Յունահայ տաղանդաւոր յօրինող եւ երաժիշտ Միհրան Չալըքեան իր բարձրարժէք տաղանդը կարողացած է ծառայեցնել երաժշտական զանազան բնագաւառներէն ներս, արժանանալով տեղական եւ միջազգային գնահատանքի ու պարգեւներու։
Իր ստեղծագործական յղացումներուն վերջին պտուղը եղաւ «Այրած դէմքով դուստրին նուիրուած Թոքաթան» երաժշտական ամբողջութիւնը, որ կազմուած է նուագախումբի, երգչախումբի եւ միայնակ երգիչներու ներկայացման համար։ Երկը միաժամանակ խօսքի ու մեղեդիներու արտայայտութիւն մըն է, որ կը մեկնաբանուի արուեստագէտներուն կողմէ, իրարու միախառնելով բանաստեղծական եւ երաժշտական յղացման երկու աշխարհները։
Ստեղծագործութեան խօսքը գրուած է Միացեալ Նահանգներու համբաւաւոր Սթանֆորտ համալսարանի դասախօս Իոաննիս Իոաննիտիսին կողմէ, որ անդամ է նաեւ Եւրոպայի եւ Ա.Մ.Ն.-ի արուեստից ակադեմիաներուն։ Գիտական ոլորտին զուգահեռ, ան ծաւալած է բանաստեղծական բեղուն աշխատանք եւ իր գործերը լայն տարածում ունեցած են։ Միհրան Չալըքեանի երաժշտական մտայղացումներուն հետ միախառնուած, Թոքաթայի ստեղծագործութիւնը արդի երաժշտական աշխարհի յօրինում մըն է, որ իր ազատ արտայայտչականութեան կշռոյթին մէջէն, նաեւ կը պահէ դասական կաղապարներու որոշ յատկանիշներ, առիթը տալով իւրայատուկ մեկնաբանութեան մը, ունկնդիրի ուշադրութիւնը գրաւելով կատարման ամբողջ տեւողութեան։
Ներկայացման առանձնայատկութիւններուն շարքին, պէտք է դասել նաեւ Հ.Կ.Խաչի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարանի բարձր կարգերու աշակերտական երգչախումբի մասնակցութիւնը, որ ձայներու այլազանութեան մէջ երեւելի յայտնութիւն մըն էր հանդիսատեսին համար։ Նշենք, որ վարժարանի աշակերտութիւնը արդէն երգի ու երաժշտութեան դասընթացքներ կը ստանայ հայազգի երաժիշտէն, ու այսպէս՝ մեր մատղաշ աշակերտները առիթ ունեցան իրենց մասնակցութիւնը բերելու համերգի ներկայացման։
Չորեքշաբթի, 1 եւ Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2026-ին, Աթէնքի «Օտիթորիում» համերգի սրահէն ներս բազմաթիւ յոյն եւ հայ արուեստասէրներ ներկայ եղան գնահատելու համար երաժշտական ներկայացումը։ Մ. Չալըքեանին կողմէ կազմուած «Նոսթալճիա» նուագախումբը, որ կը բաղկանայ 15 երաժիշտներէ, կարողացաւ արհեստավարժ մեկնաբանութեամբ եւ համաչափութեամբ արտայայտել երկի մեղեդիական բաժինը։ Միայնակ բաժինները յաջողապէս մեկնաբանեցին սոփրանօ Մարիա Ռումանի եւ թենորներ Խրիսթոս Տելիզոնաս ու Սիմոս Կացիս։
Հայ փոքրիկներու երգչախումբի կողքին եւս, երգերու բաժինը մեկնաբանեց «Վիրոնայի երիտասարդ ձայներ»-ու խումբը, կազմելով ամբողջութիւն մը երգչախմբային կատարումներու դերին։
Երաժիշտի յօրինած ստեղծագործութիւնը գրուած է երկու մասի վրայ, յենած ըլլալով փրոֆ. Իոաննիտիսի բանաստեղծական ծաղկաքաղին վրայ։ «Այրած դէմքով դուստրը» մարդկային կերպար մը չէ։ Բանաստեղծութիւնը կը խօսի մարդկային բոլոր արժէքներուն եւ սկզբունքներուն մասին, որոնք ժամանակի թաւալումին եւ մեծապետական ուժերու անպատկառ վերաբերումին պատճառով կ՚այրին ու կը վերածուին մոխիրի։ Երկը իր բանաստեղծական եւ երաժշտական յղացումներով կը քննադատէ նորօրեայ բարքերն ու անհաւասարութիւնները, որոնք կը յատկանշեն արդի կեանքը, պատճառ դառնալով ընկերային արժէքներու կործանումին եւ պատմական ճշմարտութեան աղաւաղումին։
Բեմին վրայ, Միհրան Չալըքեան, որպէս յօրինող եւ խմբավար միաժամանակ, կարողացաւ իր երաժշտական շրջածիրին մէջ պահել կշռոյթն ու մեկնաբանութեան պահանջները, լաւապէս ներդաշնակելով նուագախումբի եւ երգողներու համաշունչ արտայայտութիւնները։ Պէտք է ըսել, թէ Միհրան Չալըքեանի ստեղծագործական ձեւը երաժշտական բարդ յղացումներու աշխարհ մըն է, որոնց համադրումը արհեստավարժօրէն կը յաջողի իրար միախառնել դասական եւ գերարդի արտայայտչական ոճի տարբեր մօտեցումները։ Երկու օրուան ներկայացումները ունեցան ակնկալուած յաջողութիւնն ու երաժշտասէր հասարակութեան գնահատական ընդունելութիւնը, իսկ նուազ չէին նաեւ յոյն տպագիր եւ համացանցային մամուլի գրախօսականները։ Ելոյթէն առաջ եւ վերջ, լրատուական բազմաթիւ միջոցներ գովասանքով արտայայտուեցան երկին մասին, իսկ ուրախալի նշումներ կատարուեցան նաեւ հայ աշակերտներու մեկնաբանութեան համար։
Կը մնայ շնորհաւորել հայազգի երաժիշտ Միհրան Չալըքեանը, ինչպէս նաեւ «Յակոբեան» վարժարանի աշակերտութիւնը, որոնց երեւումը բեմին վրայ բացառիկ երաժշտական նորութիւն մըն էր, որ արժանացաւ յունական արուեստասէր հասարակութեան անվերապահ գնահատանքին։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ









