ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Հայ ժո­ղո­վուր­դը հպար­տու­թեամբ կը տօ­նէ այ­սօր տա­րե­դար­ձը ­Մա­յիս 28-ին, որ շատ ա­ւե­լին է քան ան­կա­խու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կամ ա­նոր նա­խոր­դող ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան յաղ­թա­նակ­ներն են, քա­նի որ ­Մա­յիս 28-ի բազ­մա­շերտ խոր­հուրդն ու դա­սե­րը ի­րա­րու շաղ­կա­պուած՝ կը տա­րա­ծո­ւին ա­պա­գա­յին մէջ եւ ներ­կայ օ­րե­րուն ալ յատ­կա­պէս շեշ­տա­կի հան­գա­մանք կը ստա­նան ա­նոնք:
­Տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ի­րար ամ­բող­ջաց­նող ­Մա­յիս 28-ի խոր­հուր­դին միայն չորս ե­րես­նե­րու փոր­ձենք անդ­րա­դառ­նալ՝ խտա­ցեալ ու հպան­ցիկ .
1) ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի միաս­նու­թեան ո­գիին եւ սե­փա­կան ու­ժին վրայ ան­խախտ հա­ւատ­քը, ինչ­պէս նաեւ այդ օ­րե­րու քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­կան գոր­ծիչ­նե­րու ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը կազ­մե­ցին այն ա­ռանց­քը, ո­րուն շուրջ բո­լո­րո­ւե­լով յու­սալ­քո­ւած, աղ­քատ ու ան­զօր հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը, նաեւ ա­նօ­թի ու ան­տուն գաղ­թա­կան հա­յե­րը ա­նօ­րի­նակ քա­ջու­թեամբ հա­մա­կո­ւե­ցան ու վե­րա­ծուե­ցան ա­րի ա­րանց ան­պար­տե­լի բա­նա­կի եւ ան­զու­գա­կան Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նէն դուրս շպրտե­ցին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու ա­խոր­ժա­կով յա­ռա­ջա­ցող թրքա­կան խու­ժա­նը…:
­Բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, նաեւ ներ­կա­յիս, բո­լոր ազ­գե­րուն եւ յատ­կա­պէս մե­զի պէտք են ոչ թէ ի­րենց ը­րա­ծով ու չը­րա­ծով սոն­քա­ցող ու «image maker»- նե­րու ա­պա­ւի­նող գոր­ծիչ­ներ, այլ գա­ղա­փա­րա­պաշտ ղե­կա­վար­ներ, ո­րոնք ժո­ղովր­դա­յին զան­գո­ւած­նե­րու մէջ միաս­նա­կան ո­գի կա­րե­նան դարբ­նել, ազ­գա­սի­րու­թեամբ ներշն­չո­ւին ու ներշն­չեն եւ ո­րոնց­մով հպար­տա­նայ ամ­բողջ ազ­գը, ինչ­պի­սիք ե­ղան ­Մա­յիս 28 կեր­տող Ա­րամ ­Մա­նու­կեանն ու իր մար­տըն­կեր­նե­րը…:
2) ­Մա­յիս 28-էն ետք հիմ­նո­վին փո­խուե­ցան հայ մար­դուն քա­ղա­քա­կան ըն­կա­լում­ներն ու ըմբռ­նում­նե­րը: Ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տէն ետք հայ­րե­նի բնակ­չու­թիւ­նը ապ­րե­ցաւ ան­կա­խու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու յոյ­սով, իսկ սփիւռ­քի մէջ, հայ­րե­նի հո­ղին կա­րօ­տով երկ­րէ-եր­կիր թա­փա­ռող հա­յեր կազ­մա­կերպ հա­մայնք­ներ ստեղ­ծե­ցին, զա­նոնք հայ­րե­նա­կա­րօտ փե­թակ­նե­րու վե­րա­ծե­ցին եւ կա­ռու­ցին հո­գե­կան հայ­րե­նիք ու ի­րենք դար­ձան հա­ւա­տա­րիմ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ա­նոր:
­Հո­գե­կան հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րը ըն­դար­ձակ էին, նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւած ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քով, որ յան­գած էր ­Մա­յիս 28-ի շնոր­հիւ ձեռք բե­րո­ւած ­Սեւ­րի դաշ­նագ­րին…:
Եւ հի­մա, ռէալ-փո­լի­թի­քի, այ­սինքն՝ գործ­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կամ «ի­րա­կան ­Հա­յաս­տան»-ի լո­զուն­գով կը փոր­ձո­ւի թա­ղել հո­գե­կան հայ­րե­նի­քը, այ­սինքն ­Մա­յիս 28-ի ա­ռա­ջին տա­րե­դար­ձին յայ­տա­րա­րո­ւած «­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի» մեծ նպա­տա­կը…: ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեան տեղ մը ի­րա­ւուն­քով գրած է, թէ պէտք է պա­հո­ւի հո­գե­կան հայ­րե­նի­քը, որ­պէս­զի մար­դուն մէջ ա­նա­սու­նը ՄԱՐԴ դառ­նայ: Այ­սինքն՝ տես­լա­կա­նով ապ­րի:
3) ­Մա­յիս 28-ով հռչա­կո­ւած ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան խորհր­դա­նիշ դրօ­շը՝ ե­ռա­գոյ­նի ժա­ռան­գը եր­կար տա­րի­ներ բա­րե­րար իր կնի­քը դրոշ­մեց հայ բազ­մու­թեանց գի­տակ­ցու­թեան վրայ եւ փրկեց զա­նոնք, որ չիյ­նան ան­հայ­րե­նիք գնչո­ւի հո­գե­բա­նու­թեան ճի­րան­նե­րու մէջ: ­Հայ մար­դոց մեծ զան­գո­ւած մը պաշ­տա­մուն­քի վե­րա­ծեց զայն: ­Ճիշդ է նաեւ, որ ու­րիշ զան­գո­ւած մը, հա­մա­կեր­պած խորհր­դա­յին վար­չա­կար­գին, մեր­ժեց ա­նոր հո­վա­նին: ­Բայց ըն­դու­նինք, որ թէ՛ ե­ռա­գոյ­նը պաշ­տող­նե­րը եւ թէ՛ ի­րենց տե­սան­կիւ­նէն զայն մեր­ժող­նե­րը վեր­ջին հա­շո­ւով ­Հա­յաս­տա­նին ի­րենց կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը կ­՚ամ­րապն­դէին եւ եր­կու կող­մերն ալ գի­տակ­ցա­կան մա­կար­դա­կի վրայ կ­՚ուղ­ղոր­դո­ւէին դէ­պի հայ­րե­նիք…:
4) ­Մա­յիս 28-ին շնոր­հիւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բողջ պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով կեր­տո­ւե­ցաւ հայ քա­ղա­քա­ցին եւ հայ մար­դուն գի­տակ­ցու­թեան մէջ ամ­րապն­դո­ւե­ցաւ, որ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւ­նը գե­րա­գոյն ար­ժէք է եւ ազ­գի մը ինք­նու­թեան վա­ւե­րա­գի­րը:
­Գի­տակ­ցե­ցաւ ան, որ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան հո­վա­նիին եւ ի­րաւ ժո­ղովրդա­վար պայ­ման­նե­րու տակն է միայն, որ ազ­գե­րը կը բար­գա­ւա­ճին, մշա­կու­թա­յին ու քա­ղա­քակր­թա­կան վե­րելք կ­՚ու­նե­նան եւ ա­մէն մար­զի մէջ զար­գա­ցում կ­՚ար­ձա­նագ­րեն եւ նո­վին բա­նիւ ալ՝ հա­մա­մարդ­կա­յին ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թեան կո­չու­մին տէր կրնան կանգ­նիլ:
­Մենք եր­կար դա­րեր պե­տա­կա­նա­զուրկ կեանք մը ապ­րած ենք ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով: ­Պատ­մա­կան ո­րոշ ժա­մա­նա­կաշրջան­նե­րուն ու­նե­ցած ենք ան­շուշտ թա­գա­ւո­րա­կան, իշ­խա­նա­կան, մարզ­պա­նա­կան պե­տա­կան կա­ռոյց­ներ, ո­րոնք սա­կա­յն ե­ղած են շատ փխրուն եւ չեն դի­մա­ցած դէպ­քե­րու վե­րի­վայ­րում­նե­րուն: ­Մա­տե­նա­գիր­ներ ար­ձա­նագրած են, որ մեր պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու կո­րուս­տը մեծ չա­փե­րով հե­տե­ւան­քը ե­ղած է նե­րազ­գա­յին ան­միա­բա­նու­թեան, իշ­խան­նե­րու սե­փա­կան ան­ձը ընդ­հա­նու­րէն գե­րի­վեր դա­սե­լու զգա­ցու­մին եւ իշ­խա­նա­տեն­չու­թեան:
Ար­ձա­նագ­րենք նոյն­պէս, որ ­Մա­յիս 28-ով հիմ­նո­ւած նո­րաս­տեղծ հան­րա­պե­տու­թեան կո­րուս­տին մէջն ալ նո­ւազ դե­րա­կա­տար չե­ղաւ նե­րազ­գա­յին ան­միա­բա­նու­թիւ­նը: ­Հա­մայ­նա­վա­րա­կան ստա­պա­տիր գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ տա­րո­ւած հայ մար­դիկ ա­մէն տե­սակ խոչըն­դոտ ստեղ­ծե­ցին ու խար­դա­ւա­նան­քի դի­մե­ցին խա­փա­նե­լու հա­մար ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, մին­չեւ ա­նոր տկա­րա­ցու­մը, ա­պա նաեւ կո­րուս­տը:
­Հուսկ. հի­մա կա­րե­լի է նոյ­նիսկ ը­սել, որ ազ­գե­րը հայ­րե­նիք կ­՚ու­նե­նան, որ­պէս­զի պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տեն: ­Մա­նա­ւանդ մե­զի հա­մար ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւ­նը աչ­քի լոյս է, ա­նոր պէս այն­քան կեն­սա­կան, միա­ժա­մա­նակ այն­քան զգա­յուն: ­Գուր­գու­րանք ա­նոր վրայ՝ այժմ եւ ընդ­միշտ:

Ա­թէնք, 27 ­Մա­յիս 2026