­Սեր­գօ ­Ճա­նի­կեան

0
22

Ան­գամ մը եւս, կսկի­ծով կ­՚անդ­րա­դառ­նանք յու­նա­հայ գա­ղու­թի սի­րո­ւած եւ յար­գո­ւած ազ­գա­յի­նի մը կո­րուս­տին մա­սին։ Ընկ. ­Սեր­գօ ­Ճա­նի­կեան իր աչ­քե­րը փա­կեց 82 տա­րե­կան հա­սա­կին, վեր­ջին շրջա­նին դի­մագ­րա­ւած ըլ­լա­լով ա­ռող­ջա­կան խնդիր­ներ եւ գտնուած ըլ­լա­լով հի­ւան­դա­նո­ցի խնամ­քին տակ։ Իր մա­հով սու­գի մատ­նո­ւե­ցան ան­մի­ջա­կան ըն­տա­նի­քը, այ­լեւ մե­ծա­թիւ բա­րե­կամ­ներ ու գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րը։
­Լե­ցուն ե­ղաւ կեան­քը հան­գու­ցեալ ­Սեր­գո­յին։ Ծ­նած էր 1944-ին, յու­նա­հայ գա­ղու­թի ե­րախ­տա­ւոր ­Ժի­րայր ­Ճա­նի­կեա­նի ազ­նո­ւա­կան ըն­տա­նի­քին մէջ եւ կա­նու­խէն թրծո­ւած էր ազ­գա­յին շուն­չով, շնոր­հիւ իր ծնող­քին ու մա­նա­ւանդ հօր՝­ Ժի­րայ­րի բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան՝ գա­ղու­թի ազ­գա­յին եւ կու­սակ­ցա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Իր հօր եր­կա­րա­մեայ ու ան­շա­հախնդիր ծա­ռա­յու­թիւ­նը գա­ղու­թի բարձ­րա­գոյն մար­մին­նե­րուն մէջ, օ­րի­նակ դար­ձաւ ­Սեր­գո­յին հա­մար, որ­պէս­զի ան եւս գի­տակ­ցա­բար քա­լէ նոյն ճամ­բա­նե­րէն, ո­րոնց­մէ կ­՚անց­նին ազ­գա­յին կեան­քի մաս­նա­կից­նե­րը։
­Սեր­գոն կա­նու­խէն իր մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին կեր­պա­րը սկսաւ կազ­մա­ւո­րել միու­թե­նա­կան կեան­քին մէջ։ Ա­ռա­ջին ծլար­ձա­կում­նե­րը ե­ղան սկաու­տա­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­քե­րէն ներս։ Այդ տա­րի­նե­րը, Հ.Յ.Դ. Ա­թէն­քի «Գ­րի­գոր ­Գը­յը­ճեան« ե­րի­տա­սար­դա­կան խում­բը իր մէջ կ­՚ամ­փո­փէր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մեծ հոյլ մը, ո­րոնք հե­տա­գա­յին ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւ­նը ի սպաս դրին յու­նա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։
­Սեր­գո­յի հօր վա­ղա­ժամ կո­րուս­տը պատ­ճառ չե­ղաւ, որ ան հե­ռու մնայ հա­մայ­նա­կան կեան­քէն։ ­Կա­նու­խէն կա­տա­րեց կու­սակ­ցա­կան եր­դում, հե­տե­ւե­լով իր հօր օ­րի­նա­կին եւ ամ­բողջ ու­ժե­րով նե­տո­ւե­ցաւ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, դառ­նա­լով ան­դամ Հ.Յ.Դ. Ա­թէն­քի «Գ. ­Լա­զեան» կո­մի­տէի։ Այն տա­րի­ներն էին երբ ­Հայ դա­տի նո­րա­նոր շղթա­յա­զերծ­ման ա­լի­քը հա­մա­կած էր ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րը, ո­գե­ւո­րե­լով եւ նոր թափ տա­լով պա­հան­ջա­տի­րա­կան գոր­ծին։ ­Սեր­գոն եւս ան­մասն չմնաց այդ ի­մաս­տա­ւոր «վա­րա­կու­մէն» եւ իր կեան­քի լման տե­ւո­ղու­թեան նե­ցուկ կանգ­նե­ցաւ ­Հայ դա­տի ու գա­ղու­թի պա­հանջ­նե­րուն։
Իր ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րուն տեն­դով նե­տուե­ցաւ գոր­ծի աս­պա­րէզ ու իր յա­ջող ընտ­րանք­նե­րուն շնոր­հիւ, կա­րո­ղա­ցաւ ստեղ­ծել ոս­կեր­չա­կան փայ­լուն ձեռ­նար­կու­թիւն մը, իր համ­բա­ւը տա­րա­ծե­լով Ա­թէն­քի լայն շրջա­նակ­նե­րու մէջ։ Աշ­խա­տան­քի բնոյ­թին պատ­ճա­ռով, բայց մա­նա­ւանդ իր շէն ու հե­զա­համ­բոյր նկա­րա­գի­րին հա­մար սի­րո­ւե­ցաւ բո­լո­րէն եւ ստեղ­ծեց ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու հսկայ շրջա­նակ մը, իր­բեւ փնտռո­ւած մարդ եւ ձեռ­նար­կու։
­Սա­կայն, իր ստա­ցած համ­բա­ւին մէ­ջէն, նոյ­նիսկ երբ դժո­ւար կ­՚ըլ­լար կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ան­մի­ջա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նալ, իր սիր­տը եւ նիւ­թա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը լայն բա­ցաւ գա­ղու­թի պա­հանջ­նե­րուն դի­մաց։ Եր­բեք չզլա­ցաւ իր աշ­խա­տան­քի քրտին­քը ի սպաս դնել ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­գործ­ման հա­մար, մա­նա­ւանդ՝ հա­ւա­տա­րիմ հե­տե­ւոր­դը ըլ­լա­լով ­Հայ դա­տի քա­ղա­քա­կան եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րու բար­ւոք լուծ­ման։
­Նոյն հա­ւատ­քը սրսկեց նաեւ իր զա­ւակ­նե­րուն՝ ­Թա­լի­նին եւ ­Ժի­րայ­րին, որ­պէս­զի ա­ռա­տա­ձեռն զգա­ցում­նե­րով մաս­նա­կից մնան գա­ղու­թի գոր­ծու­նէու­թեան հան­դէպ։
Ըն­կե­րա­յին մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու բնա­ծին կա­րո­ղու­թիւն մը ու­նէր հան­գու­ցեա­լը, իր ըն­կե­րա­կան եւ բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կը հա­ճոյք կը ստա­նար ա­նոր շէն բնա­ւո­րու­թեամբ, որ եր­բեք չհա­տեց հա­մես­տու­թեան սահ­ման­նե­րը։ Մ­նաց հեզ ու սի­րա­լիր, ժպտա­դէմ եւ լա­ւա­տես, ա­ռա­տօ­րէն ցոյց տա­լով իր մարդ­կա­յին եւ ըն­տա­նե­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը, ա­ռանց սնա­պար­ծու­թեան կամ յա­ջո­ղակ ձեռ­նար­կո­ւի մը գո­ռո­զու­թեան։ ­Հա­մեստ կե­ցո­ւած­քը մնաց իր յատ­կա­նի­շը, ստա­ցած համ­բա­ւը բնաւ չխա­թա­րեց ա­նոր նկա­րագ­րա­յին գի­ծե­րը։
­Թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ե­րեք­շաբ­թի, 7 Ապ­րիլ 2026-ին, Ա­թէն­քի Ա. գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ ­Ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը անն­կա­րագ­րե­լի թիւ մը կը պար­զէր։ ­Հոն փու­թա­ցած էին իր հայ բա­րե­կամ­նե­րը եւ գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ յոյն ծա­նօթ­նե­րու եւ գոր­ծա­կից­նե­րու հսկայ թիւ մը, ո­րոնք յար­գան­քի վեր­ջին տուր­քը մա­տու­ցե­ցին ի­րենց սի­րե­լի բա­րե­կա­մին։ ­Բա­րե­կամ­նե­րուն կող­մէ դամ­բա­նա­կան ար­տա­սա­նեց ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, վեր առ­նե­լով հան­գու­ցեա­լի բազ­մա­տե­սակ ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը եւ ու­րո­ւագ­ծե­լով ա­նոր նկա­րա­գի­րի փայ­լուն ե­րե­սը։
Այն քա­նի մը տո­ղե­րը թարմ ծա­ղիկ թող ըլ­լան սի­րե­լի գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կե­րոջ յի­շա­տա­կին։