(Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք)
Ինչո՞ւ կը կորսուի հայ մշակոյթը…
ՄԻՆՍԱՐ
Յարգելի ընթերցողներս, սխալ տպաւորութիւններ չստեղծելու, ինչպէս նաեւ անհիմն եզրակացութիւններէ ալ հեռու մնալու համար ըսեմ, որ այս յօդուածս, ինչպէս նաեւ ասոր յաջորդելիք ուրիշ մէկ քանին, չեմ գրած միայն մեր յունահայ գաղութի ներկայ վիճակէն մտահոգուած, այլ գրած եմ նշմարելով, թէ դէպի ուր կ՚երթայ մեր Սփիւռքը: Եթէ այս ընդհանուրէն հատ մը պիտի բացառէի, այդ պիտի ըլլար Լիբանանի մեր գաղութը, ինչու կ՚ուզեմ հաւատալ, որ եթէ տակաւին կայ գաղութ մը, որ մինչեւ այսօր «ձեռքով-ոտքով» կը ջանայ, (կ՚աշխատի), հայ մշակոյթը պահել, այդ մէկը Լիբանանի մեր հայ գաղութն է:
Ուրեմն…
Սփիւռքը միշտ եղած է մեր ժողովուրդին շունչն ու վահանը: Անգամ մը եւս պիտի կրկնեմ, որ Սփիւռք ըսելով, ակնարկս միայն յունահայ գաղութին մասին չէ, այլ՝ մեր բոլո՛ր հայ գաղութներուն մասին է:
1915-ի ցեղասպանութենէն ետք, երբ մենք կորսնցուցինք մեր պապենական հայրենիքին հողերուն մեծագոյն մասը, Սփիւռքն էր, որ աշխատեցաւ ու պահեց մեր մեծասքանչ հայ լեզուն, հայ եկեղեցին, հայ դպրոցը, հայ պարը եւ հայ երգը։
Այսօր սակայն, մօտաւորապէս հինգ սերունդ յետոյ, մենք կը կանգնինք այլ տեսակի վտանգի մը առջեւ։
Այլեւս մեր թշնամին, արիւնարբու թուրքին եաթաղանը չէ, այլ՝ մէ՛կ աւելի վտանգաւոր մոռացո՛ւմն է…:
Ինչո՞ւ կը կորսուի հայ մշակոյթը…:
Եկէք հիմա ձեզի, (միշտ իմ տեսանկիւնէս դիտուած), մէկ քանի տխուր պատճառներ ներկայացնեմ:
Հայ լեզուի կորուստ
Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած առաջին հայ սերունդը, հայերէն կը խօսէր։ Երկրորդը շարունակեց հայերէն խօսիլ: Երրորդը կը խօսէր, սակայն… որոշ չափով: Չորրորդը՝ թէեւ հայերէն կը հասկնար, սովորաբար կը պատասխանէր յունարէնով եւ կամ թէ ուրիշ, որեւէ այլ օտար լեզուով։ Հինգերորդը՝ ցաւ ի սիրտ պէտք է ընդունինք, որ բացի որոշ յուսադրիչ բացառութիւններէ, իր առօրեային ընթացքին, դժբախտաբար միայն օտար լեզու կը գործածէ։
Երբ հայկական ընտանիքներուն մէջ, այլեւս հայերէն չի խօսուիր, մեր մշակոյթը կը վերածուի թանգարանային ցուցանմուշի։
Խառն ամուսնութիւններ եւ ձուլում
Սփիւռքահայ երիտասարդներու բաւական նկատելի մաս մը, այսօր կ՚ընտրէ օտար ամուսին։ Այս երեւոյթը, անշուշտ մարդկային առումով, գէշ բան մը չէ։
Բայց երբ տունին մէջ երկու մշակոյթ կը սկսին իրարու բախիլ, նաեւ՝ եթէ հայկականն ալ կազմակերպուած չըլլայ, բնականաբար տիրապետողը՝ այլազգի մշակոյթը կ՚ըլլայ եւ Զատիկը կը դառնայ «Փասխա», դոլման ալ՝ «եմիսթա»…։
Հաստատութիւններու ճգնաժամ
Նկատելի թիւով եկեղեցիներ, ակումբներ եւ դպրոցներ կը գործեն նուիրեալներու շնորհիւ, բայց դժբախտաբար, առանց «նոր արեան» ներդրումի։
Մեր «հին» դաստիարակները կը մեկնին անվերադարձ եւ նոր ուսուցիչներն ալ, (հակառակ իրենց միջեւ գտնուող որոշ յարգելի բացառութիւններուն), դժբախտաբար չեն կրնար գոհացուցիչ ու պէտք եղած ձեւով լրացնել այդ «հին» դաստիարակներուն ձգած պարապը: Փափաքը ունին թէեւ, սակայն պէտք է իրատես ըլլանք ու խոստովանինք, որ կարողութիւնը չունին…։
Հետեւա՞նք…
Մեր դպրոցներուն մակարդակը տարուէ-տարի աւելի կը ցածնայ, տեղի-անտեղի պատճառաբանութիւններով աշակերտներուն թիւը կը նուազի, աստիճանաբար դպրոցները «շաբաթական»ի կը վերածուին եւ ի վերջոյ, կամ գործելէ բոլորովին կը դադրին եւ կամ ալ (ամենալաւ պարագային), կը շարունակեն կէս-կատար ձեւով գործել, պահանջելով սակայն մարդուժի եւ նիւթականի հսկայ զոհողութիւն:
Թուային աշխարհի ճնշում
Ներկայիս մշակոյթը չի փոխանցուիր միայն գիրքերով։
Անիկա կը փոխանցուի նաեւ «TikTok»-ով, «Netflix»-ով, երգով, եւ այլն, եւ այլն։ Եթէ հայկական բովանդակութիւնը քիչ է եւ անորակ, հայ երիտասարդը բնականաբար պիտի ընտրէ այն, ինչ որ իրեն աւելի հաճելի ու գրաւիչ կը թուի։
Ուրեմն ի՞նչ կը կորսնցնենք
իրականութեան մէջ
Դժբախտաբար՝ մեր կորուստը բառերը չեն միայն։
Կը կորսնցնենք նաեւ մեր մտածելու ձեւը։
Մեր Հայերէնին մէջ կան բառեր, որոնք որեւէ այլ լեզուի մէջ չըլլալով, չեն կրնար իրենց բուն իմաստը տալ:
Կը կորսնցնենք մեր յիշողութիւնը։
Երբ թոռը չի կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ իր պապիկը ու մամիկը լուռ կանգնած կը դիտեն Արարատին, ան արդէն անհասկնալիօրէն կտրուած է իր արմատներէն։
Կը կորսնցնենք մեր զօրութիւնը։
Սփիւռքը զօրաւոր եղած է, որովհետեւ ինքնագիտակցութեան կողքին, գիտցած է նաեւ իր ով ըլլալը։
Առանց ինքնագիտակցութեան, մենք կը վերածուինք մեծ քաղաքի մը մէջ «ապրող», փոքր համայնքի մը։
Կարելի՞ է այս կացութիւնը շրջել
Իմ կարծիքով՝ այո՛, բայց ո՛չ միայն յուզական ճառեր արտասանելով, այլ անմիջապէս գործի՛ անցնելով…։
Սկսած մեր տուներէն, պէտք է օրական, գոնէ տասը վայրկեան, հայերէն խօսինք։ Հեքիաթներ, ծաղրանկարներ, երգեր, մեր երեխաներուն պէտք է համոզենք, որ հայերէնը պէտք է լսեն որպէս կենդանի լեզու եւ ո՛չ թէ միայն… որպէս դպրոցական դաս։
Դաստիարակութեան
ձեւը փոխել, նորոգել
Պէտք չէ մեր աշակերտներուն միայն քերականութիւն սորվեցնենք, այլ պէտք է սորվեցնենք՝ հայ «rep», հայ «stand up», հայ «graphic design»։
Հայ մշակոյթը պէտք է խօսի, մեր երիտասարդներուն հասկցած լեզուով:
Կապ հայրենիքին հետ։
Մեր գաղութները, առանց Հայաստանի եւ Արցախի յիշատակին, պիտի ցամքին ու ծաղիկի նման պիտի չորնան։
Պէտք է խիստ արագ կազմակերպենք ուսանողական փոխանակումներ, սարքենք ամառնային ճամբարներ, դէպի Հայաստան այցելութիւններ, (ոչ միայն տարեվերջի շրջանաւարտներուն համար, այլ՝ ամէն առիթով), ձեւաւորենք համատեղ նախագիծեր։
Երբ հայ երիտասարդը տեսնէ Երեւանի փողոցները, ընթանայ անոնց վրայով, այլեւս հայրենիքը իրեն համար վերացական գաղափար մը պիտի չըլլայ։
Արդի բովանդակութիւն
Պէտք է հայերէն լեզուն ներդրենք «you tube»ին եւ «podcast»-ի խաղերուն մէջ։ Եթէ մենք չստեղծենք, մեր հաշուոյն ուրիշ մէկը պիտի ստեղծէ, սակայն… առանց մեզի…։
Վերջին խօսք մը եւս
Մեր մշակոյթը ապակեայ ծաղկաման մը չէ, որուն մենք կրնանք պահել փակ դարակի մը մէջ։
Մշակոյթը, նամանաւանդ հա՛յ մշակոյթը, ծառի նման է։
Եթէ չի ջրենք պիտի չորնայ, պիտի նեխի, պիտի փտի, իսկ եթէ ջրենք պիտի մեծնայ, պիտի ծաղկի եւ նոր ճիւղեր, ծաղիկներ եւ պտուղներ պիտի տայ մեզի:
Մեր հայ մշակոյթի կորուստի վտանգը, թէեւ այսօր իրականութիւն մըն է, բայց եւ այնպէս, բարեբախտաբար տակաւին դատավճիռ մը չէ։
Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կը գոյատեւենք ամբողջ 3000 տարի, որովհետեւ գիտենք թէ ի՛նչ պէտք է պահենք եւ ի՛նչ պէտք է նորոգենք։
Այլեւս ժամանակը հասած է որոշելու:
Պիտի ձգենք, որ մեր թոռերը միայն ազգանունո՞վ հայ մնան եւ կամ թէ պիտի պայքարինք, որպէսզի իրե՛նք ալ… շարունակեն հայերէնով երազել…:
Այժմ, եկէք մենք ալ մեզի հարց մը տանք:
Մենք այս շաբաթ մեր տուներուն մէջ ի՞նչ պիտի ընենք, որպէսզի հայ մշակոյթը շարունակէ կենդանի մնալ…։
minsar55@gmail.com










