Սփիւռքի կեանքին մէջ հայ մշակոյթը ազգային ինքնութեան ամէնէն կենսունակ արտայայտութիւններէն մէկն է։ Անոր գլխաւոր յատկանիշն է երիտասարդութիւնը կապուած պահել մեր ժողովուրդի հոգեմտային ու պատմական ժառանգութեան։
Այս իրողութիւնը անգամ մը եւս հաստատուեցաւ Աթէնքի եւ Գոմոթինիի մէջ կազմակերպուած հայկական պարերու երկու յաջող ելոյթներով, որոնք նոյն դերակատարներու մասնակցութեամբ միաւորեցին հարիւրաւոր հայրենակիցներ եւ վերածուեցան գաղութային համախմբուածութեան ու հոգեկան ապրումի գեղեցիկ դրսեւորումներու։
Երկու ելոյթները մէկ անգամ եւս ապացուցեցին, որ մշակոյթը հայու ոգեղէն աշխարհին մէջ կը շարունակէ գրաւել առանձնայատուկ տեղ։ Հայկական պարը սոսկ բեմական ներկայացումի սահմաններուն մէջ չի պարփակուիր։ Ան ազգային արժէքներու փոխանցման կենդանի լեզու մըն է, որուն ընդմէջէն կը վերակենդանանայ հայրենի բնաշխարհը, ժողովուրդի ստեղծագործ ոգին եւ դարերու ընթացքին կոփուած ազգային նկարագիրը։
Այս պատճառով ալ նման մշակութային նախաձեռնութիւններ գաղութներու իրականութեան առանձնայատուկ ազդակներ են։ Անոնք կը ստեղծեն այն միջավայրը, ուր երիտասարդները կը հանդիպին, կը գործակցին, կը ստեղծագործեն, կը ստանձնեն պատասխանատուութիւն եւ աստիճանաբար կը վերածուին ազգային կեանքի գիտակից մասնակիցներու։ Յատկապէս Աթէնքի եւ Հիւսիսային Յունաստանի հայկական համայնքներուն մէջ այս համախմբումները նոր շունչ կը հաղորդեն գաղութային աշխուժութեան՝ ամրապնդելով փոխադարձ կապուածութիւնն ու հաւաքական պատկանելիութեան զգացումը։
Հայապահպանման պայքարը շարունակական գործընթաց է, որուն յաջողութիւնը կը հիմնուի բազմաթիւ փոխկապակցուած ազդակներու վրայ։ Հայերէն լեզուն, ընտանիքը, դպրոցը, մշակոյթը, հոգեւոր կառոյցները եւ կազմակերպական կեանքը միասին կը կազմեն այն արժեհամակարգը, որ կը կերտէ ազգային դիմագիծով երիտասարդ սերունդներ։ Այս ամբողջութեան մէջ մշակոյթը առանցքային դեր ունի, որովհետեւ կը դաստիարակէ, կը ներշնչէ եւ ազգի գաղափարները կը վերածէ ապրող իրականութեան։
Հետեւաբար, անհրաժեշտ է մշտապէս ներշնչել հայ երիտասարդութիւնը, որպէսզի ազգային ինքնութեան իր որոնումները զարգացնէ մշակութային, հասարակական, ազգային եւ քաղաքական բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Մեր համայնքները կարիքը ունին բազմակողմանի դաստիարակութիւն ստացած երիտասարդներու, որոնք իրենց գոյութենական պորտը ամուր կապած կը պահեն մեր ժողովուրդի պատմութեան, աւանդներուն, մշակոյթին եւ հայրենի հողի կենարար զօրութեան։ Այդ կապէն կը ծնի պատասխանատու հայ մարդը, պայքարունակ ոգի կրող երիտասարդը եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու համոզուած պաշտպանն ու դրօշակիրը։
Աթէնքի եւ Գոմոթինիի մէջ երկու ելոյթներու արձանագրած յաջողութիւնները պէտք է դիտուին որպէս վերեւ նշուած շարունակական աշխատանքի խրախուսանք։ Մշակոյթը պէտք է դառնայ ազգային ուղիի հիմնասիւններէն մէկը, պատրաստելու համար գիտակից սերունդներ, պահպանելով սփիւռքի կենսունակութիւնը եւ երաշխաւորելով համայնքային յաջորդականութիւնը։
Այս գործընթացին մէջ առանձնապէս գնահատանքի արժանի է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հետեւողական առաքելութիւնը։ Տասնամեակներէ ի վեր Միութիւնը իր մշակութային, կրթական, գեղարուեստական եւ երիտասարդական բազմաբնոյթ գործունէութեամբ կրցած է իր շուրջ համախմբել գաղութի տասնեակ երիտասարդներ, անոնց մէջ արթնցնելով ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը եւ զանոնք ներշնչելով հայ մշակոյթի հարուստ աւանդներով։
Հայկական պարը, երգը, թատերական աշխատանքը, գեղարուեստական կրթութիւնը եւ բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններ սոսկ ժամանցային զբաղումներ չեն, այլ ազգային դաստիարակութեան կենսական միջոցներ, որոնց ընդմէջէն կը կազմաւորուի պատասխանատուութիւն զգացող երիտասարդը։
Նոյն յանձնառութիւնը կը տեսնենք նաեւ Թրակիոյ մէջ, ուր տեղւոյն մշակութային միութիւնը եւ իր շուրջ համախմբուած նուիրեալ գործիչները, կամաւորներն ու պատասխանատուները հետեւողական աշխատանքով վառ կը պահեն հայ մշակոյթի ջահը երիտասարդ սերունդին մէջ։
Այլեւս, ժամանակի հրամայականն է, որ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ մեր մշակութային կառոյցները զարգացնեն աւելի սերտ ու ծրագրուած գործակցութիւն՝ միաւորելով իրենց վարչական փորձառութիւնը, մարդկային ներուժը եւ կազմակերպական կարողականութիւնը։ Փոխադարձ այցելութիւնները, համատեղ մշակութային ծրագիրները, երիտասարդական փոխանակումները, միասնական բեմադրութիւններն ու ներդաշնակուած նախաձեռնութիւնները կրնան ստեղծել կազմակերպական այնպիսի ցանց մը, որ միացեալ ամբողջութեան մը մէջ նոր թափ կրնայ հաղորդել համայնական կեանքին եւ աւելի ամուր հիմերու վրայ դնել երիտասարդութեան բազմաբնոյթ դաստիարակութիւնը։ Այս գործակցութիւնը օրինակելի նախատիպ կրնայ դառնալ մեր գաղութին համար՝ ապացուցելով, որ հաւաքական ուժերու համադրութիւնը բազմապատկող ազդեցութիւն ունի հայապահպանման եւ սերունդներու յաջորդականութիւնը ապահովելու գործին մէջ։
Կը մնայ գիտակցիլ, թէ հաւաքաբար պարտաւոր ենք ամէն գնով նեցուկ կանգնիլ գաղութի ապագան երաշխաւորող ամէն տեսակի ներդրումի։










