­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, ­Կի­րա­կի, 16 ­Նո­յեմ­բեր 2025-ին, ա­ռա­ւօ­տեան պա­տա­րա­գէն ետք, Ար­ցախ սրա­հէն ներս «կի­րակ­նօ­րեայ սուրճ»-ի ըն­թաց­քին, կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ կո­կիկ ե­լոյթ մը ի պա­տիւ Հ.Գթ.­Խա­չի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» միօ­րեայ դպրո­ցի ու­սուց­չու­հի­նե­րուն, ի­րենց կա­մա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան հա­մար: ­Հա­ւա­քին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հոծ բազ­մու­թիւն մը:
­Բա­րի գա­լուս­տի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նադպ­րու­հի տիկ. ­Մարգ­րիտ ­Գոս­տի­կեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ ­Ծաղ­կո­ցի պատ­մու­թեան մա­սին, երբ ան սկիզբ ա­ռած էր 1950-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, ա­պա շեշ­տեց հայ­կա­կան դպրոց յա­ճա­խե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ հոն ա­շա­կերտ­նե­րը ոչ միայն գիր եւ ըն­թեր­ցում կը սոր­վին, այլ նաեւ կը ծա­նօ­թա­նան մեր հայ­րե­նի­քի մշա­կոյ­թին, պատ­մու­թեան եւ ար­ժէք­նե­րուն:
Ա­պա, ե­լոյ­թը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ իւ­րա­քան­չիւր ու­սուց­չու­հիի կեն­սագ­րա­կան գի­ղե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով, իսկ ա­ւար­տին ա­նոնց բաժ­նո­ւե­ցան յու­շա­նո­ւէր­ներ, ո­րոնք պատ­րաս­տո­ւած էին ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ:
­Մի­ջո­ցա­րու­մը եզ­րա­փա­կեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, որ իր խօս­քին մէջ գո­հու­նա­կու­թիւն ու գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, որ այս­պի­սի ձեռ­նար­կով մը պա­տո­ւեց ու­սուց­չու­հի­նե­րը, նաեւ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ա­նոնց հա­մար քա­ջա­լե­րանք հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կեն ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: ­Հայր սուր­բը իր խօս­քին մէջ ընդգ­ծեց նաեւ հա­մայն­քա­յին կեան­քի բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: