ԱՐԱ ՄԱՆԿՈՅԵԱՆ

Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նա­լու բա­նա­ձե­ւի միա­ձայն հաս­տա­տու­մը նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին կող­մէ, պատ­մա­կան շրջա­դարձ մըն է, որ եր­կա­րա­տեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան սա­ռե­ցու­մէ ետք կը վե­րա­ձե­ւա­ւո­րէ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի քա­ղա­քա­կան քար­տէ­սը։ Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Կի­տէոն ­Սաա­րի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ ա­րա­գօ­րէն ար­ժա­նա­ցաւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան ամ­բող­ջա­կան հա­ւա­նու­թեան, մի­ջազ­գա­յին վեր­լու­ծա­բան­նե­րու կող­մէ միան­շա­նա­կօ­րէն կը նկա­տո­ւի իբ­րեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ուժ­գին «ապ­տակ»՝ ուղ­ղո­ւած ­Թուր­քիոյ եւ ա­նոր որ­դեգ­րած բա­ցա­յայտ հա­կաիս­րա­յէ­լեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ Այս ո­րո­շու­մը, թէեւ դեռ պէտք է անց­նի Ք­նե­սէ­թի (խորհր­դա­րա­նի) վերջ­նա­կան քո­ւէար­կու­թե­նէն, ար­դէն իսկ կը սահ­մա­նէ պե­տա­կան նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ուղ­ղու­թիւ­նը։
Իս­րա­յէ­լի այս քայ­լը, ան­շուշտ, դրա­կան եւ պատ­մա­կա­նօ­րէն պա­հան­ջուած ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն է։ Օս­մա­նեան վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն զոհ գա­ցած 1,5 մի­լիոն ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին ար­դա­րա­ցու­մը հա­մա­մարդ­կա­յին պարտք մըն է, որ եր­բեք չի կրնար ջնջո­ւիլ կամ մո­ռա­ցու­թեան տրո­ւիլ։ Այ­սու­հան­դերձ, այս ո­րոշ­ման ժա­մա­նա­կագ­րա­կան զու­գա­դի­պու­թիւնն ու դրդա­պատ­ճառ­նե­րը դառ­նու­թեան զգա­ցում մը կը ձգեն՝ բա­ցա­յայ­տե­լով քա­ղա­քա­կան պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան խա­ղե­րու այն ծալ­քե­րը, ո­րոնց մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ի վեր­ջոյ վե­րա­ծո­ւե­ցաւ շա­հարկ­ման եւ հա­կազ­դե­ցու­թեան ա­ռար­կա­յի։
­Ցա­ւա­լի է ար­ձա­նագ­րել, որ բա­րո­յա­կա­նու­թեան եւ պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած այս­պի­սի հիմ­նա­կան քայլ մը չառ­նո­ւե­ցաւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու հան­դէպ յար­գան­քէն մղուած, այլ օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցաւ իբ­րեւ պարզ գոր­ծիք մը աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան մեծ խա­ղե­րու հա­մար։ ­Թուր­քիոյ ուղ­ղո­ւած այս հա­րո­ւա­ծը հրա­պա­րակ ե­կաւ միայն այն ա­տեն, երբ Իս­րա­յէ­լի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ թշնա­մանքն ու հա­կա­մար­տու­թիւ­նը հա­սան ի­րենց պատ­մա­կան գա­գաթ­նա­կէ­տին, ուր Ան­գա­րան կա­տա­րե­լա­պէս խզեց կա­պե­րը ­Թել Ա­ւի­ւի հետ։
­Հոս անհ­րա­ժեշտ է, սա­կայն, յա­նուն ար­դա­րու­թեան, յստա­կօ­րէն զա­նա­զա­նել ­Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քի­նէն սկսած մին­չեւ մեր օ­րե­րու հրէա­կան մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, հա­սա­րա­կա­կան եւ ար­դա­րա­միտ այն շրջա­նակ­նե­րը, ո­րոնք տա­րի­ներ շա­րու­նակ՝ ­Հո­լո­քոս­թի ար­հա­ւիր­քը ապ­րած ժո­ղո­վուր­դի բնա­կան պար­տա­ւո­րու­թեամբ, ան­կեղ­ծօ­րէն պայ­քա­րած են Ք­նե­սէ­թի մէջ եւ այ­լուր ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­մար՝ ընդ­դէմ Իս­րա­յէ­լի պե­տա­կան մե­քե­նա­յի պաշ­տօ­նա­կան հա­կազ­դե­ցու­թեան։ Այս շրջա­նակ­նե­րը, ի­րենց բա­րո­յա­կան հե­ղի­նա­կու­թեամբ, շա­րու­նա­կե­ցին բարձ­րա­ձայ­նել այն, ինչ Իս­րա­յէ­լի պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն փոր­ձեց շրջան­ցել կամ լռեց­նել։ ­Ցա­ւա­լի ի­րա­կա­նու­թիւնն այն է, որ ­Թել Ա­ւի­ւի պաշ­տօ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ խուլ ձե­ւա­ցան այդ ան­կեղծ ձայ­նե­րուն դի­մաց, եւ միայն այժմ, երբ ­Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ան­դառ­նա­լիօ­րէն փլու­զո­ւե­ցան, ո­րո­շե­ցին սրբա­զան հար­ցը վե­րա­ծել մար­տա­վա­րա­կան հա­կակ­շի­ռի։
­Պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը չի կրնար ան­տե­սել այն ակն­յայտ ու ճչա­ցող հա­կա­սու­թիւ­նը, որ գո­յու­թիւն ու­նի Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։
­Նոյն այս իշ­խա­նու­թիւ­նը, որ այ­սօր նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի մա­կար­դա­կով միա­ձայն կը ճանչ­նայ 1915-ի ար­հա­ւիր­քը, տա­րի­ներ շա­րու­նակ հան­դի­սա­ցաւ եւ կը շա­րու­նա­կէ հան­դի­սա­նալ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­դիա­կան հրթիռ­նե­րու եւ ռազ­մա­կան բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան գլխա­ւոր մա­տա­կա­րա­րը։ Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը լիո­վին հաս­տա­տո­ւած ու փաս­տագ­րո­ւած է. ­Թել Ա­ւի­ւը ե­ղած է ­Պա­քո­ւի ռազ­մա­կան գլխա­ւոր յե­նա­րա­նը թէ՛ 2020 թո­ւա­կա­նի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին եւ թէ՛ 2023-ի ­Սեպ­տեմ­բե­րի վերջ­նա­կան յար­ձա­կու­մին ու Ար­ցա­խի հա­յա­թափ­ման ժա­մա­նակ։
Ս­թոք­հոլ­մի ­Մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թեան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ինս­տի­տու­տի (Stockholm International Peace Research Institute) տո­ւեալ­նե­րով՝ Ատրպէյ­ճա­նի նե­րա­ծած սպա­ռա­զի­նու­թեան հսկա­յա­կան տո­կո­սը կու գար Իս­րա­յէ­լէն։ Ա­սի­կա պարզ ա­ռեւ­տուր չէր, այլ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւն, որ իս­պառ փո­խեց ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։ Այդ զէն­քե­րը ուղ­ղա­կիօ­րէն գոր­ծա­ծո­ւե­ցան Ար­ցա­խի հա­յու­թեան դէմ՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով բազ­մա­թիւ մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րու, ա­ւե­լի քան հա­րիւր հա­զար հայ­րե­նա­կից­նե­րու բռնի տե­ղա­հան­ման, հայ­րե­նազրկ­ման եւ Ար­ցա­խի դա­րա­ւոր հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան հա­մա­կար­գո­ւած ջնջման (cultural genocide)։
Ան­գա­րա­յի ա­մե­նա­մօտ դաշ­նա­կի­ցը հան­դի­սա­ցող ­Պա­քո­ւի բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գին կող­մէ պատ­մա­կան կո­թող­նե­րը, վան­քերն ու ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­լիր­նե­րը թի­րա­խա­ւո­րո­ւե­ցան ու հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը ջնջո­ւե­ցաւ ճիշտ այն հա­րո­ւա­ծա­յին ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քե­րով, ինչ­պի­սին է Իս­րա­յէ­լի Օ­դա­տիե­զե­րա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւն­նե­րու (IAI) ար­տադ­րած «­Հա­րոփ» (Harop) տե­սա­կի յար­ձա­կո­ղա­կան սար­քե­րը եւ «­Պա­րաք-8» (Barak-8) հա­կաօ­դա­յին հա­մա­կար­գե­րը, ո­րոնք ա­րիւ­նա­լի դեր խա­ղա­ցին պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ։
Այս ծի­րին մէջ, քա­ղա­քա­կան ի­րա­պաշ­տու­թիւ­նը մեզ­մէ կը պա­հան­ջէ սառ­նա­սիրտ հա­յեաց­քով գնա­հա­տել տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րը։ Ի տար­բե­րու­թիւն ­Թել Ա­ւի­ւի, որ ­Պա­քո­ւի մի­ջո­ցով վտան­գի տակ կը դնէ թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ Ի­րա­նի անվ­տան­գու­թիւ­նը, ­Թեհ­րա­նը՝ ել­լե­լով սե­փա­կան կեն­սա­կան շա­հե­րէն՝ հան­դի­սա­ցած է տա­րա­ծաշր­ջա­նի սահ­ման­նե­րու ան­փո­փո­խե­լիու­թեան բնա­կան ե­րաշ­խա­ւո­րը։ Ի­րա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, թէ ­Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­ման­նե­րու ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թիւն «կար­միր գիծ» է, ռազ­մա­վա­րա­կան շա­հե­րու այն­պի­սի հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւն են, ո­րոնց հայ­կա­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը պար­տա­ւոր է կառ­չած մնալ։
­Պատ­մա­կան հեգ­նանք է, որ ­Նա­ցի­նե­րու կող­մէ Ող­ջա­կի­զում (­Հո­լո­քոսթ) կրած ժո­ղո­վուր­դի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ հան­դի­սա­ցաւ 21-րդ ­դա­րու ցե­ղաս­պա­նա­կան վար­չա­կար­գե­րուն (­Պա­քու եւ Ան­գա­րա) ռազ­մա-ար­հես­տա­գի­տա­կան հո­վա­նա­ւո­րը։ Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ պատ­մա­կան ցա­ւի յի­շո­ղու­թիւ­նը եր­կար ա­տեն զո­հա­բե­րո­ւած էր աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պաղ հա­շուարկ­նե­րուն, եւ այ­սօ­րո­ւան ճա­նա­չու­մը, որ­քան ալ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն կա­րե­ւոր, չի ջնջեր այդ մեղ­սակ­ցու­թեան է­ջը։

Ի՞նչ կը շա­հի հայ­կա­կան կող­մը եւ ինչ­պէ՞ս գոր­ծել

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չու­մը միշտ ալ ըն­դու­նե­լի է, ուր­կէ ալ որ գայ։ Ա­նի­կա կ­՚ա­պա­հո­վէ հայ­կա­կան կող­մին բա­րո­յա­կան եւ ի­րա­ւա­կան գե­րա­զան­ցու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու մէջ։ ­Սա­կայն, մենք թոյլ չենք տար, որ մեր սրբա­զան ­Դա­տը վե­րա­ծո­ւի պարզ ա­ռեւ­տու­րի ա­ռար­կա­յի։ Այս նոր ի­րա­վի­ճա­կը հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան եւ յատ­կա­պէս Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի հա­մաշ­խար­հա­յին ցան­ցին առ­ջեւ կը դնէ յստակ, մար­տա­վա­րա­կան քայ­լե­րու հրա­մա­յա­կա­նը:
Իս­րա­յէ­լի ներ­քին ար­դա­րա­միտ ու­ժե­րու հա­մախմ­բում. հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը պէտք է սեր­տօ­րէն գոր­ծակ­ցին Իս­րա­յէ­լի այն ա­կա­դե­մա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ, ո­րոնք տա­րի­ներ շա­րու­նակ ան­կեղ­ծօ­րէն պայ­քա­րե­ցան ճա­նաչ­ման հա­մար, որ­պէս­զի այս քայ­լը դուրս բե­րո­ւի զուտ կա­ռա­վա­րա­կան պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան ծի­րէն եւ ստա­նայ հան­րա­յին հաս­տա­տուն հիմ­քեր Ք­նե­սէ­թի վերջ­նա­կան քո­ւէար­կու­թեան ըն­դա­ռաջ։
­Զէն­քի էմ­պար­կո­յի եւ բա­րո­յա­կան ան­հա­մա­տե­ղե­լիու­թեան օ­րա­կարգ. Օգ­տա­գոր­ծե­լով պաշ­տօ­նա­կան ճա­նաչ­ման այս նոր փաս­տը՝ հայ­կա­կան կող­մը պէտք է մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ բարձ­րաց­նէ հար­ցը. ե­թէ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս կը ճանչ­նայ պատ­մա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ա­պա բա­րո­յա­կան ու ի­րա­ւա­կան ի­րա­ւունք չու­նի զէնք վա­ճա­ռե­լու Ատրպէյ­ճա­նին՝ նո­րօ­րեայ մշա­կու­թա­յին եւ ցե­ղա­յին ջնջում­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ ­Ճա­նա­չու­մը պէտք է ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կա­պո­ւի ­Պա­քո­ւի հետ ռազ­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան դադ­րեց­ման պա­հան­ջին հետ։
Ատր­պէյ­ճան-Իս­րա­յէլ ճեղ­քե­րու օգ­տա­գոր­ծում. Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան այս միա­ձայն ո­րո­շու­մը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն լուրջ ճա­քեր պի­տի յա­ռա­ջաց­նէ ­Պա­քու–­Թել Ա­ւիւ ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռանց­քին մէջ, քա­նի որ Ատր­պէյ­ճան դժո­ւար թէ հան­դուր­ժէ իր դաշ­նա­կի­ցի նման քայ­լը։ ­Հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը պէտք է պատ­րաստ ըլ­լայ օգ­տուե­լու այս հնա­րա­ւոր լա­րո­ւա­ծու­թե­նէն՝ թու­լաց­նե­լու հա­մար հա­կա­հայ­կա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը, գիտ­նա­լով հան­դերձ, որ Իս­րա­յէլ այ­լեւս չի կրնար ետ քա­շել իր այս ո­րո­շու­մը ա­ռանց մի­ջազ­գա­յին ծանր դի­ւա­նա­գի­տա­կան նո­ւաս­տաց­ման։
Եզ­րա­կաց­նե­լով՝ Իս­րա­յէ­լի կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նաչ­ման ըն­թաց­քը մե­զի հա­մար ո՛չ հրաշք է, ո՛չ ալ պարզ բա­րե­գոր­ծու­թիւն, այլ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր ի­րո­ղու­թիւն, զոր պար­տա­ւոր ենք օգ­տա­գոր­ծել իբ­րեւ յա­ւե­լեալ ճնշման մի­ջոց։ ­Հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պէտք է զերծ մնայ դա­տարկ խան­դա­վա­ռու­թիւն­նե­րէ եւ որ­դեգ­րէ սառ­նա­սիրտ, ի­րա­պաշտ ար­տա­քին մտա­ծո­ղու­թիւն։ ­Թել Ա­ւի­ւին պէտք է յստա­կօ­րէն հասկց­նել, որ ձե­ւա­կան ու քա­ղա­քա­կա­նա­պէս մղո­ւած քայ­լե­րը բա­ւա­րար չեն. ե­թէ Իս­րա­յէլ կ­՚ու­զէ վե­րա­կանգ­նել իր բա­րո­յա­կան վար­կը հա­յու­թեան աչ­քին, ա­պա պէտք է գործ­նա­կա­նա­պէս վե­րա­նա­յի իր ա­րիւ­նա­լի ռազ­մա­վա­րա­կան կա­պե­րը ­Պա­քո­ւի հա­յա­տեաց բռնա­տի­րու­թեան հետ։

29 ­Յու­նիս 2026