Մաննիկ Պէօրէքճեան — Աշրեան
Այս պատգամը ամէն Կիրակի մտիկ կ՛ընեմ Կիլիկիոյ սուրբ պատարագին մէջ։ Ներկայիս որոշեցի, իբր տարիքոտ մեծ մայր, փոխանցել նոր սերունդներուն այս հիմնական սկզբունքը մեր ազգի ապագան ուղիղ առաջնորդելու համար, մինչեւ հասնիլ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մեր երազը իրականացնելու։
Հայաստանը դարերու ընթացքին արեւելեան թէ արեւմտեան ուժեղ ազգերու միջեւ «կռուախնձոր» եղած է իր բարձր մշակոյթի պատճառաւ։
Ւմ շատ սիրելի նոր սերունդներ՝ հայաստանցի եւ սփիւռքահայ, իմ սրտիս խորէն կը մաղթեմ, որ միասնաբար շարունակէք տոկալ ազգայինը գերադասելով։
Ներկայիս, շատ ծանր կացութիւններ կը տիրեն աշխարհի մէջ։ Հայրենիքէն ներս թէ սփիւռքի աւելի քան 50 երկիրներու մէջ, կը պարտինք ըլլալ արժանաւոր անդամներ, լրջօրէն ցեղասպանուած ազգի մը նոր սերունդները պէտք է շարունակենք տոկալ 111 տարիներէ վերջ ալ։
Ուստի կը պարտինք բոլորս միասին չ՛ընդունիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հակազգային առաջարկները՝
1) ցեղասպանութիւնը ջնջել
2) Հայաստանը ոչ մէկ կապ ունենայ սփիւռքահայերու հետ
3) ազգային սահմանադրութեան փոփոխութիւնը
4) Հայաստանը այլեւս Արցախը չունի, ոչ իսկ իր Արարատը
5) Հայաստանը արեւմտեան Ատրպէյճան է։
Այս բոլորը լրջօրէն վտանգաւոր են մեր ազգի եւ հայրենիքի տոկունութեան։
Ուստի, իբր տարիքոտ մեծ մայր, սրտիս խորէն կը մաղթեմ որ դուք, նոր սերունդներ, լրջօրէն խորհիք ամէն ինչ եւ միշտ ուղիղ որոշումներ առնէք հետեւեալ պատգամով՝ «Հայ եմ ես» «իմ սրտի մէջ մի երկիր կայ, դու ես Հայաստան» եւ կիլիկեան պատգամով «ազգիս հայոց սէր միութիւն»։










