Ա­մէն տա­րո­ւան ն­ման, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը այ­ցե­լեց Ա­թէն­քի ­Բազ­մա­րո­ւես­տա­րա­նի վայ­րը եւ դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց 17 ­Նո­յեմ­բեր 1973-ին տե­ղը ու­նե­ցած ու­սա­նող­նե­րու ապս­տամ­բու­թեան յի­շա­տա­կին։ ­Յու­նաս­տա­նի բռնա­պե­տա­կան վար­չա­կար­գին դէմ ու­սա­նող­նե­րու դի­մադ­րու­թիւ­նը իւրաքանչիւր տա­րի կը նշո­ւի երկ­րի քա­ղա­քա­կան, ու­սա­նո­ղա­կան եւ ըն­կե­րա­յին աշ­խար­հին կող­մէ, ո­րուն կար­գին Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւս ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն, յար­գե­լով ա­զա­տու­թեան հա­մար պայ­քա­րած ան­թիւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու սխրա­գոր­ծու­թիւ­նը։
­Տեղ­ւոյն վրայ, դափ­նեպ­սա­կի զե­տե­ղու­մէն ետք, յու­նա­կան հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան­նե­րը եւս ար­ձա­նագ­րե­ցին հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու յար­գան­քի տուր­քը։ ­Հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը ի­րենց մտա­ծում­նե­րը յայտ­նե­ցին լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րուն, նշե­լով ան­դուլ պայ­քա­րի եւ ա­զա­տու­թեան գա­ղա­փա­րին հան­դէպ հա­ւա­տար­մու­թեան ո­գին։