Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան արշաւը տեղի ունեցաւ երէկ, Կիրակի, 19 Ապրիլ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահէն ներս։
Ընդառաջելով Հ.Կ.Խաչի կոչին, ամէն տարի մեր հայրենակիցները իրենց ուխտը կը կատարեն եւ կը մասնակցին արիւնատուութեան արշաւին, յարգելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Արեան նուիրաբերումը թանկագին գործընթաց մըն է, որ Հ.Կ. Խաչը, գիտակցելով անոր անհրաժեշտութիւնը, իր մարդասիրական գործունէութեան ծրագիրին մէջ կը ներառնէ ամէն տարի, նպատակ ունենալով օգնութեան հասնիլ մեր հայրենակիցներուն, երբ որ կարիքը ստացուի:
«Զաւարեան» կեդրոնին մէջ Հ.Կ.Խաչի ընկերուհիները, արիւնատուութեան բժիշկներու խումբին հետ ընդունեցին կամաւոր արիւնատուներուն: Պատասխանատու բժիշկը խիստ քննութենէ կ՚անցընէր կամաւորները, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին:
Կարելի եղաւ 37 հոգիէ արիւն ստանալ: Արիւնատուներու կարգին ներկայացաւ նաեւ Յունաստանի Խորհրդարանի պատգամաւոր, ΣΥΡΙΖΑ կուսակցութեան անդամ՝ տիկ. Իրինի ( Նինա) Քասիմաթին, որ ներկայացաւ Հ.Կ.Խ.ի Արիւնատուութեան եւ արեան մատուցում կատարեց Հ.Կ.Խաչի պահեստին համար։
Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի Հայ Կապոյտ Խաչի անունին տակ պահք դրուած արեան պահեստին։ Նշենք, թէ բոլոր անոնք, որոնք առիթը չունեցան երէկ ներկայ ըլլալու «Զաւարեան» կեդրոն, կամ կը փափաքին երկրորդ անգամ արիւն տալ, կրնան մասնակցիլ Հ.Կ.Խաչի կազմակերպած արիւնատուութեան արշաւին, որ տեղի պիտի ունենայ աշնան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան արշաւը նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին









