Այս օրերուն տեղի ունեցող հրապարակային ելոյթներու շարքին, Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած ուշագրաւ ելոյթներ պիտի իրագործուին Գալամաթայի, Նաուսայի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, ոգեկոչելու համար յիշատակը ցեղասպանութեան եւ յոյն ժողովուրդին կողմէ տուրք մատուցելու համար հայ ազգի մեծ ողբերգութեան նահատակներուն անմառ յիշատակին։
Հինգշաբթի, 23 Ապրիլի երեկոյեան, ամէն տարուան նման, Գալամաթայի մէջ պիտի կատարուի բարեխօսական կարգ եւ յարգանքի հաւաք իր յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն։ Ֆրակոլիմնի շրջանի հրապարակին վրայ կանգնած հայկական յուշարձանին առջեւ, քաղաքի պետական, քաղաքապետական, կրօնական եւ զինուորական կարգերը պիտի մասնակցին աղօթքի արարողութեան եւ պիտի կատարուի պատշաճ յայտագիր։ Արարողութեան պիտի նախագահէ թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, իր կողքին ունենալով հոգեւոր դասը։ Սոյն ելոյթներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ քաղաքէն ներս հաստատուած հայ համայնքը։
Նաուսա քաղաքի Պոնտական միութիւնը եւ քաղաքապետարանը, գործակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի Թեսաղոնիկէի կազմին, Շաբաթ, 25 Ապրիլի երեկոյեան կը կազմակերպէ յուշի իւրայատուկ երեկոյ մը քաղաքէն ներս, յարգելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը։ Հրապարակուած յայտարութեան մէջ կը նշուի, թէ մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը անմառ կը մնայ, պահանջելով պատմական արդարութեան վերականգնում եւ հատուցում։ Ելոյթի ընթացքին պիտի իրագործուի կլոր սեղանի զրոյց, ուր խօսք պիտի առնեն Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան Թեսաղոնիկէի խումբի անդամ ընկ. Աննա-Մարիա Ալեքսանեան, Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին կողմէ Անուշ Պապոյեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ ընկ. Յովիկ Գասապեան։ Զրոյցը պիտի համադրէ ուսանող Նաթալի Թադէոսեան։
Քաղաքական ոգեկոչումներուն կողքին, նաեւ կարգ մը մշակութային նախաձեռնութիւններու կազմակերպութեամբ պիտի կատարուին յիշատակի ելոյթներ Թեսաղոնիկէի մէջ։
Գերմանիոյ Նիւրեմպերկ քաղաքին մէջ գործող Պոնտական միութեան նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլի երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանի սրահին մէջ պիտի իրագործուի Սթաթի Խրիսթոֆորիտի-Սարփողլիի «IN MEMORIAM, Τ’ Αρμενόπουλα» (Հայորդիներու յիշատակ) հատորի շնորհանդէսը, ուր բացի Թեսաղոնիկէի քաղաքապետէն եւ ակադեմական խօսողներէն, ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Թեսաղոնիկէի թաղային խորհուրդի ատենապետ եւ քաղաքի համերգասրահի տնօրէն ընկ. Քրիս Ղալիլէաս։ Գիրքը կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին անթիւ հայ մանուկներու կոտորածին մասին։ Ելոյթը պիտի ճոխանայ գեղարուեստական յայտագիրով։
Իր կարգին, մասնայատուկ համերգ մը կու գայ դասուելու ոգեկոչումներու շարքին։ Թեսաղոնիկէի համերգասրահը կը կազմակերպէ երաժշտական համոյթ մը, որուն մասնակցութիւն պիտի բերեն հայրենի նշանաւոր դաշնակահար Հայկ Մելիքեան, թեսաղոնիկահայ սիրուած սոփրանօ Սիրանուշ Չալըքեան եւ Թեսաղոնիկէի պետական նուագախումբը։ Պիտի ներկայացուին Արամ Խաչատուրեանի դաշնամուրի ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ «Լոյս ի լուսոյ» խորագիրով հայկական միջնադարեան մեղեդիներու փունջ մը, որոնք ներդաշնակուած են երաժիշտ Խրիսթոս Խածիսի կողմէ։ Պետական նուագախումբը պիտի ղեկավարէ երաժիշտ Ֆիլիփ Ֆորժէ։ Համերգը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 30 Ապրիլին եւ կը վայելէ Հ.Հ. դեսպանատան հովանաւորութիւնը։
Դարձեալ Թեսաղոնիկէի համերգասրահի յայտագիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 6 Մայիսի երեկոյեան, պիտի ներկայացուի յոյն ծանօթ ստեղծագործ Փանայոթիս Ֆուրնարաքիսի «Արցախ» երաժշտական կտորը, որ պիտի մեկնաբանէ սենեկային երաժշտութեան «SAX NOUVEAU» համոյթը։ Երկը նուիրուած է Արցախի ժողովուրդին եւ իր երաժշտական պատկերներուն ընդմէջէն կու տայ արցախահայութեան ողբերգութիւնը, միաժամանակ կեանքի եւ յոյսի ուղերձ մըն է մեր արծուաբոյնի հայորդիներուն համար։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու շարք Յունաստանի զանազան քաղաքներու մէջ










