Ք.Է.
Յունահայ սիրուած երաժիշտ եւ յօրինող Միհրան Չալըքեան, անգամ մը եւս վայելեց միջազգային համբաւ եւ ընդունելութիւն, այս անգամ հմայելով Ֆիլիփինի դասական երաժշտական աշխարհը։
Ֆիլիփինի մշակոյթի նախարարութեան հրաւէրով, հայազգի երաժիշտը ճամբորդեց մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրը, ներկայ ըլլալու համար իր նոր յօրինումին՝ «Էւֆորիա» դասական ստեղծագործութեան պաշտօնական ներկայացման։
Երաժշտական երկը ներկայացուեցաւ երեք անգամ՝ Ֆիլիփինի հանրածանօթ համերգասրահներուն մէջ, մինչ իւրաքանչիւր ներկայացումին ժողովուրդի աննախընթաց ներկայութիւնը ցոյց կու տար տեղացի երաժշտասէր հանրութեան ջերմութիւնն ու ընդունելութիւնը երիտասարդ արուեստագէտին ու իր ստեղծագործութիւններուն հանդէպ։
Առաւել, երաժշտական յօրինումը, որ հանրութեան հրամցուեցաւ Ֆիլիփինի արհեստավարժ «Ռոնտալա» սիմֆոնիկ նուագախումբին կողմէ, երկու անգամ ալ ձայնագրուեցաւ արհեստավարժ կատարումներով, որոնք ձայնասալիկի վրայ պիտի հրապարակուին մօտ ապագային։ Նշենք, որ համերգասրահի ելոյթներուն ներկայ եղան Յունաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչները, որոնք գնահատեցին Մ. Չալըքեանի յաջողութիւնները միջազգային գետնի վրայ։
Հայազգի համբաւաւոր արուեստագէտի երաժշտական ներկայացումները շարունակուեցան նաեւ Ֆիլիփինի պետական համալսարանէն ներս, ուր հրաւիրուեցաւ դասախօսութիւն տալու համալսարանի երաժշտական գոլեճի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն, լուսարձակի տակ առնելով իր տեսակէտները արդի դասական երաժշտութեան եւ միջազգային երաժշտական նոր ըմբռնումներուն առնչութեամբ։
«Ինծի համար բացառիկ պատիւ եղաւ ներկայացնել հայ եւ յոյն երաժշտութեան աւանդը, այլ նաեւ օտար երաժշտական հանրութեան հրամցնել մեր ժողովուրդներու մշակութային գանձարանի հարստութիւնը», նշեց Միհրան Չալըքեան, արտայատուելով իր ունեցած բացառիկ ներկայացումներուն եւ դասախօսութիւններուն մասին։
Իր յաջող ներկայացումներուն կողքին, Միհրան Չալըքեան առիթ ունեցաւ շահեկան հանդիպումներ ունենալու Ֆիլիփինի դասական երաժշտութեան համբաւաւոր անձնաւորութիւններու հետ, ինչպիսին են խմբավար Չինօ Թոլետօ, համալսարանի դասախօսներ Քաթրին Թրանկօ եւ Փաթրիսիա Սիլվեսթրէ, տոքթ. Քի Եոնկ Չոնկ եւ ուրիշներ։
Թերթիս հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, յունահայ երաժիշտ Միհրան Չալըքեան նշեց, որ իր կատարած երաժշտական ուղեւորութիւնը դէպը Ֆիլիփին կը նշանաւորէ կարեւոր հանգրուան մը Յունաստանի եւ Ֆիլիփինի երաժշտական ու մշակութային կապերու սերտացման համար։ Միաժամանակ, ան յոյս յայտնեց, որ նման կապեր ստեղծուին ու զարգանան նաեւ հայ երաժշտութեան ներկայացումով Ծայրագոյն Արեւելքի այդ երկրին մէջ, որուն երաժշտական աշխարհը կը շարունակէ մնալ հարուստ, նաեւ ընդունակ՝ համաշխարհային երաժշտական մշակոյթին առնչութեամբ։