խորհրդանիշներ են ապագային համար, մեր գոյատեւման ու արեւելումին սլաքներն են։
Կասկած չկայ, որ հայ ժողովուրդին մէջէն հրապարակ պիտի գան նոր հեղինականութիւններ, նոր մարտահրաւէրներ, պատրաստակամ հերոսներ։
Մոռացութեան, պատմական վերանայումի եւ անտարբերութեան այս ժամանակներուն մէջ, պատմական գիտակցութեան պահպանումը կը վերածուի դիմադրութեան եւ հաւաքական արժանապատուութեան։
Եւ վստահ ըլլան բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ երիտասարդները ապաքաղաքականացած ու անտարբեր են. չարաչար կը սխալին։
Ընդհակառակը, մենք քայլ դէպի ետ պիտի չընենք։ Մենք պիտի շարունակենք պայքարը։
Մենք, իբրեւ հայապահպանութեան անքուն զինուորներ, պիտի պայքարինք մեր ազգին համար. Հայաստանին, Արցախին ու Սփիւռքին համար»։
Յաջորդաբար, բեմ հրաւիրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէի անդամ ընկ. Արման Գրիգորեան տալու օրուան պատգամը եւ Դաշնակցութեան խօսքը փոխանցելու երիտասարդութեան ու ժողովուրդին։ Ընկերը, մայիսեան խորհուրդին արժեւորումը կատարելով, շեշտեց։
«Հայրենիքի Առաջին Անկախութիւնը՝ 1918 Մայիսի 28-ին, մեր ազգի ամէնէն ուժեղ պատասխանն է բոլոր անոնց, որ մեր պատմութեան ընթացքին փորձեցին գրաւել մեր հողերը, գերի դարձնել մեր ազգը եւ ջնջել քարտէսէն Հայաստան կոչուած երկիրը։
Իսկապէս, Մայիս 28-ը մեր ազգին համար հրաշք մըն էր, ցեղասպանուած ժողովուրդի մը յարութիւնը, ահաւոր ոճիրէն հազիւ երեք տարիներ վերջ։ Հսկայական ձեռքբերում, որ ո՛չ միայն Հայաստանի հողը ազատագրեց թշնամիէն, այլ մէկ ազգ ու մէկ հայրենիք գաղափարի դրոշմը դրաւ յաջորդական սերունդներուն մէջ եւ ազգային հպարտութիւն ներշնչեց ջարջարուած մեր ազգին։ Այսօր մեր ազգը նման հրաշքի մը պէտք ունի։
Վերջին 6 տարիներու ընթացքին մեր հայրենիքը շատ դժուար ու վտանգաւոր կացութեան մէջ կը գտնուի։ Արցախի կորուստը, 44-օրեայ պատերազմը ու մեր հերոս նահատակներու յիշատակը, բոլորիս համար վիրաւորական են ու բաց վէրք։ Նոյն պահուն, Հայաստանի քաղաքական ներկայ իրավիճակը անկայուն է ու ժամանակը՝ շրջադարձային։
Ամբողջ հայութիւնը, վերջին տարիներուն ընթացքին, ականատես եղած է ներկայ իշխանութեան գործելակերպին, որ մեր ազգն ու պետութիւնը պղտոր ջուրերու ընդմէջէն կ’առաջնորդէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու եւ մեր հերոսական Արցախի հողերու զիջումը, կառավարութեան օրակարգէն դուրս բերուած Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը, Արցախէն վտարուած հայութեան ապագային հանդէպ անտարբերութիւնը, Սփիւռքի եւ հայրենիքի ժողովուրդին միջեւ պառակտումի փորձերն ու հետեւողական յոռի երեւոյթները՝ քաղաքական այնպիսի դիրքորոշումներ են, որոնց արժանի չէ մեր ազգն ու հայրենիքը»:
Իր խօսքը մասնաւորելով Հ.Յ.Դ. գաղափարական թրծում ունեցած եւ ազգային նկարագիրով կռանուած երիտասարդութեան մասին, ան ընդգծեց, թէ «Դաշնակցական գաղափարակից ու աշխուժ երիտասարդութիւնը հաւատքով ու խանդավառութեամբ, մանաւանդ՝ գիտակցութեա՛մբ կը մօտենայ հայկական իր ինքնութեան։ Եւ այսօր, մենք վկաներն ենք յաջորդական այն սերունդներուն, որոնք պայքարեցան յանուն ինքնութեան եւ պետականութեան։ Մենք լաւ գիտենք, թէ ա՛յն քիչը, որ ունեցած ենք եւ ա՛յն, ինչ որ ունինք հիմա, շնորհքն է այն հայ մարդոց, որոնք գիտակցեցան հայրենիքի ու հայութեան արժէքին եւ երբեք չընկրկեցան դժուարութիւններուն առջեւ։
Պարտաւոր ենք ուրեմն, բոլորս, աշխարհի չորս ծագերուն վրայ գտնուող բոլոր հայութիւնը, մեր ազգին ու ժողովուրդին թիկունք կանգնիլ եւ մեր ազգային վերականգնման մաս կազմել, ունենալով միշտ մեր մտքին մէջ այն սկզբունքները, որ կը բխին մեր հայրենիքի Առաջին Անկախութենէն»։
Երկու ընկերներուն խօսքերը դիմաւորուեցան ջերմ ծափահարութիւններով։
Սրահի բեմը ողողուեցաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան քանի մը տասնեակ պատանիներով, որոնք միաբերան եւ խանդավառ կիրքով երգեցին ազգային ու յեղափոխական երգեր, ցոյց տալով, թէ իրենց դաստիարակութիւնը կը բխի ազգի արժէքներուն եւ հայկական ինքնութեան ակունքէն։
Յաջորդեց ներկայացումը Համազգայինի «Նանօր» պարախումբի անդամներուն, որոնք ներկայացուցին լաւապէս պատրաստուած փունջ մը հայկական պարեր, աւելի ջերմացնելով մթնոլորտը։
Նշենք, որ Պատանեկան Միութեան մեր մատղաշ սերունդը, որ դերակատար եղաւ հայ երգի ու պարի յայտագիրին, իր ազգային դաստիարակութեան կողքին, սերտօրէն կառչած կը մնայ նաեւ հայկական մշակութային գանձարանին։
Ժամը հասաւ բեմին վրայ վայելելու Երիտ. Միութեան նուագախումբը, որ եղաւ ելոյթի յայտնութիւնը։
Ընկերներ Երուանդ Մանուկեան դաշնամուրի վրայ, Օննիկ Պետրոսեան եւ Վիգէն Բարդամեան կիթարի վրայ, ինչպէս նաեւ Անի Արզումանեան եւ Փաթիլ Պարղուտեան երգով, ստեղծեցին այնպիսի մթնոլորտ մը, որ ամբողջ գիշեր ոտքի հանեց բազմութիւնը։ Ներկաները եւս ընկերակցեցան նուագախումբին եւ սրահին մէջ երգն ու խանդավառութիւնը միախառնուեցան ոգեւորիչ արտայայտութիւններով։
Միայն գնահատանքով կարելի է խօսիլ մեր երիտասարդ ընկերներու գեղարուեստական ելոյթին մասին։ Լաւապէս լարուած խումբը յաջորդական մեկնաբանութիւններով հրամցուց ազգային, ժողովրդային եւ յեղափոխական երգերու շարան մը, աւելի ջերմացնելով մայիսեան անկախութեան տօնական ոգին, խլելով անթիւ ծափահարութիւններ ու քաջալերական խօսքեր։
Կը սպասենք, որ երիտասարդներու նուագախումբը կանգ պիտի չ՚առնէ այս ելոյթով միայն, այլ իր տաղանդը պիտի ծաւալէ այլ հաւաքներու ընթացքին եւս, նոյնիսկ երիտասարդական այլ նախաձեռնութիւններով, որոնց կարօտը ունին մեր հայրենակցիները։
Ելոյթի ոգեւորութեան մթնոլորտէն ջերմացած, ներկաները կատարեցին ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ, իսկ կազմակերպիչներու վիճակահանութիւնը եւս պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
Առաւօտեան ժամերու գալուստին հետ, ժողովուրդը մեկնեցաւ սրահէն գոհունակ ու խանդավառ սիրտով, մեր կազմակերպ երիտասարդներուն հանդէպ գնահատանքի խօսքերով, զանոնք ջերմօրէն քաջալերելու բարձր տրամադրութեամբ, մանաւանդ՝ մօտ ապագային անոնց աշխատանքին ու եռանդին արգասիքը վայելելու նորանոր ակնկալութեամբ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Մայիսեան անկախութեան տօնախմբութիւնը յատկանշուեցաւ երիտասարդութեան աներեր խանդով










