ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

Դ­ժո­ւար է հաշ­տո­ւիլ սի­րե­լի բա­րե­կա­մի մը, հայ լե­զո­ւի ի­րա­կան մշա­կի մը անս­պա­սե­լի կո­րուս­տին հետ։
Իր յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քի հանգ­րո­ւա­նին, ա­նոր աշ­խու­ժու­թիւ­նը, մշտա­կան աշ­խա­տան­քին թա­փը եւ հայ լե­զո­ւին մա­սին շա­բա­թա­կան ա­ռա­քում­նե­րը, եր­բեք մտա­ծել չէին տար, թէ երկ­վայր­կեան մը կրնայ հաս­նիլ, երբ յոգ­նու­թիւն չգիտ­ցող Ար­մե­նակ Ե­ղիա­յեա­նի սիր­տը կրնայ դադ­րիլ բա­բա­խե­լէ, սու­գի մէջ մատ­նե­լով ի­րեն լա­ւա­պէս ծա­նօ­թա­ցած, բայց նաեւ իր նկա­րագ­րա­յին իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն ու բծախնդ­րու­թեան քաջ ծա­նօթ ըն­թեր­ցող­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը։
­Յա­ճա­խա­կի էին մեր զրոյց­նե­րը հայ լե­զո­ւի ու մա­մու­լի հա­րուստ գան­ձա­րա­նին մա­սին։ Իր լե­ցուն ա­ռօ­րեա­յին մէջ ան­պայ­ման ժա­մա­նակ պի­տի տրա­մադ­րէր բա­ցատ­րե­լու եւ վեր­լու­ծե­լու հա­յե­րէ­նի խօ­սակ­ցա­կան եւ գրա­կան ծալ­քե­րը, յա­ճախ ազ­նո­ւօ­րէն մատ­նան­շե­լով թե­րի­ներ կամ սխա­լա­կան սպրդում­ներ, ո­րոնք կը նշմա­րէր թեր­թի հե­տե­ւո­ղա­կան ըն­թեր­ցու­մին մէ­ջէն։ Ա­նոր եր­բեմն խիստ մատ­նա­նշում­նե­րուն մէջ չկար կշտամ­բանք, այլ սրտցաւ ու­սու­ցի­չի մը տագ­նա­պը՝ տես­նել հայ լե­զո­ւի կա­րե­ւոր հիմ­նա­սիւ­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող կռո­ւա­նը՝ հայ մա­մու­լը, իր խոր­քա­յին ար­ժէ­քին մէջ, ուր խմբա­գիր կամ յօ­դո­ւա­ծա­գիր պար­տին ա­մե­նայն զգու­շու­թեամբ ու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեամբ տի­րու­թիւն կա­տա­րել հայ ոս­կեղ­նիկ բար­բա­ռի ա­նա­ղարտ ար­տա­յայ­տու­թեան ու մաք­րա­մա­քուր գոր­ծա­ծու­թեան վրայ։
Ար­մե­նակ Ե­ղիա­յեան մեր նո­րա­գոյն մտա­ւո­րա­կան հո­լո­վոյ­թին մէջ ե­զա­կի տեղ գրա­ւած ա­նուն մըն է։ Ան որ­պէս լե­զո­ւա­բան եւ գրա­կա­նա­գէտ հան­դի­սա­ցաւ մտա­ւոր պայ­քա­րին ամ­բող­ջա­կան ու միա­հա­մուր մարմ­նա­ցու­մը։ Ա­նոր աշ­խա­տան­քը, որ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ տա­րա­ծո­ւե­ցաւ գի­տա­կան, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին բազ­մա­շերտ փոր­ձա­դաշ­տե­րու վրայ, այ­սօր ար­դէն վե­րա­ծո­ւած է անգ­նա­հա­տե­լի ժա­ռան­գու­թեան մը՝ յատ­կա­պէս հայ քե­րա­կա­նու­թեան, բա­ռամ­շա­կու­մի եւ հայ լե­զո­ւի ար­դի ըն­կալ­ման հա­մար։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ճշգրիտ, մաք­րազ­տո­ւած ու զգաստ գոր­ծա­ծու­թեան մէջ, Ե­ղիա­յեան ե­ղաւ այն սա­կա­ւա­թիւ դէմ­քե­րէն մէ­կը, որ ցցուն խի­զա­խու­թեամբ եւ ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մով պայ­քա­րե­ցաւ լե­զո­ւա­կա­նու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մին ու հայ լե­զո­ւին ընդ­մէ­ջէն ցե­ղա­յին ինք­նու­թեան ամ­րաց­ման հա­մար։
Ե­ղիա­յեա­նի գոր­ծին ա­ռանց­քը ե­ղաւ լե­զուն՝ նախ որ­պէս հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց, ա­պա իբ­րեւ ամ­բող­ջա­կան մշա­կոյթ։ Ան մշտա­պէս ընդգ­ծեց, որ լե­զուն ազ­գա­յին գո­յա­տեւ­ման հիմքն է, իսկ լե­զո­ւա­կան ան­փու­թու­թիւ­նը՝ մշա­կու­թա­յին քայ­քայ­ման սկիզբ։ ­Յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին հա­մար, որ այ­սօր դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ կը շա­րու­նա­կէ իր գո­յա­մար­տը, ա­նոր հե­տա­զօ­տա­կան, բա­ռա­րա­նա­յին եւ վեր­լու­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը դար­ձան ան­փո­խա­րի­նե­լի սիւ­ներ։
Ե­ղիա­յեան իր գրած գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով վեր հա­նեց յա­ճախ մոռ­ցո­ւած կամ ան­տե­սո­ւած քե­րա­կա­նա­կան կա­նոն­ներն եւ բա­ռար­մատ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ բա­ցատ­րեց ա­նոնց կեն­դա­նի տեղն ու ար­դիա­կան գոր­ծա­ծու­թիւ­նը։ Ան, միա­ժա­մա­նակ իբ­րեւ ա­ւան­դու­թեան կրող եւ նոր տե­սիլ­քի մշակ, դիւ­րա­հա­ղորդ ճար­տա­րու­թեամբ կա­պեց ան­ցեա­լը ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին, բա­նա­լով հայ­կա­կան ոս­կե­դա­րեայ գան­ձե­րու գե­ղեց­կու­թիւ­նը ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ։
Ե­ղիա­յեա­նի կո­թո­ղա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը պէտք է դի­տար­կել իր ան­թուլ մտայ­ղաց­ման մէջ։ Գ­րա­կա­նու­թեան եւ լե­զո­ւա­գի­տու­թեան մի­ջեւ մշտա­պէս մատ­նան­շեց յա­րա­բե­րա­կան այն թե­լը, որ կը կա­պէ լե­զո­ւի հարս­տու­թիւ­նը գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խար­հին հետ։ Ե­ղիա­յեա­նի աշ­խար­հա­յեաց­քին մէջ, լե­զուն ա­ռանց գե­ղա­րո­ւես­տի կը մեռ­նի, իսկ գե­ղա­րո­ւես­տը ա­ռանց լե­զո­ւա­կան ճշգրտու­թեան կը տկա­րա­նայ։ Այս­պէս, ան իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ քննա­դա­տա­կան գոր­ծին մէջ տեւաբար շա­րու­նա­կեց բարձ­րա­ձայ­նել գրա­կան ո­րա­կի, ճշգրիտ շա­րա­հիւ­սու­թեան եւ հա­յե­ցի մտա­ծո­ղու­թեան կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը։
Ար­մե­նակ Ե­ղիա­յեան կեր­տեց ժա­ռան­գու­թիւն մը, որ իր գի­տա­կան ար­ժէ­քէն ան­դին անց­նե­լով, կը դառ­նայ պատ­գամ հա­յակր­թու­թեան դժո­ւա­րին ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ սիրտ ու հո­գի մա­շեց­նող կրթա­կան մշակ­նե­րուն հա­մար։ Ա­նոր պատ­րաս­տած դա­սա­գիր­քե­րը, գրա­ւոր դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րը եւ բա­ռե­րու աշ­խար­հի ո­րո­նու­մը կը շա­րու­նա­կեն ներշն­չել նոր սե­րունդ­նե­րը՝ խրա­խու­սե­լով լե­զուն սի­րել, մշա­կել ու մաք­րել։ ­Հայ դպրու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս, Ե­ղիա­յեան այ­լեւս դար­ձած է խորհր­դա­նիշ մը՝ մշտա­պէս յի­շեց­նե­լով, որ հա­յե­րէ­նը սոսկ լե­զու մը չէ, այլ իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դիին տու­նը, ինք­նու­թեան ար­մա­տը եւ գո­յա­տեւ­ման գե­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

­Բիւր յար­գանք՝ իր ան­մո­ռաց յի­շա­տա­կին ու կո­թո­ղա­կան գոր­ծին։