ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

«Documenting The Crime: The Armenian Genocide in Words and Images», (­Փաս­տագ­րե­լով ո­ճի­րը. ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը բա­ռե­րու եւ պատ­կեր­նե­րու մէ­ջէն), հրա­տա­րա­կու­թիւն ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նի, Ե­րե­ւան 2024

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տագրա­կան մե­ծա­թիւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու շար­քին, իւ­րա­յա­տուկ պատ­կե­րա­զարդ ալ­պոմ մը եւս լոյս աշ­խարհ կու գայ որ­պէս վկա­յու­թիւն հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած մե­ծա­գոյն ո­ճի­րին։ Անգ­լե­րէն լե­զո­ւով պատ­րաս­տո­ւած աշ­խա­տու­թիւ­նը կը պա­րու­նա­կէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կին սե­փա­կա­նու­թեան տակ գտնո­ւող նկար­նե­րու եւ փաս­տա­թուղ­թե­րու հա­ւա­քագ­րու­մը մէկ հա­տո­րի տակ։ ­Հա­կիրճ պատ­մա­կան նշում­նե­րով հա­տո­րին մէջ տեղ գտած են հա­յու­թեան վի­ճա­կագ­րա­կան, ըն­կե­րա­յին, պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին տո­ւեալ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Հայ­կա­կան հար­ցի պատ­մա­կան ա­կունք­ներն ու զար­գա­ցում­նե­րը 19-րդ ­դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան եւ 20-րդ ­դա­րու սկիզ­բին, ո­րոնք բրտօ­րէն կա­սե­ցո­ւե­ցան Ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն։ ­Հա­տո­րը լայն տեղ կը տրա­մադ­րէ ­Հա­մի­տեան ջար­դե­րուն եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ առն­չո­ւող նկար­նե­րուն, տա­լով իւ­րա­քան­չիւր հայ­կա­կան նա­հան­գի տո­ւեալ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րը հա­յե­րու տե­ղա­հա­նու­մին ու բնաջնջ­ման։ ­Յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ ­Նե­մե­սիս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն նա­խոր­դեց թուրք պա­րագ­լուխ­նե­րու ան­պա­տիժ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը։ ­Մաս­նա­ւոր գլուխ տրա­մադ­րո­ւած է հա­յա­սէր օ­տար­նե­րու հոյ­լին, ո­րոնք ի­րենց հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով եւ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեամբ ա­մո­քե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դի վէր­քե­րը։ ­Կի­լի­կիոյ պար­պու­մը եւ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տը նկա­րագ­րո­ւած են որ­պէս վեր­ջին ել­քը պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի հո­ղե­րէն, ո­րուն կը յա­ջոր­դէ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան բնաջնջ­ման անդ­րա­դար­ձը՝ բազ­մա­թիւ նկար­նե­րու վկա­յու­թեամբ։ ­Հա­տո­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան տեղ կը տրո­ւի գաղ­թա­կա­յան­նե­րու եւ սփիւռ­քի ստեղ­ծու­մին, իսկ շար­քը կ­՚ա­ւար­տի վե­րապ­րու­մի եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան կամ­քին ար­տա­յայ­տու­թեամբ բո­վան­դակ հա­յու­թեան կող­մէ, որ սա­տա­րեց պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման։

«Ο δρόμος του Αξόρ» (Աք­սո­րի ճամ­բան), հե­ղի­նակ՝ ­Նի­քի ­Պար­տի-­Դա­նիէ­լեան, «Ար­մե­նի­քա»-ի հրա­տա­րա­կու­թիւն, Ա­թէնք 2025

Ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ սփիւռ­քի հսկայ ա­ւա­զա­նին մէջ ապ­րող հա­յոր­դի­ներ, ի­րենց պա­պե­նա­կան ար­մատ­նե­րու ո­րո­նու­մին ըն­թաց­քին, կը զգան հայ­կա­կան ինք­նու­թեան ու ցե­ղի ա­րեան ցնցու­մը, որ կոր­սո­ւած գան­ձի մը յայտ­նա­բեր­ման նման կը պա­տէ էու­թիւ­նը եւ կ­՚ար­մա­տա­ւո­րէ հայ ո­գիի գի­տակ­ցու­թեան ար­ժա­նիք­նե­րը։ Ա­նոնց­մէ մէկն է յու­նա­հայ 17-ա­մեայ ­Նի­քի ­Պար­տի-­Դա­նիէ­լեան, ո­րուն ա­ռա­ջին փոր­ձը գրա­կան աշ­խար­հին մէջ իր մեծ հօր ո­դի­սա­կանն է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քի օ­րե­րուն։ Իւ­րա­տիպ հար­ցազ­րոյց մըն է, որ ան գրի ա­ռած է իր մեծ հօր պատ­մո­ւածք­նե­րուն մէ­ջէն, հաս­նե­լով մին­չեւ ար­մատ­նե­րը։ Ինչ­պէս ե­րի­տա­սարդ հե­ղի­նա­կը կը գրէ, մեծ հօր պատ­մու­թիւն­նե­րը դար մը ամ­բողջ բա­ցին իր առ­ջեւ, անձ­նա­կան ցաւն ու տա­ռա­պան­քը վե­րա­ծե­լով ցե­ղի մը ո­դի­սա­կա­նին։ Էրզրու­մի տե­ղա­հա­նու­թե­նէն մին­չեւ Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տը եւ ան­կէ ետք ­Յու­նաս­տա­նի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու մէջ ան­վերջ թա­փա­ռու­մը, ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը զրկան­քի ու վե­րապ­րու­մի պայ­քար մըն է, դառ­նա­լով հա­րա­զատ հա­յե­լին տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր գաղ­թա­կան­նե­րու գող­գո­թա­յի պատ­մու­թեան։
­Դեռ իր ա­շա­կեր­տա­կան կեան­քը չա­ւար­տած պա­տա­նի հե­ղի­նա­կի գրա­կան ա­ռա­ջին փոր­ձին խնամ­քը կա­տա­րած է Ար­տա ­Ճէ­լա­լեան, իսկ գիր­քի կող­քը զար­դա­րո­ւած է գծագ­րու­թիւն­նե­րով՝ Հ.Կ.­Խա­չի «Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու ձեռ­քէն։

«Forget Me Not Siroun Ararat» (­Մի մոռ­նար զիս, սի­րուն Ա­րա­րատ)։ Ս­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան տնօ­րէն՝ Ա­լիք ­Թա­պա­քեան, հե­ղի­նակ՝ Ան­թո­ւան ­Հապ­չի։ ­Պէյ­րութ, 2025։

­Հայ պա­տա­նիի ազ­գա­յին եւ պատ­մա­կան նե­րաշ­խար­հին նո­ւի­րո­ւած պատ­կե­րա­զարդ հա­տոր մը հրա­տա­րա­կու­թեան տրո­ւե­ցաւ այս տա­րո­ւան մէջ, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը նկա­րագրէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ճա­շա­կած դառ­նու­թիւն­նե­րը, ստեղ­ծե­լով նկա­րագ­րա­կան պատ­մու­թիւն մը հե­րոս­նե­րով, ո­րոնք կը խօ­սին Ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան մա­սին։ ­Հա­տո­րը մատ­չե­լի եւ խնա­մո­ւած հրա­տա­րա­կու­թիւն մըն է, կազ­մո­ւած հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րով, որ­պէս­զի դիւ­րա­հա­ղորդ ըլ­լայ սփիւռ­քի զա­նա­զան մա­սե­րը հա­սակ նե­տող նոր սե­րուն­դին։ ­Հա­յու­թեան տա­ռա­պանք­նե­րու ամ­բողջ պատ­մա­կա­նը պատ­կե­րա­զարդ հոս­քով կը գրա­ւէ ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ պատ­մա­կան յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ կը նկա­րագ­րէ հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րապ­րու­մը ու ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կո­րո­վը։ Խ­նա­մո­ւած տպագ­րու­թիւ­նը եւ կող­քը, թուղ­թի ո­րա­կը եւ բո­վան­դա­կու­թեան ար­դի ձե­ւա­ւո­րու­մը աչ­քի զար­նող ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ են, ո­րոնք գրա­ւիչ կը դառ­նան մեծ ու փոքր ըն­թեր­ցո­ղին հա­մար։ ­Հա­տո­րը տպագ­րո­ւած է ­Հա­մազ­գա­յի­նի տպա­րա­նին կող­մէ։

­Հայ­կա­կան կո­միք­սի նոր պատ­մու­թիւ­նը։ Հ­րա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու շարք, «­Ռէա­կո­միքս» հրա­տա­րա­կու­թիւն, Ե­րե­ւան 2025

­Հայ գրա­կա­նու­թեան մա­սին բազ­մա­թիւ եւ ար­ժէ­քա­ւոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու աշ­խար­հին մէջ, կո­միք­սը հա­զո­ւա­դէպ յի­շա­տակ­ու­թիւն կը ստա­նայ որ­պէս լիար­ժէք մաս­նիկ։ ­Այժմ, պատ­կե­րա­ւոր գրա­կա­նու­թեան հան­դէպ սի­րով զի­նո­ւած խումբ մը հա­յեր ո­րո­շե­ցին փո­խել խա­ղի կա­նոն­նե­րը։ ­Նոր հաս­տա­տուած «­­­Ռէա­կո­միքս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը ո­գեշն­չո­ւած ըլ­լա­լով հա­մաշ­խար­հա­յին փոր­ձէն, խի­զախ նպա­տակ ու­նի ձե­ւա­ւո­րել հայ­կա­կան կո­միք­սի մշա­կոյթն ու լսա­րա­նը ­­­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի տա­րած­քին։ «­­­Ռէա­կո­միքս» հրա­տա­րակ­չու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու ­­­Պե­տօ ­­Տէ­միր­ճեա­ն, կը շեշ­տէ, որ կո­միք­սը սոսկ ե­րե­խա­նե­րու զո­ւար­ճանք չէ, այլ գրա­կան մաս­նիկ. «­­­Միշտ փնտռտու­քի մէջ ե­ղած եմ, թէ ինչ­պէս ը­նենք, որ մենք ալ մեր կո­միք­սը ու­նե­նանք։ ­­ Գ­րա­կան ո­լորտ մըն է՝ հա­կա­ռակ այն թիւր ըմբռն­ու­մին, թէ միայն ե­րե­խա­նե­րու հա­մար է։ Ս­փիւռ­քի մէջ, այ­լեւ ­Հա­յաս­տա­նէն ներս այդ ո­լոր­տը քիչ զար­գա­ցած է»։  Ար­դէն, ըն­թեր­ցո­ղին կը հրամ­ցո­ւին ­Ռայն­հարտ Ք­լայս­տի «Բռնց­քա­մար­տի­կը», Ֆ­րէթ ­Բուր­գիէ­յի «Ար­մի­նէի ե­րեք կեան­քե­րը» եւ ­Թով­մաս ­Չեր­քէ­զեա­նի «­Մի­սա­քը, ­Մե­լի­նէն եւ ­Մա­նու­շեան խմբա­ւո­րու­մը»։
Հ­րա­տա­րա­կիչ­նե­րու նպա­տակն է հաս­նիլ նաեւ ա­ւե­լի մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը մատ­չե­լի դարձ­նել մեծ ու փոքր ըն­թեր­ցո­ղին։ Խ­նա­մո­ւած պատ­կեր­նե­րով եւ հրա­տա­րակ­չա­կան ար­դի ձե­ւա­ւո­րու­մին հե­տե­ւե­լով, այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կ­՚ար­ժէ իր տե­ղը գտնել հայ գրա­կա­նու­թեան ո­լոր­տէն ներս։

«Ար­խի­ւա­կան», հայ­կա­կան եր­գի­ծագրու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ, հա­մադ­րող՝ ­Շա­մի­րամ ­Խա­չատ­րեան, խմբա­գիր՝ ­Ռու­բի­նա ­Մար­կո­սեան, EVN Report, Ե­րե­ւան 2024

Ան­ցեալ տա­րի լոյս տե­սած «Ար­խի­ւա­կան» ընտ­րա­նին կը մի­տի հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան ըն­ծա­յել հայ­կա­կան եր­գի­ծա­կան հա­րուստ գան­ձա­րա­նը, որ լոյս տե­սած է ան­ցեալ դա­րու մէջ, տաս­նեա­կէ մը ա­ւե­լի հայ­կա­կան եր­գի­ծա­կան թեր­թե­րու եւ պար­բե­րա­կան­նե­րու մէջ։ Ա­նոր մէջ տեղ գտած ծա­նօթ եր­գի­ծա­գիր­նե­րու՝ Ա­լեք­սանդր ­Սա­րու­խա­նի, Իո­սիֆ ­Ռո­տէ­րի, ­Մի­շէլ ­Յո­վի­կեա­նի եւ այ­լոց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք տեղ գտան պար­բե­րա­կան մա­մու­լին մէջ եւ կը պատ­կե­րաց­նեն ­Հա­յաս­տա­նի ու ընդ­հան­րա­պէս հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ըմբռ­նում­նե­րը, իւ­րա­քան­չիւր ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի հո­լո­վոյ­թին մէջ։ ­Հա­ւա­քա­ծոն կը սկսի Ա­թէն­քի մէջ «Ապ­տակ» եր­գի­ծա­բա­նա­կան հան­դէ­սի ներ­կա­յա­ցու­մով (1894-1896), հաս­նե­լով մին­չեւ խորհր­դա­յին եր­գի­ծա­բա­նու­թիւն՝ հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եր­գի­ծագ­րու­մով։
Իւ­րա­յա­տուկ հրա­տա­րակ­չա­կան հա­ւա­քա­ծոն ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ կը բա­նայ ան­ծա­նօթ աշ­խարհ մը, որ թաք­նո­ւած կը մնայ հայ մա­մու­լի ար­խիւ­նե­րուն մէջ։ ­Պատ­կեր­նե­րը քա­ղո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նէն եւ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի ա­նո­ւան գրա­կա­նու­թեան ու ա­րուես­տի թան­գա­րա­նէն։