­Թո­ւայ­նա­ցո­ւած ար­խիւ­նե­րէն նմուշ մը

«­Մի մոռ­նաք մե­զի»

­Վա­հէ ­Թաշ­ճեան

Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիա, կամ ­Յու­նա­կան Թ­րա­կիա։ Ա­նու­նը ար­դէն կը յու­շէ, թէ հոն այ­ցե­լու­թիւ­նը կրնայ ըլ­լալ ան­ցեալ ժա­մա­նակ­նե­րու երկ­րա­խու­զու­թիւն մը։ ­Հինգ օ­րո­ւայ հա­մար ե­կած էի այս տա­րած­քը յու­նա­հայ պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րող ար­խի­ւա­յին նիւ­թեր թո­ւայ­նաց­նե­լու ծրա­գի­րի մը շրջար­կին մէջ։ ­Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ ­Պեր­լի­նի ­Յու­շա­մա­տեան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Ա­թէն­քի «Ար­մե­նի­քա» միու­թեան հետ միաս­նա­բար ստա­ցաւ Բ­րի­տա­նա­կան գրա­դա­րա­նէն դրա­մաշնորհ մը այս ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Ա­թէնք, ­Գո­քի­նիա, ­Սե­լա­նիկ այս աշ­խա­տան­քը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­լէ ետք, ա­հա­ւա­սիկ մեր խում­բը հա­սած էր Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիա՝ հոս եւս հայ­կա­կան գրա­ւոր հետ­քեր գտնե­լու եւ զա­նոնք թո­ւայ­նաց­նե­լու նպա­տա­կով։
Ա­թէն­քի խում­բէն ­Մայ­քը, Ա­նա­յի­սը եւ ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­գեա­նը ար­դէն իսկ մէկ շա­բա­թէ այս­տեղ էին եւ սկսած էին թո­ւայ­նաց­նել Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիոյ զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան հա­մայն­քա­յին նիւ­թե­րը։
Ա­սոնց շար­քին են յատ­կա­պէս տե­ղա­կան հայ­կա­կան ­Թա­ղա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն պատ­րաս­տած գաղ­թա­կա­նա­կան ցան­կե­րը (1920-ա­կան­նե­րէն սկսեալ), ո­րոնց մէջ կա­րե­լի է գտնել զա­նա­զան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ իւ­րա­քան­չիւր նոր հա­սա­ծի մա­սին։ ­Կան նաեւ ­Թա­ղա­կան խոր­հուրդ­նե­րու նիս­տե­րու ա­տե­նագ­րու­թիւն­նե­րը, ­Թա­ղա­կան խոր­հուրդ­նե­րու նա­մա­կագ­րու­թիւ­նը, ո­րոնք յա­ճախ ծայր կ­՚առ­նեն 19-րդ ­դա­րէն։ Այս բո­լո­րէն զատ կա­րե­լի է գտնել նաեւ հայ­կա­կան այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու (բա­րե­գոր­ծա­կան, մար­զա­կան, մշա­կու­թա­յին, դպրո­ցա­կան) տե­ղա­կան ար­խիւ­նե­րը, 1940-ա­կան թուա­կան­նե­րուն ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թող հա­յե­րու ա­նո­ւա­նա­ցան­կե­րը, ներ­գաղ­թի վե­րա­բե­րող թղթակ­ցու­թիւ­նը, ե­ւայլն։ ­Բո­լոր այս նիւ­թե­րը մեծ մա­սամբ տե­ղադ­րո­ւած են Ա­լեք­սանդ­րու­պո­լի­սի, Ք­սան­թիի, ­Գա­վա­լա­յի, ­Գո­մո­թի­նիի մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ար­խիւ­նե­րուն մէջ։ ­Կա­րե­լի չէ ը­սել որ պատ­մա­կան այս ար­խիւ­նե­րը կը պա­հո­ւին լա­ւա­գոյն պայ­ման­նե­րու մէջ. այս պատ­ճա­ռով է, որ Բ­րի­տա­նա­կան գրա­դա­րա­նին ծրա­գի­րը կը կո­չո­ւի «Վ­տան­գո­ւած ար­խիւ­ներ», մեր ալ ներ­կա­յու­թիւ­նը այս վայ­րե­րուն մէջ կը մի­տէր բո­լոր այս նիւ­թե­րը թո­ւայ­նաց­նել, գէթ ա­պա­գայ փճա­ցու­մի կամ ան­հե­տա­ցու­մի մը ա­ռաջ­քը առ­նե­լու եւ այս ձե­ւով թո­ւայ­նա­ցո­ւած օ­րի­նակ մը պահ­պա­նե­լու հա­մար։
Իմ եւ Ա­թէն­քէն ժա­մա­նած Ա­նիին գործն էր հոս ապ­րող հայ ըն­տա­նիք­նե­րու հետ հար­ցազ­րոյց­ներ կա­տա­րել, ա­նոնց քով պա­հո­ւող պատ­մա­կան նիւ­թե­րը (լու­սանկար, փաս­տա­թուղթ, յուշ-ի­րեր) թո­ւայ­նաց­նել, իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քի ան­ցած ու­ղին գրի առ­նել։ Այս պատ­մու­թիւն­նե­րէն շա­տեր այս վայ­րե­րուն մէջ ծայր կ­՚առ­նեն նախ­քան ­Յու­նաս­տան հայ գաղ­թա­կան­նե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին հոս­քը, որ տե­ղի ու­նե­ցած է 1922-էն ետք։

***

Այս­պէս, Ա­լեք­սանդ­րու­պո­լի­սի մէջ կը հան­դի­պիմ ­Լու­սի ­Սար­գի­սեա­նին։ Ան փոքր եր­կիւղ մը կ­՚ապ­րի երբ կ­՚ի­մա­նայ, որ հար­ցազ­րոյ­ցը պի­տի վա­րեմ հա­յե­րէ­նով։ ­Լու­սիին հայ­րը հայ է, մայ­րը յոյն է։ ­Բայց ան­մի­ջա­պէս պարզ կը դառ­նայ, որ մեծ հմտու­թեամբ կրնայ հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տո­ւիլ։ ­Լու­սիին նախ­նի­նե­րը ­Մու­շի գիւ­ղե­րէն են, ա­նոնք Ա­լեք­սանդ­րու­պո­լիս ե­կած են 1870-ա­կան­նե­րուն, երբ այս քա­ղա­քը տա­կա­ւին նոր կը հիմ­նո­ւէր, ա­նի­կա մաս կը կազ­մէր Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան եւ այդ ժա­մա­նակ­նե­րուն կը կո­չուէր ­Տէ­տէա­ղաճ։ Ս­կիզ­բը միայն մշե­ցի տղա­մար­դի­կը ե­կած են իբ­րեւ այս քա­ղա­քէն անց­նող եր­կա­թու­ղա­գի­ծը կա­ռու­ցող բա­նո­ւոր­ներ։ Կ­՚են­թադ­րո­ւի, որ մշե­ցի­նե­րը ե­ղած են այս քա­ղա­քին ա­ռա­ջին հա­յե­րը եւ ա­նոնց հետ­քե­րը մին­չեւ այ­սօր ալ նկա­տե­լի են. հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին կը կո­չո­ւի ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ, որ հիմ­նո­ւած է 1875-ին՝ ի յի­շա­տակ Մ­շոյ նշա­նա­ւոր ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ վան­քին։
­Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ե­կե­ղե­ցիին կող­քին գոր­ծած է հայ­կա­կան տե­ղա­կան վար­ժա­րա­նը՝ «­Տա­րօ­նեան»ը, ի յի­շա­տակ մշե­ցի­նե­րու ծծնդա­վայր ­Տա­րօ­նի շրջա­նին։ ­Լու­սին լաւ կը յի­շէ ի­րենց ըն­տա­նի­քին մէջ լսո­ւող Մ­շոյ բար­բա­ռով խօս­քեր. «­Չըմ գի­նա» (չեմ գի­տեր), չըմ ու­զի (չեմ ու­զեր)։ Ա­լեք­սանդ­րու­պո­լի­սը մեր ա­ռա­ջին հանգրո­ւանն էր։ ­Յա­ջորդ քա­նի մը օ­րե­րուն մեր խում­բը պի­տի այ­ցե­լէր Ք­սան­թի, Օ­րես­թիա­տա, ­Տի­տի­մօ­թի­քօ, ­Գո­մո­թի­նի. բո­լոր վայ­րե­րուն մէջ ալ պի­տի հան­դի­պէինք հայ ըն­տա­նիք­նե­րու եւ հար­ցազրոյց­ներ պի­տի կա­տա­րէինք հե­տեր­նին։
Ամ­բողջ այս տա­րած­քին՝ Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիոյ մէջ, կը զգաս որ սո­վո­րա­կան ­Յու­նաս­տա­նէն՝ ա­նոր ծո­վե­րէն, կղզի­նե­րէն եւ ա­մե­նու­րեք զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րէն տար­բեր վայ­րի մը մէջ ես։ Այս շրջա­նը կար­ծես թէ ա­ւե­լի շատ ­Պալ­քան­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւնն է, բնակ­չու­թիւնն ալ հա­կա­ռակ վեր­ջին դա­րու պա­տե­րազմ­նե­րուն եւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րուն, կը շա­րու­նա­կէ բազ­մա­զան մնալ. քրիս­տո­նեայ պուլ­կար­նե­րը եւ հրեա­նե­րը թէեւ ամ­բող­ջո­վին ան­հե­տա­ցած են հոս­կէ, բայց եւ այն­պէս յոյն-ուղ­ղա­փառ­նե­րու կող­քին տա­կա­ւին կ­՚ապ­րին թուր­քեր, փո­մաք­ներ (իս­լամ պուլ­կար­ներ), իս­լամ ռո­մա­նի­ներ։ Մզ­կիթ­նե­րը սո­վո­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն­ներ են տա­րած­քի քա­ղաք­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու հա­մայ­նա­պատ­կե­րին մէջ։ Բ­նա­կա­նա­բար կան նաեւ հա­յեր, ո­րոնց հա­մար ալ մեր խում­բը ժա­մա­նած է Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիա։
Ա­գիս ­Տա­նկա­զեա­նը ծնած է ­Գո­մո­թի­նի, ներ­կա­յիս կ­՚ապ­րի ­Սե­լա­նիկ։ Ան քա­ջա­ծա­նօթ է իր ըն­տա­նի­քի եւ ­Գո­մո­թի­նիի հա­յու­թեան պատ­մու­թեան։ «­Մին­չեւ 1912 թո­ւա­կա­նը ­Գո­մո­թի­նին — որ այդ ժա­մա­նակ կը կո­չո­ւէր ­Կիւ­միւլ­ճի­նա — եւ ամ­բողջ Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիան մաս կազ­մած են Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան։ ­Քա­ղա­քին վեր­ջին օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րի­չը հա­յազ­գի Մկր­տիչ է­ֆէն­տի ­Թա­պա­գեանն էր, որ ծխա­խո­տի յայտ­նի վա­ճա­ռա­կան մըն էր։ Այս ըն­տա­նի­քին պատ­կա­նող խա­նու­թը մին­չեւ այ­սօր գո­յու­թիւն ու­նի եւ ա­նոր ճա­կա­տին ցու­ցա­տախ­տա­կի մը վրայ այդ տա­րի­նե­րէն մնա­ցած է հա­յե­րէն ար­ձա­նագ­րու­թիւն մը, ուր նշո­ւած է ­Յա­կոբ ­Թա­պա­գեան ա­նու­նը», կը յայտ­նէ Ա­գիս։ 1912-ին, ­Պալ­քա­նեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մէն ետք այս շրջա­նը կ­՚անց­նի ­Պուլ­կա­րիոյ իշ­խա­նու­թեան տակ։ ­Միայն 1920-ին է, որ ­Գո­մո­թի­նին եւ ամ­բողջ տա­րած­քը կը միա­ցո­ւին ­Յու­նաս­տա­նի։

***

­Գո­մո­թի­նիի հայ­կա­կան հա­մայն­քա­յին կեան­քի վկա­յու­թիւն­ներ կան 18-րդ ­դա­րու կէ­սե­րէն։ ­Հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին՝ ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չը, կա­ռու­ցո­ւած է 1834-ին։ Ա­նի­կա կը գտնո­ւի պատ­մա­կա­նօ­րէն «­Հա­յոց թաղ» կո­չո­ւող վայ­րին մէջ։ Ա­գիս կը վկա­յէ, որ ժա­մա­նա­կին բո­լոր հա­յե­րը այս թա­ղին մէջ կ­՚ապ­րէին։
­Փո­ղոց­նե­րուն ներ­կայ ա­նուն­նե­րը հայ­կա­կան եր­բեմ­նի ներ­կա­յու­թեան մը վկա­ներն են քա­ղա­քի այս մա­սին մէջ. Իօան­նու ­Ցի­միս­քի (­Յով­հան­նէս Չմշ­կիկ)՝ հայ­կա­կան ծա­գու­մով ­Բիւ­զան­դիոյ կայսր, Λεωφ. Αρμενίου (­Հայ­կա­կան փո­ղոց), ­Ռու­բէն ­Գէոր­գեան՝ ­Գո­մո­թի­նիի կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ, որ 1920-ին իր քո­ւէով վճռա­կան դեր կ­՚ու­նե­նայ այս տա­րած­քին ­Յու­նաս­տա­նի միաց­ման ճի­գե­րուն մէջ։ ­Գո­մո­թի­նիի մէջ կ­՚ապ­րի եւ կը գոր­ծէ նաեւ Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիոյ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիի ներ­կայ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ ­Տէր ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նը, որ մաս կը կազ­մէ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան։
Գո­մո­թի­նիի ե­կե­ղե­ցիի յա­րա­կից սրա­հին մէջ էր, որ մօտ եր­կու շաբ­թուայ ըն­թաց­քին Ա­թէն­քէն ժա­մա­նած մեր խում­բը հիւ­րըն­կա­լո­ւե­ցաւ եւ հա­մայն­քա­յին մար­մի­նը լա­ւա­գոյն պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծեց, որ­պէս­զի Ա­րեւմտեան Թ­րա­կիոյ մէջ հա­ւա­քո­ւած ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րը — մօ­տա­ւո­րա­պէս 7 հա­զար էջ — թո­ւայ­նա­ցո­ւին։
Ա­գիս դի­տել կու տայ, որ ներ­կա­յիս ­Գո­մո­թի­նիի հա­յոց պատ­մա­կան թա­ղին մէջ միայն եր­կու հայ ըն­տա­նիք կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ։ Այս քա­ղա­քի եւ ընդ­հան­րա­պէս Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիոյ հայ­կա­կան կեան­քը իր ա­մէ­նէն բե­ղուն տա­րի­նե­րը կ­՚ապ­րի 1920-1930-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն։ ­Հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը իր ծան­րա­գոյն հա­րո­ւա­ծը կը ստա­նայ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն։
1941-1944 Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիան դար­ձեալ կ­՚անց­նի նա­ցիա­կան ­Գեր­մա­նիոյ դաշ­նա­կից՝ ­Պուլ­կա­րիոյ իշ­խա­նու­թեան տակ։ ­Ծան­րակ­շիռ տա­րի­ներ էին, ո­րոնց ըն­թաց­քին հրեա­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ կը տե­ղա­հա­նո­ւին, նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բնա­կիչ­նե­րուն կը պար­տադ­րեն հրա­ժա­րիլ յու­նա­կան հպա­տա­կու­թե­նէն եւ փո­խա­րէ­նը ըն­դու­նիլ պուլ­կա­րա­կա­նը, պուլ­կա­րե­րէ­նը կը դառ­նայ տա­րած­քի պաշ­տօ­նա­կան լե­զուն, ե­ւայլն։ Այս բո­լո­րը ան­հե­տե­ւանք պի­տի չանց­նէին։ Երբ պուլ­կա­րա­ցի­նե­րը կը քա­շո­ւին Ա­րեւմտեան Թ­րա­կիա­յէն եւ յու­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը վե­րա­դառ­նան հոս, ան­մի­ջա­պէս ծայր կ­՚առ­նեն վրէժխնդ­րա­կան ա­րարք­ներ։ Այս­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ բնա­կա­նա­բար ա­ռա­ջին զո­հե­րէն կ­՚ըլ­լան խո­ցե­լի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց շար­քին ա­ռա­ջին կար­գի վրայ էին հա­յե­րը։ ­Ծայր կ­՚առ­նեն ի­րենց մե­ծա­մաս­նու­թեան մէջ ան­հիմն ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րով հա­յե­րու դէմ դա­տեր, կը գոր­ծադ­րո­ւին հա­յե­րու դէմ ճնշում­ներ։

***

Ք­սան­թիէն ­Գո­հար ­Քիւրք­ճեան (ծնեալ ­Նա­զա­րեան) կը պատ­մէ, որ այդ օ­րե­րուն իր հօ­րա­քոյ­րը՝ Ա­րաք­սին ալ այս­պի­սի կեղծ ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րով վեց ա­միս բան­տար­կո­ւած պի­տի մնար։ Այս ճնշիչ մթնո­լոր­տը հիմ­նա­կան պատ­ճառ կը հան­դի­սա­նայ Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիա­յէն հա­յե­րու գաղ­թին։ ­Շա­տեր կը մեկ­նին դէ­պի Ֆ­րան­սա, Ա.Մ.Ն., ­Լա­տին Ա­մե­րի­կա։ ­Բայց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը գաղ­թէ դէ­պի ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան, երբ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տէն ետք խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը նա­խա­ձեռ­նեն Ս­փիւռ­քի հա­յե­րու գաղ­թին։ Օ­րես­թիա­տա­յէն ­Զա­պէլ ­Փա­փա­զեա­նը կը վկա­յէ, որ իր ըն­տա­նիքն ալ պի­տի մեկ­նէր ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան։ Ա­մէն ինչ պատ­րաստ էր, կը մնար միայն ի­րենց կա­լո­ւած­նե­րը ծա­խել։ ­Զա­պէ­լին հայ­րը ու­նէր եր­կու եղ­բայր, ո­րոնց­մէ մէ­կը նոյն­պէս ո­րո­շած էր գաղ­թել ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան։ ­Բայց Օ­րես­թիա­տա մնա­ցող եր­րորդ եղ­բայ­րը կ­՚ընդ­դի­մա­նայ, հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը չի տար կա­լո­ւած­նե­րը ըն­տա­նի­քէն դուրս մէ­կու մը վա­ճառ­ման, իսկ ինքն ալ մի­ջոց­նե­րը չու­նէր զա­նոնք գնե­լու։ Այս ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը պատ­ճառ կ­՚ըլ­լայ, որ ե­րեք եղ­բայր­նե­րը շա­րու­նա­կեն մնալ Օ­րես­թիա­տա­յի մէջ։
­Բայց մեկ­նող­ներ շատ ե­ղած են այդ տա­րի­նե­րուն։ Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիա­յէն զան­գո­ւա­ծա­յին գաղ­թը պատ­ճառ կ­՚ըլ­լայ որ փա­կո­ւին հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը եւ հա­մայն­քա­յին եր­բեմ­նի աշ­խուժ կեան­քը հե­տըզ­հե­տէ մա­րի։ ­Տա­րօ­րի­նա­կօ­րէն ճա­կա­տա­գի­րը նոր ա­նակն­կալ մը վե­րա­պա­հած էր այս հա­մայնք­նե­րուն։ Այս դէպ­քե­րէն մօտ 50 տա­րի ետք, 1990-ա­կան­նե­րու սկզի­բը հայ գաղ­թա­կան­ներ այս վայ­րե­րը կը հաս­նին ­Հա­յաս­տա­նէն եւ նախ­կին խորհր­դա­յին այլ եր­կիր­նե­րէ։ Ա­նոնք այս հա­մայնք­նե­րուն կը բե­րեն նոր կեն­սու­նա­կու­թիւն եւ վերս­տին կ­՚աշ­խու­ժա­նայ հա­մայն­քա­յին կեան­քը։ ­Փաս­տօ­րէն այս տա­րի­նե­րէն սկսեալ նոր էջ մը բա­ցո­ւած է Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիոյ հայ­կա­կան կեան­քին մէջ։
­Հին եւ նոր հա­մայնք այս հա­մա­տեղ կե­ցու­թեան տպա­ւո­րիչ օ­րի­նակ մըն էր մեր խում­բին ­Տի­տի­մո­թի­քօ (հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րուն մէջ ­Տի­մո­թի­քա) այ­ցե­լու­թիւ­նը։ ­Կը գտնո­ւինք ­Թուր­քիոյ հետ սահ­մա­նին վրայ, մեր Ա­րե­ւել­քին կ­՚ե­րե­ւի բնա­կան սահ­մա­նա­գիծ հան­դի­սա­ցող ­Մա­րի­ցա գե­տը (յու­նա­րէ­նով Էվ­րոս, թրքե­րէ­նով ­Մե­րիչ), հե­ռո­ւէն կը պար­զո­ւին հսկա­յա­կան ան­ցար­գել­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն յու­նա­կան սահ­մա­նին վրայ կա­ռու­ցո­ւե­ցան գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քը ար­գի­լե­լու հա­մար։ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի մէջ բլու­րի մը վրայ կա­ռու­ցո­ւած է Ս. ­Գէորգ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին։ ­Հոն են ­Զա­պէ­լը, ­Սո­նիան, ­Պո­րի­սը։ Այս վեր­ջի­նը ­Ռու­սիա­յէն գաղ­թած հայ մըն է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցիին պա­հա­պան հրեշ­տա­կը դար­ձած է։ Երբ հրա­ժեշտ պի­տի տա­յինք խում­բէն, ­Զա­պէլ մե­զի կ­՚ը­սէ. «մի մոռ­նաք մե­զի, մենք ալ հոս հայ­կա­կան հա­մայնք մըն ենք»։
­Մեր վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն վրայ ­Մայք գե­ղե­ցիկ գա­ղա­փա­րը կ­՚ու­նե­նայ ա­մէն տա­րի դէ­պի այս կող­մե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու Ա­թէն­քէն խմբա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը, ո­րուն ըն­թաց­քին այ­ցե­լու­նե­րը պի­տի շրջա­գա­յին բո­լոր այն վայ­րե­րը ուր­կէ մենք ան­ցանք, պի­տի վա­յե­լեն Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիոյ գե­ղեց­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ծա­նօ­թա­նան ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի ա­նոր հայ­կա­կան կեան­քին։

***

Մատենագրութիւն

Ա­րեւմ­տեան Թ­րա­կիոյ հա­յե­րու պատ­մու­թեան մա­սին տես­նել հե­տե­ւեալ գիր­քե­րը՝
Ա­սա­տուր Յ. ­Մա­կա­րեան, ­Յու­շա­գիրք Թ­րա­կիոյ եւ ­Մա­կե­դո­նիոյ հայ գա­ղութ­նե­րու, ­Սե­լա­նիկ, տպ. ­Հո­րի­զոն օ­րա­թեր­թի, 1929, 640 էջ (հա­յե­րէն)։
­Յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թիւն՝ «Η Ιστορία των Αρμενικών Κοινοτήτων Θράκης και Μακεδονίας, (Σταμούλης-Θεσσαλονίκη), Αθήνα, 2025։
­Ճե­նի ­Գաս­պա­րեան, ­Քոնս­թան­թի­նոս ­Խա­ցո­փու­լոս, ­Գո­մո­թի­նիի հա­յե­րը, ­Գո­մո­թի­նի, 2009, 544 էջ (յու­նա­րէն, անգ­լե­րէն, հա­յե­րէն ե­ռա­լե­զու հրա­տա­րա­կու­թիւն)։
­Լէո­նի­տաս-­Լե­ւոն ­Տիլ­սի­զեան, Επί τα ίχνη της αρμενικής κοινότητας της Αλεξανδρούπολης–Δεδέαγατς (1875–2025) [Ա­լեք­սանդ­րու­պո­լիս-­Տէ­տէա­ղա­ճի հայ­կա­կան հա­մայն­քի հետ­քե­րով (1875–2025)], «Ար­մե­նի­քա» միու­թիւն, Ա­թէնք, 2025, 136 էջ (յու­նա­րէն)։