­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քի նա­խորդ փո­խա­նորդ Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեան ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի (­Տիար­պե­քիր) մէջ այ­ցե­լած է ­Սուրբ ­Կի­րա­կոս հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, որ շրջա­նին մէջ թրքա­կան ու­ժե­րու գոր­ծո­ղու­թեանց ըն­թաց­քին կո­ղոպ­տո­ւած ու մեծ վնաս­ներ կրած է: Այս մա­սին կը յայտ­նէ պոլ­սա­հայ «Ա­կօս» թեր­թը:
Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տե­րուն վրայ ներ­կա­յիս կան կրա­կոց­նե­րու հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած անց­քեր, կոտ­րո­ւած են ա­պա­կի­նե­րը:
­Սուրբ ­Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շրջե­լէ ետք, Ա­թէ­շեան Ար­քե­պիս­կո­պոս հան­դէս ե­կած է յայ­տա­րա­րու­թեամբ, ուր նշո­ւած է.- «Այ­սօր, այս թա­ղա­մա­սին մէջ գտնո­ւող Աս­տու­ծոյ ա­ղօ­թա­րան­նե­րը` ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, մզկիթ­նե­րը ա­ւե­րակ­նե­րու վե­րա­ծո­ւած են: Ն­ման բան ը­նո­ղին մենք մարդ չենք կրնար ա­նո­ւա­նել: Ա­մէն բան ա­ւե­րո­ւած է: Այս ա­մէ­նը ը­նո­ղը Աս­տու­ծոյ ա­րա­րած մար­դը չի կրնար ըլ­լալ»: Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեան յոր­դո­րած է պատ­կան մար­մին­նե­րուն, նե­րա­ռեալ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան, հիմ­նադ­րամ­նե­րու գլխա­ւոր տնօ­րի­նու­թեան եւ ոս­տի­կա­նու­թեան՝ ան­յա­պաղ մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կե­լու` սկսե­լու ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը:
Ն­շենք, որ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի ­Սուրբ ­Կի­րա­կոս հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ա­մե­նա­մեծ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն է: 2012 ­Նո­յեմ­բեր 4ին, 32 տա­րո­ւան ընդ­մի­ջու­մէ ետք, հոս կա­տա­րո­ւած էր վե­րա­նո­րոգ­ման յա­ջոր­դած ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ռա­ջին ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: ­2015էն ի վեր, ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րած­քին վերսկ­սած են բա­խում­ներ՝ թուր­քե­րու եւ քիւր­տե­րու մի­ջեւ: