­Նո­յեմ­բեր 23ի այս օ­րը, 99 տա­րի ա­ռաջ, ան­խառն ցնծու­թեան օր մը պէտք է ըլ­լար հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ ­Բայց այդ­պէս չե­ղաւ…
1918ի տա­րես­կիզ­բէն ի վեր Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան խու­ժած թրքա­կան բա­նա­կը, որ մին­չեւ Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ՝ ­Գիւմ­րի մտած ու Էջ­միած­նի ո­րոշ շրջան­նե­րը գրա­ւած էր, ու­թամ­սեայ իր տի­րա­պե­տու­թեան վերջ տա­լու ­Դաշ­նա­կից­նե­րու պար­տադ­րան­քին տակ, ­Նո­յեմ­բեր 23ին սկսաւ պար­պել Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րա­կազմ բա­նա­կը ան­մի­ջա­պէս վե­րա­տի­րա­ցաւ հա­յոց հի­նա­ւուրց քա­ղա­քին, բայց իր առ­ջեւ գտաւ զար­հու­րե­լի տե­սա­րա­նը ջար­դո­ւած բնակ­չու­թեամբ՝ ա­ւե­րո­ւած ու ա­ւա­րո­ւած ­Գիւմ­րիի։
Այդ ի­մաս­տով ան­խառն չե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մընդ­հա­նուր ցնծու­թիւ­նը։ Ան­շուշտ որ մէկ կող­մէ, ան­վի­ճե­լիօ­րէն, հա­մազ­գա­յին տօ­նախմ­բու­թեան մէջ էր ողջ հա­յու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րէն ետք հռչա­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, 10 հա­զար քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթ­րի մէջ կծկո­ւած ու խեղ­դո­ւած ապ­րե­լէ ետք շուրջ վեց ա­միս, վեր­ջա­պէ՜ս, կը սկսէր հո­ղա­հա­ւա­քի իր յաղ­թար­շա­ւը՝ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի վե­րա­տի­րա­ցու­մով 55 հա­զար ք. քի­լո­մեթ­րի հասց­նե­լով իր տա­րած­քը։ ­Միւս կող­մէ սա­կայն, ի տես թրքա­կան գրաւ­ման ա­հա­ւոր հե­տե­ւանք­նե­րուն, «ող­բի ու որ­բի, սո­վի եւ թշո­ւա­ռու­թեան ­Հա­յաս­տան»ի հա­մար ա­ւե­լիով կը շեշ­տո­ւէր յա­ւե­լեալ վէր­քեր ու ծան­րակ­շիռ կո­րուստ­ներ դար­մա­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
­Բայց պատ­մու­թիւ­նը դրա­կա՛ն հա­շո­ւեկշ­ռով պսա­կեց Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի ա­զա­տագ­րու­մը թրքա­կան բռնագ­րա­ւու­մէն։
Ինչ­պէս որ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան կը վկա­յէ իր «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը» կո­թո­ղա­կան գոր­ծին մէջ, «­Նո­յեմ­բեր 22ից թիւր­քե­րը սկսե­ցին դա­տար­կել Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը։ ­Դեկ­տեմ­բեր 2 եւ 3ին, ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Խո­յե­ցեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ կազ­մո­ւած մի յանձ­նա­խումբ ըն­դու­նեց քա­ղաքն ու բեր­դը։ ­Դեկ­տեմ­բեր 4ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 5ին, ­Ղալ­թախ­չիից շար­ժո­ւեց մի հայ­կա­կան գու­մար­տակ՝ գնդ. ­Նես­տե­րովս­կիի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ եւ գրա­ւեց Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը։ ­Բեր­դա­պետ նշա­նա­կո­ւեց գնդ. ­Դի­տի­մո­վը։
«Այս­տեղ եւս՝ ընդ­հա­նուր ա­ւեր ու խեղ­ճու­թիւն։ ­Թիւր­քե­րը տա­րել էին ա­մէն ինչ, որ կա­րե­լի էր ե­ղել շար­ժել.- շո­գե­շարժ, վա­կոն, ցո­րեն, ժո­ղովր­դից խլո­ւած պա­րէ­նը, բամ­պա­կը, տնա­յին ի­րեր, կա­յա­րան­նե­րի բո­լոր գոյ­քը՝ հե­ռագ­րա­կան ու հե­ռա­խօ­սա­յին գոր­ծիք­նե­րից սկսած մին­չեւ դռներն ու պա­տու­հան­նե­րը։ ­Բեր­դը պայ­թեց­րել էին եւ շատ բան այ­րել։ ­Քա­ղաքն ու շրջա­կայ գիւ­ղե­րը կո­ղոպ­տո­ւած էին մին­չեւ վեր­ջին ա­սե­ղը։ Ան­յա­տակ թշո­ւա­ռու­թիւն էր տի­րում ա­մէն կողմ։ ­Հա­կա­ռակ ­Մեհ­մեդ Ա­լի փա­շա­յի ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան տո­ւած պաշ­տօ­նա­կան հա­ւաս­տիա­ցում­նե­րին, թէ ­Դեկտ. 6ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9ից սկսած՝ Բ­րեստ-­Լի­տովս­կի դաշ­նագ­րի սահ­ման­նե­րից այս կողմ ո՛չ մի թիւրք աս­կեար չի մնա­լու եւ թէ կար­գադ­րո­ւած է, որ հե­ռա­ցող աս­կեար­նե­րը ո՛չ մի թա­լան եւ ա­ւե­րա­ծու­թիւն չա­նեն, թիւր­քե­րը հե­ռա­նում էին՝ ի­րենց յե­տե­ւը թող­նե­լով մահ ու քայ­քա­յում»…
Ա­հա՛ թրքա­կան պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րուն գոր­ծադ­րու­թեան ի­րա­կան պատ­կե­րը։
Ա­հա՛ թրքա­կան պե­տու­թեան իս­կա­կան դէմ­քը, ո­րուն ակ­նար­կե­լով ժա­մա­նա­կին գրած էր ֆրան­սա­ցի մեծ բա­նաս­տեղ­ծը՝ ­Վիք­թոր ­Հիւ­կոն.- «Այս­տե­ղից ­Թուրքն է ան­ցել»…
Այդ­պէ՛ս, 23 ­Նո­յեմ­բեր 1918ին, ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը վե­րա­տի­րա­ցան ի­րենց հո­ղին՝ ցա­րա­կան դա­րաշր­ջա­նին Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ ա­նո­ւա­նո­ւած ­Գիւմ­րիին։
­Քա­նի մը ամ­սո­ւան խա­ղաղ կեան­քը եւ թրքա­կան լու­ծի ընդ­միշտ հե­ռա­ցու­մը բա­ւա­րար ե­ղան, որ­պէս­զի ­Գիւմ­րի դար­մա­նէ իր վէր­քե­րը եւ վե­րագտ­նէ իր կա­րե­ւոր տե­ղը ա­զատ ու ան­կախ հա­յու­թեան պե­տա­կան շի­նա­րա­րու­թեան մեծ գոր­ծին մէջ։
­Հա­յոց պատ­մու­թեան յի­շար­ժան այս տա­րե­թի­ւին՝ թրքա­կան զօր­քե­րու Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լէն հե­ռաց­ման 99ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած այս անդ­րա­դար­ձը կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել պատ­մա­քա­ղա­քա­կան ար­ժե­ւո­րու­մո­վը հայ­րե­նի ոս­տան ­Գիւմ­րիի վրայ թրքա­կան բա­նա­կին գոր­ծած թէ՛ ներ­խուժ­ման, թէ դա­տարկ­ման։
­Ծա­նօթ է, որ 1918ի ­Մար­տի 3ին՝ մէկ կող­մէ ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի եւ միւս կող­մէ ­Գեր­մա­նիոյ, Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիոյ, ­Պուլ­կա­րիա­յի ու ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ Բ­րեստ-­Լի­տովս­կի հաշ­տու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը, ո­րուն 4րդ ­յօ­դո­ւա­ծին եւ ռուս-թրքա­կան լրա­ցու­ցիչ պայ­մա­նագ­րին հա­մա­ձայն՝ ­Թուր­քիոյ ան­ցան ոչ միայն ամ­բողջ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը, այ­լեւ ­Կար­սի ու Ար­դա­հա­նի մար­զե­րը Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի: ­Ռու­սաս­տան պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը ստանձ­նեց ան­յա­պաղ դուրս բե­րե­լու իր զօր­քը Ար­դա­հա­նի, ­Կար­սի եւ ­Բա­թու­մի մար­զե­րէն, ցրո­ւե­լու հայ կա­մա­ւո­րա­կան ջո­կատ­նե­րը եւ ­Կով­կա­սի մէջ պա­հե­լու ըն­դա­մէ­նը մէկ զօ­րա­բա­ժին՝ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նա­լով մին­չեւ 1877 թո­ւի ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած սահ­ման­նե­րը։
Թր­քա­կան պե­տու­թեան հա­մար, Բ­րեստ-­Լի­տովս­կի հաշ­տու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը եւ ա­նոր լրա­ցու­ցիչ ռուս-թրքա­կան երկ-կողմ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը յար­մա­րա­գոյն ա­ռի­թը կ­’ըն­ձե­ռէին, որ­պէս­զի կա­րե­նայ հա­մաթր­քա­կան ծա­ւալ­ման իր նպա­տակ­նե­րու ի­րա­գործ­ման նոր թա­փով լծո­ւիլ,
ճնշում գոր­ծադ­րել ամ­բողջ Անդր­կով­կա­սի վրայ եւ պա­հան­ջել ա­նոր ան­ջա­տու­մը ­Ռու­սաս­տա­նէն, որ­պէս­զի շրջա­նը մաս­նա­տե­լով եւ բա­ժան-բա­ժան ը­նե­լով՝ իր գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը պար­տադ­րէ ամ­բողջ Անդր­կով­կա­սին։
Ա­տե­նին, Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մեր­ժեց մաս­նակ­ցիլ Բ­րեստ-­Լի­տովս­կի հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ, չըն­դու­նե­լով ա­նոր զի­ջո­ղա­կան պայ­ման­նե­րը, ո­րո­շեց Տ­րա­պի­զո­նի մէջ ան­ջատ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րել ­Թուր­քիոյ հետ: ­Բայց թրքա­կան բա­նա­կը ար­դէն ձեռ­նար­կած էր Անդր­կով­կա­սի ուղ­ղու­թեամբ գրո­հի եւ նոյ­նիսկ Բ­րեստ-­Լի­տովս­կի մէջ ռուս­նե­րու կա­տա­րած զի­ջում­նե­րը այ­լեւս բա­ւա­րար չէին։ ­Թուր­քե­րը վճռած էին 1877ի ռուս-թրքա­կան սահ­ման­նե­րէն ալ ան­դին անց­նիլ եւ — ողջ Անդր­կով­կա­սը բռնագ­րա­ւե­լով — հաս­նիլ ­Պա­քու՝ թէ՛ այս վեր­ջի­նի նաւ­թա­հո­րե­րուն տի­րա­նա­լու, թէ՛ հա­մաթր­քա­կան միու­թեան ի­րենց ե­րա­զը ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով։
Ընդ­հա­նուր այդ գրո­հի ըն­թաց­քին էր, որ ­Սէյ­մի զօր­քե­րը եւ այդ շար­քին հա­յոց կա­մա­ւո­րա­կան ու­ժե­րը նա­հան­ջի մղե­լով՝ ­Մա­յիս 1918ի կէ­սե­րուն թրքա­կան զօր­քե­րը մտան Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ եւ Ե­րե­ւա­նը գրա­ւե­լու ի­րա­կան վտանգ ա­ռա­ջա­ցու­ցին: ­Սա­կայն ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի եւ ­Բաշ Ա­պա­րա­նի ճա­կատ­նե­րուն վրայ, հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րու զօրքն ու աշ­խար­հա­զօ­րա­յին­նե­րը պար­տու­թեան մատ­նե­ցին թրքա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, ջախ­ջա­խե­ցին թրքա­կան զօր­քը եւ կան­խե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին ի սպառ բնաջն­ջու­մը։
Ան­շուշտ թրքա­կան զօր­քը միայն ճա­կա­տա­մարտ կորսն­ցուց. շա­րու­նա­կեց պահ­պա­նել շրջա­նի ա­մէ­նէն ու­ժեղ բա­նա­կը ըլ­լա­լու իր ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը. ի վի­ճա­կի ե­ղաւ իր կամ­քը պար­տադ­րե­լու ­Սէյ­մի քայ­քա­յու­մով ան­կա­խու­թիւ­նը հռչա­կած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, որ ստի­պո­ւե­ցաւ ստո­րագ­րել 1918ի ­Յու­նիս 4ի ­Բա­թու­մի նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ դաշ­նա­գի­րը՝ «­Հաշ­տու­թեան եւ
­Բա­րե­կա­մու­թեան պայ­մա­նա­գիր» հեգ­նա­կան ա­նու­նին տակ։
Այդ­պէ՛ս Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը մնաց թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ ամ­բողջ վեց ա­միս, մին­չեւ ­Հոկ­տեմ­բե­րի վեր­ջին օ­րե­րը, երբ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը վերջ­նա­կա­նա­պէս կորսն­ցու­ցած ­Թուր­քիան կնքեց, յաղ­թա­կան դաշ­նա­կից­նե­րու ճնշման տակ, անձ­նա­տո­ւու­թեան եւ զի­նա­դա­դա­րի ­Մու­տոր­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որ ի շարս այլ պայ­ման­նե­րու, ­Թուր­քիոյ կը պար­տա­ւո­րեց­նէր քա­շո­ւիլ Անդր­կով­կա­սէն ու վե­րա­դառ­նալ 1914ի՝ նախ­քան Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ռուս-թրքա­կան սահ­ման­նե­րը։
Այդ պատ­ճա­ռով ալ թրքա­կան բար­բա­րո­սու­թեան յա­տուկ վայ­րա­գու­թեամբ թրքա­կան զօր­քը գոր­ծադ­րեց հայ­կա­կան հո­ղե­րէն քա­շո­ւե­լու իր պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։
Ա­ւե­րո­ւած ու ա­ւա­րո­ւած ­Գիւմ­րին վեր­ջին վկա­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ թրքա­կան պե­տու­թեան հա­յաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։
Ե­րէկ, այ­սօր թէ վա­ղը՝ ­Թուր­քիոյ վա­րիչ­նե­րուն հետ ֆութ­պո­լա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեամբ թէ այլ «մար­տա­վա­րու­թեամբ» բա­նակ­ցու­թեանց եր­թա­լու եւ հայ­րե­նի հո­ղէն ու ա­րիւ­նէն զի­ջում­նե­րու գնով հաշ­տու­թիւն ա­ղեր­սե­լու պատ­րաստ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ի՛նչ գոյ­նի ալ որ ըլ­լան ա­նոնք, պար­տա­ւոր են մտա­հան չը­նե­լու Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի, այ­լեւ ընդ­հան­րա­պէս Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նի թրքա­կան բռնագ­րաւ­ման դա­սե­րը։
Ա­մէն պա­րա­գա­յի, հա­յոց սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ անջն­ջե­լի կը մնայ թրքա­կան պե­տու­թեան յան­ցա­գործ վար­քա­գի­ծը՝ «յար­մար պա­հուն» վերջ­նա­կա­նա­պէս ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցէն, ի հար­կին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ պե­տա­կա­նօ­րէն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծադ­րե­լու գնով։